«ՄԻՋԵՐԿՐԱԿԱՆԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ» ԿԱՄ «ԿԻԼԻԿԵԱՆ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ՄԵԾ ՀԱՅՔԸ» Հարցազրոյցըՙ ԳՈՀԱՐ ԱՃԷՄԵԱՆԻ XI-XIV դարերում (LARMENIE DU LEVANT) Հարցազրոյց պատմական գիտութիւնների դոկտոր, ՀՀ ԳԱ արտասահմանեան անդամ, ԵՊՀ պատուաւոր դոկտորՙ Արմէն-Կլոդ Մութաֆեանի հետ «... Հայաստան եկայ ուշացումով, երբ 35 տարեկան էիՙ 1980-ին ԵՊՀ հրաւէրով: Այն ժամանակ հասկցայ, որ Հայաստանը կայ, հայութիւնը կայ...» Արմէն-Կլոդ Մութաֆեան
- Պարոն Մութաֆեան, տարիների հեռուից մեր բոլոր հանդիպումներն ու հարցազրոյցները եղել են ոտքի վրայ, միկրոֆոնային. արդեօք ժամանակը չէ՞ անցնել գրաւոր հայերէնի: - Մեծ սիրով: - Երկար տարիների մաթեմաթիկական գիտութիւնների դոկտորը ինչպէ՞ս դարձաւ պատմական գիտութիւնների դոկտոր, ի՞նչը յեղափոխեց Ձեզ, ինչո՞ւ նման շրջադարձ: Գուցէ վերյիշեցիք Ձեր ծնողներիՙ Ցեղասպանութիւնից մազապուրծ եղած գեղանկարիչ Զարեհ Մութաֆեանի եւ Հայկուհի Դամլամեանի կրած տառապանքնե՞րը Եղեռնի տարիներին: - Իսկական շրջադարձ մը չէր, ես միշտ հետաքրքրուած եղած եմ հին ու միջնադարեան ժամանակաշրջաններու պատմութեամբ: Մօտ 18 տարեկան հասակիս, երբ պէտք էր ապագայ ուղղութիւնս որոշուէր, իմ դասատուներս մօրս թելադրեցին որ գիտութեան մարզին մէջ շարունակեմ. այդ տարիներուն այդ ուղղութեամբ շատ աւելի ճամբաներ կը բացուէին, քան պատմութեան մարզին մէջ, ու քանի որ թուաբանութեան մէջ բաւական յաջող էի, այդ ուղիով շարունակեցի: Սա խելօք որոշում էր. թուաբանութիւնով կեանքս կապահովէի ու ազատօրէն կրնայի պատմութիւնով զբաղիլ, առանց որեւէ դպրոցի հետեւելու: 1977-ի ամառը, երբ պիտի որոշէինք արձակուրդի ո՛ւր երթալ, կինս մէկէն ըսաւ. «Քու նախնիներուդ հողերը այցելենք»: Նման բան միտքէս չէր անցներ... Մեր մեքենայով Փոքր Ասիան ծայրէ ի ծայր շրջեցանք, մանաւանդ Սեւ ծովուն ափըՙ ծնողներուս ծննդաշրջանը, Անին, ու Կիլիկիայով վերադարձանք: Այդ հսկայ ու վեհ բերդերը վրաս այնքան մեծ տպաւորութիւն թողուեցին, որ 1979-ին կրկին Կիլիկիա այցելեցինք. այսպէս սկսաւ իմ «Կիլիկիամոլութիւնս»: - Տարօրինակ է, որ Հայոց Կիլիկեան շրջանի լաւագոյն մասնագէտը, բազմաթիւ աշխատութիւնների հեղինակը, նորից ու նորովի է անդրադարձել այդ շրջանինՙ ներառնելով XI-XIV դարերը: Փարիզի համբաւաւոր «Les Lettres» հրատարակչութիւնը, որը տարիներ առաջ հրատարակել էր նաեւ Ձեր նախորդ երկհատորեակըՙ նուիրուած Կիլիկիային, ցանկութիւն է յայտնել հրատարակել «LArmenie du Levant» աշխատութիւնը եւս: Հազուադէպ է, երբ հրատարակիչն է դիմում հեղինակին գրքի հրատակչութեան հարցում: Ի՞նչը առիթ եղաւ ձեռք մեկնելու Ձեզ: - «Les Belles Lettres» հրատարակչատունը 1988-ին իմ «Կիլիկիան կայսրութիւններու խաչմերուկին» գործս հրատարակած էր, որը Կիլիկիոյ ընդհանուր պատմութեան նուիրուած էր, հին ժամանակներէն մինչեւ մեր օրերը: Կիլիկեան Հայաստանը բուն նիւթը չէր, միայն բաղադրիչ մըն էր: Սակայն հինգ տարի ետք, 1993-ին, վերջին հայոց թագաւորինՙ Լեւոն Ե-ին մահուան 600 ամեակին առիթով, մեծ ցուցահանդէս մը պատրաստեցի, այս անգամ զուտ Կիլիկեան Հայաստանին նուիրուած, Սորբոնի համալսարանի մատուռին մէջ: Այդ թուականէն ի վեր այս նիւթին շուրջ կեդրոնացայ ու 2002-ին պաշտպանեցի աւարտաճառսՙ «Հայոց դիւանագիտութիւնը Խաչակրաց ժամանակաշրջանին»: Մեծի տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսըՙ Արամ Ա, այս գործը հրատարակելու պատրաստ էր, բայց ուզեցի նիւթը ընդլայնել ու խորացնելՙ նկատի առնելով այդ վերջին հայոց թագաւորութեան բոլոր երեսակները: Գործը դեռ կիսաւարտ էր, երբ «Les Belles Lettres»-ի կողմէն հեռախօսազանգ մը ստացայ. 1988-ի գիրքը սպառած էր ու կը խնդրէինՙ համաձա՞յն էի վերահրատարակելու: Պատասխանեցի, որ գրեթէ 20 տարի յետոյ նոյնութեամբ լոյս ընծայելը անիմաստ էր, բայց աւելցուցի, որ ուրիշ առաջարկ մը ունէի. արդեօք Կիլիկեան Հայաստանի վերաբերեալ ընթացքի մէջ գործս իրենց կը հետաքրքրէ՞ր: Ժամադրուեցանք, խօսակցեցանք ու համաձայնեցանք: Առաջարկած վերնագիրս «L՛Armenie du Levant» էր, որովհետեւ ֆրանսերէն լեզուով «Levant» բառը Միջերկրական ծովու արեւելեան ափը կը նշանակէ, Տաւրոսէն մինչեւ Նեղոս գետը, ներառնելով Կիլիկիան, Սուրիան, Լիբանանը, Պաղեստինը ու Եգիպտոսի մէկ մասը: Սակայն քանի գործը կառաջանար, քանի կը նկատէի որ Կիլիկեան հայոց թագաւորութիւնը մեկուսացնելը բոլորովին արուեստական է, Մեծ Հայքին հետ ու տարբեր գաղութներուն հետ անոր կապերը մշտական եղեր են, այնպէս որ կամաց-կամաց նիւթը փոխեցի դէպի «Հայոց աշխարհը 11-րդ դարէն մինչեւ 14-րդը». վերնագիրը պահեցի, որովհետեւ հայոց իշխանութիւններըՙ թագաւոր ու կաթողիկոսՙ «Levant» տարածքին մէջ էին: Բարեբախտաբար «Les Belles Lettres»-ը այս ընդլայնման համաձայնեցաւ: - Այժմ ընթերցողի սեղանին է Փարիզի «Les Belles lettres» հրատարակչութեան հրատարակած «LArmenie du Levant» աշխատութիւնը 1200 տպաքանակով, ուր Կիլիկիայից բացի ներառուած է ՄԵԾ ՀԱՅՔԸ, այսինքն XI-XIV դարերի ողջ Հայաշխարհը: Ըստ Ձեր գիտական նոր աշխատութեան, հայոց վերջին թագաւորութեան անհետացումից յետոյ (1045թ.) զարմանալիօրէն Հայաստանը պիտի ապրէր իր պատմութեան ամէնից փայլուն ժամանակաշրջանը, որի մասին պատմութիւնը ոչինչ չգիտի, եւ յանկարծ XIII դարի կէսերին Հայաստանը ամէնից հզօր քրիստոնեայ պետութիւնն էր Մերձաւոր Արեւելքի մէջ: Ճի՞շտ ենք նկատել: - Կատարելապէս ճիշդ է: Այս երեւոյթը հրաշքի պէս բան մըն է, որուն նմանը ուրիշ ոչ մէկ ազգի պատմութեան մէջ գոյութիւն ունի: Երեւակայեցէք, ժողովուրդ մը իր պետութիւնը կը կորսնցնէ, «պետական արտագաղթ» մը կը կազմակերպէ ու իր հայերնիքէն մօտ 1000 կմ անդին, լրիւ տարբեր աշխարհագրական միջավայրի մը մէջ նոր թագաւորութիւն մը կը ստեղծէ, որ շուտով կը դառնայ քրիստոնեայ Մերձ. Արեւելքի ամենահզօր պետութիւնը: - Հայերը լատինական պետութիւնների հետ յարաբերութիւններում օգտագործել են նաեւ խնամիականՙ ամուսնական կապերը: Հետաքրքրական են անշուշտ Զապէլ թագուհու ժամանակաշրջանը ու նաեւ Հեթումեանների մասին նոր յայտնութիւնները: - Նման յաջողութիւն մը իրագործելու համար նուրբ դիւանագիտութիւն անհրաժեշտ էր, ու հայ ժողովուրդը բախտը ունեցաւ ճկուն ու խելօք իշխողներ ունենալու, Ռուբինեան ու Հեթումեան: Այս իշխաններն ու թագաւորները երկու ներխուժումներու դիմաց գտնուեցան. արեւմուտքէն Խաչակիրները 12-րդ դարուն ու արեւելքէն Մոնղոլները 13-րդ դարուն: Կրնային ոչնչացուիլ. ընդհակառակըՙ յաջողեցան այդ երկու դէպքերը հայոց շահին օգտագործել: Այդ քաղաքականութեան փայլուն օրինակ մը «ամուսնական դիւանագիտութիւնն» է, քանի որ այդ ամուսնական կապերը քաղաքական դաշնակցութիւններ կը ցոլացնէին: Իբրեւ օրինակ նշենք, որ 12-րդ դարուն ընթացքին Ռուբինեան ութ իշխաններ տիրեցին, որոնց բոլորը, բացի մէկէն, լատին կամ յոյն իշխանուհիներ առին: Իսկ Լեւոն Ա Մեծագործը հազիւ թագադրուածՙ Կիպրոսի Լուսինեան թագաւորին աղջկան հետ վերամուսնացաւ եւ այս զոյգին դուստրըՙ Զապէլ թագուհին դարձաւ եւ առիթ տուաւ, որ Հեթումեանները գահի վրայ բարձրանան: - Հսկայածաւալ այդ աշխատութիւնը աչքի է ընկնում հրատարակչական արուեստի բացառիկութեամբ: Բացառիկ են մասնագիտական 74 պատմական քարտէզները, 840 տոհմածառը, 230 գունաւոր լուսանկարները, մանրանկարների հիանալի վերարտադրութիւնը. հիասքանչ են միջնադարեան արուեստի յուշարձանների, դրամների, կնիքների, վիմագրերի, վաւերագրերի տպագրութիւնները: Յատկապէս աչքի են ընկնում գունաւոր նկարների որակն ու ընտրութիւնը: Թւում էՙ գործ ունենք հայ պատմագրութեան մի շրջանի հանրագիտարանի հետ: Ուրեմն հարց է ծագում. ովքե՞ր են Ձեր բարեգործներն ու բարեկամները, ովքե՞ր են աշխատակցել Ձեզ: - Առաջին հերթին կուզեմ շեշտել որ «Les Belles lettres»-ը սքանչելի գործ տարաւ, թէ նիւթական ձեւով, թէ տպագրիչի ընտրութեան: Սակայն ամենամեծ երախտագիտութիւնս իմ 6 աշխատակիցներուս կը պարտիմ, որոնք կը կազմէին «ուրախ ստրուկներ»-ու խումբ մը: Առաջինը Ագնէս Ուզունեանն է, գրաբարի ու միջին հայերէնի հմուտ մասնագիտուհի, որուն անընդհատ կը դիմէի իմ լեզուաբանական թուլութեան պատճառով: Քարտիսագիտութեան տաղանդաւոր վարպետը Eric van Lauwe-ն էրՙ Աբրահամ Ճինեան բարերարին թոռը, որուն հետ 15 տարիէ ի վեր կը համագործակցիմ: «Համակարգչային սերունդ»-էն դուրս ըլլալով, տեխնիկական օգնութեան կարիք ունէի. երիտասարդ Յուշիկ Ունճույեանը բոլոր խնդիրները լուծեց: Ազգաբանական ծառերը իրագործելու եւ անուանացանկը կազմելու օգնութիւն տրամադրելու համար երկու ոչ հայ ընկերներ մեծագոյն նպաստ բերին: Վերջապէս, բախտս բերաւ բացառիկ լուսանկարչի մը կերպարովՙ Հրայր Բազէ Խաչերեանը հանճարեղ արուեստագէտ ըլլալէն զատ անսահման առատաձեռն է ու միշտ պատրաստ է իր անթիւ գանձերը տրամադրելու: Չմոռնամ իմ երեւանցի սերտ ընկերներուս բերած օգնութիւնը, ինչպէս լուսանկարիչ Զաւէն Սարգսեանը, Լեւոն Տէր-Պետրոսեանը, Գէորգ Տէր-Վարդանեանը, Անելկա Գրիգորեանը, Շահէն Խաչատրեանը, Ազատ Բոզոյեանը, Ալեքսան Յակոբեանը, Մերուժան Կարապետեանը եւ ուրիշներ: - Եվ վերջապես, համարո՞ւմ էք Կիլիկեան թագաւորութեան պատմական դարաշրջանն աւարտուած: - Կիլիկեան թագաւորութիւնը չտեսնուած ժառանգութիւն մը թողուց բոլոր մարզերուն մէջ, ու կը ջղայնանամ, երբ մարդիկ, նոյնիսկ որոշ հայեր, այդ պետութիւնը կը համարեն «լուսանցքային», այն պատրուակին տակ, թէ պատմական Հայաստանի հողէն դուրս էր: Այդ պետութիւնը «Սփիւռք» մը չէր, «Փոքր Հայք» կամ «Նոր Հայք» չէր: Արքաները կանուանուէին «Թագաւոր Հայոց», երբեմն նոյնիսկ «Թագաւոր Ամենայն Հայոց» ու այդպէս ոգեկոչուած էին յիշատակարաններուն մէջ, մինչեւ անգամ Մեծ Հայքի մէջ ընդօրինակուած ձեռագրերուն մէջ: |