ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԳՈՐԳԵՐՈՒ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ ԵՎ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՎՆ ՀԵԸ-Ի ՄԱՄԼՈՅ ԵՒ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ Հայ ժողովուրդի մշակութային համակարգի կարեւորագոյն եւ աւանդական բնագաւառներու մէջ առանձնակի տեղ կը զբաղեցնէ գորգագործութեան մշակոյթը: Գորգը կրնայ բազմագոյն զարդանաշխերով գեղարուեստական գործուածք մը ըլլալ: Հայաստանի մէջ գորգագործութիւնը իբրեւ արհեստ զարգացած է նախաքրիստոնէական ժամանակաշրջանէն: Պատմական Հայաստանի մէջ գորգերը կը նկատուէին առաջին անհրաժեշտութեան առարկաներ: Հայ իրականութեան մէջ գորգ եւ կարպետ բառերը օգտագործուած են իբրեւ հոմանիշ, միայն այն տարբերութեամբ, որ գորգերը կ՛ունենան թելախաւ, իսկ կարպետներըՙ ոչ: Հայկական գորգերու պատմութիւնը, անոնց արժեւորումը կատարելու նպատակով, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Պէյրութի «Անդրանիկ» մշակութային միութիւնը դասախօսական- ցուցահանդէս մը կազմակերպեց 24 Մայիս 2017-ի երեկոյեան, ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան կեդրոնի Ասպետներու սրահին մէջ, իբրեւ դասախօս հրաւիրելով ծանօթ մտաւորական բժ. Յարութիւն Նիկոլեանը: Ներկաները սրահի մուտքին կը տեսնէին պարոն Սերժ Նալպանտեանի անձնական հաւաքածոյէն սիրայօժար տրամադրուած հայկական արժեքաւոր գորգերու նմոյշներ: ՀԵԸ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամներու եւ մշակութասէր ընտրանիի մը ներկայութեան, բանախօսը կարճ նախամուտքէ մը ետք յայտնեց, թէ մեր թուարկութեան առաջին գորգը վիշապագորգն էՙ եօթներորդ դարէն: Ան կը գտնուի Պերլինի թանգարանին մէջ: Իսկ 12-րդ դարուն գործուած վիշապագորգ մը կը գտնուի Վիեննայի ազգային թանգարանին մէջ: Ան ներկայացուց օտար արշաւանքներու հետեւանքով հայկական գորգագործութեան կրած մակընթացութիւնները եւ տեղատուութիւնները: Տոքթ. Յ. Նիկոլեան ներկայացուց հայկական գորգերու տիպերը, անոնց առանձնայատկութիւնները, գոյներու ընտրութիւնը եւ պատրաստութիւնը, զարդանշանները, անոնց ճարտարարուեստական լուծումները. « Աշխարհի հնագոյն գորգը յայտնաբերուած է հարաւային Ռուսիոյ մէջ եւ ապացուցուած է, թէ հիւսուած է Հայաստանի տարածքին: Ներկայիս, ան ցուցադրութեան դրուած է Սանկ Փեթերսպուրկի ազգային թանգարանին մէջ: Արթիկի շրջանին մէջ յայտնաբերուած են 3000 տարուան հնութեամբ հայկական գորգերու նմոյշներ, իսկ Կարմիր Բլուրի պեղումներէն յայտնաբերուած են աւելի քան 2700 տարուան հնութեամբ գորգերու պատառիկներ», ըսաւ բանախօսը, աւելցնելով, որ պատմութեան մէջ քանի մը առիթներով, Ասորեստանի, Պարսկաստանի թագաւորներ Հայաստանէն զանգուածային բռնագաղթեր կազմակերպած են, որպէսզի հայերը իրենց երկիրներուն մէջ հիւսէն գորգ: Տոքթ. Նիկոլեան յայտնեց, թէ այսօր Սինկափուրի, Հնդկաստանի, Պարսկաստանի, Եւրոպայի եւ այլ ոստաններու մէջ կարելի տեսնել հայկական արժէքաւոր գորգերու նմոյշներ: Ապա ան բացատրեց գորգ հասկացողութեան գաղափարը, անոր տեսակները: Առ ի գիտութիւն մեր յարգելի ընթերցողներուն, գորգերը բաժնուած են վեց խումբերու. «Հայերս այսօր մտաւորական ուժը ունինք եղած փաստարկումները ի մի բերելու եւ համոզելու երկրագունդը, որ գորգը ստեղծուած է Հայկական բարձրաւանդակին վրայ եւ տարածուած աշխարհով մէկՙ վերջին երեք հազար տարիներու ընթացքին: Փաստերը բազմաթիւ են, իսկ լաւագոյնը գերմանացի գիտնական Վոլկմար Կանցհորնի գորգարուեստի մասին վաւերագրական հատորն է: Երկրագունդի բոլոր երկիրներու աճուրդի տուներուն մէջ գորգի առուծախը դրուած կ՛ըլլայ «իսլամիք արթ» վերնագիրին տակ: Կանցհորնը եկաւ հաստատելու, թէ ան պէտք է դրուի «Քրիսչըն Արթ» վերնագիրին տակ, որովհետեւ փաստերը զինք հասցուցին այդպիսի եզրակացութեան», ընդգծեց տոքթ. Նիկոլեան: Այս առիթով ան նշեց, թէ Կովկասեան գորգերը բաժնուած են 54 տեսակներու, որոնց 38 հատին ձեւաւորումները ընդունուած են իբրեւ հայկական: Ան անդրադարձաւ հայկական գորգերու տեսակներուն, անոնց պատմութեան, ընդգծելով որ Հայկական բարձրաւանդակի ճարտարապետական բազմաթիւ ձեւաւորումներ կը նկատուին գորգագործութեան մէջ: Անդրադարձաւ հայկական գորգերու իւրայատկութիւններուն եւ թուեց հայկական գորգերու 34 տեսակները: Ուշագրաւ էր, որ տոքթ. Նիկոլեան ապացոյցներու վրայ կը հիմնաւորէր իր տուեալները: Միւս կողմէ ան ցաւ յայտնեց, որ Ազրպէյճանի, Թուրքիոյ մէջ եւ այլուր հայկական գորգեր կը ներկայացուին իբրեւ տեղական մշակոյթի ներդրում: Տոքթ. Յարութ Նիկոլեան «փրոճեքշըն»ի վրայ հայկական գորգերու նմոյշներ ցուցադրեց: Ապա պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն: Երեկոյի աւարտին, ՀԵԸ «Անդրանիկ» մշակութային միութեան ատենապետ Շահէ Պապահեքեան շնորհակալութիւն յայտնեց տոքթ. Յարութիւն Նիկոլեանին, Սերժ Նալպանտեանին, սոյն շահեկան եւ բովանդակալից երեկոյին իրենց սիրայօժար մասնակցութեան համար: ՀԵԸ-ի Կեդրոնական վարչութեան փոխատենապետ Համբար Եսայեան երախտագիտութեան յուշանուէր մը յանձնեց բժիշկ Նիկոլեանին: Զրոյցը շարունակուեցաւ սրահէն դուրս, Սերժ Նալպանտեանի տրամադրած հայկական գորգերուն առջեւ, պատշաճ հիւրասիրութեամբ: |