ԱՆԾԱՆՕԹ ԹԷՔԷԵԱՆԸ Յակոբ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ - Թաքսի, ազա՞տ էք: - Ո՞ւր ենք գնում: - Թէքէեան կեդրոն: - Ո՞րտեղ ա: - Խանճեանի վրայ: - Խանջեանի ո՞ր մասը: - Շախմատի պալատի մօտ: - Եղաւ: Ի՞նչի կենտրոն ա: - Մշակութային, գրական, գեղարուեստական, անունէն յայտնի է չէ՞, Թէքէեան: - Ո՞վ է: - Ինչպէ՞ս թէ ով է, հայ բանաստեղծութեան իշխանն է: Չե՞ս լսած անունը: - Չէ, որտեղի՞ց լսեմ: - Դուն մինչեւ ո՞ր դասարան դպրոց գացեր ես: - Տասերորդ: - Այդ ամբողջ տարիներուն գրականութեան դասերուն մէջ Թէքէեանի անունին չե՞ս հանդիպած: - Չէ: Վճարեցի ու իջայ մեքենայէն, քիչ մը զարմացած, քիչ մը բարկացած: Ըլլալի՞ք բան է, Հայաստանի դպրոցներուն մէջ Թէքէեանը չե՞ն ծանօթացներ: Վարորդը հազիւ 35 տարեկան երիտասարդ մըն էր, ուրեմն դպրոցի տասնամեայ ընթացքը աւարտած ըլլալու է քսան տարի առաջ, այսինքն Հայաստանի վերանկախացումէն ետք: Խորհրդային տարիներուն Հայաստանի մէջ կարգ մը հայ գրողներ, եթէ ոչ սեւ ցանկի վրայ, գոնէ լուսանցքի վրայ էին, սակայն անոնց մէջ Թէքէեանին ըլլալը կասկածելի է, անհաւատալի՛, ոչ մէկ պատճառ: Պիտի փորձեմ ստուգել: Սակայն, հակառակ նոր օրերուն արեւմտահայ շատ մը գրողներու «վերադարձը» Հայաստանի տպարաններուն ու գրախանութներուն ողջունելով հանդերձ, անոնց հանդէպ ընդհանուր անտարբերութիւն մը դեռ զգալի է, յատկապէս դպրոցական դասագիրքերու մէջ, ինչպէս նաեւ փողոցներու անուանակոչումներուն մէջ, ուր ակնառու կերպով, գլխաւոր փողոցներուն պարագային, առիւծի բաժինը տրուած է արեւելահայ գրողներունՙ Թումանեան, Տէրեան, Չարենց, Նալպանտեան, Իսահակեան, Պռոշեան եւ այլն: Միայն Պարոնեանը բացառութիւն է, թէեւ դպրոցներ եւ արուարձաններու մէջ ալ հաւանաբար կան արեւմտահայ որոշ գրողներու անուններով կոչուած փողոցներ: Եթէ համայն հայութեան միակ հայրենիքը ներկայ Հայաստանն է, ուրեմն համայն հայութեան բոլոր շերտերն ալ նոյն աչքով պէտք է դիտուին եւ նոյն իրաւունքները պէտք է վայելեն: Ժամանակն է, որ արեւմտահայ անթիւ գրողներ, մտաւորականներ, արուեստի եւ գիտութեան մարդիկ յետմահու հայրենադարձուին, որպէս անուն եւ յուշարձան, որպէսզի սերունդները ճանչնան զիրենք եւ լիցքաւորուին անոնցմով: Մեր մեծերուն, մասնաւորաբար Եղեռնի զոհերունՙ Վարուժանի, Սիամանթոյի, Զոհրապի, Սեւակի եւ միւսներուն հնագրուանը միայն Ցեղասպանութեան թանգարանը թող չըլլայ, անոնք մեզի հետ թող ապրին Երեւանի փողոցներուն ու պողոտաներուն մէջ նաեւ: |