RSS | FACEBOOK | NLA
ԳԼԽԱՎՈՐ | ՄՇԱԿՈՒՅԹ | ԸՆՏՐԱՆԻ | ՈՐՈՆՈՒՄ | ԱՐԽԻՎ | ԹԵՄԱ | ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐ
#043, 2015-11-20 > #044, 2015-11-27 > #045, 2015-12-04 > #046, 2015-12-11 > #047, 2015-12-18

ԱԶԳ ՕՐԱԹԵՐԹ - ՄՇԱԿՈՒՅԹ #45, 04-12-2015



Տեղադրվել է` 2015-12-03 21:01:27 (GMT +04:00)


Ընթերցված է` 855, Տպվել է` 4, Ուղարկվել է էլ.փոստով` 2

ՑԱՒԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՊՈԼՍԱՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

ԿԱՐՕ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ, Պէյրութ

«Մարմարա»-ի խմբագրատունէն ուղարկուած տեղեկատուական թղթածրար մը կը գուժէր մահը հոգածու եղբօր մը, սիրելագոյն անձի մը, ազնուական հոգիի մը, իսկական պոլսեցիի մը, ժամանակակից արեւմտահայ գրականութեան լաւագոյն ներկայացուցիչներէն, սփիւռքահայ ամենավաւերական բանաստեղծներէն եւ պոլսահայութեան ազգային ջիղն ու գիտակցութիւնը լաւագոյնս դրսեւորող, Մեսրոպաշունչ խրամատի առաջամարտիկՙ Արթօ Ճիւմպիւշեանը. գրական անունովՙ Զարեհ Խրախունին:

Պատկառելի բանաստեղծի, արձակագիրի, յուշագիրի, թատերագիրի, թարգմանիչի, լեզուական պատշաճեցումի վաստակներուն առընթեր, Խրախունին ունէր նաեւ պատկառելի մանկապատանեկան պատշաճեցումի հարուստ արտադրում: Դասաւորուած աշխատանքի եւ աշխատաժամի հաւատարիմ բանաստեղծը յատուկ ջանադրութեամբ կը վերականգնէր Վարուժանի եղերական մահուամբ ընդհատուած պոլսահայ գրականութեան ազգային-աւանդական գիծը եւ կուտար յատկանշական ստեղծագործումներ: Հակառակ իր նշանակալի ներդրումին, հրատարակուած բներգական հատընտիրներու մէջ տեղ չէր տրուած «Ստուեր եւ արձագանգ»ի եւ մանաւանդ «Հոգեհանգիստ»ի անզուգական հեղինակին:

Խրախունիին մտերմութեան վայելքը առանձնաշնորհում նկատած, փոխան յաւուր պատշաճի արտայայտութեան, կը համարձակիմ մէջբերել իր 26 նոյեմբեր 2006 թուականակիր նամակէն հատուած մը, ուր Խրախունին խրախունիական ոճով մը կը ներկայացնէ իր գրական վաստակն ու հաւատամքը.

«Յիրաւի, 18 տարեկանէս ի վեր, երբ Մխիթարեան լիսէն աւարտեցի Դանիէլ Վարուժանի մասին շուրջ 25 վայրկեան տեւող աւարտաճառ մը կարդալով, իտէալս եղաւ անոր ուղղութիւնն ու գործը շարունակել, միաւորելով Վ. Թէքէեանի սահուն, հանգիստ, տեղ-տեղ արձականման ոճին հետ:

«Ես ոչ ոքէ ՙգոփի քաշեցի» ... նորարարութիւններ փորձեցիՙ առանց ոեւէ մէկը ընդօրինակելու, պարզապէսՙ դարուն յառաջընթացին հետ քայլ պահելու եւ մեր լեզուին արտայայտութեան միջոցները զարգացնելու համար: Միշտ հաւատացի բանաստեղծութեան մտքի ու մշակոյթի հիմնական սնունդներէն մէկը ըլլալուն, եւ ջանացի հեռու պահել զայն սրամտութեան կամ զուարճախօսութեան պատառիկներ ըլլալէ, - որքան ալ քաղցրահամ ու հաճելի ըլլան անոնք: Բայց հիմա ափսոսանքով կը տեսնեմ որ - բացի մէկ ձեռքի մատներու վրայ համրուող քանի մը բանիմաց ու անաչառ հոգիէ - գրեթէ ոչ ոք կՙանդրադառնայ իմ այս կեցուածքին ի ողջութեան, որ մեր դպրութեան մայր հոսանքին պաշտպանութիւնն ու առաւել խորացումն ու ընդարձակումն է, փոխանակՙ խոտորեցումի եւ ճապաղեցումի»:

 
 

ԱԶԳ ՕՐԱԹԵՐԹ - ՄՇԱԿՈՒՅԹ #45, 04-12-2015

Հայկական էկեկտրոնային գրքերի և աուդիոգրքերի ամենամեծ թվային գրադարան

ԱԶԳ-Ը ԱՌԱՋԱՐԿՈՒՄ Է ԳՐԱՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

ԱԶԴԱԳԻՐ