RSS | FACEBOOK | NLA
ԳԼԽԱՎՈՐ | ՄՇԱԿՈՒՅԹ | ԸՆՏՐԱՆԻ | ՈՐՈՆՈՒՄ | ԱՐԽԻՎ | ԹԵՄԱ | ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐ
#013, 2019-04-05 > #014, 2019-04-12 > #015, 2019-04-19 > #016, 2019-04-26 > #017, 2019-05-03

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #15, 19-04-2019



Տեղադրվել է` 2019-04-18 23:19:01 (GMT +04:00)


Ընթերցված է` 2000, Տպվել է` 4, Ուղարկվել է էլ.փոստով` 0

ԼԻԼԻԹԻ, ՊԱՊԻ ԵՎ ԱՅԼՆԻ ՄԱՍԻՆ

ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ

Ոմն Լիլիթ կոչեցեալ նախկին տղամարդ (տղամա՞րդ) սեռափոխ մը Ազգային Ժողովին մէջ ելոյթ ունեցեր է ի պաշտպանութիւն իր տեսակիներուն եւ իր արարքով «պղծեր» է Ազգային Ժողովը: Պատուախնդիր տղամարդիկ քահանայի մը ընկերակցութեամբ եկած են ԱԺ-ի տարածքը ախտահանելուՙ խունկ ծխելով եւ չեմ գիտեր ուրիշ ինչ միջոցներով:

Լրատուամիջոցները «սեռափոխ» չեն ըսեր, այլ «դրանսգենդեր» կ՛անուանեն ելոյթ ունեցողը, երեւի որպէսզի հայոց լեզուն չպղծուի:

Ուրեմն խունկ պիտի ծխեն եւ հաւանաբար չարխափան աղօթքներ ալ ընեն, որպէսզի ԱԺ-ի սրբատեղին,- ներողութիւն, դահլիճը սրբեն-մաքրեն, այնքան ատեն, որ անոր բնակիչները սուրբեր են եւ պղծուած տարածք մը կրնայ զիրենք ալ պղծել:

Դեռ մինչեւ այսօր չեմ գիտերՙ խնդամ, թէ՞ լամ: Այդ Լիլիթ կոչեցեալ նախկին տղամարդուն ելոյթէն ետք, ծափահարութիւններ լսուեցան. ծափահարողները պատգամաւորները չէի՞ն, թէ՞ հրաւիրեալներ:

Հայաստանի մէջ միասեռականները, սեռական շեղուածները, սեռափոխները խժդուժ վերաբերմունքի կ՛ենթարկուին մարդոց կողմէ, սպառնալիք, ծեծ, վիրաւորանք, նոյնիսկ սպանութիւն,- Ըստ Լիլիթին,- Հայաստանի նման ազատ երկրի մը մէջ այսպիսի վայրագ վերաբերմունք պէտք չէ ըլլայ,- կը հասկցուի Լիլիթի կոչէն,- մինչ հակառակորդներու արարքներէն կը հետեւցուի, որ Հայաստանի նման մաքրամաքուր, անապակ, սուրբ միջավայրը ենթակայ պէտք չէ ըլլայ այսպիսի ախտաւորներու պղծումներուն:

Ժողովուրդ ջան, մէյ մը ձեր շուրջը լաւ նայեցէք, հայու իսկական մաքուր նկարագրէն ի՞նչ մնացեր է. եթէ սրբագործել ու մաքրագործել պէտք է, որքա՜ն ուրիշ ապականած օջախներ կան:

Այս պատմութիւնը դեռ չմարսած, այս անգամ, ոչ հայկական, ուրիշ պատմութիւն մը կու գայ ցնցել զիս. ապշած կը նայիմ հեռատեսիլին ու չեմ հաւատար աչքերուս. աշխարհի ամենայայտնի, ամենաազդեցիկ կղերականն ու քաղաքական դէմքը, Վատիկանի Պապը ծունկի եկած է ու կը համբուրէ Հարաւային Սուտանի նախագահին ու ընդդիմութեան ղեկավարին ոտքերը... Մարդ մը, որուն առջեւ միլիոնաւոր հաւատացեալներ ծունկի կու գան, երբ կը պատգամէ ու կ՛օրհնէ իր հօտը, հիմա ինք ծունկի եկած է, խնդրելով որ կասեցնեն ցոյցերն ու պատերազմ չսկսին, յատկապէս որ Հիւսիսային Սուտանի մէջ յեղաշրջում եղաւ եւ 30 տարի երկիրը ղեկավարած նախագահը վար առնուեցաւ: Հարաւային Սուտանը, որ անկախացաւ բուն Սուտանէն 2011-ին, քաղաքացիական պատերազմի թատերաբեմ դարձաւ ու մօտ կէս միլիոն մարդ զոհ գնաց: Երեւի նոյնանման իրավիճակի մը կրկնութեան առաջքը առնելու միամտութեամբ էր Պապին ըրածը:

Ես, որ տակաւին չեմ համոզուած մեր ոտնլուայի ցուցադրական արարողութեան, հիմա այս տեսարանը տեսնելուսՙ ակամայ կ՛ընդվզիմ, չեմ մարսեր տեսածս, չեմ հաւատար անոր պատգամին: Կոչ կ՛ընէ որ չպատերազմի՞ն... Ինչո՞ւ, այդ մարդոց ձե՞ռքն է այդպիսի որոշում մը գործադրել, կամ ոչ: Պատերազմները ծրագրող-հրահրողները Պապին այս ժեսթէ՞ն պիտի ազդուին, պիտի յուզուին ու կասեցնեն պատերազմները:

Բայց, ինչո՞ւ Սուտանը: Իր գահակալութենէն ի վեր աշխարհի վրայ առանց պատերազմի մէկ օր իսկ չէ արձանագրուած, ճիշդ է որ յաճախ նման կոչեր ըրած է Պապը, սակայն ոչ մէկուն ոտքերը համբուրեր է, ոչ ալ իր ցաւոտ ծունկերը ծալած է:

Պապ ջան, այսօր աշխարհի վրայ այնքան պատերազմական կիզակէտեր կան, այնքան այդ պատերազմները հրահրող, զենք ու զինամթերք մատակարարողներ, ատենը անգամ մը ժողովուրդներու եւ երկիրներու ճակատագրն հետ խաղցողներ կան, որ եթէ հերթով բոլորէն պիտի խնդրէք, որ կասեցնեն պատերազմները, անոնց առջեւ խոնարհելով, Ձեր մէջքն ու ծունկերը չեն դիմանար, մեղք Էք: Դուք սուրբ մարդ էք, Ձեր ըրածը գերմարդկային, քրիստոսավայել ժեսթ է, սակայն ոչ այս աշխարհին յարմար:

 
 

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #15, 19-04-2019

Հայկական էկեկտրոնային գրքերի և աուդիոգրքերի ամենամեծ թվային գրադարան

ԱԶԳ-Ը ԱՌԱՋԱՐԿՈՒՄ Է ԳՐԱՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

ԱԶԴԱԳԻՐ