RSS | FACEBOOK | NLA
ԳԼԽԱՎՈՐ | ՄՇԱԿՈՒՅԹ | ԸՆՏՐԱՆԻ | ՈՐՈՆՈՒՄ | ԱՐԽԻՎ | ԹԵՄԱ | ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐ
#026, 2017-07-07 > #027, 2017-07-14 > #028, 2017-07-21 > #029, 2017-07-28 > #030, 2017-08-18

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #28, 21-07-2017



Տեղադրվել է` 2017-07-27 21:53:21 (GMT +04:00)


Ընթերցված է` 9051, Տպվել է` 42, Ուղարկվել է էլ.փոստով` 0

ԴԵՍՊԱՆ ԱՐՇԱԿ ՓՈԼԱՏԵԱՆ. «ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՎԵԼՔԻ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑՈՂ ՌԱԶՄԱՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄՆԵՐԸ ԱՅՆՔԱՆ ԱԼ ՅՈՒՍԱԴՐՈՂ ՉԵՆ»

Հարցազրոյցըՙ ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆԻ

Արշակ Փոլատեանի անուան առաջին անգամ հանդիպած եմ սուրիական տագնապի թէժացումէն ետք: Պատերազմական գործողութիւններու սաստկացումէն ասդին տասնեակ դեսպանատուներ իրենց դռները փակելով հեռացան այդ երկրէն: Դամասկոսը իր ներկայացուցած կարեւորութեան եւ ռազմավարական նշանակութեան համար դարձաւ ահաբեկիչներու թիրախ: Քաղաքի կեդրոնական հատուածներուն մերձ մարտեր, պաշտարման օղակ, սնունդի եւ ջրամատակարարումի սահմանափակում եւ այլ հանգրուաններու ականատես եղած մայրաքաղաքը դիմացաւ այդ արհաւիրքին: Ու այս ամբողջ հոլովոյթներուն ականատեսՙ Սուրիոյ մօտ ՀՀ դեսպանը շարունակեց կատարել իր պարտականութիւնները: Դամասկոսի Մազզէ շրջանի հարաւային հատուածին մէջ գտնուող դեսպանատունը չփակեց իր դռները ու ցայսօր ալ դեսպանատունը կը շարունակէ իր առաքելութիւնը:

Արշակ Փօլատեանի համար Սուրիոյ մէջ դիւանագիտական աշխատանք կատարելը սովորական աշխատանքէ մը աւելին է: Պարոն դեսպանը խորքային մօտեցում ունի Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն վերաբերեալ ու այդ առումով բաւական դիպուկ ձեւակերպումներով կը ներկայացնէ այդ երկրին ընդհանուր դերը շրջանին մէջ ու այդ դերին առընթերՙ հայութեան ու Հայաստանի ունեցած փոխառնչութիւնը: «Մենք երախտապարտ ենք Սուրիոյ ժողովուրդին եւ երբեք չենք մոռնար անոր ըրած բարիքները մեր գաղթական տարագիրներուն: 1915-էն ետք, Սուրիա հաստատուած հայութիւնը կարելիութիւն ունեցաւ վերապրելու, մէջքը շտկելու, նոր կեանք սկսելու», կ՛ըսէ Արշակ Փոլատեանՙ կարեւորելով նաեւ սուրիահայութեան ունենալիք դերը ծանր վիճակի մէջ յայտնուած ու վիրաւոր այդ երկրի վերականգման գործին մէջ:

Օրեր առաջ Երեւանի մէջ առիթը ունեցայ հարցազրոյց մը կատարել Դոկտ. Արշակ Փոլատեանի հետ: Մարդ, որ Սուրիոյ պատերազմի ամբողջ տեւողութեան չլքեց հայութեան եւ Հայաստանի համար տարբեր առումներով կարեւոր նշանակութիւն ունեցող Սուրիան:


- Ինչպէ՞ս է Դամասկոսի վիճակը այսօր, պարոն դեսպան: Շաբաթներ առաջ հրթիռի մը պատճառով հայ ընտանիքի մը տունը հրկիզուեցաւ, սակայն այսօր, կարծես ուրիշ փուլի մը մէջ կը գտնուի քաղաքին կացութիւնը: Այժմ ի՞նչ կը կատարուի Դամասկոսի մէջ:

- Վիճակը մայրաքաղաք Դամասկոսի մէջ հիմա համեմատաբար հանգիստ է: Ի սկզբանէ, 2011թ. մարտից, նպատակը Սուրիոյ սիրտը, մայրաքաղաք Դամասկոսը գրաւելն էր: Շնորհիւ կառավարութեան մշակած ծրագիրներունՙ ընդդիմադիր հատուածներու ծրագիրը խափանուեցաւ, եւ Դամասկոսը կանգուն մնաց, սակայն զուրկ չմնաց յարձակումներէ, նոյնիսկ արուարձանային շրջանները զինեալ խմբաւորումները կրցան գրաւել: Անցյալ տարուանից կառավարութիւնը, փոքր համաձայնութիւներով, յաջողեցաւ ազատագրել քանի մը շրջաններ: Այսօրուան դրութեամբ Ճոպարը, Արեւելեան Ղութան, Հարասթան, Դուման եւ այլ շրջաններ կը գտնուին զինեալ խմբաւորներու վերահսկողութեան տակ: Անշուշտ կառավարութիւնը կը փորձէ ազատագրել այս շրջանները եւս:

Դժբախտաբար, այս տարիներուն ընթացքին թշնամին` իսլամական արմատական խմբաւորումները կրցան ահռելի քանակութամբ զէնք եւ զինամթերք, ինչպես նաեւ ֆինանսական միջոցներ ներմուծել Սուրիա: Այսօր, կառավարութիւնը իր կարելին կ ընէ Դամասկոսն ու արուարձանները անվտանգ գօտի դարձնելու, սակայն մերթ ընդ մերթ կը պատահին հրթիռակոծութիւններ: Այնուամենայնիւ, վիճակը յարաբերաբար կայուն եւ վերահսկելի է:

- Պարոն դեսպան, դուք շատ խորքային եւ համոզիչ ձեւով շեշտը դրիք «Սուրիան որպէս առաջին դարպաս» գաղափարին վրայ: Այսօր մենք արդեօք կը կորսնցնե՞նք այդ դարպասը:

- Այսօր շատ դժուար է որեւէ բան կանխագուշակելը, քանի որ տեղի ունեցող ռազմաքաղաքական զարգացումները լաւատեսական շեշտեր չեն պարունակեր: Այնուամենայնիւ, ժամանակը ցոյց կու տայ: Իրականութեան մէջ, վերջին շրջանին Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող ռազմաքաղաքական զարգացումները այնքան ալ յուսադրող չեն: Բայց պիտի յուսալ, որ իրավիճակը կը փոխուի դէպի լաւը, որովհետեւ մենք իբրեւ ազգ, իբրեւ ժողովուրդ այս տարածաշրջանի զաւակներն ենք: Ամբողջ պատմութեան ընթացքին, յարաբերութիւն ունեցած ենք այս երկիրներու ժողովուրդներուն հետ` թէ՛ քաղաքական, թէ՛ տնտեսական եւ թէ մշակութային բաւական աշխոյժ գործունէութիւն ունեցած ենք: Ափսոս, որ տեղի ունեցող զարգացումները ոչ միայն կ ոչնչացնեն կերտուած արժէքները, այլ նաեւ իրենց հետքը կը ձգեն պատմամշակութային արժէքներու եւ շրջանի քաղաքակրթութեան վրայ: Կարծես մեր համայնքները դուրս կը մղուին տարածաշրջանէն: Սակայն, այնուհանդերձ, մեզի համար հոգեհարազատ է այս տարածաշրջանը, մանաւանդ Սուրիան, ուր Ցեղասպանութեան ենթարկուած մէկ ու կէս միլիոն հայերու աւելի քան կէս միլիոնը զոհուեցաւ արեւելեան շրջանին` Տէր Զօրի անապատի եւ այլ վայրերու մէջ: Տէր Զօրը հայ ժողովրդի համար դարձաւ սրբավայր: Պատահական չէ, որ 2010 թուականին Հայաստանը այնտեղ բացաւ իր պատուոյ հիւպատոսութիւնը:

Միջին Արեւելքը շատ վտանգաւոր ժամանակաշրջան մը կ ապրի, մանաւանդ արաբական աշխարհը: Փաստօրէն եթէ Սուրիոյ տագնապը չլուծուի, հաւանական է որ տագնապը սուր ընթացք ունենայ այլ երկրներու համար եւս: Ես երկար տարիներ աշխատած եմ Ծոցի տարածաշրջանը, եղած եմ Արաբական Էմիրութիւններու մէջ Հայաստանի առաջին դեսպանը եւ դեսպանութեան հիմնադիրը: Շատ խաղաղ ժամանակներ էին, սական այսօր վտանգաւոր զարգացումներ տեղի կ ունենան նաեւ այդ տարածաշրջանին մէջ:

Յ.Գ.- Դեսպան Արշակ Փոլատեանի հետ հարցազրոյցին ամբողջութիւնը կարող էք կարդալ «Հայ Ձայն» կայքին մէջ (www.haydzayn.am):

 
 

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #28, 21-07-2017

Հայկական էկեկտրոնային գրքերի և աուդիոգրքերի ամենամեծ թվային գրադարան

ԱԶԳ-Ը ԱՌԱՋԱՐԿՈՒՄ Է ԳՐԱՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

ԱԶԴԱԳԻՐ