ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ԱՌԻԹՈՎ Մարուշ ԵՐԱՄՅԱՆ, Եգիպտոս Վերջերս Գահիրէի մէջ լոյս տեսաւ եգիպտահայ ծանօթ մտաւորական Պերճ Թերզեանի հերթական գրքոյկը, «Գահիրէի Համալսարանի Հայկական Ուսումնասիրութիւններու Կեդրոնը» խորագրով: Հերթական կ՛ըսենք, որովհետեւ վերջին աւելի քան տասը տարիներու ընթացքին Պ. Թերզեան լոյս կ՛ընծայէ եգիպտահայ համայնքին մասնաւորապէս, եւ աշխարհասփիւռ հայութեան ընդհանրապէս առնչուող խնդիրները կամ երեւոյթները ներկայացնող գրքոյկներ: Իրապէ՛ս, 1977 թուականէն ի վեր «Արեւ» թերթին մէջ յօդուածներ ստորագրելէ եւ 2010 թուականին այդ յօդուածները մէկ ծածքի տակ խմբելէ ետք, հեղինակը լծուած է լոյսին բերելու իր գրքոյկները, նկատի ունենալով անոնց կարեւորութիւնը: Այս գիրքերը, թէեւ փոքր, սակայն մեծ եւ կարեւոր դեր ունին կատարելիքՙ գրի առնել եւ գիրքի մը կամ գրքոյկի մը էջերուն պահ տալ եգիպտահայ գաղութի մերօրեայ պատմութիւնը: Եթէ արագ կերպով թուենք խորագիրները տասնեակէ մը աւելի այդ գրքոյկներուն, պիտի համոզուինք անոնց կարեւորութեան. - «Տեղեկագիր Գալուստեան եւ Նուպարեան վարժարաններուն 1989-ին վաւերացուած կանոնագիրներուն մասին». - «Գահիրէի ՀԲԸՄ-ի Սաթենիկ Չագըր հիմնադրամին հրատարակչական գործունէութիւնը». - «ՀՀ Եգիպտոսի դեսպանատան ծննդոցը». - «Սրտցաւ կոչ հայ լեզուին համար». - «Սպիտակի երկրաշարժը, Եգիպտոսի ՀԲԸՄ-ը եւ Եգիպտոսի համայնքը». - «ԱՐԵՒ»ի արաբերէն ամսօրեայ յաւելուածը». Թերեւս առաջին անգամ այս գիրքերուն ծանօթացողին համար յստակ չըլլայ անոնց կարեւորութիւնը, սակայն պէտք է նկատի առնել, որ Ա.- Տարիներու ընթացքին իր վարած համայնքային եւ միութենական պաշտօններուն եւ հանգամանքին ընդմէջէն կամ անոնց խողովակով, հեղինակը ծանօթ է դէպքերուն մանրամասնութիւններուն եւ ծալքերուն. հետեւաբար ինչ որ կ՛արձանագրուի, ունի կնիքը վաւերական ըլլալուն: Բ.- Ոչ միայն վաւերական, այլ մանաւանդ ականատեսի վկայութիւններ են, որոնք կ՛արձանագրուին այս գրքոյկներուն մէջ: Այլ խօսքովՙ եգիպտահայոց մերօրեայ, տակաւին ընթացքի մէջ եղող պատմութիւնն է որ կ՛արձանագրուի: Ասիկա բնաւ հեշտ չէ, որովհետեւ նախ ընտրութեան եւ դասդասումի աշխատանքն է որ պէտք է կատարուիՙ ի՛նչը ներառնել եւ ի՛նչը դուրս ձգել. իսկ նման ընտրութիւն ամենէն առաջ կարիքը ունի անաչառ մօտեցումի եւ ազնիւ կեցուածքի: Ճիշդ է այն խօսքը, թէ «պատմութիւնը զօրաւորը կը գրէ». այդ պարագային սակայն պատմաբանը ստիպուած պիտի ըլլայ իր տրամաբանութեան վստահիլ, պատմութեան չգրուած բաժինները հասկնալու համար: Կրնայ հասկնալ, բայց եւ կրնայ սխալիլ: Երրորդ կէտի մը եւս պէտք է անդրադառնալՙ մանրամասնութիւններու առատութիւնը: Որքա՜ն պիտի հեշտանար մեր պատմութեան ընկալումը, եթէ մեր պատմաբանները քիչ մը նուազ ժլատ ըլլային իրենց խօսքին մէջ: ՀՀ Եգիպտոսի դեսպան դոկտ. Արմէն Մելքոնեան գրած է գրքոյկին յառաջաբանը, որուն մէջ կը նշէ այն պատճառները, որոնք «կարեւոր իրադարձութիւն» կը դարձնեն այս կեդրոնին ստեղծումը Մերձաւոր Արեւելքի մեծագոյն եւ ամենէն հեղինակաւոր գիտական հաստատութեանՙ Գահիրէի համալսարանին մէջ. 1.- Առաջին անգամն է, որ արաբական երկրի մը մէջ հայկական նման հաստատութիւն կը հիմնուի: 2.- Մինչեւ այս կեդրոնին հիմնուիլը, Եգիպտոսի մէջ չկար բարձրագոյն գիտական կամ կրթական որեւէ կողմ, որ արձանագրէր այս երկրին մէջ հայերուն ունեցած կարեւոր դերը երկրին քաղաքական, տնտեսական եւ մշակութային կեանքին մէջ: 3.- Կեդրոնին բացումը խթան հանդիսացած է հայ-եգիպտական, ընդհանրապէս հայ-արաբական գիտա-կրթական եւ մշակութային կապերու ամրապնդման: 4.- Կեդրոնը նշանակալից ձեռքբերում է Հայաստան-Սփիւռք համագործակցութեան տեսանկիւնէն: Բայց ամենէն կարեւոր ներդրումը եղած է եգիպտական գոնէ՛ ակադեմական շրջանակներու մէջ ծանօթացնել Հայոց ցեղասպանութիւնը, ճշգրիտ եւ ճշմարիտ կերպով: Անշուշտ այս բոլորը կարելի պիտի չըլլար իրականացնել, եթէ չըլլար «անկախ Հայաստանի պետութեան դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնը»: Գրքոյկին լոյս ընծայումը կը համընկնի Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Եգիպտոսի Արաբական Հանրապետութեան միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25 ամեակին: «Ներկայ գրառումին նպատակն է,- կը գրէ հեղինակը իր Մուտքին մէջ,- ուրուագծել Գահիրէի համալսարանին մէջ հայագիտական ուսումնասիրութիւններու բաժին մը ստեղծելու կապակցութեամբ ՀՀ Գահիրէի դեսպանութեան եւ եգիպտահայ համայնքին (Գահիրէի Ազգային առաջնորդարան եւ ՀԲԸՄ) համատեղ ճիգերուն համապատկերը»: Գահիրէի համալսարանին մէջ հայագիտական ուսումնասիրութիւններու կեդրոն մը բանալու նախաձեռնութիւնը կ՛երթայ ՀՀ Եգիպտոսի առաջին դեսպանինՙ դոկտ. Էդուարդ Նալպանտեանին, որ այսօր ՀՀ արտաքին գործերու նախարարն է: Այս բոլորը ամփոփուած են երեք գլխաւոր գլուխներու տակ. - Մուտք, ուր հեղինակը կը նշէ սկզբնական աշխատանքներն ու կը ներկայացնէ փոխանակուած նամակներուն պատճէնները. - Կեդրոնի հաստատման հոլովոյթը, որ, հասկնալի է, գլխաւոր բաժինն է այս աշխատասիրութեան. - Դիտարկումներ Հայագիտական կեդրոնին մասին, որմէ ետք կ՛անդրադառնայ նաեւ Հայոց լեզուի դասաւանդութեանՙ Կեդրոնէն ներս: Գրքոյկին մէջ ներկայացուած են բոլոր մանրամասնութիւնները բանակցութիւններուն, որոնք տեղի ունեցած են Գահիրէի համալսարանի նախագահութեան եւ եգիպտահայ համայնքին միջեւ, ինչպէս եւ պատճէնները այն նամակներուն, որոնք երկու կողմերուն միջեւ փոխանակուած են: Նախաձեռնութեան սկիզբէն մինչեւ Կեդրոնին հաստատումը ութ երկար տարիներ տեւած աշխատանքին արդիւնքը կը զուգադիպէր ՀՀ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի Եգիպտոս կատարած պաշտօնական այցելութեան, որուն ընթացքին Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Եգիպտոսի Արաբական Հանրապետութեան միջեւ ութ պայմանագրեր ստորագրուած են: Այս գրքոյկին բովանդակութենէն կ՛իմանանք, որ Գահիրէի համալսարանի Հայկական ուսումնասիրութիւններու կեդրոնը գլխաւորաբար երեք աշխատանքներ կը կատարէ. - Աշխատասիրութիւններու հրատարակութիւն, - Տարեկան գիտաժողովներու կազմակերպում, - Հայերէն լեզուի դասերու կազմակերպում Համալսարանէն ներս: Հետաքրքրական է նշել, որ այդ գիտաժողովներէն առաջինին ընթացքին - որ նաեւ առաջինը կը համարուի իր տեսակին մէջ - պատմութեան աւագ դասախօս մը կը միջամտէ զեկոյցին եւ կասկածներ կ՛արտայայտէ Հայկական ցեղասպանութեան իրողութեան եւ անոր զոհերու թիւին մասին: Եւ որովհետեւ անմիջապէս ետքը կը հեռանայ դահլիճէն, հեղինակը պարտք համարած է յօդուածով մը պատասխանել այդ կասկածներուն: Գրքոյկին ուշադիր ընթերցումը անգամ մը եւս կու գայ հաստատելու, որ թրքական վարչամեքենան, իր կարելի եւ անկարելի բոլոր միջոցներով, կը շարունակէ աչալուրջ հետեւիլ հայերուս բոլոր շարժումներուն եւ յաճախ խափանել զանոնք: Սակայն շնորհիւ այնպիսի անհատներու, որոնք կարեւոր դիրքերու վրայ կը գտնուին եւ որոնք խորապէս կը հաւատան ե՛ւ իրենց գործին, ե՛ւ արդարութեան, այդ արարքները կարելի կ՛ըլլայ նուազագոյնի իջեցնել: Այսօր Գահիրէի համալսարանի Հայագիտական ուսումնասիրութիւններու կեդրոնը կը գտնուի կարեւոր եւ դժուար հանգրուանի մը առջեւ, որ քանի մը հարցեր կը ներկայացնէ. - Որովհետեւ Կեդրոնին հիմնադրութիւնը արդիւնք է Հայաստանի եւ Եգիպտոսի հանրապետութիւններու կառավարութիւններուն միջեւ կայացած համաձայնութեան, ուրեմն հայոց լեզուի դասաւանդումի ծրագիրը պէտք է մշակուի Հայաստանի պատկան մարմիններուն կողմէ: Բայց այդ պարագային հարց կը ծագիՙ արեւելահայերէ՞ն, թէ՞ արեւմտահայերէն դասաւանդել, դասակա՞ն, թէ՞ աբեղեանական ուղղագրութիւն գործածել: Առաւելՙ դասաւանդող ուսուցիչը պէ՛տք է արաբերէնին գիտակ ըլլայ, աշակերտներուն հետ հաղորդակցիլ կարենալու համար: Կայ նաեւ ուսանողներուն թիւը, որ գոհացուցիչ ըլլալէ հեռու է, սակայն արաբ աշակերտները համոզիչ պատճառներ կամ մղիչ ազդակներ չունին հայերէն սորվելու համար: Մեզի կը մնայ այդ մղումները ստեղծել: Նման մեծ համալսարանի մը մէջ հայագիտական կեդրոն պահելը գիտական նպատակներ հետապնդելու կողքին, նաեւ կարեւոր է հայկական ներկայութիւնը Եգիպտոսի մէջ զգալի դարձնելու առումով: Կը շնորհաւորենք պարոն Պերճ Թերզեանը իր այս կարեւոր գրքոյկին համար, որ էական ներդրում մըն է եգիպտահայ ժամանակակից պատմութեան մէջ: |