ՄԵԾ ԵՐԱԶԻ ՃԱՄԲՈՒՆ ՈՒՂԵՎՈՐՆԵՐԸ ՍՄԲԱՏ ՏԷՐՈՒՆԵԱՆ Յակոբ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ Սմբատ Տեվլեթեան գրչանունով ծնած է Յունաստանի Լիզպոս կղզին 1923-ին, Թուրքիայէն գաղթած ու հոն ապաստանած ծնողներէ: Նախնական ուսումը մինչեւ չորրորդ դասարան ստացած է Գաւալա քաղաքի յունական վարժարանին մէջ: Այնուհետեւ հինգերորդ եւ չորրորդ դասարաններուն համար յաճախած է Գաւալայի Ազգային վարժարանը ու յետոյ մեկնած Կիպրոսի Մելգոնեան կրթական հաստատութիւն, զոր աւարտած է 1942-ին: Բարձրագոյն կրթութիւնը ստացած է Անգլիոյ մէջ: Փաստաբանական յատուկ Council of Legal Education-ի բոլոր քննութիւնները անցընելէ ետք, ստացած է Barrister-at-Law-ի տիտղոսը: Անկէ անջատ, աւարտած է նաեւ Լոնտոնի համալսարանի իրաւագիտութեան բաժինը: Ասպարէզով փաստաբան է ու կը բնակի Կիպրոս, ուր 1956-էն ի վեր կը կիրարկէ իր մասնագիտութիւնը: Անձնական հետաքրքրութեամբ, սակայն, գրող է, բանաստեղծ: Փաստաբանութիւնը ընտրած է որպէսզի նիւթապէս անկախ դառնայ անհատական գետնի վրայ, իսկ համայնքային-ազգային կամ այլ աշխատանքներու կապակցութեամբ ունի իր անկախ դիրքաւորումը միԲշտ ընթանալով ռամկավար-ազատական մտածողութեամբ եւ ուղեգիծով: Գործօն բաժին ստանձնած է կիպրահայ համայնքի կեանքին բոլոր երեսներուն մէջ մինչեւ 1986 թուականը: Այդ իմաստով եղած է նաեւ Կիպրահայ վարժարաններու հոգաբարձութեան ատենապետ շուրջ տասնամեակ մը: Իսկ Մելգոնեան կրթական հաստատութեան հոգաբարձութեան անդամ եղած է մօտ 25 տարի շարունակաբար մինչեւ 1986: Որպէս հրաւիրեալ մասնակցած է Հայաստանի Գրողներու Բ. եւ Ը. համագումարներուն, Երեւան: Ամուր կերպով պահած է հայրենասիրական ուղին կղզիէն ներս, Խորհրդային Հայաստանի տարիներուն: Ղեկավարներէն եղած է Նիկոսիոյ ՌԱԿ Վահան Թէքէեան ակումբին: Տէրունեան գրչանունով ծանօթ Սմբատը հրատարակած է հետեւեալ գործերը` «Մինչեւ վերադարձ» (Կիպրոս, 1946), «Լսէ՛, տղաս» (Կիպրոս, 1948), «Յամեցող այգաբաց» (Պէյրութ, 1959), «Ճառագայթ ու մշուշ» (Պէյրութ, 1968)- «Տարագիր տաղեր» (Երեւան, 1981 եւ Պէյրութ, 1996): Աշխատակցած է ռամկավար-ազատական մամուլին եւ յատկապէս` «Զարթօնք»ին ու «Շիրակ» գրական-մշակութային հանդէսին: Ամուսնացած է 1942-ին Թագուհի Պչաքճեանի հետ դարձեալ մելգոնեանցի, եւ հայրը` ՌԱԿ-ի ղեկավարներէն Ասատուր Տէվլեթեանի, ան եւս մելգոնեանցի: Թագուհին եղած է ուսուցիչ եւ Կիպրոսի Արենուշական շարժումի վարիչներէն, օգտակար ըլլալով Մելգոնեանի արենուշական խումբին: Թագուհի 2007-ին հրատարակած է իր ինքնակենսագրութիւնը` «Ողջոյն կեանք»: Մահացաւ յառաջացած տարիքին, Նիկոսիոյ մէջ, մարտ 24, 2016-ին: *** «Ազգ»-ը ցավակցում է որդուն` Ասատուր Տեuլեթյանին եu մյուս հարազատներին: |