RSS | FACEBOOK | NLA
ԳԼԽԱՎՈՐ | ՄՇԱԿՈՒՅԹ | ԸՆՏՐԱՆԻ | ՈՐՈՆՈՒՄ | ԱՐԽԻՎ | ԹԵՄԱ | ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐ
#005, 2016-02-12 > #006, 2016-02-19 > #007, 2016-02-26 > #008, 2016-03-04 > #009, 2016-03-11

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #7, 26-02-2016



Տեղադրվել է` 2016-02-27 19:00:45 (GMT +04:00)


Ընթերցված է` 1402, Տպվել է` 12, Ուղարկվել է էլ.փոստով` 4

ՎԱՃԱՌՔԻ ՀԱՆՈՒԱԾ ՀԱՅՈՒ ՈՍԿՈՐՆԵՐ

ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ

Դիմատետրին մէջ զետեղուած նկարէ մը կ՛իմանամ, որ The New York Time թերթը իր դեկտ. 22, 1924-ի թիւին մէջ գրած է, թէ Փարիզէն յատուկ թերթին ուղղուած հեռագիրէ մը կ՛իմանայ, որ Մարսիլիան ցնցուած է երբ իր նաւահանգիստը հասած է բրիտանական դրօշակ կրող Zan անունով շոգենաւ մը, բեռցուած տարօրինակ ապրանքովՙ 400 թոն մարդկային ոսկորներ, հասցէագրուած տեղւոյն արդիւնաբերողներուն... Կ՛ըսուի, թէ ոսկորները բեռցուած են Մարմարա ծովուն վրայ գտնուող Մուտանիայէն եւ որոնք աճիւններն են Փոքր Ասիոյ ջարդերու զոհերուն: Տարաձայնութեանց համաձայն, կ՛ակնկալուի որ քննութիւն մը բացուի այս ուղղութեամբ:

Հազար տեսակ պատմութիւններ լսած էինք Ցեղասպանութեան ու ջարդերուն մասին, սակայն Թուրքիոյ կողմէ կոտորածներու զոհերուն ոսկորները ծախու հանելու պատմութիւնը չէի լսած: Հիմա որ նստած կը մեքենագրեմ, դող մը կ՛անցնի մէջէս. Աստուած իմ, այսքան ալ հրէշային գործարք ոճրածին ուղեղներո՞ւ... Մեր նահատակ մեռեալները գերեզման չունեցան, ինկան օսմանեան բռնագաղթի գողգոթայի ճամբուն վրայ, անոնց դիակները յօշոտեցին ագռաւներն ու բորենիները, իսկ անոնց ոսկերտիքը, աճիւնները պիտի վաճառուին ու ճարտարարուեստի մէջ պիտի օգտագործուին, ով գիտէ ի՞նչ արտադրելու համար...

Ծախու հանողը հասկցանքՙ մէկ ու կէս միլիոնի մահուան պատճառ եղողին ճիւաղային արարքին շարունակութիւնն է, սակայն անգլիական նաւը ինչպէ՞ս համաձայնած է ընդունիլ այսպիսի բեռ մը, իսկ քաղաքակիրթ Եւրոպայի գործարարնե՞րը...

Ամէն անգամ, որ կը խօսինք անմարդկային վայրագութեանց մասին, օրինակ կը բերենք հին ժամանակները, կամ միջին դարերը, ուր մարդ արարածը տակաւին զարգացման որոշ մակարդակի մը չէր հասած ու խաւարի մէջ կ՛ապրէր, խաւարեալ ուղեղով, օրինակ բերելով այդ շրջաններու մարդոց վայրագութիւնները, մարդիկ մորթազերծ ընելով, կամ խարոյկի վրայ ողջակիզելով. կարծելով թէ ներկայ սրարշաւ զարգացող գիտութեան այս դարուն, արդէն մարդկութիւնը մտափոխուած ու հոգեփոխուած է եւ աւելի «մարդկային» դարձած է;

Քաղաքակրթութիւնն ու զարգացումը կրնա՞ն փոխել մարդուն մէջի գազանը... Կը սկսիմ կասկածիլ: Կրօնքները, որոնք մէջտեղ եկած են մարդ արարածին կենդանական բնազդները սանձելու, մարդուն մէջէն չարը արմատախիլ ընելու եւ դէպի բարին ուղղելու, յաջողեցա՞ն իրենց վարդապետութեան մէջ. կը կասկածիմ:

Այս օրերուն մեր տեսածները հակառակը չե՞ն փաստեր: Ի՞նչ են հապա գլխատումներն ու խաչելութիւնները, քարկոծումներով սպաննութիւններն ու հրկիզումները, ինքնասպանական մահասփիւռ պայթումները...

1974- ին, Թուրքիոյ Կիպրոս ներխուժումէն քանի մը տարի ետք, երբ կ՛այցելէի կղզին, ամէն քայլափոխի կը հանդիպէի սեւազգեստ կիներու, որոնք արցունքոտ աչքերով կը պատմէին թուրք զինուորներուն վայրագութիւններու, սպաննութեանց ու բռնաբարութեանց սարսափազդու պատմութիւնները, իսկ երբ կ՛իմանային հայ ըլլալս, կ՛ըսէինՙ դուք աւելի լաւ գիտէք թուրքին ինչ ըլլալը:

1915-էն 1974. Ցեղասպանութենէն վաթսուն տարի ետք, երբ Թուրքիան արդէն զարգացած, եւրոպականացած երկրի վերածուած էր, սակայն ոչինչ փոխուած էր միջուկէն, իր զինուորը մնացած էր միեւնոյն գազանը, ոչ թէ կռուող, այլ յօշոտող եւ արիւնարբու:

Կը մտածեմՙ ի՞նչ եղաւ վախճանը այդ ոսկորներուն: 1924-ին արդէն հանրապետութիւն դարձած եւ եւրոպականացումի պոչէն կախուած Թուրքիոյ այդ արարքը ատենին քննադատուեցա՞ւ, թէ՞ մեր սրբացուած նահատակներուն աճիւններէն կանացի զարդեղէններ եւ դիմայարդարման շպարներ պատրաստեցին:

***

Ձեռքս առաջ չ"երթար գրելու, բայց լռել ալ չեմ կրնար. մենք որ քաղաքակիրթ ազգ կը նկատենք մենք զմեզ, ի՞նչ որակում տանք Սթամպուլի մէջ պատահած ոճրային արարքին, երբ հայեր հայ ոսկերիչի մը տունը կը կողոպտեն ու տարեց մարդ ու կինը կապկպելէ ետք, մարդուն մահուան պատճառ կը դառնան, իսկ կինը ահաւոր վիճակի մէջ հիւանդանոց կը փոխադրուի: Այս անգամ դերերը շրջուած են, ոճրագործը մերիններն են, իսկ զոհերուն օգնութեան փութացողներըՙ թուրքեր...

 
 

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #7, 26-02-2016

Հայկական էկեկտրոնային գրքերի և աուդիոգրքերի ամենամեծ թվային գրադարան

ԱԶԳ-Ը ԱՌԱՋԱՐԿՈՒՄ Է ԳՐԱՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

ԱԶԴԱԳԻՐ