RSS | FACEBOOK | NLA
ԳԼԽԱՎՈՐ | ՄՇԱԿՈՒՅԹ | ԸՆՏՐԱՆԻ | ՈՐՈՆՈՒՄ | ԱՐԽԻՎ | ԹԵՄԱ | ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐ
#009, 2016-03-11 > #010, 2016-03-18 > #011, 2016-03-25 > #012, 2016-04-01 > #013, 2016-04-08

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #11, 25-03-2016



ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ

Տեղադրվել է` 2016-03-25 00:03:15 (GMT +04:00)


Ընթերցված է` 4514, Տպվել է` 265, Ուղարկվել է էլ.փոստով` 253

ԹՐՔԱՑ ՄԱՅՐԵՐ...

ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ

Անգարայի եւ Իսթամպուլի պայթումներուն յաջորդող օրերուն, սպանուածներուն թաղման ընթացքին, անոնց հարազատներուն սրտակեղէք լացն ու կոծը կը տեսնեմ հեռատեսիլէն ու մէջս հազիւ կը զսպեմ կոկորդս ի վեր բարձրացող յուզում մը:

Միշտ այսպէս է. երբ լացող մը տեսնեմ, իմ ալ աչքերս կը լեցուին ակամայ, անգիտակցօրէն կամ գիտակցօրէն ցաւակից դառնալով ցաւողին ու սգաւորին: Սակայն այս տեսարանին առջեւ ակնթարթի մը մէջ զսպեցի յուզումս. ենթագիտակցութիւնս էր, որ թելադրեց, կարծէք բնազդաբար, ակամայ: Յուզուի՞լ, ցաւակից դառնալ թուրքի՞ն... Բայց չէ՞ որ մայր է լացողը, քոյր է ողբացողը: Մայրը մայր է ամէն տեղ, ո՛ր ազգին ալ պատկանի ու անոր ցաւը տարբեր չէ ուրիշներէն, երբ զաւակ կը կորսնցնէ:

Բայց... Երբ թուրքին եաթաղանը կ՛իջնէր մեր նահատակներուն վիզերուն, երբ անոնց սուինները կը պատռէին մեր յղի կանանց արգանդները, արդեօք թուրք մայր մը լացա՞ւ հայուն նահատակուիլն ու տառապանքը տեսնելով:

Ամէն անգամ որ կը մտաբերեմ Մկրտիչ Պեշիկթաշլեանի «Մահ քաջորդւոյն» բանաստեղծութեան «Թրքաց մայրեր թող լան, ու դուն ուրախ լուրեր տար ի Զէյթուն» տողերը, վայրկեան մը կը մտածեմՙ մայրերուն մեղքը ի՞նչ է, թուրք կամ այլ, ի՞նչ տարբերութիւն, չէ՞ որ անոնք ալ սրտի դողով, սիրով ու գուրգուրանքով մեծցուցած են իրենց զաւակները, չէ՞ որ օրօրներ երգած են անոնց օրօրոցին մօտ, չէ՞ որ...

Խառն զգացումներ են մէջս, մարդկային սիրոյ եւ վրէժխնդրութեան զոյգ զգացումներ. նոյն այդ մայրերը չէի՞ն, որ իրենց զինուոր զաւակներուն իրենց օրհնութիւնը տուին, երբ անոնք հայերը ջարդելու կերթային:

Նոյն այդ մայրերը չե՞ն, որ այսօր քրտական շրջանները ռմբակոծող եւ քիւրտերը սպաննող օդանաւորդ իրենց զաւակներուն յաջողութեան, ապա ողջ-առողջ վերադառնալուն համար կաղօթեն:

Իսկ քիւրտ համալսարանական աղջիկը, որ ինքզինք պայթեցուց Անգարայի մէջ եւ իր հետ ալ 38 թուրքեր սպաննեց եւ հարիւրեակ մըն ալ վիրաւորեց, անոր մայրն ալ զինք չօրհնե՞ց, որ իր ազգին վրէժը լուծելու կերթար, այն թուրքերէն, որոնց հետ ժամանակին ձեռք-ձեռքի տուած հայուն բազմադարեայ ծառը կացինահարեցին ու տապալել փորձեցին:

Չուրախանա՞նք հիմա, որ մեր երկու պատուհասները իրար յօշոտել սկսած են: Պարագաներն ու պայմանները ժամանակի հոլովոյթին հետ կրնան բարեկամը թշնամի դարձնել, թշնամին ալ բարեկամ: Քանի-քանի անգամ քիւրտերը անդրադառնալով իրենց անցեալի սխալին, խոստովանած են, որ թուրքէն խաբուելով, յանցանք գործած են հայեր ջարդելով: Խոստովանած են, բայց ներողութիւն չեն խնդրած:

Մենք, որ այսօր կուրախանանք քիւրտերուն հակաթրքական ահաբեկչութիւնները տեսնելով, կը մտածեմ, վաղը, եթէ անոնք հասնին իրենց դարաւոր երազին եւ անկախութիւն ստանան, մէկ թիզ հող մեր պատմական հողերէն, Վանէն, Մուշէն, Սասունէն, Տիգրանակերտ-Տիարպեքիրէն... մէկ ափ հող պիտի զիջի՞ն մեզի...

Առածը կըսէ. «Թշնամիիս թշնամին բարեկամս է»: Ճի՞շդ է, թէ՞ ատենը երբ գայ, յանկարծ «թշնամիիս բարեկամը թշնամիս» պիտի ըլլայ դարձեալ...

Ըսուած է. «Մնայուն բարեկամներ ու մնայուն թշնամիներ չկան, կան մնայուն շահեր միայն»... Մեր շահը ի՞նչ պիտի թելադրէ ապագային, եթէ...

 
 

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #11, 25-03-2016

Հայկական էկեկտրոնային գրքերի և աուդիոգրքերի ամենամեծ թվային գրադարան

ԱԶԳ-Ը ԱՌԱՋԱՐԿՈՒՄ Է ԳՐԱՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

ԱԶԴԱԳԻՐ