ՄԵԾ ԵՐԱԶԻ ՃԱՄԲՈՒՆ ՈՒՂԵՎՈՐՆԵՐԸ ՆԱԶԱՐԷԹ ԹՕՓԱԼԵԱՆ Յակոբ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ Ծնած է Պէյրութ, մարտ 12, 1933-ին: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Պուրճ Համուտի Նոր Մարաշ թաղամասի Ս. Քառասնից Մանկանց նախակրթարանին մէջ, ապա յաճախած է Էշրեֆիէի Յիսուսեան հայրերու Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանը, ուր տիրապետած է ֆրանսերէն լեզուին ու մօտէն ծանօթացած` ֆրանսական գրականութեան: Որպէս ազատ ունկնդիր երկու տարի մասնակցած է Պէյրութի Համազգայինի Նշան Փալանճեան ճեմարանի Կարօ Սասունիի, Սիմոն Վրացեանի, Մուշեղ Իշխանի եւ պատմաբան Գառնիկ Գիւզելեանի հայագիտական դասընթացքներուն: Մեկնած է Պրիւքսէլ, ուր դարձեալ ազատ ունկնդիր որպէս հետեւած է Պրիւքսէլի Մամլոյ տան դասընթացքներուն: Վարած է խմբագիրի պաշտօն նախկին դաշնակցական Խոսրով Թիւթիւնճեանի եւ Օննիկ Թոփուզեանի «Ազդարար» (վերջին շրջան) եւ Տիգրան Թոսպաթի «Այգ» թերթերուն: 1958ին, Լիբանանի քաղաքացիական առաջին կռիւներու ամենէն սուր շրջանին միացած է «Զարթօնք» օրաթերթին որպէս օգնական խմբագիր Գերսամ Ահարոնեանի եւ մնացած է այդ պաշտօնին վրայ մինչեւ քաղաքացիական երկրորդ պատերազմի` 1975: Աշխատակցած է շարք մը գրական ու քաղաքական հանդէսներու եւ թերթերու` «Անդաստան»ին, «Շիրակ»ին, «Արարատ»ին, «Նոր Օր»ին, «Պայքար»ին, «Արեւ»ին, Աւետիս Ալիքսանեանի Փարիզի «Աշխարհ»ին, «Նաւասարդ»ին, «Արահետ»ին եւ «Անկախութիւն»ին: Անկախաբար այս աշխատակցութիւններէն, իբրեւ ֆրանսերէն լեզուի սրբագրիչ աշխատած է Quotidien de Paris մեծ հիմնարկութեան մէջ: Յետոյ Պայարտին, որ La Croix թերթը կը հրատարակէր, կրօնքներու հանրագիտարան մը հրատարակեց երկու մեծ հատորով եւ Նազարէթ ոչ միայն ատոր սրբագրութիւնը կատարեց, այլ նաեւ index-ը պատրաստեց: Գերսամ Ահարոնեանին հետ մասնակցած է «Յուշամատեան Մեծ Եղեռնի» մեծարժէք գիրքի խմբագրութեան եւ հրատարակութեան աշխատանքին: Ստիպողաբար, Նազարէթ 1976-ին փոխադրուած է Փարիզ, ուր խմբագրութեան քարտուղարի պաշտօն վարած է ֆրանսական մամուլին մէջ: 1988-ին ստանձնած է Ռամկավար Ազատական կուսակցության Ֆրանսայի շրջանակի պաշտօնաթերթին` La Lettre de l՛ADL ամսաթերթին խմբագրութիւնը, զոր վարած է մինչեւ անոր հրատարակութեան առաջին շրջանի դադրումը 1991-ին: Անձնական յուշ որպէս արձանագրենք, թէ Նազարէթ արուեստի գործեր կը սիրէր հաւաքել: Նաեւ արուեստի քննադատ էր մեր գրական ու արուեստներու պարբերականինՙ «Շիրակ»ին: Պէյրութէն Ֆրանսա ստիպողական իր մեկնումին նախօրէին, իրմէ գեղանկարիչներ Կիրակոսեանի, Ժանսէմի եւ Տատրեանի գործերէն գնեցի, որ պատճառ եղաւ մէջս արթնցնելու սէր արուեստի գործեր հաւաքելու: Կ՛ըլլայինք յաճախ միասին. ունէր հետաքրքրութիւններու լայն հորիզոն: Տարբեր էր միւսերէն, անոնցմէ, որոնք անգլիական կրթութեամբ հասակ առած էին: Ինք ֆրանսական` դարձած էր մեր տան մթնոլորտին մէկ շարունակութիւնը: Հրատարակած է հետեւեալ գործերը. «Կարօտի նամակ» (Փարիզ, 1979), «Քառուղիներ» (Փարիզ, 1981), «Պանդոկ հիւսիս-արեւելք» (Փարիզ, 1983), «Տարիներ, Փարիզի մէջ» (Փարիզ, 1984), «Զգացականութեամբ մեղանչելով» (Փարիզ, 1985), «Թերթօն - Տօն Քիշոթ հրաշագործը« (Փարիզ, 1987), «Գալիք ժամանակներու տեսիլք մը» (Փարիզ, 1988), «Վահան Թէքէեանի Նամականիին քննական մօտեցումի փորձ մը» (Փարիզ, 1996): «Արեւագալ: Գեղօն ի պատիւ Հայաստանի» (2009): Հրատարակած է Զօրավար Թորգոմին նուիրուած գործը: Ինչպէս նաեւ ֆրանսերէն լեզուով "Au duel au soleil" (Paris, 2002), ֆրանսերէնէ թարգմանած է Ժորժ Պերնանսոնի «Խօսակցութիւններ Քարմէլի կրօնաւորուհիներու» գործը, որ լոյս տեսած է 1998ին, Փարիզ:: Անդամ էր Փարիզի ՌԱԿ ակումբին: Շրջան մը վարած է Փարիզի Հայ ընկերային օգնութեան ընկերակցութեան քարտուղարութիւնը (1975-1981), որ այն ատեն Աղքատախնամ անունով ճանչցուած: Հանապազօրեայ գործակցութիւն ունենալով Գերսամ Ահարոնեանի հետ, անոր հետ ապրած էր հայ կեանքին տաք ու պաղ օրերը, բաժնած էր մեր յաջողութիւնները եւ ձախողութիւնները եւ մի՛շտ կուսակցական ամենայն գաղտնապահութեամբ մնացած էր ապահով օգնականը Գերսամին: Ու Նազարէթ այսպէս ալ կ՛արտայայտուէր Փարիզի մէջ, ապրիլ 8, 2009-ին հանդիպման մը ընթացքին. «Գերսամը հոգեւին եւ մարմնապէս նուիրուած էր կուսակցութեան: Շա~տ խիզախ մարդ էր: Երբ խմբագրականները կարդաք, կը տեսնէք, որ անզիջող էր իր տեսակէտներուն մէջ հանդէպ իր հակառակորդին` ի սպաս Հայաստանի: Գերսամին նկատմամբ ես երբեք ժխտական նուազագոյն տպաւորութիւն չեմ ունեցած: Հիանալին իր մօտ այդ ամբողջական նուիրումն էր: Ամբողջ կեանքը կուսակցութիւնն էր, դպրոցն էր ու հայութիւնը»: Առիթներ շատ եղան հրաւիրելու Միացեալ Նահանգներ, զանազան առիթներով` կուսակցական, մշակութային, գրական ու այլապէս, սակայն, դժբախտաբար օդանաւ նստելու վախը պատճառ եղաւ որ ամերիկահայ կուսակցական շրջանակը զրկուի իր ներկայութենէն: Մահացաւ Փարիզ, մարտ 23-ին: *** «Ազգ»-ը ցավակցում է հարազատներին եւ ընկերներին։ |