ԳԵՂԱՆԿԱՐԻՉ ԶՕՀՐԱՊ Յ. Վ., «Պայքար» շաբաթաթերթ Կար ժամանակ, երբ սփիւռքահայ արդի գեղանկարչութեան կեդրոնը Եգիպտոսէն ու Փարիզէն փոխադրուած էր Պէյրութ: Մեծ անուններ տողանցեցին հոնկէ. Փոլ Կիրակոսեան, Ասատուր, Կիւվ, Կիւվտէր, Նորիկեան, Տատրեան, Խտըշեան, Թիւթիւնճեան, Զօհրապ եւ տասնեակ մը ուրիշ տաղանդաւոր նկարիչներ: Անոնք իրենց դերը եւ դրոշմը ունեցան ոչ միայն սփիւռքահայ գեղանկարչութեան զարգացման մէջ, այլեւ ընդհանրապէս լիբանանեան ու արաբական նոր զարթօնք մը ապրող գեղանկարչութեան մէջ: Դարձան առաքեալներ նոր ճաշակ ու նոր նկարչական հեռանկարներ լոյս աշխարհ բերող: Մէկական քուրմեր արուեստի աշխարհէն ներս: Զօհրապ (Քէշիշեան) այդ փաղանգին լաւագոյն ներկայացուցիչներէն էր: Ծնած Հալէպ, 1943ին եւ իր նկարչական կրթութիւնը ստացած էր Հալէպի Յունական արուեստի դպրոցէն ներս, ուրկէ վկայուածՙ 1970ին ու անցած Քասլիքի գեղարուեստի հիմնարկութիւնը, Լիբանան, կատարելագործելու իր նկարչական տաղանդը: 1972 թուականէն սկսեալ Լիբանանի մէջ որպէս փետռուած անուն ան դասախօսած է եւ միեւնոյն ժամանակ նկարած է լիբանանցի եւ օտար քաղաքական, կրօնական եւ արուեստներու ծառայող բազմաթիւ դիմանկարներ. նախագահներու եւ հոգեւոր պետերու: Տուած է 40ի մօտ անհատական ցուցահանդէսներ աշխարհի մեծ ոստաններէն ներսՙ Լիբանանէնՙ Քուէյթ, Սուրիայէնՙ Միացեալ Նահանգներ. նաեւՙ մասնակցած է հաւաքական ցուցահանդէսներու Իտալիա, Զուիցերիա, Կիպրոս, Քանատա եւ այլուր: Արժանացած է բազմաթիւ մրցանակներու: Ահա այսօր բազմատաղանդ ուրիշ մէկ նկարիչի մը մարմինը կը յանձնենք լիբանանեան ասպնջական հողին: Զօհրապի արուեստը որքան հայկական, նոյնքա՛ն լիբանանեան գեղանկարչութեան մէջ կը մնայ իւրայատուկ: Մահացաւ փետրուար 5ին, յետ անբուժելի հիւանդութեան: |