ՀԱՐՈՒԱԾԸ ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ Թաքսիի մէջ եմ, կը շտապեմ տեղ հասնելու, Երեւանի մէկ ծայրամասէնՙ միւսը պէտք է հասնիմ: կ՛անցնինք զանազան շրջաններէ: Ուշադրութիւնս կը գրաւեն նորակառոյց շէնքերը, շատերը աւարտած, շատերն ալՙ ընթացքի մէջ: Վերջին տարիներուն Երեւանի մէջ շինարարական աշխատանքները ակնահաճոյ են, ոչ որովհետեւ հին շէնքերու կողքին նորերը կը փայլին իրենց արդիական ճարտարապետութեամբ ու գեղեցկութեամբ, այլեւ կեա՛նք կը թելադրեն, գործ ու գործաւոր, աշխատանքային ասպարէզ: Ոչ միայն նիւթական բարւօք կացութեան ցուցանիշ են, այլեւ ձեւով մը հայրենադարձութեան ցուցանիշ, քանի որ շատ սփիւռքահայեր Հայաստանի մէջ բնակարան կը գնեն կա՛մ եղանակային (սեզոնային) օգտագործման, կա՛մ ալ վերջնական բնակութիւն հաստատելու համար: Ու կը մտածեմՙ հիմա. երկրին ստացած մեծ ու աննախընթաց հարուածէն ետք ո՞վ սիրտ պիտի ունենայ Հայաստան կայք հաստատելու: Ձեռնարկատէրեր նոր նոր շէնքեր կը կառուցեն ու հազիւ յատակագիծը պատրաստած ու աշխատանքի ձեռնարկածՙ յարկաբաժինները իրարու ետեւէ կը ծախուէին: Հիմա, միլիոններ դրամագլուխ կապած այդ ձեռնարկատէրերը ի՞նչ յոյսով պիտի շարունակեն կառուցել, կամ կիսատ կառոյցները ամբողջացնել: Կը նայիմ ուշի-ուշով, շինարար-գործաւորներ չեն երեւիր նախկինին նման, կարծես թէ դադրած են աշխատանքները: Շարունակե՞լ, թէ՞ սպասել տեսնելու համար, թէ նոր յոյսի նշոյլ մը կա՞յ: Սփիւռքահայը սիրտ պիտի ունենա՞յ Հայաստան տեղափոխուելու, երբ ամբողջ երկիրը սպառնալիքներու տակ է: Արցախը մասնատող թշնամին, բացէ ի բաց, օրը ցերեկով, ամբողջ աշխարհի աչքին դիմաց կը սպառնայ Հայաստանն ալ մասնատելՙ Զանգեզուրը, Սեւանն ու Երեւանը իրենը յայտարարելով: Սոսկ յայտարարութի՞ւն է, յաղթանակէն գինովցած ոսոխի բարբաջա՞նք, թէ՞ հայկական բանակին ու զինուժին կարողութեան ծանօթանալէ ետք, նոր յարձակում մը նախապատրաստելու ազդանշան: Հայաստանը ահաւոր հարուած ստացաւ, որմէ ապաքինուիլն ու ոտքի կանգնիլը երբեւէ կարելի պիտի ըլլա՞յ, մասնաւորաբար որ մեր ուժերը վերականգնելու ու վերադասաւորելու միասնական աշխատանքի փոխարէնՙ հրապարակները ցուցարարներով լեցուած են, բախումներ ոստիկաններու հետ, դիմադիր եւ ընդդիմադիր իրար դատապարտեով ու նուաստացնելով զբաղած: Լուտանքի ու անէծքի այսքան պաշար «գործի լծելը», բարոյական եւ նիւթական զէնքերուն փոխարէն, մեր սահանքը դէպի անդունդ պիտի չկասեցնէ՞: Մտածող ու մտահոգուող կա՞յ, թէ՞ միայն «անկցի» պոռալով կոկորդ պիտի պատռենք: Իսկ իշխանաւորները իրենց տեղերէն շարժելու մասին կը մտածե՞ն աղէտը երկիրը չքանդած: Ամենակատարեալ իշխանակազմն ալ ի տես այս կացութեան պիտի տեղի տար, յանուն ընդհանուր շահի: Քաջութիւն ունեցող կա՞յ ընդհանուր անփառունակ կացութենէն դուրս գալու եւ երկրին վերանորոգման ու վերակազմակերպման առիթ տալու: Թշնամին մէկ չէ, եղաւ երկու, երկու գլուխ մէկ կարմիր փափախի տակ, գիշատիչներու խնճոյք սարքած, նոր սպառնալիքներով միջոցը լեցուցած են: Իսկ մենք, ձեռք-ձեռքի տալով պատուհասը դարմանելու համար ելք որոնելու փոխարէն, յանցաւոր կը փնտռենք պատժելու համար, առանց անդրադառնալու, որ մենք ենք պատժուածը, քանի որ կորսնցուցինք թէ՛ հող, թէ՛ զինուոր եւ թէ՛ արժանապատուութիւն, դարձանք խնդրարկու, դարձանք մուրացկան, մեր գերեվարուած տղոց ազատ արձակում կը խնդրենք, նահատակուածներուն դիերը կ՛ուզենք, ու թշնամին դեռ կը տնտնայ, հաւանաբար անոնց փոխարէն սահմանամերձ գիւղեր պիտի ուզէ, մեզ աւելի վարկաբեկելու, աւելի ստորնացնելու համար: Հարուածը ահաւոր է: Հարուած կայ, որ կը սպաննէ, հարուած ալ կայ, որ կը զգաստացնէ: Պիտի կարենա՞նք ճիշդ ընտրութիւն ընել: |