ԲԱՑԱՌԻԿ ՆՈՒԱԳԱՀԱՆԴԷՍ ԼՈՆՏՈՆԻ ՄԷՋ Ասատուր ԿԻՒԶԵԼԵԱՆ, Լոնտոն 9 նոյեմբեր 2017-ին Լոնտոնի St James Piccadilly եկեղեցի-համերգասրահին մէջ Հայ Հիմնարկը (Armenian Institute) իր հիմնադրութեան 16-ամեակը նշեց սքանչելի նուագահանէսով մը, մասնակցութեամբ համբաւաւոր երեք հայ արուեստագէտներու, յանձինսՙ ջութակահար Լեւոն Չիլինկիրեանի , թաւջութակահար Ալեքսանդր Չաւուշեանի եւ դաշնակահար-կոմպոզիտոր Կարէն Յակոբեանի , որոնք թէեւ միջազգային երաժշտական շրջանակներու մէջ ծանօթ են որպէս մենակատարներ, սակայն այս առիթով հանդիսատեսին ներկայացան որպէս եռանուագի (trio) անդամներ: Սխալ չհասկցուելու համար մատնանշենք, որ Լեւոն Չիլինկիրեան, թէեւ որպէս մենակատար ունեցած է անհամար ելոյթներ, 1971-էն սկսեալ գլխաւորաբար նուագած է իր իսկ հիմնած «Չիլինկիրեան Քառեակ»ին հետ: Իւրաքանչիւր արուեստագէտի կատարողական ոճն ունի իր անհատական կնիքը: Աւելինՙ ամէն արուեստագէտ իր նուագած ստեղծագործութիւնը կ՛ընկալէ ու կը մեկնաբանէ ըստ իր հասկացողութեան եւ զգացողութեան: Ուրեմն, միշտ չէ որ անհատապէս յաջողութեան բարձունքներ գրաւած արուեստագէտը նոյն բարձունքին կը հասնի, երբ ելոյթ կ՛ունենայ որպէս նուագախումբի մը մէկ անդամը: Անշուշտ Լ. Չիլինկիրեանի պարագան տարբեր է, քանի որ ան իր քառեակին հետ երկար տարիներ նուագելով կուտակած է հարուստ փորձառութիւն: Անտարակոյս, այդ հանգամանքը այս նուագահանդէսին բացառիկ յաջողութեան մէջ եւս ունեցաւ իր դրական դերը: Արդ, կրնանք անվարան հաստատել, որ նուագահանդէսի ամբողջ տեւողութեան, եռեակի երեք անդամները ցուցաբերեցին բացառիկ իրարհասկացողութիւն, ինչպես նաեւ երաժշտութեան հետ մերուելու, խնդրոյ առարկայ ստեղծագործութիւնը յաջող կատարելու բոլոր տուեալներն ու պահանջքները ներդաշնակօրէն իրար աղիւսելու հազուագիւտ ընդունակութիւն: Անոնք կրցան, առանց իրենց կատարողական ինքնուրույնութեան դաւաճանելու, ստեղծել եռեակէ մը պահանջուած ներդաշնակ միասնականութիւնը, ձայներուՙ երբեմն կրքոտ, երբեմն ալ մեղմանուշ գիրկընդխառնումէն ծնած երաժշտական առինքնող մթնոլորտը: Յայտագիրը կը բաղկանար Ժոզեֆ Հայտընի, Առնօ Բաբաջանեանի եւ Պեթհովենի դաշնամուրի համար գրուած եռանուագներէն, երեքն ալ հրաշալի ստեղագործութիւններՙ զորս կատարեց ճշգրիտ մեկնաբանութեամբ, հաւասարակշռուած յուզականութեամբ, անկեղծութեամբ, ապրումով եւ մեծ արուեստագէտներուն միայն յատուկ վարպետութեամբ : Հանդիսատեսը եռանուագի կատարումները ողջունեց երկար ծափահարութիւններով, իսկ Բաբաջանեանի պարագայինՙ գնահատանքի փոթորկոտ բացականչութիւններով: Այսու կը շնորհաւորենք Հայ Հիմնարկը, իր հմնադրութեան 16-րդ տարեդարձին առիթով: Կը շնորհաւորենք նաեւ Լեւոն Չիլինկիրեան, Ալեքսանդր Չաւուշեան եւ Կարէն Յակոբեան եռեակը, որ այս առիթով իր տուած նուագահանդէսով երաժշտասէր հանդիսատեսին պարգեւեց անսահման գոհունակութիւն: Սոյն նուագահանդէսը ճիշդ բնութագրելու համար պարտադիր է օգտագործել ՀԻԱՍՔԱՆՉ ածականը: Այս առիթով հակիրճ տեղեկութիւն տանք Հայ Հիմնարկի մասին: ՀԱՅ ՀԻՄՆԱՐԿ (Armenian Institute) Հայ Հիմնարկը կեանքի կոչուած է Լոնտոնի մէջ 2001-ինՙ հայ մշակութային արժէքներն ուսումնասիրելու եւ տարածելու նպատակով: Այդ առաջադրութեան իրագործման համար Հայ Հիմնարկը տարին շուրջ երեսուն ձեռնարկ կը կազմակերպէ, ներառեալ դասախօսութիւններ, ցուցահանդէսներ, համերգներ, գեղարուեստական հաւաքոյթներ եւայլն: Հայ Հիմնարկը ունի բաւական մեծ եւ որակաւոր գրադարան, բաղկացածՙ հայերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն, գերմաներէն, ռուսերէն, օսմաներէն եւ վրացերէն 8000 հատորներէ, որոնք նուիրուած են հայոց եւ Հայաստանի դրացի երկիրներու պատմութեան եւ մշակոյթին: Հայ Հիմնարկի մասին յաւելեալ տեղեկութիւն ստանալու համար դիմելՙ www.armenianinstitute.org.uk |