RSS | FACEBOOK | NLA
ԳԼԽԱՎՈՐ | ՄՇԱԿՈՒՅԹ | ԸՆՏՐԱՆԻ | ՈՐՈՆՈՒՄ | ԱՐԽԻՎ | ԹԵՄԱ | ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐ
#005, 2017-02-10 > #006, 2017-02-17 > #007, 2017-02-24 > #008, 2017-03-03 > #009, 2017-03-10

ԱԶԳ ՕՐԱԹԵՐԹ - ՄՇԱԿՈՒՅԹ #7, 24-02-2017



Տեղադրվել է` 2017-02-23 21:51:47 (GMT +04:00)


Ընթերցված է` 4022, Տպվել է` 24, Ուղարկվել է էլ.փոստով` 0

ՆՈՐ ԳԻՐՔԻ ՄԸ ՀԵՏՔԵՐՈՎ

Յակոբ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ

Ախպարները

Գիրքին խորագիրը գրաւիչ էրՙ «ԱԽՊԱՐՆԵՐԸ»: Գիտէի, թէ որոնց կ՛ակնարկէին այդ կոչումով հայաստանահայերը խորհրդային տարիներուն եւ անկէ ետք ալ: Տարիները անցան, անցաւ նաեւ «խորհրդայինը», սակայն կիսահեգնական-կիսավիրաւորական այդ պիտակը հայրենադարձ հայերուն հասցէինՙ մնաց որպէս հին սպի մը:

Գրադարանէն վար առի գիրքը եւ սկսայ, ըստ սովորութեանս, նախ թերթատել, ձեռքերուս մէջ դարձնել, նոր ապրանքի մը հետ ծանօթանալու սովորոյթով մը եւ կարդալ:

Հեղինակը անծանօթ էրՙ Նարեկ Գալստեան, սակայն առաջին էջէն իսկ կապուեցայ ու առաւօտէն մինչեւ երեկոյ կարդացի ու աւարտեցի անոր 216 էջերը, որոնց հեղինակը, ինչպէս տեղեկացայ յետոյ, ՍԴՀԿ-ի հայաստանեան կառոյցին երիտասարդ ղեկավարն է:

Սովորաբար երբ գիրք մը կը սկսիմ կարդալ, եթէ առաջին 10-15 էջերը զիս չգրաւեցին, մէկ կողմ կը դնեմ ու չեմ շարունակեր: Այդպէս վարուած եմ շատ մը գիրքերու հետ, թէեւ երբեմն սխալած, քանի ուրիշներէ լսած եմ, որ անոնց հմայքը աւելի խորը թաղուած եղած է գիրքին մէջ, սակայն համբերութիւն չեմ ունեցած ու չեմ կարդացած զանոնք:

Վէպը, որ կառուցուած է իրական հերոսներու եւ դէպքերու վրայ, Յունաստանի մէջ, յունահայ ընտանիքի մը «ոդիսականն» է:

Նպատակս գիրքին գրախօսականը ընել չէ, այլ ինծի համար ցարդ անծանօթ դէպքերու բացայայտումն էՙ յունահայ երիտասարդներու մասնակցութիւնը Յունաստանի ընդյատակեայ դիմադրական շարժումին Բ Աշխարհամարտի օրերուն, երկիրը գրաւող գերմանական եւ իտալական ֆաշիստական բանակներուն դէմ:

Ծանօթ էի միայն ֆրանսայի նոյնատիպ եւ նոյնանպատակ ընդյատակեայ բանակի պատմութեան, հերոս Միսաք Մանուշեանի անունով առասպելացած, իսկ Յունաստանի պարագային մէկ -երկու ամերիկեան ֆիլմերէ միայն որոշ գաղափար մը կազմած էի:

Ցեղասպանութենէն ետք, նորակազմ հայկական գաղութները նոր հայրենիքներ դարձան այդ երկիրներուն մէջ ծնած ու հասակ առած երիտասարդներուն համար, որոնք, մինչեւ իսկ իրենց կեանքը զոհաբերեցին պաշտպանելու համար այդ երկիրները օտար ներխուժողներէն, պարզապէս հաստատելով, որ հայը ապերախտ չէ եւ որպէս յանձնառու քաղաքացի, ի պահանջեալ հարկին, գիտէ զինք ընդգրկած երկիրը պաշտպանել, Սեւակի խօսքերով «...դուրս գալ մեզ արուած բարութեան տակից, մէկի փոխարէն տաս հատուցելով:»

Սակայն, պատերազմի աւարտէն ետք, այս երիտասարդներէն մին, երբ կ՛որոշէ հայրենադարձուիլ, մէյ մը իր արեան կանչին անսալով, մէյ մըն ալ Ներգաղթի կոմիտէի ներկայացուցիչին խորհրդային կարգերուն մասին եւ Հայաստանի հասցէին մեղրածոր գովասանքները լսելով, ահա՛ այն ատեն է, որ դէմ յանդիման կու գայ ահաւոր սուտի մը, որ շաքարապատ լեղի պատառի մը պէս կուլ տուած էին ինք ու իր նման հազարաւորներ, որոնք «համտեսեցին» սովետ պաշտօնեաներուն բրտութիւնը առաջին վայրկեանէն, որ ոտք դրին Պաթումի ծովեզերքը եւ ակամայ զղջացին ներգաղթած ըլլալնուն համար: Անոնց աչքերուն նոյնիսկ գորշացաւ այնքան երազուած հայրենիքի մը պատկերը, եւ այս բոլորըՙ այդ անպիտան ստախօս մունետիկներու յանցանքով: Սակայն լեղին ծամելով իսկ անոնց հայրենասիրութեան կրակը կարողացաւ փոշիացնել ամէն տեսակի դժուարութիւն եւ դժբախտութիւն եւ անոնք նետուեցան հայրենիքի կառուցման սրբազան գործին իրենց լուման ներդնելու:

Ներգաղթի կոմիտէի պատասխանատու մարդիկ արդեօք ինքնաբո՞ւխ կերպով գլորեցին այդ սուտերը, թէ՞ այդպէս թելադրուած էր իրենց վերէն: Եթէ իրականութիւնը ըսէին, արդեօք քանի- քանիներ ետ պիտի կենային իրենց որոշումէն... Լա՞ւ ըրին որ ստեցին, թէ՞ ճիշդ վարուեցան: Հարց մը, որ այսօր 70 տարիներ ետք դեռ իր պատասխանը չունի:

 
 

ԱԶԳ ՕՐԱԹԵՐԹ - ՄՇԱԿՈՒՅԹ #7, 24-02-2017

Հայկական էկեկտրոնային գրքերի և աուդիոգրքերի ամենամեծ թվային գրադարան

ԱԶԳ-Ը ԱՌԱՋԱՐԿՈՒՄ Է ԳՐԱՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

ԱԶԴԱԳԻՐ