RSS | FACEBOOK | NLA
ԳԼԽԱՎՈՐ | ՄՇԱԿՈՒՅԹ | ԸՆՏՐԱՆԻ | ՈՐՈՆՈՒՄ | ԱՐԽԻՎ | ԹԵՄԱ | ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐ
#045, 2018-11-30 > #046, 2018-12-07 > #047, 2018-12-14 > #048, 2018-12-21 > #049, 2018-12-28

ԱԶԳ ՕՐԱԹԵՐԹ - ՄՇԱԿՈՒՅԹ #47, 14-12-2018



Տեղադրվել է` 2018-12-13 22:18:48 (GMT +04:00)


Ընթերցված է` 1387, Տպվել է` 6, Ուղարկվել է էլ.փոստով` 0

ԱԼԵՔՍԱՆՏՐ ՍԱՐՈՒԽԱՆ ԹԱՏԵՐԱԳԻՐԸ

Մարուշ ԵՐԱՄԵԱՆ, Գահիրէ

Ծննդեան 120 ամեակին առիթով

Ալեքսանտր Սարուխանը ծանօթ է մեզի, հայերուս, որպէս Սփիւռքի լաւագոյն երգիծանկարիչը, սակայն նոյնքան եւ աւելի հռչակ ունի արաբական աշխարհին, մանաւանդ Եգիպտոսի մէջ, ուր անցուցած է իր կեանքին մեծ մասը եւ հոն ալ մահացած է ու թաղուած:

Սարուխանի կեանքը, ինչպէս 1915-էն առաջ ծնած շատերու կեանքը, եղած է թափառական եւ տառապանքներով լեցուն: Սակայն Սարուխան բախտաւոր եղած է Առաքել Սարուխանը որպէս հօրեղբայր ունենալով. ա՛ն է որ զինք ղրկած է Կ. Պոլիս, Մխիթարեաններուն մօտ ուսում ստանալու:

Սարուխանի երգիծանկարները մեծ տարածում գտած են, այնքանՙ որքան իր համբաւը: Սակայն կը մնայ ծածուկ կողմ մը, որ շատերու համար, մանաւանդ անոնց, որոնք եգիպտահայ չեն, անակնկալ բացայայտում էՙ Սարուխանը թատրերգութիւններու, կամ ինչպէս ինք կը կոչէ զանոնքՙ զաւեշտախաղերու հեղինակ:

Չորս թատրերգութիւններ, երեք գիրքերով լոյս տեսած, որոնցմէ մէկը բեմադրուած է. ունի նաեւ հինգերորդ անտիպ թատրերգութիւն մը:

Սարուխան թատերագրին մասին Աւետիս Եափուճեան իր «Եգիպտահայ մշակոյթի պատմութիւն»ին մէջ կ՛ըսէ.

«Սարուխան երգիծական գրականութենէն ներս յանկարծ մուտք գործեց 1963 թուականին, ... երբ լոյս ընծայեց «Մենք հայերէն չենք գիտեր» եռարար թատրերգութիւնը, զոր զարդարած էր իր իսկ երգիծանկարներով»:

Այսքանը իմանալէ ետք, երբ կրկին կը դիտենք Սարուխանի երգիծանկարներէն անոնք, որոնք խմբային նկարներ են (ոչ դիմանկարներ), յանկարծ կ՛անդրադառնանք, որ այդ նկարները շատ նման են թատերական անշարժացած պատկերներու, ոչ միայն կերպարներուն շարժուն գիծերով, այլ նաեւ նկարին կառոյցով, ուր բեմականացումը զգալի է:

Բայց նաեւ կը զարմանանք, թէ ինչո՛ւ Սարուխան պէտքը զգացած է բառով եւս արտայայտուելու, երբ իր գծանկարները մեծ դիւրութեամբ կրցած են հատել լեզուական պատուարը եւ հասնիլ մեծ թիւով տարբեր ազգերու պատկանող մարդոց:

Կենսագրութեան մէջ, երբ կը խօսուի իր մանկութեան մասին, անպայման կը յիշուի նաեւ այն իրողութիւնը, որ երկու եղբայր միասին թերթ մը հրատարակած են իրենց... տան մէջ: Անշուշտ պէ՛տք է նկատի առնել այդ թերթը հրատարակող տղոց տարիքըՙ 10-12 հազիւ: Բայց մէկ կողմէ Մխիթարեաններուն մօտ ստացած դաստիարակութիւնն ու ուսումը, միւս կողմէ իր անհանդարտ խառնուածքը հասկնալի կը դարձնեն Սարուխանի թատրերգակ ըլլալու մարմաջը:

Մարմաջը սակայն թատրերգակ ըլլալը չէ այնքան, որքան հայկական գաղութին վիճակը տեսնելն ու այդ վիճակը ձաղկելը, բան մը փոխելու, մեր թերիները մեզի ցոյց տալու նպատակով: Չորս թատրերգութիւններն ալ կը ձաղկեն եգիպտահայ գաղութին քաղքենիական բարքերը եւ կը փորձեն նախ «թեթեւ» ձեւով ընել ատիկա, ապա մղել մարդիկը, որ մտածեն այդ երեւոյթներուն մասին:

Կը յաջողի՞ Սարուխան գոնէ մղել, որ մարդիկ մտածեն իրենց արդէն ծիծաղելի դարձած քաղքենիութեան մասին, յստակ չէ մեզի, բայց կը յաջողի ծիծաղ խլել հանդիսատեսէն:

«Մենք հայերէն չենք գիտեր» թատրերգութիւնը բեմադրուած է ոչ միայն Եգիպտոսի, այլ նաեւ այլ գաղութներու եւ Հայաստանի բեմերուն վրայ, հակառակ անոր, որ, ըստ Աւետիս Եափուճեանի, «Այս թատրերգութիւններուն բեմականացումը դժուար է, որովհետեւ անոնք զուրկ են բեմականութենէ եւ շարժումներէ, կառուցուած ըլլալով սուր հիւմորով յագեցած փոխասացութիւններէ»:

Սարուխան ինք իր այս գործերը «զաւեշտախաղ» կամ «երգիծախաղ» կ՛անուանէ եւ ոչՙ «կատակերգութիւն» կամ թատրերգութիւն, կարծես ուզելով տարբերութիւն մը դնել անոնց եւ այլ կատակեերգութիւններու միջեւ:

Առաջինինՙ «Մենք հայերէն չենք գիտեր»ի երեւումէն ... ութ տարի ետք է, որ լոյսին կու գան երկու յաջորդ երգիծախաղերը, մէկ կողքի տակ ամփոփուածՙ «Ա. Այրէ՛ ինչ որ պաշտեցիր» (5 արար) եւ «Բ. Ուրբաթ կը հասնիմ, թաղումս պատրաստեցէք» (երկու արար, մէկ պատկեր), կրկին հեղինակին կողմէ նկարազարդուած, ինչպէս նախորդը:

Վերջինը կը հրատարակուի 1974-ինՙ «Ես քեզ գովեմ, դունՙ զիս» (զաւեշտախաղ երկու արար):

Եթէ Շահնուր իր «Պատկերազարդ Պատմութիւն Հայոց»ով կ՛արձանագրէր Ջարդէն անմիջապէս յետոյ երիտասարդ սերունդին կեանքը արեւմուտքի մէջ, ապա Սարուխան իր շարժուն երգիծանկարներով, այսինքն իր զաւեշտախաղերով կ՛արձանագրէ նոյն հայերուն վաթսունական թուականներու ուծացումը, որովհետեւ այս առաջին զաւեշտախաղը կը խօսի քաղքենիական բարքերէ եւ մեր աւանդութիւններն ու լեզունՙ արեւմտահայերէնը զոհելու պատրաստակամութենէն:

Այս առաջին զաւեշտախաղին մէջ քանի մը կէտեր մեր ուշադրութեան կը յանձնուին.

- Հայերէնի դէմ ոչ միայն անփոյթ, այլ մանաւանդ թշնամական կեցուածքը:

- Տարբերակումը հայուն եւ եւրոպացիին, մի՛շտ առաւելութիւնը երկրորդին տալով:

- Կեցուածքը հայ դպրոցին, մանաւանդ հայ ուսուցիչին հանդէպ:

Մնացեալ թատրերգութիւնները կը ձաղկեն հայերուն օտարը կապկելու, իր ունեցածին արժէքը չգիտնալը կամ նսեմացնելը: Բարեբախտաբար այդ թատրերգութիւնները, գեղեցիկ հէքեաթներու պէս կ՛աւարտին բարիին - այս պարագայինՙ ճիշդին - յաղթանակով:

Կը ձաղկուի նաեւ անպայմանօրէն «էրիկ» մը գտնելու մարմաջը, ամուսնութիւնը կեանքի նպատակի վերածելու ձգտումը հայ օրիորդներուն մօտ:

Ալ. Սարուխանի երկխօսութիւններն ու բեմական խօսքը այնքան յագեցած են երգիծանքով - հիւմորով - որ մնացեալ թերիները կրնան անտեսուիլ եւ հնարամիտ բեմադրութեամբ հանդիսատեսին նախ հաճոյք, ապաՙ մտածելու ատաղձ տրամադրել:

Ճիշդ է, որ իր քանի մը թատրերգութիւններով Ալ. Սարուխանը չենք դասեր մեր արդէն սակաւաթիւ թատերագիրներու շարքին, սակայն անոր ճիգը կ՛արժեւորուի մտածումին ազնուութեամբ եւ սփիւռքահայ մարդուն սրտցաւութեամբ, ի տես մեր շարունակական ուծացումին:

Ծննդեան 120-ամեակին առիթով այս անդրադարձը կարեւոր կը նկատենք արուեստագէտի մը համար, որ կը խտացնէ սփիւռքահայու կերպարը իր անձին մէջՙ Արեւելահայաստանՙ Արտանուշ ծնած, գաղթականութեան դառնութիւնը լրիւ ապրած, իր ուսումը մեր կարեւոր վարժարաններէն մէկուն մէջ ստացած, ապա սփիւռքի տարածքին (Գահիրէ, Եգիպտոս) եւ արեւմտահայերէնով իր առօրեան ապրած երգիծանկարիչը այսօր իր կարեւոր դիրքը ունի միջազգային երգիծանկարչութեան մէջ, իսկ մեզի համար կը մնայ մեր շատ սիրելի Սարուխանը:

Նկար 1. Ինքնանկար

 
 

ԱԶԳ ՕՐԱԹԵՐԹ - ՄՇԱԿՈՒՅԹ #47, 14-12-2018

Հայկական էկեկտրոնային գրքերի և աուդիոգրքերի ամենամեծ թվային գրադարան

ԱԶԳ-Ը ԱՌԱՋԱՐԿՈՒՄ Է ԳՐԱՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

ԱԶԴԱԳԻՐ