ՄԵՐ ԹԱՓԱԾ ՄԻԼԻՈՆՆԵՐԸ ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ Յաճախ հայաստանեան թերթերու մէջ կը կարդամ աշխարհի զանազան բնագաւառներուն մէջ Հայաստանի գրաւած դիրքին կամ աստիճանաւորումին մասին տուեալներ, որոնց մէջ չէ պատահած, որ Հայաստանը առաջին դիրքի վրայ յայտնուի: Շատ մտածելու պէտք չեղաւ եւ գտայ այն բնագաւառը, ուր Հայաստանը կրնայ առաջին դիրքերէն մէկը գրաւելՙ Ծխե՛լը: Այո՛, Հայաստան ծխախոտ սպառողներու առաջին գիծին վրայ կրնայ յայտնուիլ, եթէ օր մը այս մասին ուսումնասիրութիւն եւ վիճակագրութիւն ըլլայ: Փողոցէն անցնող իւրաքանչիւր 10 տղամարդոց 8-ին ձեռքը, կամ բերանը սիկարէթ կը տեսնես: Կը ծխեն ու կը թքնեն (յատկապէս երիտասարդները կը թքնեն ուր որ պատահի, մարդոց դիմաց...) եւ մնացորդն ալ գետին կը նետեն, կամ ալ աղբարկղներուն մէջ, առանց մարելու: Ամբողջ Հայաստանը մոխրամանի վերածած են ծխողները: Կը մտածեմ. Հայաստանի մէջ ծխելու տարիքի տղամարդոց թիւը ներկայ բնակչութեան գոնէ 30% ըլլալու է: Մօտաւոր հաշուովՙ մէկ միլիոն: Հաշուենք որ այս թիւին ոչ թէ 80%-ը, այլ կէսը ծխող են եւ եթէ իւրաքանչիւրը օրական նուազագոյն մէկ տուփ կը ծխէ, որուն գինը միջին հաշուով 400 դրամ է, ուրեմն 500.000 X 400 =200.000.000 (Երկուհարիւր միլիոն դրամ, որ հաւասար է մօտաւորապէս 400.000 տոլարի. Օրական այսքան գումար կը ծախսուի սիկարէթի համար, իսկ տարի՞ն... 146.000.000 (հարիւր քառասունվեց միլիոն տոլար կը թափուի թոքերուն, աղբամաններուն ու փողոցներուն մէջ եւ անշուշտ ծխախոտ արտադրողներուն գրպանը): Ես վստահ եմ, որ իսկական թիւը շատ աւելի է, սակայն ներկայացուած այս թիւն իսկ ցնցում կը յառաջացնէ: Ամենավատը պատանիներու եւ երիտասարդներու ծխելու մոլուցքն է, գրեթէ բոլորին ձեռքը սիկարէթ կայ, եւ դիտողը կը զգայ, որ ոչ թէ պահանջէ մղուած կը ծխեն, ինչպէս տարեցները, որոնց մօտ տարիներու ընթացքին նիքոթինի նստուածքը արեան մէջ, մոլութեան մղած է զիրենք, այլ ձեւական, ցուցադրութեան սիրոյն, կարծես փաստելու համար, որ արդէն տղամարդ դարձեր են եւ, քանի որ, իրենց կողքի աղջիկներն ալ կը սիրեն ծխող տղամարդը: Ասոնց ծնողները, կամ ուսուցիչները չե՞ն խօսած ծխախոտի վնասներուն մասին, չե՞ն փորձած անոր վնասները թուելով արգիլել, թելադրել որ չծխեն, թէ՞ՙ ո՞վ պիտի արգիլէ, երբ բոլորն ալ ծխող են: Պատկերացուցէք. եթէ մէկը նուազագոյն օրական սիկառէթի մը 5 սմ-ը կը ծխէ եւ եթէ օրական մէկ տուփ կը սպառէ, ապա ուրեմն օրը մէկ մեթր սիկառէթ կը ծխէ, այսինքնՙ տարին 365 մեթր, տասը յարկանի տասը շէնքի բարձրութեամբ...կամ, Փարիզի Էյֆէլ աշտարակէն ալ բարձր (Էյֆէլի բարձրութիւնը 300 մեթր է, իսկ մինչեւ սիւնին ծայրըՙ 324 մեթր)... Շարունակենք. Եթէ տղամարդ մը 40 տարի ծխած է, ապաՙ 365 X 40 =14.600 մեթր սիկարէթ ծխած կ՛ըլլայ (եթէ դեռ ողջ է), այսինքն 14,6 քիլոմեթր: Սարսափազդու թիւեր են, չէ՞: Սակայն ո՞վ ականջ կը կախէ, Հայաստանի ամենաեկամտաբեր գործարքն է, որ յատուկ խնամքով պատրաստուած ծրարում ունի եւ ընդարձակ ծանուցողական աշխատակազմ եւ միջավայրՙ թերթերու կրպակներուն ցուցափեղկերը դիտեցէք, անոնք զարդարուած են սիկարէթի տուփերով... Որո՞ւ հոգը: Եւ այսպէսՙ մեր երկիրը կը մխայ: (Խօսքը մէջերնիս, այս թերթի գլխաւոր խմբագիրն ալ թունդ ծխող է, յանկարծ այս ակնարկս չտպէ... բայց քանի որ ան նաեւ ազատ խօսքի թունդ պաշտպան է, վստահ եմՙ կը տպէ): |