ՊՐԻՒՔՍԷԼ. «ԵՒՐՈՄԻՈՒԹԻՒՆ, ԹՈՒՐՔԻԱ ԵՒ ՔԻՒՐՏԵՐԸ» ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ, Պէյրութ Այս անգամ եւս հրաւէր ստացանք մասնակցելու Պրիւքսէլի կեդրոնին մէջ Եւրոմիութեան խորհրդարանի կազմակերպութեամբ տեղի ունենալիք 15-րդ միջազգային խորհրդաժողովին: Յառաջիկայ դեկտեմբեր 5-6-ին «Թուրքիա Քաղաքացիական յանձնաժողովին նախաձեռնութեամբ, «Թուրքիա, Եւրոմիութիւն եւ քիւրտերը», միջազգային հանրաճանաչ դէմքերու այս պատմական հանդիպումըՙ Եւրոպայի խորհրդարաններու պատգամաւորներու, քաղաքական թէ պատմագիտական աշխարհի երախտաւորներու, ցեղասպանագէտներու մասնակցութեամբ: Նոպելեան մրցանակակիրՙ Դեստոմոնտ արքեպիսկոպոս Թութու, աշխարհահռչակ անձնաւորութիւններՙ Շիրին, Էպատի, Լէյլա Զանա, նաեւ Չոմաքի, Պիանքա Ճեկըրի եւ ուրշներ իրենց զօրակցութիւնը յայտնած են համագումարի մասնակից կազմակերպութիւններուն: Երկօրեայ նիստերու ընթացքին տեղի պիտի ունենան ելոյթներ Եւրոպայի խորհրդարանի բազմազգ անդամներու, Թուրքիոյ կողմէ գործուած եւ գործուող ցեղասպանութեանց, տարագրութիւններու, հալածանքներու եւ յափշտակումներու վերաբերեալ: Հայոց Ցեղասպանութեան, ասորա-քաղդէական «Սէյֆօ» ցեղասպանութեան, Տերսիմի, եզիտիներու եւ քիւրտերու դէմ գործուած ցեղասպանութիւնները, որոնք անպատիժ մնացած են մինչեւ այսօր: Միջին Արեւելքի մէջ արիւնալի պատերազմները կը շարունակուին, իսկ «ՏԱԵՇ»ի նման կեղծ «Իսլամական» պետութիւնները կը շարունակուին ֆինանսաւորուիլ Թուրքիոյ, արաբական յետադէմ վարչակարգերու կողմէ: Խորհրդաժողովի գլխաւոր կազմակերպիչներէն ենՙ Եւրոպայի խորհրդարաններուն մէջ բազմաթիւ ներկայացուցչուհիներ ունեցող քիւրտ կազմակերպութիւնները: Անոնց ռազմաքաղաքական որոշ կազմակերպութիւններուն վրայէն վերջերս հանուցեան, ինչպէս «Ժողովուրդի պաշտպանութեան ուժերը» (YPJ) ահաբեկչական պիտակները եւ անոնց հանրայայտ ղեկավարներէն Սալեհ Մուսլիմը, Ֆաուզէ Եուսիֆը, Իլհամ Ահմետը (Հիւսիսային Սուրիոյ դեմոկրատական ֆետերացիա) արդէն իսկ կը մասնակցին միջազգային խորհրդաժողովներու եւ բանակցութիւններու: «Քրտական գործօնը» իր բոլոր երեւոյթներովՙ 35 միլիոն ժողովուրդ, աւելի քան կէս միլիոն ռազմիկ-ռազմուհի, Եւրոպայի խորհրդարաններուն, արաբական աշխարհի երկիրներուն մէջ ազդեցիկ ներկայութեամբ պատճառ կը դառնայ, որ Արեւմուտքն ու Արեւելքը արդէն իսկ լրջօրէն վերաբերին քրտական հարցին: Այնպէս որ, անհրաժեշտ է, որպէս հայեր, մօտիկէն հետեւիլ եւ մասնակից դառնալ այս քաղաքական իրադարձութիւններուն, որովհետեւ արդէն Արեւմտեան Հայաստանի հողին վրայ իսկ կը ցցուի քրտական պետութիւնը... Այսպիսի խորհրդաժողովներ, ուղղակի շփումներ եւ հանդիպումներ անհրաժեշտ են գիտնալու եւ որոշելու հայ ժողովուրդին տեղն ու դերը իր պատմական հայրենիքին նկատմամբ ու հին-նոր հարեւաններուն հետ: |