«ԼԱՐՔ» ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ԸՆԿԵՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՓԱՌԱՎՈՐ ՆՈՒԱՃՈՒՄԸՙ Սարգիս ՎԱՀԱԳՆ «Անուշ» օփերան լոսանճելըսեան բեմին վրայ Սփիւռք-Հայրենիք սերտ գործակցութեան ուրիշ մէկ արտայայտութիւնը վերածուեցաւ մշակութային փառաւոր յաղթանակի: Տաղանդաւոր երաժշտագէտ եւ խմբավար Վաչէ Պարսումեան արդէն նուաճած է հմուտ եւ բծախնդիր երաժշտական ղեկավարի համբաւը երաժշտական իր բազմաթիւ իրագործումներովՙ Պէյրութէն մինչեւ Լոս Անճելըս: Ան արժանացած է մեր խոր հիացումին եւ ամբողջական յարգանքին, ձեռնհասօրէն իր «Լարք» երաժշտական միաւորը հասցուցած ըլլալուն համար արհեստավարժ (փրոֆեսիոնալ) բարձրութեան, կատարելով պետական երաժշտանոցի մը դերը մեր գաղութէն ներս: Շաբաթ, մայիսի 23-ին ան նոր դափնի փառապսակ մըն ալ աւելցուց իր նուաճումներուն, Արմէն Տիգրանեանի սքանչելի օփերային բացառիկ ներկայացումով: Նախաձեռնութիւնը արդիւնքն էր նախ եւ առաջ բազմակողմանի երաժշտական իր տաղանդին, իր միշտ կատարելագոյնին ձգտող տեսլականին եւ ապաՙ կազմակերպչական աննկուն կարողութեա՛ն, որմով ան կրցած էր իր շուրջ հաւաքել Սփիւռքի եւ Հայաստանի լաւագոյն ընտրանի մը, բաղկացած այլազան մարզերու մէջ հմտութիւն ձեռք բերած արուեստագէտներՙ երգի կատարողական, բեմայարդարման, զգեստաւորման, պարարուեստի, լուսաւորման եւ համանուագային մարզերէն ներս, կազմելով միաձոյլ ամբողջութիւն մը, որ հասաւ բացառիկ յաջողութեան: Առանց վարանումի պէտք է ըսել, թէ յաջողութեան մեծագոյն կերտիչը հանդիսացաւ միջազգային հռչակի տիրացած երգչուհի, անզուգական Յասմիկ Պապեանը, իր բիւրեղի պէս վճիտ, հիւթեղ, հնչեղ եւ ճշգրիտ ձայնով առինքնելով մեզ, նոր փայլ ու ջերմութիւն ընձեռեց Արմէն Տիգրանեանի հրաշակերտած երաժշտութեան: Բեմական ներկայութեամբ, զգացմունքային եւ ապրումային իր վարպետ դիմախաղով եւ դերակատարութեամբ ան կերտեց Անուշի կենդանի կերպարը: Բեմը փոթորկեցաւ իր ներկայութեամբ: Իր կատարումին ամբողջական լրումը ան տուաւ մանաւանդ խելագարման վերջին տեսարանին մէջ, ուր փոխանակ ընդունուած ջղագարային արտաբերումներու, ան կերտեց վշտակրած կնոջ զուսպ ու տիրական կերպարը, պահելով ազնուական հոգիի վեհութիւնը: Վտանգ կար, որ Պապեանի գերազանց կատարումին դէմ ստեղծուէր անհամաչափութիւն մը անոր եւ տեղական ոչ այնքան արհեստավարժ ուժերուն միջեւ: Բայց առաջին տեսարանին իսկ հաստատեցինք, թէ անտեղի էր այդ վախը: Վաչէ Պարսումեան որպէս բծախնդիր ղեկավար յաջողած էր ամերիկեան սփիւռքի եւ հայրենիքի լաւագոյն տարրերը գործի լծելով բեմ հանել ամբողջութեամբ արժանավայել ներկայացում մը: Այսպէս, մեր գաղութին համար յայտնութիւն էր Սարոյի դերով ձեռնահասօրէն Յասմիկ-Անուշին պատասխան տուող, հայրենքէն կազմաւորուած եւ Մ. Նահանգներու արեւելեան ափերուն (Նիւ Եորք եւ Պոսթըն) իր հռչակը հաստատած թենոր Եղիշէ Մանուչարեանը, որ հակառակ իտալական օփերաներու իր ընտելութեան, յաջողեցաւ մարմնաւորել հայադրոշմ Սարօ մը, իր տաք, հնչեղ ու թրթռուն ձայնով եւ ապրուած կատարումով: Ան որպէս արհեստավարժ երգիչ, արդէն յաջողութեամբ յաղթահարած Նիւ Եորքի Մեթրոփոլիթէնի դժուարահաճ բեմայարդակին փորձաքննութիւնը, մաս կազմած է բազմաթիւ օփերաներու, դառնալով փնտռուած անուն մը: Իր Սարոն փայլուն նուաճում մըն է իր զարգացող ասպարէզին մէջ: Նոյնպէս Հայաստանի պետական երաժշտանոցէն շնորհալի շրջանաւարտ մըն է Արշակ Կուզիկեան, որ ստանձնած էր Մոսիի կարեւոր դերը, որպէս արդէն հանրածանօթ պարիտոն երգիչ: Ան այժմ Սքովտիոյ Արքայական երաժշտանոցին մէջ կը պատրաստէ իր մագիստրոսականը: Իր թաւ ու գոռ ձայնով ան սրեց ներկայացման տրամաթիզմը, լարուածութիւնը երանգաւորելով իր երկդիմի ապրումներով, Սարոյի սպանութեան որոշումին մէջ, շեշտելով իր վարանումը, բարեկամութեան եւ նախապաշարումի տուրքին միջեւ: Իր ձայնային եւ կերպարային նպաստը լաւապէս հաւասարակշռեց օփերային մթնոլորտը, անոր ողբերգականութեան դէմ հնչեցնելով առոյգութեան երանգ մըն ալ: Երկրորդական եւ երրորդական դերերուն մէջ իսկ զգալի էր խնամուած ջանքը կատարելութեան հասնելու: Իրենց շնորհալի մասնակցութեամբ ներկայացումին անպայման աշխուժութիւն եւ երանգաւորում բերին Ռուբէն Թլունցը իր զոյգ դերերով, Մայրերու դերովՙ Վիքթորիա Աւետիսեանը, Կարինէ Աւագեանը եւ Անահիտ Հալապինՙ իրենց համապատասխան դերերուն յաջող կատարումով: Հինգ գեղջկուհիներու շատ կարճ դերերը այլազան երանգաւորումով կատարեցին Սիւզի Մազմանեան, Ալենուշ Եղիազարեան, Ապրիլ Ամանթէ, Նունէ Գարթալեան եւ Նատիմա Աւագեան: Բեմական աշխուժութիւնը վարելու հրաւիրուած էին տաղանդաւոր պարուսոյցներ Վարդան եւ Արմինէ Աղաճանեանները: Անոնք ոչ միայն շարժում եւ դիտարժան ընթացք տուին բեմին, այլ մանաւանդ իրենց հայկական պարերու նոր յղացումով հարստացուցին մեր ազգագրական պարարուեստը, թէ տղոց աշխոյժ ու կայտառ, ճշգրտօրէն համաչափ կշռոյթով, եւ թէ աղջկանց նազելաճեմ ու նուրբ սահանքով, ստեղծելով կախարդական մթնոլորտը հայկական աւանդական գիւղերուն: Շողեր Թիլիքեան ստանձնած էր բոլոր դերակատարներուն հանդերձաւորումը, իր գունագեղ եւ ճաշակաւոր յղացումներով ստեղծելով հայ գեղջկական տեղական գոյնն ու մթնոլորտը : Այս բեմական բոլոր տարրերուն յղացումը, համադրութիւնը եւ գործադրութիւնը ստանձնած էր Երեւանի օփերայի հայտնի բեմադրիչ Յովհաննէս Յովհաննիսեանը: Իր հեղինակութիւնը եւ ներդրումը «Անուշի» բեմադրութեան մէջ զգալի էր իւրաքանչիւր տեսարանի մէջ: Զուսպ ՛եւ ժուժկալ իր ձեւին մէջ, բայց մեր լեռնաշխարհը հարազատութեամբ, սարեանական ոճի պաստառադրումներով յաջողած էր վերստեղծել եւ հոն առարկայականին հետ նաեւ ոգեկան թեւածում մը ստեղծել եւ աշխոյժ կշռոյթով ծաւալել գործողութիւններն ու դէպքերը: Ան կրցաւ մեր համեստ բեմը բարձրացնել արհեստավարժութեան մակարդակին: Ի լրումն ամենայնի, Վաչէ Պարսումեան իր ղեկավարած նուագախումբով անգամ մը եւս պանծացուց հայ դասական երաժշտութիւնը, Արմէն Տիգրանեանի գլուխգործոց «Անուշ» օփերային երաժշտական բարձր որակով կատարումը ղեկավարելով: Ան երաժշտութիւնը անհրաժեշտ տարր մը դարձուց, մթնոլորտի, հոգեբանական ապրումներու բացայայտման մեծապէս նպաստելով: Սքանչելի էր մանաւանդ նախերգանքի հնչեղութիւնն ու տրամատիզմըՙ ամբողջ ներկայացման ոգին նախապատրաստող եւ ցոլացնող: Յաջողութեան իրենց բաժինը բերած էին անշուշտ «Լարքի» շուրջ բոլորուած բոլոր հովանաւորներն ու նուիրատուները, ինչպէս նաեւ աշխատակից-գործակիցները: Ծանօթութիւն . - Նոյն ներկայացման երկրորդ փոփոխակին, երիտասարդ եւ տաղանդաշատ սոփրանօ Շուշիկ Պարսումեան հանդէս պիտի գայ Անուշի դերով: Լոս Անճելըս |