ԿԸ ԽՆԴՐՈՒԻ... ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ Երբ Սիմոն Սիմոնեան գրեց իրՙ «Կը խնդրուի խաչաձեւել»ը, երգիծական շղարշի մը տակ լուրջ ըսելիքներ ունէր մեր անցեալին ու ներկային մասին: Հայ ժողովուրդի ծագման տասհազարամեակի առթիւ կազմակերպուած հանդիսութեան մը ընթացքին բեմ պիտի բարձրանային Հայոց պատմութեան նշանաւոր այրեր եւ հանդիսատեսին դիմաց ելոյթ ունենալով պիտի փորձէին հարցեր պարզել եւ իրենց գործած սխալները արդարացնել: Հանդիսութեան կազմակերպչական աշխատանքները պիտի կատարէին մեր երեք աւանդական կուսակցութիւնները, իւրաքանչիւրին յատուկ պաշտօն մը վստահելով: Թատերակին թեման այս էր մօտաւորապէս, երեւոյթով հետաքրքրական եւ զուարճալի, սակայն, խորքին մէջ այդքան ալ ոչ անմեղ: Սիմոնեան ժամանցի համար բան չէր գրեր, կը գրէրՙ երբ ըսելիք ուներ, տալիք պատգամ: Եւ այս գործն ալ իր մէջ կը կրէր պատգամ մը, որ իրականութեան մէջ ականուած ռումբի մը չափ վտանգաւոր էր շատերու համար եւ այդ պատճառով ալ ոչ մէկ միութիւն, կամ թատերախումբ ու բեմադրիչ համարձակեցաւ բեմադրել զայն, ինչ- ինչ տհաճ հետեւանքներէ խուսափելու համար: Այս յառաջաբանը ըրի, ըսելու համար, թէ հիմա ալ յաճախ կը հանդիպինք անցեալը փորփրողներու: Անցեալը փորփրել եւ անցեալի սխալները մէջտեղ հանել յանուն անոնցմէ դասեր քաղելու, հասկնալի է, սակայն անցեալի սխալներ,-ըստ ենթակային-, մէջտեղ բերել անուանարկելու համար կողմ մը, կամ ինչ-ինչ հաշիւներ մաքրելու համար, պարզապէս վնասակար է եւ լրիւ անօգուտ: Ըսել ուզածս այն է, որ յաճախ դիմատետրի վրայ, կամ մամուլի մէջ, առանց առիթի, հին պատմութիւն մը կը քրքրեն եւ, -ըստ իրենց,- տուեալ կազմակերպութեան անցեալին գործած սխալը մէջտեղ կը նետեն, չես գիտեր ի՞նչ յետին նպատակով: Անշուշտ հարցը այստեղ չի վերջանար, անուանարկուող կողմը անպատասխան չի ձգեր վիրաւորանքը ու այս անգամՙ աւելի թթու բառերով, ցոյց տալու համար, որ «գիւղը անտէր չէ»... Եւ այսպէս տհաճ գրչապայքարը կը շարունակուի, որոշ մարդոց հաճոյք պատճառելով, ուրիշներու ալՙ տհաճութիւն: Անհնար է անցեալին վերադառնալ գիտնալու համար իրականութիւնը, իսկ յենելով միայն արձանագրուած պատմութեան վրայ, այդ ալ բաւարար չէ, քանի որ պատմութիւնը գրի առնողները կողմի մը մարդիկ եղած են եւ իւրաքանչիւրը իր տեսանկիւնէն նայած է հարցերուն եւ նկարագրած, այնպէս որ յումպէտս վատնուած ճիգ պիտի ըլլայ եւ անօգուտ աշխատանք: Եթէ չենք կրնար վերադառնալ անցեալին, ոչ ալ տեսաերիզներ, կամ ձայնային արձանագրութիւններ ունինք ու չենք կրնար գիտնալ եղածներուն իսկական դրդապատճառները, ուրեմն աւելի լաւ է հանգիստ ձգել անցեալն ու իր մարդիկը եւ ըսել որ այն ատեն պարագաները այդպէս թելադրած են, եւ մարդիկ ըստ այդմ շարժած են, եթէ անշուշտ չենք կասկածիր անոնց ուղղամտութեան վրայ: Որեւէ սխալ, սխալ ըլլալէ կը դադրի եւ փառաբանութեան կ՛արժանանայ, եթէ յաջող աւարտ ունենայ, եւ անշուշտ հակառա՛կը կը պատահի, եթէ ձախողի: Անցեալը մոռնալ եւ զայն թափելՙ անկարելի է եւ սխալ, թող պահ դրուի որպէս աւանդ: Աւելի օգտակար է ներկայով զբաղիլ եւ ապագայի ծրագիրներ մշակել: Ներկային այնպէս մը գործենք, որ ապագային քննադատութեան ու պարսաւանքի առարկայ չդառնանք: |