ՄՈՎՍԷՍ ՊՉԱՔՃԵԱՆԻ ԳԼՈՒԽԳՈՐԾՈՑԸ Սարգիս ՎԱՀԱԳՆ, Լոս Անջելես «Անցողիկը եվ Անժամանցելին» վէպը Բազմալար եւ բեղուն գրող էր Պչաքճեան: Ապացոյցՙ գրախօսուող երկու հատորներէն առաջ լոյս ընծայած իր գործե՛րը, որոնք կը կոչուինՙ «Անկարելի Կարելին»ՙ թատրերգութիւն (1973), «Բարե՛ւ, Հայաստան»ՙ էսքիզներ (1975), «Կեռասի Ժամանակէն Վերջ եւ Առաջ»ՙ պատմուածքներ (1983), «Լուացք Փռուած Տանիքի Վրայ»ՙ գրանկարներ(1987), «Ծիծեռնակները Պիտի Չսարսափին Խրտուիլակներէն»ՙ վէպ (1990), «Լուսաւոր Աչքերով Օտարականը»ՙ վէպ (1993), «Անկատար Վերծանումներ»ՙ գրանկարներ (1997), «Մինչեւ Վերջինը Արեւներուն»ՙ բանաստեղծութիւն (2001), «Աշխարհահայեաց Պատուհան»ՙ ակնարկներ (2002): Եւ այս բոլորըՙ ինքնատպութեան բարիքներով օժտուած եւ արուեստով յագեցուած իրագործում ստեղծագործութիւններՙ որոնք սփիւռքի արդի գրականութեան լաւագոյն գրողներու շարքին կը դասեն զինք: Բայց ան չբաւարարուելով արդէն տրուածովՙ ահա կը հրամցնէ մեզի իր նոր ու ծաւալուն նուաճումըՙ «Անցողիկը եւ Անժամանցելին» երկհատորեայ վէպըՙ մօտ 850 էջերով: Առաջին հեղ, արագութեան եւ ժամանակի սղութեան այս դարուն, գրքին ծաւալուն զանգուածը կրնայ խրտչեցնել մակերեսային ընթերցողը եւ մատչումի չհրաւիրել: Բայց այդ խոչընդոտին յաղթահարումէն ետք, երբ սկսի իսկական ընթերցումը, մոգականօրէն արդէն կը կը վերանայ ծաւալի եւ տարածքի ամէն վերապահութիւն եւ ընթերցումը կը դառնայ վայելք հոգեկան եւ մտային: Որովհետեւ ընթերցողի ներքին տեսադաշտին առջեւ էջ առ էջ կը բացուին ծալքերն ու գալարումները «աշխարհ մը, աշխարհներու», ուր դէպքերու, պատահարներու փոխարէնՙ հազար ու մէկ բաւիղներով կը թաւալին, կը հանգուցուին եւ կը քակուին արդի մարդուն ընդհանրապէս եւ մասնաւորաբար սփիւռք դարձած հայ մարդուն լինելութեան էական տագնապները, հարցականներն ու մտորում-խոհերը, կնճռոտ ապրումներն ու յոյզերըՙ հանդարտ ովկեանի մը իրար յաջորդող յամառ եւ անկասելի ալիքներուն յաջորդականութեան նման, կրկնութիւններէ բաւական խուսափածՙ նոր ալեւորումներով, տարբեր երանգաւորումներով, նոր խազերով եւ նոր նրբութիւններով հարստացած: Այս բոլորըՙ փարիզեան սքանչագեղ միջավայրին ու մթնոլորտին մէջ հանգուցուած, խորապէս ապրուած եւ առարկայականօրէն վրձինուած սիրավէպի մը ոլորաններուն մէջ պաստառադրուած: Վէպին իսկական յաջողութիւնը սիրոյ զոյգ հերոսներն են: Յովսէփն ու Վերոնիքը. Յովսէփը հա՛յ, Վերոնիքըՙ կէս ֆրանսացի, կէս հրեայ: Բարդ նկարագիրներով օժտուած տիպարներՙ որոնք ունին հարուստ, փոթորկուն ներաշխարհներ, մտածելու, վերլուծելու եւ մանաւանդ խորացնելու անսովոր եւ ինքնատիպ ուղիներՙ դէպքերուն եւ այլ մտածելակերպերուն հանդէպ ձեւաւորուող իւրայատուկ կեցուածք-դիմադարձութիւններ: Անոնք, ի սկզբանէ, ցցուն, սուր անկիւններ ունին իրարու հակադրուած. տարբեր ենթահող ու անցեալ, այլակերպ նկարագիրներ, հակադիր մտածողութիւն եւ կնճռոտ յուզաշխարհ: Սակայն եւ այնպէս, անդիմադրելի ձգողականութեամբ մը զիրար փնտռող, զիրար ամբողջացնողՙ ուր սեռն ու սէրը հաւասար դեր ու կշիռ ունին: Սիրավէպը անդադար կը հիւսուի եւ կը քակուի բաժանումի եւ միաւորումի մակընթացութեամբ եւ տեղատուութեամբ, կարօտի մերձեցումներով եւ մաշեցնող բաժանումներով, որոնք ի վերջոյ կը յանգին վերջնական լուծումինՙ բաժանումի՛ն: Այսՙ «անցողիկն» է, ժամանակաւորին բաժինը, մինչ Յովսէփին հայութեան կառչելու, հայրենի հողին, ոգիին, ժառանգուած արիւնին հաւատարիմ մնալու անընկճելի որոշումը «անժամանցելի՛»ն է: Վէպին գլխաւոր բախումը այս է, դրսեւորուած երկու այդ նկարագիրներուն անհամատեղելիութեան պատճառով: Յովսէփՙ ներսոյզ, խոհուն, մտորուն, միշտ հարցադրող, պրպտող ու խորապէս վերլուծող գեղապաշտ հոգի մը, բայց նաեւ միսի հաճոյքներուն հանդէպ տկար ու զիջող, մինչ Վերոնիքՙ ճնշող անհատականութեամբ օժտուած, համարձակ ու խիզախ, նախապաշարումներէ ձերբազատուած եւ տակաւին արկածախնդիր ու կենսասէր կին մը: Բախումը անխուսափելի է, հակառակ երկար ձգձգումներու եւ ետեւդարձներու: Այս տակաւին «անցողիկ» պատճառն է: Կայ նաեւ «անժամանցելին»: Յովսէփին հայկականութեան, ազգային ինքնուրոյնութեան ձգտող անխուսափելի ընդհարումըՙ Վերոնիքին ազգերու բաժանուածութեան դէմ համամարդկայնութիւն եւ քիչ մըն ալ անիշխանականութիւն հետապնդող դաւանանքներուն հետ: Բաժանումին իսկական պատճառը այս է: Զգացականի, ոգեկանի եւ տրամաբանութեան փոթորկուն գուպարէ մը ետք եզրայանգուած լուծում մըՙ ցաւագինօրէն ապրուած: Յովսէփ ունի երկրորդ սէր մըն ալ: Իրեն համար նոյնքան կարեւոր եւ էական է գրականութեան սէր-պաշտամունքն ալ, զոր պէտք է նշելՙ որպէս ուրիշ «անժամանցելիութեան» արտայայտութիւն: Որպէս ներաշխարհի մարդՙ ան կը մերժէ ենթարկուիլ Վերոնիքի գործնապաշտութեան եւ վայելքատենչութեան քմայքներուն, չըսելու համարՙ մակերեսայնութեան: Ա՛լ հասունցած է բաժանումի որոշումը, որուն գործադրութեան կու գայ նպաստել անսպասելի պատահարըՙ հայ կինըՙ Անահիտը: Քիչ մը հապճեպ եւ արուեստական լուծում-օգնութիւն մը սակայն այս մէկը: Յովսէփի կեանքի նոր ուղղութեան հարթարումին համար յանկարծակի յայտնաբերում մըն է Հայ կինը, հրաշք աղջիկըՙ որ կու գայ իր մոգական գաւազանով փրկելու մոլորուած հայ մարդը: Քիչ մը պարզունակ է այս միջամտութիւնը: Գաղափարը ընդունելի ըլլալով հանդերձՙ կը մնայ անհամոզիչ, որովհետեւ Անահիտ որպէս կերպար տակաւին չունի Վերոնիքի մը տիպարային շօշափելի թանձրութիւնն ու կշիռը: Լոկ ուրուագիծ մըն է, աւելի ճիշդըՙ խորհրդանիշ մըՙ որ կը կարօտի զարգացումի եւ մշակումիՙ դառնալու համար կենդանի եւ ինքնորոյն կերպար մը լիարիւն: Երկրորդական հերոսներէն յաջող է նաեւ Յովսէփին եղբօրՙ Համբարձումին կերպարը: Ան երկու իւրայատկութիւն ունի. որպէս անհատ մարդ լիարիւն ներկայութիւն է իր մտածելակերպովՙ պարզ ու խոնարհ կենցաղով եւ մանաւանդ իր մաքուր, ջինջ ու զուլալ ներաշխարհով եւ աշխարհաըմբռնողութեամբ: Տաք սիրտ, մեծհոգի տղայ մըՙ եղբօր հանդէպ տածած իր անսահման սիրով եւ նուիրումով: Իր կերպարը նաեւ խորհրդանիշն է հայրենասէր հայ պարզ մարդուն, որ անդրդուելի սկզբունքային մտածողութիւն եւ կեցուածք ունի հայութեան եւ անոր պահպանման մասին, առաջին վայրկեանէն իսկ դիրքորոշուելով Յովսէփինՙ Վերոնիքի հետ կապին կամ ամուսնութեան դէմ: Հայու խղճին տարերային ձայնն է ան: Տիպարային մարզէն ներս էական նորութիւն մըն է վէպին մէկ այլ հերոսը, որ պատկառելի ու ամենազօր, բայց անտեսանելի ներկայութիւն է վէպին գրեթէ բոլոր էջերուն մէջ: Ան Գրո՛ղն է (չշփոթել հեղինակ Պչաքճեանին հետ), սանձարձակ երեւակայութեամբ օժտուած, ստեղծագործական տենդով վարակուած, որ ունի արարչական ոյժ եւ կարողութիւն եւ կը ստեղծէ, կը խմորէ տիպարները, կը ձեւաւորէ միջադէպերն ու պատահարները ըստ իր կամքին ու քմահաճոյքին կամ ֆանթէզիին այնպիսի կամայականութեամբ, որուն հանդէպ Յովսէփ յաճախ կը փորձէ ընդվզիլ, թօթափել անոր բռնատիրական լուծը, բայց, ի վերջոյ, ըլլալով անոր արարածըՙ կը հարկադրուի հլու-հնազանդ ենթարկուիլ անոր կարգադրութիւններուն: Հեղինակն ալ, իր կարգին, կ՛ունենայ տկարութեան պահեր իր ստեղծած, արարած հերոսին հանդէպ, իր կամքէն անկախ անսալով անոր ցուցմունքներուն: Այս նորութիւնը պէտք է նկատել ճարտար գիւտ մը, արդարացնելու համար Յովսէփի տիպարին մանուածապատ որոնումներն ու գալարումները, երեւակայական վերասլաց թռիչքներու եւ արտասովոր իրավիճակներու անոր հետամտութիւնը, որոնք անիրական պատկերներով ու կացութիւններով (ինչպէսՙ խօսող կօշիկներու եւ կամ գովազդ-ցուցատախտակի նկար-աղջկայ «կենդանի» միջամտութիւնները) կը ստեղծեն երեւութական անհեթեթութիւն մը, որպէս արգասիք Գրողին անսահմանափակ երեւակայութեան եւ, կրկնենք բառը, ֆանթեզիին: Գրողի այս տիպարին գիւտը նաեւ առիթ է ճշդելու եւ հռչակելու հեղինակին բացարձակ ազատութիւնն ու իրաւասութիւնը ստեղծելու իր տիպարներն ու դէպքերը ըստ իր սանձարձակ երեւակայութեան, ճշմարիտն ու իրականը փոխարինելով ճշմարտանմանով եւ երեւութական իրականութենէն անդին անցնող ներսոյզ գերիրականութեամբ: Այսպէս. Յովսէփ, Գրողին քմայք-ֆանթեզիէն ծնած ու ձեւաւորուածՙ չի ներկայանար սակայն մեզի որպէս վերուստ տնօրինուած եւ լարուած մարդամեքենայ մը: Ան օժտուած ըլլալով տոկուն անհատականութեամբ եւ նկարագիրով, անկախ եւ խոր մտածողականութեամբ, արդի մարդու բազմաշերտ ներաշխարհով եւ իր ապրած լիարիւն կեանքով, կը պահէ հարազատօրէն իր մարդկային դիմագիծը: Այսՙ Պչաքճեանի յաջողութիւնն է: Ան կրցած է պահել լրիւ հաւասարակշռութիւն մը Գրողին, հեղինակին եւ հերոսին միջեւ: Երրորդութիւն մըՙ որ խորքին մէջ հեղինակ Պչաքճեանն է միայն: Յովսէփին կեդրոնական կերպարը կը մարմնաւորէ այս հաստատումը: Իսկապէս որ բարդ է ան ու կնճռոտ: Ան չ՛ընթանար հեզասահ ուղիներէ: Էջ առ էջ, հետեւողականութեամբ, տաժանքով կը կերտուին իր հոգեկան եւ մտածողական յատկութիւններն ու ինքնուրոյնութիւնը: Ինքնակերտում մըն է այդ, հակադրութիւններու, տարակոյսներու եւ հաստատումներու պարբերական յաջորդականութեամբ: Ընդհանրապէս տրամաբանական կեցուածքներով բնորոշուող, բայց երբեմն ալ անտրամաբանական, ոչ իսկ ճշմարտանմանի սահմաններու մէջ արդարացուած կացութիւններու զոհ դարձած: Այսպէս. գաւառային Հալէպէն ժամանած, տակաւին փարիզեան մթնոլորտին ամբողջապէս չընտելացած, ահա ան կը դառնայ գրաւիչ այնպիսի խայծ մը, որուն շուրջ այնքան հեշտութեամբ կ՛աճապարեն խռնուիլ, զիրար հրմշտկել տասնեակ մը փարիզեան գեղուհիներ, որոնց հանդէպ իր միակ դժուարութիւնը ընտրանքի հարցը կը մնայ կարծէք: Աւելինՙ նմանապէս, Վերոնիքի նախանձոտ եւ պահանջկոտ սէր-կապն ալ շատ արագ եւ դիւրին անմիջականութեամբ կը հիւսուի: Գրողին ֆանթեզիին որպէս արդիւնք Յովսէփին չափազանցուած այս հմայքն ու գեր-արուի սիրային շահատակութիւնները եթէ չափաւորուած ըլլային, շահողը համոզչութիւնը պիտի ըլլար անպայման: Ուրիշ վերապահութիւն մը եւս. հարցադրումներու, մտորումներու եւ խորհրդածութեանց անսահման, անվերջ գործածութիւնն է, որ ամէն քայլափոխի, ամէն դիպուածի եւ երեւոյթի հանդէպ կ՛արծարծուի, կը յարուցուի, յաճախ կասեցնելով վէպին բնական ընթացքը: Անկախ այս կէտերէնՙ անկասկած որ արժէքաւոր իրագործում մըն է «Անցողիկը եւ Անժամանցելին»: Հոն կը գտնենք աշխարհ մը բազմերանգ, եռունՙ կեանքով, խռովքով եւ մտորումներով: Հայերգութեան եւ մարդերգութեան խոր արձագանգները կան հոն: Կայ սիրոյ բազմագալար ալեւորումը եւ բազմատրոփ հեւքն ու երգըՙ իր բոլոր վերիվայրումներով, յոյսերով, վիշտերով ու խինդերով: Կայ մանաւանդ մեր Ցեղին ձա՛յնը: Պատմութի՛ւնը: Ճակատագի՛րը: Արիւնոտ Յիշողութիւնը: Ծայրէ ի ծայր ան համակ թրթռացում է հայութեամբ: Իսկ ամենակարեւորըՙ գրուած է վճիտ հայերէնով մը, որ վայելք է մեր ունկին, տեսողութեան եւ նոյնիսկ ճաշակելիքին, զի «մրգաստանի մը» բոյրով ու գեղով է որ երկնուած է ան: Գեղահիւս, թռիչքաւոր եւ ճշգրիտՙ միանգամայն զուսպ ու կուռ, զեղուն ու պատկերաւորՙ այդ լեզուն հիանալիօրէն դարձած է կրողը հեղինակին ճոխ մտածողութեան եւ հարուստ ներաշխարհին: Արտակարգօրէն վառ ու կենդանի տիպարներ են անոր վէպին գլխաւոր երկու բնակիչները, ուր ազատօրէն կը թեւածեն իտէալներն ու գաղափարները, ուրՙ հոգեբանական եւ ներաշխարհային եռեւեփումներ կը խլրտին ու կը ծաւալին, կը խորանան նրբակերտ շերտաւորումներով: Տիրապետուած պատմում, գունեղ միջավայր ու մթնոլորտ, եւ վերջապէսՙ ստեղծագործ երեւակայութիւնՙ այլ նուաճումներն են, որոնք վէպը կը դարձնեն նաեւ հարուստ գանաձարան մը հոգեկան եւ իմացական լայն պաշարով: Մնայուն, մեր արձակը հարստացնող ներդրում մըՙ անպայմա՛ն: Պչաքճեանի շիջումով մեր գրականութիւնը կը կորսնցնէ արժէքաւոր արձակագիր մը եւ պարկեշտ մտաւորական մը: |