ՆԻՒԵՈՐՔԱՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ՈՏՔԻ՛ ԴԻՄԱՒՈՐԵՑ ԹԵՀԼԻՐԵԱՆԻ ԴԱՏԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ... Արփիար ՅԱԿՈԲԵԱՆ Աննախընթաց թատերական ելոյթ մըն էր որ ներկայացուեցաւ ապրիլ 12-ինՙ Ցեղասպանութեան դարադարձին նուիրուած: Շաբաթներ առաջ սրահին բոլոր տոմսերը վաճառուած էին եւ հանդիսատեսը անհամբեր կը սպասէր հայրենի թատերագիր Պերճ Զէյթունցեանի «Դատարանն է, ոտքի՛...» ներկայացման: Պրոտուէյի յայտնի «Սիմֆընի Ըսփէյս» թատերասրահը ժամադրավայրն էր պահանջատէր հայութեան: Այս թատերախաղը պիտի գար մշակութային որակ մը աւելցնելու այս առթիւ տեղի ունեցող այլ յայտագիրներուն վրայ: Թատերախաղը որքան ալ պատմութիւնն էր Պերլինի մէջ 1921ի մարտի 21-ին Թալաաթի գնդակահարութեան` Սողոմոն Թեհլիրեանի կողմէ, է՛ր նաեւ Մեծ եղեռնի տարիներու իրա՛ւ պատմութիւնը մեր ողբերգութեան: Հանդիսատեսին համար պատմութեան դաս մըն է վերջապէս, արթնցնելու համար, մանաւա՛նդ երիտասարդութեան մօտ, ազգային գիտակցութիւնը եւ պահանջատիրական ոգին: Եվ ԹՄՄ «Մհեր Մկրտչեան» թատերախումբը այս կրցաւ յաջողութեամբ իրականացնել, եւ արդէն, ինչպէս թատերական յանձնախումբի ատենապետ Յակոբ Վարդիվառեան իր խօսքին մէջ կը գրէ. «Միջազգային այս կարեւոր ոստանի սրտին վրայ մկրտչեանականներ կը շարունակեն թատրոնի առաքելութիւնը փոխանցել նոր սերունդին եւ կը մնան պահանջատէրը մեր իրաւունքներուն: Վերջապէս, թատրոնը քաղաքական բեմ է»: Այս առթիւ Փարիզէն հրաւիրուած էր տաղանդաւոր թատերական գործիչ Ժիրայր Բաբազեանըՙ բեմադրելու այս դժուարին թատերախաղը: Հակառակ աշխարհագրական հեռաւորութեան, Ժիրայր քանիցս եկաւ Նիւ Եորք եւ անձամբ ղեկավարեց բոլոր աշխատանքները: Թատերախումբին մնայուն անդամներուն վրայ եկան միանալ նորերՙ ամբողջացնելու համար երեսունի մօտ կազմը: Բացի դերակատարներէն, քսանի մօտ թեքնիք աշխատողներ մաս կազմեցին այս ներկայացման իրագործման: Պէտք է նշենք նաեւ, որ Բաբազեան Պերճ Զէյթունցեանի այս թատերախաղը կարգ մը պատշաճեցումներով աւելի մատչելի դարձուցած էր նիւեորքահայ հանդիսատեսին համար, մանաւանդ` աւելցնելով տպաւորիչ խաղավերջ մը: Թեհլիրեանի դերով հանդէս եկաւ Յարութ Պարսումեան: Ան յուզեց ներկաները եւ մանաւանդ ներկայացման աւարտին իր մենախօսութեամբ ներկայացուց հայու տառապանքը Տէր Զօրի անապատներէն մինչեւ Այաշ եւ Չանկըրըՙ մեր մտաւորականութեան նահատակութիւնը: Սրահին մէջ չկար հանդիսատես մը, որ այդ պահուն կարենար զսպել իր զգացումները... Թալաաթի դերով Գառնիկ Ներսէսեան կրցաւ լաւագոյնս մարմնանւորել նկարագիրը այդ թիւ մէկ բորենիին, որ իթթիհատական իր ընկերներուն հետ ծրագրած ու իրագործած էր Հայոց ցեղասպանութիւնը: Կրցաւ տալ ժամանակաշրջանի Փանթուրանական մթնոլորտը եւ այդ ծրագրին մշակման համար կատարուած բոլոր դաւադրութիւնները: Պերլինի դատավարութեան ընթացքը եւ անոր ընդմէջէն օտար հայասէր դիւանագէտներու թէ մտաւորականներու վկայութիւնները կրնան ծառայել այսօր ալ այն քար լռութեան, որ տակաւին կը շարունակուի կարգ մը երկիրներէ ներս: Անոնցմէ պէտք է յիշել Հենրի Մորկընթաուը (Արմենակ Գրուշեան), Տոքթ. Մարթին Նիփակը (Րոյ Պահեան), Տոքթ. Եոհաննէս Լէփսիուսը (Յ. Վարդիվառեան), Օթթօ Լայմըն ֆոն Սանտըրզը (Սարգիս Փիլավճեան): Իսկ դատական ատեանի նախագահը (Յարութ Չաթմաճեան), դատախազը (Շմաւոն Ադամեան) ու պաշտպան փաստաբանները (Միսաք Պօղոսեան ու Ռաֆֆի Կիւլպենկ) լաւագոյնս տուին դատական հարցաքննութեան համոզիչ ընթացքը: Անոնք երկար տարիներու իրենց բեմական փորձառութեամբ իրենք զիրենք գերազանցեցին: Գեղեցիկ բեմական նկարագիրներ ստեղծեցին թատերախումբին զոյգՙ ամենատարէց անդամները` արմենականներու օրրան` Վան ծնած 90ամեայ Յովհաննէս Գարթալեանը` Նազիմ պէյի դերով, եւ 80ամեայ Խաչիկ Սարըմինասեանը` հայ քահանայի դերով: Իգական սեռէն «հոգիներ»ու հարուստ տեսարաններ անցեալը ներկային շաղկապեցին բեմական փայլուն յղացումներով Արփի Չանքարը, Թալին Պահեանն ու Լինա Կիւրոյեանը: Իսկ Թալաաթի կնոջ դերը ստանձնած էր Թալին Գարակիւլլէեան, որ ինք եւս թատերախումբին փորձառու դերասանուհիներէն է: Զոյգ դերերով` Տիկին Տիթմանի եւ Սողոմոնի մօր կերպարով ներկայացաւ Էլիզապէթ Աքեան, որ հակառակ Ամերիկա ծնած ըլլալունՙ փայլուն ներկայացուց իր կերպարները: Կային նաեւ այլ դերակատարներ` Դալար Զոքեան, Ալան Մարթայեան, Սեւակ Մխիթարեան, Գայլ Թորոսեան եւ Կարօ Շամմամեան, թէեւ կարճ կամ անխօս դերերովՙ բայց նոյնքան տպաւորիչ: Լոյսերու, ձայնային ու լսատեսողական ձեւաւորման եւ կահաւորման համար բեմադրիչը ամէն ջանք թափած էր հասնելու կատարելագործման: Ժամանակակից սարքաւորումներու բոլոր միջոցները, որոնք միջազգային բեմերու վրայ կ՛իրագործուին, կիրառուած էին այս ներկայացման մէջ, թատերախաղը դարձնելով հաղորդական հանդիսատեսներուն համար: Մինչ այդ, առաջին անգամ ըլլալով ամերիկահայ բեմին վրայ երեւցաւ ամբողջ խաղին անգլերէն թարգմանութիւնը, որ լուսարձակուեցաւ ամենայն բծախնդրութեամբ: Յիշատակելի է աշխատանքը այս ներկայացման գործադիր վարիչին` Մարի Զոքեանին, լուսատեսողական սարքաւորումներու պատասխանատուին` Գէորգ Մուրատին, փոխ-բեմադրիչին` Յարութ Չաթմաճեանին, որ բեմադրիչին բացակայութեան հսկեց փորձերուն, երաժշտական ձեւաւորողին` Յարութ Պարսումեանին, բեմադրիչի օգնականին` Էլէն Մինասեանին: Զէյթունցեանի «Դատարանն է, ոտքի՛...» թատերախաղին արեւմտահայերէնի վերածումը հմտօրէն կատարեց Պայծիկ Գալայճեանը, իսկ անգլերէն թարգմանութիւնը` Անահիտ Քիւրտեանը: Անպայմանօրէն պէտք է յիշատակել անունները Հրաչ Զոքեանի, Հայկ եւ Անուշ Կիւլեաններու, Հայկ եւ Սրբուհի Վարդիվառեաններու, առանց որոնց դժուար թէ կարելի ըլլար բեմական թեքնիք աշխատանքները իրագործել: Անգնահատելի է Արմինէ Մինասեանի արհեստավարժ ներդրումը որպէս դիմայարդար: Պէտք է գնահատել թատերախումբին վարչութեան ամբողջական կազմը, որ համարձակօրէն նախաձեռնեց այս թատերախաղին ներկայացումը: Այս ամբողջ գործին ընդհանուր պատասխանատուն էր Յակոբ Վարդիվառեան: Պատրաստուած էր որակաւոր եւ պահուելու արժանի գրքոյկ մը, ուր լայն տեղ տրուած էր 1915-1922 տարիներու ազգային ողբերգութեան, «Նեմեսիս» գործողութեան եւ անոր առաջնորդին` Շահան Նաթալիին: Գունատիպ, հարուստ տպագրութեամբ սքանչելի հրատարակութիւն մը: Անկասկած, այս ներկայացմամբ անգամ մը եւս Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը եկաւ ապացուցանելու, թէ կը մնայ ամենայանդուգն, խիզախ եւ նախաձեռնող մշակութային միութիւնը Նիւ Եորքի շրջանին մէջ, կազմակերպելով ամերիկեան արուեստի չափանիշներու հասնող մշակութային լուրջ ձեռնարկներ, մի՛շտ արժանանալով խստապահանջ նիւեորքահայութեան համակրանքին ու գնահատանքին: Միացեալ Նահանգներու մէջ ՀՀ դեսպան Տիգրան Սարգսեան ու իր տիկինը մայրաքաղաք Ուաշինկթընէն այս առթիւ եկան ներկայ գտնուելու ներկայացման: Ներկայ էին նաեւ ՀՀ ՄԱԿ-ի մօտ մշտական ներկայացչութեան դիւանագէտները, հոգեւոր դասը առաջնորդութեամբ` Եղիշէ արք. Կիզիրեանի, ՀԲԸՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամներ, ՌԱԿ-ի եւ ՀՅԴ-ի տեղական մասնաճիւղերու վարչականներ, ինչպէս նաեւ` ազգային բարերարներ: Ամերիկայի Հայոց առաջնորդ Խաժակ արք. Պարսամեան թէեւ կը բացակայէր Վատիկան գտնուելով, սակայն յղած էր իր հայրական խօսքը: Անկասկած այս ներկայացումը պիտի մնայ նիւեորքահայութեան հարուստ տարեգրութեան մէջ որպէս եզակի թատերական ձեռնարկՙ Հայոց ցեղասպանութեան դարադարձին նուիրուած: ...Ու նիւեորքահայութիւնը ոտքի՛ ողջունեց Թեհլիրեանի դատավարութիւնը, երկա՜ր, շա՛տ երկար ծափահարութիւններով: Ապրի՛ն մկրտչեանականները, որոնք խոնարհեցան Թեհլիրեանի յիշատակին առջեւ եւ որոնք արթնցուցին պահանջատիրութեան ոգին հանդիսատեսին մօտ: Նիւ Եորք |