ՀԱՅ ԿԱՆԱՆՑ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԸՆԿԵՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ 25-ԱՄԵԱԿԸ ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ Հայաստանի երրորդ հանրապետութեան հռչակումով ծնունդ առաւ ազգային կեանքին համար էական կազմակերպութիւն մըՙ Հայ կանանց միջազգային ընկերակցութիւնը: 1990ին երեք ազգանուէր հայուհիներ Պոստոնի մէջ կը յղանային այս միութեան գաղափարը, առաւելաբար նկատի ունենալով հայ կեանքին մէջ կիներու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը. այդ ըլլա՛յ մայր հայրենիքի թէ արտասահմանի տարածքին: Շնորհալի եւ սիրելի երեք անուններՙ Իվա Մեծօրեան, որ Խորհրդային Հայաստանի օրերէն հաւատացած էր հայրենիք-սփիւռք կապերու ամրապնդման եւ զօրացման կարեւորութեան, դոկտ. Պարպըրա Մերկերեան, երկարամեայ խմբագիրը ՌԱԿ Ամերիկայի շրջանակի «Արմինիըն Միրըր-Սփեքթէյթըր»ՙ առաջին անգլիագիր շաթաթաթերթին, եւ Օլկա Բրուտեան: ՌԱԿ-ի գաղափարական սկզբունքներու հաւատացող հայուհիներ, որոնք հիմը կը դնեն այս կարեւոր կազմակերպութեան: Առանց խտրութիւն դնելու տարիքի, տնտեսական դասակարգի, կրթութեան մակարդակի ու դաւանանքի խտրութեան իրար միացած հաւաքական աշխատանքի մը, ազգային ծառայութեան ու նուիրումի համար աշխատող այս տիկինները կրցան անցնող 25 տարիներու ընթացքին ապացուցանել, թէ իրենց ծրագիրները ունեցան բեղմնաւոր արդիւնք: Անոնց մնայուն կապը արտասահմանի մեծ համայնքներու թէ Հայաստանի կանանց շրջանակի հետՙ ընդհանրապէս, ինքնավստահութեան դուռ բացին այն հայ կիներուն, որոնք կը մնային իրենց կճէպին մէջ առանձնացած, առանց բացուած ըլլալու հանրային կեանքին: Մարտ 13-ին Նիւ Ճըրզիի կանանց ընկերակցութիւնը տօնախմբեց իր միութեան հիմնադրութեան 25ամեակը Նորթ Պըրկընի գեղատեսիլ «Ութըրսայտ» ճաշարանին մէջ, Հըտսըն գետի ափին: 160ի մօտ անդամուհիներ ու բարեկամներ լեցուցած էին սրահը: Բացման խօսքը կատարեց մասնաճիւղին ատենապետուհին` Մարկրէթ Ճանիքեանը, իսկ հանդիսավարութիւնըՙ Նուէր Պէյլէրեանը: Ներկայ էր եւ իր սրտի խօսքը արտասանեց ՀՀ ՄԱԿ-ի մօտ հաւատարմատար դեսպան Զօհրապ Մնացականեանը եւ ըսաւ, թէ այս ընկերակցութեան գործունէութեան մօտիկէն հետեւած է, երբ դեռ ինք որպէս դեսպան կը պաշտօնավարէր Ժընեւի մէջ: Կանանց միջազգային շաբաթ ըլլալունՙ ան կը մասնակցէր ՄԱԿ-ի մէջ ներս օտար թէ հայ միութիւններու զանազան միջոցառումներուն: Խօսք առաւ դոկտ. Պարպըրա Մերկերեանը, որ այս առթիւ յատկապէս եկած էր Պոստոնէն ընկերակցելով անդամ այլ տիկիններու: Ան ներկայացուց իսկական առաքելութիւնը այս կազմակերպութեան, որուն երեք հիմնադիրներէն էր եղած: Ան հեղինակ է քանի մը հատորներու եւ անդամ Ուոթըրթաունի Հայկական թանգարանի տնօրէնութեան: Օրուան մեծարեալն էր Լիզա Ստեփանեան, որ եղած է Նիւ Ճըրզիի հինգ հիմնադիրներէն մէկը: Ան ներկայացուց իր գործակից ընկերուհիները եւ առաջին օրերու դժուարութիւնները: Երեւան ծնած 1978ինՙ Լիզան Ամերիկա գաղթած ու իր ազգային կեանքի առաջին քայլերը առած է Իւնիըն Սիթիի (Նիւ Ճըրզի) Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ հայերէն լեզու դասաւանդելով: 1983 որպէս քիմիագէտ մասնագիտացած է եւ այժմ կաշխատի առեւտրական մեծ ընկերութեանց մօտ: 2015-էն ի վեր վարիչ տնօրէնն է Արեւելեան Ամերիկայի «Հայաստան համահայկական հիմնադրամին»: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր նուիրատուներուն, գործակիցներուն եւ ներկաներուն, որոնք հաւատալով ընկերակցութեան առաքելութեանՙ ծառայութիւն կը ցուցաբերեն: Շնորհակալութիւն յայտնեց Թէքէեան մշակութային միութեան, որ սիրայօժար լայն բացած է իր Նիւ Ճըրզիի կեդրոնին դռները իրենց ժողովներուն եւ հաւաքոյթներուն համար: Ծանօթ թաւջութակահարուհի Անի Գալայճեան մասնակցեցաւ գեղարուեստական յայտագրինՙ նուագելով չորս դասական կտորներ: Աւարտին, խօսք առաւ Սօսի Տատոյեան-Արլիա, որ ներկայացուց իր նախաձեռնութեամբ սկսուած ու տարածուած մանուկներու ծաղկոցին Նիւ Ճըրզիի մէջ, քաջալերելով տիկիններուն չվախնալ ու նետուիլ կեանքի ասպարէզ: Հուսկ հատուեցաւ 25ամեակի կարկանդակը, գեղեցկօրէն պատրաստուած տիկին Սրբուհի Վարդիվառեանի կողմէ: Նիւ Ճըրզիի մասնաճիւղի վարչութեան անդամուհիներն ենՙ տիկիններ Մարկրէտ Ճանիքեանՙ ատենապետ, Անի Չաթմաճեանՙ փոխ ատենապետ, Ռոզ Եւարեանՙ գանձապահ, Էլիզապէթ Աքեանՙ ատենադպիր եւ խորհրդականներՙ Լիզա Ստեփանեան ու Ռութ Պետեւեան: |