ՊԱԼԱՔԵԱՆ ԿՐԿԻՆ ՄՐՑԱՆԱԿԱԿԻՐ Մարուշ ԵՐԱՄԵԱՆ Պալաքեան մականունը, որ խորքին մէջ մեր հին եւ ազնուական տոհմանուններէն մէկն է, անպայմանօրէն - անշուշտ մեզի, հիներուս համար - կը կապուի Գրիգորիս Եպիսկոպոս Պալաքեանին, հեղինակը «Հայ Գողգոթան» կոթողական յուշագրութեան (այն օրերունՙ տակաւին վարդապետ): Ամերիկահայերուն համար, անոնց որոնք մօտ են մշակոյթին եւ գրականութեան, Պալաքեանը նաեւ Աննան է, Նիւ Եորքի համալսարանի բաղդատական գրականութեան բաժանմունքի վարիչը, որ գիտակ կը համարուի խորհրդապաշտ եւ գերիրապաշտ շարժումներուն, յարգելի դասախօսուհին, իր կարգին հեղինակ կարգ մը հատորներու, ինչպէս The Literary Origins of Surrealism in 1947, իր առաջին գիրքը, կամ Andre Breton: Magus of Surrealism (1971), որ կը համարուի այդ հեղինակին նուիրուած առաջին ամբողջական հատորը: Ինչպէս եւ քոյրըՙ Նոնա Պալաքեան (երկու քոյրերը Պալաքեան սրբազանի եղբօր դուստրերն են), հիմնադիր անդամը National Book Critics Circle-ի, հմուտ քննադատն ու երկար տարիներու Նիւ Եորք Թայմզի գրախօսականներու բաժնին խմբագիրը, նաեւ անդամներէն մէկը Փուլիցըր մրցանակի յանձնախումբին, PEN յանձնախումբին եւ հեղինակը երկու կարեւոր գիրքերուՙ Critical Encounters: Essays (1978), եւ համահեղինակը (Charles Simmons-ի հետ) The Creative Present (1969) հատորներուն: Այս բոլորը կը գրուին հաստատելու համար, որ Պալաքեանները կը սերին հին, ազնուական, մշակութասէր, գրասէր եւ գրագէտ ընտանիքէ մը, որուն վերջին անունըՙ Փիթըր Պալաքեան (Սրբազանին եղբօր թոռը) կը փայլի ամերիկեան բանաստեղծութեան երկնակամարին վրայ որպէս դափնեկիրը Փուլիցըր նշանաւոր մրցանակին (2015): Անմիջապէս ըսեմ, որ այս միջազգային համբաւ վայելող մրցանակներուն եւ դափնիներուն միշտ ալ կասկածով մօտեցած եմ, որովհետեւ յաճախ այլ ազդակներ կը միջամտեն ընտրութիւններու պարագային, ու յետոյ, վերջին տասնամեակներուն փորձը ցոյց տուաւ որ նման դափնիները - ի՛նչ բնոյթի ալ ըլլան, գիտականէն մինչեւ գրականն ու գեղագիտականըՙ գեղեցկութեան մրցումները - յաճախ «անբախտութեան» դուռ կը բանան: Կարծես դափնին ըլլար կանխապէս տրուած մխիթարանք մը գալիք արհաւիրքներու համար: Ասիկաՙ միջանկեալ: Եօթը քերթողագիրքերու հեղինակ Փիթըր Պալաքեան քաջածանօթ է անգլիագիր բանաստեղծական հրապարակին համար, սակայն Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ հռչակի տիրացած է իր երկու արձակ հատորներովՙ «Ճակատագրի սեւ շունը» եւ «Այրուող Եփրատը», երկուքն ալ Հայոց եղեռնին շուրջ բեւեռուող: Պալաքեան սակայն խորապէս բանաստեղծ է. իր վերջինՙ մրցանակակիր քերթողագիրքըՙ «Ozone Journal»ը կը հաստատէ ասիկա. մրցանակը որոշող դատական յանձնախումբը կը նշէ, թէ «Պալաքեան կ՛արժանանայ այս մրցանակին, որովհետեւ կը դառնայ ականատեսը հին ողբերգութիւններու եւ կորուստներու, որոնք հենք կը դառնան աշխարհը ցնցող վտանգներու եւ անորոշութեան»: Այս քերթողագիրքին կորիզը կը կազմեն մէկ կողմէն Եղեռնը, միւս կողմէնՙ մարդկութեան այսօրուան վիճակն ու գալիքի ահաւոր անորոշութիւնը: Գիրքին երկրորդ, մէջտեղի բաժինը անդրադարձն է երիտասարդի մը, որուն զարմիկը կը մահանայ ՁԻԱՀէն, եւ որուն պապերը ջարդի ենթարկուած են. մահուան դէմ արտաքին եւ ներքին պայքար մըն է կարծէք այս բաժինը: «Ինծի համար կպցանկարը (collage) քերթողութեան հետաքրքրական ձեւերէն մէկն է. կը փորձեմ քերթուածին կառոյցը հրել եւ բանալ, ժամանակակից կենսափորձի բարդութեան ներդաշնակելու համար զայն»: Ամերիկացի կարգ մը խմբագիրներ զարմացած են Փուլիցըրի ընտրութեան առջեւ, որովհետեւ ըստ երեւոյթին, ամերիկացիներուն համար ամէնօրեայ վայրագ ու բիրտ լուրերն ու քերթողութիւնը, որ լիրիքական պէտք է ըլլայ, երեւութապէս առնչութիւն չունին, կամ պէտք չէ ունենան իրարու հետ: Սակայն տասնամեակներ առաջ իսկ ամերիկացի նշանաւոր բանաստեղծըՙ Ուիլիամ Գարլոս Ուիլիամ ըսած է. դժուար է լուրերը քերթուածէն առնել բայց մարդ կը մեռնի ամէն օր խեղճօրէն չունենալով ինչ որ կարելի է գտնել այնտեղ Հատուածական բաժիններով ընթացող այս քերթուածները կը կազմեն ժամանակակից կեանքի կպցանկար մը, ուր տեղ գտած են ոչ միայն ամերիկացի մարդուն, այլ իր հայկական արմատներուն գացող, Ջարդը արիւնով կարծես յիշող «միջազգային» հայու կերպարին առօրեան, այդ առօրեայէն ծնած դժուարութիւնները, որոնք յաճախ տառապանքի կը վերածուին: Պալաքեանի բանաստեղծութեան ամենէն հետաքրքրական բաժինը այն է, որ անցեալն ու ներկան, երբեմն նոյնիսկ գալիքը կը ներկայացուին այնպիսի ներհիւսումով մը, որ ժամանակներու մէջ երթեւեկող ալիքներու նման իրենց մէջ կ՛առնեն ընթերցողը: «Ամբողջ օրը հայու ոսկորներ կը պեղէի սուրիական անապատին մէջ», կը գրէ Պալաքեան իր երկար քերթուածներէն մէկուն սկիզբը: Ջարդերը կը կազմեն կարեւոր մէկ մասը Պալաքեանի գրականութեան եւ իր վերջին քերթողագիրքին. սակայն ոչ միայն Ջարդերը, այլ այն բոլորը, որոնք վերջին դարուն կիզեցին մարդ արարածը իր մարդկութեան մէջ իսկ, Ջարդերէն մինչեւ ՁԻԱՀ-ը, քաղցկեղը, պատերազմներն ու Ամերիկայի ներքին խժդժութիւնները. այլ խօսքովՙ քերթողութիւն, որ ամբողջովին մարդկային հենքի վրայ ինքզինք կը հիւսէ: Եւ մինչ այս տողերը կը գրեմ, Նիսի մէջ անձնասպանական գործողութիւն մը կրկին տասնեակներով զոհեր կը խլէ, իսկ աշխարհը, արդէն անճրկած եւ անկարող, միայն կը դիտէ: Ինչպէ՞ս կարելի է Պալաքեանի գործը «շատ անձնական» համարել - ինչպէս կարգ մը քննադատներ ըսած են - երբ այսօրուան բոլոր դէպքերը կու գան հեռուէն, շա՜տ հեռուէն, հարիւր տարիներու հեռաւորութենէն, այն օրերէն, երբ աշխարհը կրկին կեցաւ ու դիտեց: Կտորտանքներ, կեանքի կտորտանքներ, որոնք ընդհանուրին կեանքին կը վերածուին Պալաքեանի տողերու կցապատկերներուն մէջ: Եւ ամբողջը կը դառնայ այնքան մարդկային, որքան կը պատմէ մարդկութեան երէկն ու այսօրը: Լեզուն կ՛ընթանայ գրականա-առօրեականով, կան յղումներ, ըսելաձեւեր եւ կիսատ նախադասութիւններ, որոնք թերեւս կարենայինք կապել, եթէ ապրած ըլլայինք ամերիկեան առօրեային մէջ: Հակառակ ասոր, սակայն, քերթողագիրքին ընթերցումը բանաստեղծական պահեր կը շնորհէ, առանց ընթերցողը ամբողջովին առօրեայէն կտրելու. բան մըՙ որ այնքան ալ դիւրին չի թուիր, որովհետեւ կ՛ենթադրէ բանաստեղծականը գտնել եւ ապրեցնել առօրեայի ան-բանաստեղծութեան մէջ: Երեւան Հ.Գ.- Փուլիցըր մրցանակը կը պատուէ բարձ լրագրութիւնն ու գրականութիւնը: 1917-ին Ամերիկայի մէջ հիմնուած այս տարեկան մրցանակը դափնիներ ունի լրագրութեան (թերթեր, հանդէսներ), գրականութեան եւ երաժշտական յօրինումի համար, կտակին համաձայն Ժոզէֆ Փուլիցըր հունգար-ամերիկացիի մը, որ իր հարստութիւնը լրագրական ասպարէզին մէջ դիզած է: Գործադիր կողմը Նիւ Եորք քաղաքի Գոլումպիա համալսարանն է: Քսանմէկ մարզերէ քսանին դափնեկիրները վկայագիր եւ տաս հազար տոլար պարգեւ կը ստանան, իսկ հանրային ծառայութեան մարզէն ներս դափնեկիրը միայն ոսկի մետալ մը կը ստանայ: Յիշեցնենք, որ այդ մրցանակի միւս հայազգի դափնեկիրներն են Ուիլիամ Սարոյեանը եւ Boston Glob թերթի խմբագիրներէն Ստեֆան Քիւրքճեանը: |