ԳԱԼԷՄՔԵԱՐԵԱՆՆԵՐԸ Հեղինակՙ ՀՐԱԶԴԱՆ ԹՈՔՄԱՃԵԱՆ, խմբագիրՙ ՍՎԵՏԼԱՆԱ ՊՕՂՈՍԵԱՆ Ազգային պատկերասրահի դահլիճը լեցուն է բազմութեամբ, հալէպահայեր, այնթապցիներ, տեղացի արուեստասէրներ, եկած են ներկայ գտնուելու Հրազդան Թոքմաճեանի հրատարակած վերջին գիրքի շնորհանդէսին. «Գալէմքեարեանները... Այնթապ, Դամասկոս, Հալէպ» : Ներկայ են ՀՀ Սփիւռքի նախարարուհի Հրանուշ Յակոբեանը, Բերիոյ թեմի Առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանը, ՀՀ Մշակոյթի փոխ նախարարը, Գալէմքեարեան ընտանիքին վերջին շառաւիղ Յովհաննէսին երկու դուստրերը, որոնք, մէկը Մոսկուայէն, միւսը Քուէյթէն յատուկ եկած են Երեւան ներկայ գտնուելու իրենց գերդաստանին նուիրուած այս գիրքի շնորհանդէսին: Այս մէկը Թոքմաճեանի չորրորդ ազգագրական պատկերագիրքն է, նախկին երեքը ասեղնագործ-ձեռագործներու մասին էին, Մարաշի, Ուրֆայի, Այնթապի, որոնք պիտի ունենան իրենց շարունակութիւնը: Հրազդան Թոքմաճեան մասնագիտութեամբ նկարիչ է եւ որպէս այդպիսին 1993-ին հրաւիրուեցաւ Հալէպի ՀԲԸՄիութեան կողմէ որպէս դասատու «Մարտիրոս Սարեան» ակադեմիայի: Քանի մը տարիով Հալէպ եկած Հրազդանը մնաց ամբողջ 22 տարի. սիրեց Հալէպն ու հալէպցին եւ իրեն համար պարարտ հող գտաւ իր երկրորդ նախասիրութեան յագուրդ տուող, որն էՙ ազգագրութիւնը: Հրազդան սիրահարուեցաւ հայկական ասեղնագործութեան, որոնցմէ բաւական առատ օրինակներ կային հայ ընտանիքներու մօտ, ոչ միայն Երկրէն բերուած, այլեւ ժառանգուած հունարովՙ Հալէպի մէջ աշխատցուած: Հրազդան այցելեց տուները, լուսանկարեց ձեռագործներն ու անզուգական ֆոնտ մը կազմեց, որուն արդիւնքը եղան վերոյիշեալ երեք կոթողային գիրքերը: Իսկ ահա այսօր, ուրիշ ազգային-ազգագրական հարստութիւն մըՙ Հայկական պղնձագործութիւնը: Գեղատիպ, 300 էջանի ծաւալուն այս գիրքը տպուած է բացառիկ ճաշակով Երեւանի Տիգրան Մեծ տպարանին մէջ, հրատարակուած է Բերիոյ Հայոց թեմին կողմէ, մեկենասութեամբ Արմէն եւ Միմի Յարութիւնեան ամոլին: Գալէմքեարեաններու պատկերագիրքը այնթապցի անուանի պղնձագործ գերդաստանի մը երկհարիւրամեայ պատմութիւնն է, սկիզբ առած 1812-ին եւ վերջ գտած 2015-ին, վերջին «մոհիկան» Յովհաննէս Գալէմքեարեանի շիջումով: Երկլեզու (հայերէն, անգլերէն) ներածական բաժինին մէջ, հեղինակը պատմական փաստերով կը խօսի ու կ՛ըսէ, թէ մետաղագործութիւնը հայերու մօտ աւելի քան երկու հազար տարուան անցեալ ունի, քանի որ Հայկական լեռնաշխարհը հարուստ ըլլալով մետաղի հանքերով, մետաղի արդիւնաբերութիւնը, մետաղաձուլումն ու մետաղամշակումը ( ոսկի, արծաթ, պղինձ... որոնցմով զանազան իրեր պատրաստած են, ինչպէս պալատներու եւ տաճարներու սպասքներ, մարտական զէնք ու զրահ...) հայոց հնագոյն արհեստներէն են, որոնք կը շարունակուին մինչեւ այսօր: Մետաղամշակումին ընկերակցած է զարդարուեստը, երբ պատրաստուած իրերը դրուագուած են տարբեր նկարներով ու զարդերով: Գալէմքեարեաններու տոհմի ծառարմատը Յակոբ անունով իրենց նախահայրն է, որուն յաջորդած է Տիրացու Մելքոնը, իսկ բուն արհեստ կիրարկել սկսողը եղած է Կարապետ Խալֆէն (1812-1885), որ կլայեկող (պղնձեայ սպասքները անագապատող) վարպետ մը եղած է, որ իր արհեստին կից զբաղած է նաեւ պղնձագործութեամբ: Կարապետին յաջորդած է Մելքոն Ուստան (1859-1918), ապա Յարութիւնը (1886-1967), Աւետիսը (1888-1961), Մելքոնը (1935-1995) եւ վերջինըՙ Յովհաննէսը (1939-2015): Յովհաննէսին յաջորդող մըն ալ կար, Արթունը, որ արհեստին կողքին երաժշտութեամբ կը զբաղէր, սակայն երիտասարդ տարիքին մահացաւ 2008-ին: Այս առթիւ ըսեմ, որ երաժշտութիւնը այս գերդաստանին ուղեկցած է մինչեւ վերջ, քանի բոլորն ալ երգողներ եղած են, յատկապէս եկեղեցական շարականներու վարպետ կատարողներ: Յովհաննէսի դուստրերէն մէկըՙ Բալիկը, օփերային երգչուհի է եւ շնորհահանդէսի օրն ալ երկու երգով ելոյթ ունեցաւ: Գալէմքեարեանները պալատներ եւ մեծահարուստներու տուներ զարդարած են իրենց պատրաստած կրակարաններովՙ «փաշա մանղալը», սափորներով, մոմակալներով, խոհանոցային ու ճաշասենեակի սպասքներով, զարդեղէններով: Պատուէրներ ստացած են ամենայայտնի անձնաւորութիւններու կողմէ: Եկեղեցիներու համար պատրաստած են ջահեր, աշտանակներ, քշոցներ, սկիհներ, խաչեր, պահպանակներ, ճառմանդներ, եւայլն...: Անոնք Թուրքիոյ մէջ այնքան հռչակ հանած էին, որ 1915-ի տեղահանութենէն ետք, Ճեմալ Փաշայի միջնորդութեամբ, զիրենք Դամասկոս կը փոխադրեն, ուր կը մնան ու կը գործեն մինչեւ 1918 եւ Առաջին համաշխարհային պատերազմի աւարտէն ետք կը վերադառնան իրենց ծննդավայր Այնթապ քաղաքը, ուր մինչեւ 1921 վերաբնակելէ ետք, 1921-էն մինչեւ 1924 դարձեալ կ՛ապաստանին Դամասկոս, որմէ ետք վերջնականապէս կը հաստատուին Հալէպ: Ուրեմն ամբողջ 90 տարի կը գործեն Հալէպի մէջ: Այստեղ անհրաժեշտ է լուսարձակի տակ առնել Մելքոն Ուստայի կրտսեր որդինՙ Աւետիսը, որ ոչ միայն վարպետ արհեստաւոր ըլլալով շարունակեց իր տոհմին վարկը բարձր պահել, այլեւ որովհետեւ ան Այնթապի ինքնապաշտպանութեան երեք ղեկավարներէն մէկն էր: Հալէպի մէջ Քալէմքեարեանները իրենց արհեստանոցը կ՛ունենան պղնձագործներու շուկային մէջ, ապա Խանտէք փողոցին վրայ, որ Հալէպի գլխաւոր շուկաներէն մէկն էր արհեստաւորներու եւ առեւտուրով զբաղուողներու համար: (Այսօր այդ շուկան լրիւ քանդուած է պատերազմին պատճառով): Գիրքին մէջ Խանտէք փողոցի եւ անկէ ճիւղաւորուած Աուճէթ Քայյալիի յատակագիծ մը կայ, ուր յիշուած են 155 խանութներ իրենց տէրերուն անուններով. հետաքրքրականը այն է, որ յիշեալ155 խանութներէն 110-ը պատկանած են հայերու, արհեստաւոր կամ առեւտրական: Ուրեմն պատկերացուցէք, թէ Մեծ եղեռնէն եւ բռնագաղթէն ետք հայերը արդէն նշանակալի ներկայութիւն էին Սուրիոյ տնտեսական կեանքին մէջ: Անցեալ դարու եօթանասունականներուն Քալէմքեարեաններու աշխատանոց-վաճաառատունը կը փոխադրուի Սալիպէ, Ս. Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ մօտ, Ազգային առաջնորդարանի շէնքին տակ: (Այդ հինաւուրց նեղլիկ թաղերուն մէջ կը գործէին Հալէպի շատ մը անուանի արծաթագործներն ու ոսկերիչները): Այս աշխատանոցին մէջ կը մնայ Յովհաննէս ու կը շարունակէ ստեղծագործել մինչեւ որ ամբողջ թաղամասը կը դառնայ վտանգաւոր շարունակուող հրթիռակոծումներուն պատճառով եւ իր ալ մահով 2015-ին, կը փակուի Քալէմքեարեաններու երկհարիւրամեայ պատմութեան վերջին էջը: Այս գիրքը պատրաստելու համար հեղինակըՙ տարիներ աշխատած է, Քալէմքեարեաններուն յաճախակի հանդիպելով եւ գրի առնելով անոնց պատմութիւնը, հարիւրաւոր իրեր լուսանկարած է եւ անոնց համար այցելած է եկեղեցիներՙ Հալէպ, Լիբանան (Անթիլիասի Մայր տաճարին մէջ է իրենց պատրաստած Գրիգոր Լուսաւորիչի Աջը), Հայաստան (Էջմիածին)... Այցելած է հայ եւ արաբ ընտանիքներու տուներ, երբ լսած է, որ վարպետներու գործերէն օրինակներ ունին իրենց տուներուն մէջ: Մէկ խօսքով, շատ մեծ ճիգի արդիւնք է գիրքը, որ իր արժանի տեղը պիտի ունենայ մեր ազգագրական ուսունասիրութեանց եւ պատկերագիրքերու շարքին: Գիրքին ներքին տիտղոսաթերթին վրայ յիշուած է, որ անիկա նուիրուած է «Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին, ինչպէս նաեւ Ցեղասպանութեան մէկ ու կէս միլիոն նահատակներուն, անյիշատակ եւ անշիրիմ մնացած հազարաւոր այնթապցիներու պայծառ յիշատակին»: Երաշխաւորուած է ՀՀ Գիտութիւնների Ազգային ակադեմիայի Հնագիտութեան եւ Ազգագրութեան ինստիտուտի գիտական խորհուրդին կողմէ: Նկար 1. Հրազդան. Թոքմաջյանը ներկայացնում է պատկերագիրքը |