ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻ՞Ն ԷՐ ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ Արցախեան պատերազմի ընթացքին եւ յաջորդող օրերուն ալ յաճախ «ցեղասպանութիւն» բառը հնչեց: Ըսողներ եղան, որ տեղի ունեցածը նոր ցեղասպանութիւն է, ցեղասպանութեան շարունակութիւնն է: Կը զարմանամ այսպիսի մտածումներ եւ վերագրումներ կատարողներու տրամաբանութեան վրայ: Ասիկա պատերազմ էր երկու երկիրներու միջեւ, մէկըՙ նախայարձակ, օտար ոյժերու բացայայտ մասնակցութեամբ եւ օժանդակութեամբ, միւսըՙ մենք, պաշտպանողական, առանձին, յոյսը մեր բանակին վրայ դրած: Անհաւասար այս պատերազմին հետեւանքը եղաւ, որ մենք, թէեւ դիմադրեցինք հերոսաբար ամբողջ 44 օր, սակայն պարտուեցանք եւ մեծ թիւով զոհեր տուինք: Քանի որ զոհեր տուինք, չի նշանակեր թէ ցեղասպանուեցանք, մենք զինեալ բանակայիններ ունէինք, ոչ թէ Մեծ եղեռնի օրերուն նման անզէն էինք, անպաշտպան, նոյնիսկ միամիտ, ոչխարանմանՙ հրահանգի ենթարկուող, քշուող եւ մորթուող: Պարզ էր, հարիւրաւոր տարիներ թուրքին ենթակայ ըլլալով հանդերձ, լրիւ մերուած էինք թրքական կեանքին ու կենցաղին մէջ, անոր տուած էինք մեր արուեստներու ազնուագոյնները, մեր արհեստներու լաւագոյնները, նոյնիսկ մեր քաղաքական ու տնտեսական մտածողութեանց ամենաընտիր սերուցքը օսմանեան պետութեան տրամադրութեան տակ էինք դրած: Հիմա, արդէն անկախ երկիր ունինք, պետականութիւն եւ բանակ: Այնպէս որ, նմանութեան եզր չկայ անցեալին եւ ներկային միջեւ: Հայոց ցեղասպանութիւնը մարդկային պատմութեան ամենադաժանն է, ու ամենաողբերգականը: Զայն նմանցնելով այս պատերազմին, նսեմացուցած կ՛ըլլանք Մեծ եղեռնը, սակայն արիւնարբու թուրքին նկարագիրը կրկնուած տեսնել այսօրուան ազերիներուն մօտ, սխալ չէ, թուրքերուն նման անոնց ախորժակը հայերը սպաննելուՙ սխալ չէ: Այս բոլորը նոր յայտնագործութիւններ չեն, շատ լաւ գիտենք անոնց ախորժակներն ու ձգտումները, սակայն գիտնալով հանդերձ, պատրաստ չըլլալ դիմագրաւելու եւ պարտութեան մատնելու թշնամին, հո՛ս է մեր յանցանքը: ՄԵծ կարողութիւններ ունեցող պետութեան մը դէմ պիտի դնենք, ուրեմն մեծ ալ ըլլալու է մեր դիմադրողական ոյժը. բաւարար չէ մեր զինուորին քաջութիւնը, արդիական զէնք ու զրահ պէտք է, առաւելՙ արտաքին օժանդակութիւն, թէ՛ բարոյական եւ թէ՛ շօշափելի: Սփիւռքը բացառիկ նեցուկ է, գոնէ նիւթապէս, սակայն անոր միլիոնները բաւարար չեն ներկայ ժամանակներու նորագոյն զէնքերով զինուելու: Արդՙ այս բոլորը գիտակցելով, քաղաքական հմտութիւն ունենալու էինք, միջազգային խոհանոցին մէջ նոյնիսկ եթէ խոհարար չունէինք, գոնէ կաթսային մէջ մեր շերեփը ունենալու էինք: Ափսոս, հիմա անցածին վրայ լալու փոխարէն անհրաժեշտ է վերականգնումի ծրագիր մշակել, անոր տուեալներն ու պահանջները ուսումնասիրել եւ միջոցներ ճարել: Սակայն ամիսներէ ի վեր իրաու օձիք բռնած կը քաշքշենք, մինչ թշնամին խենէշաբար կը յոխորտայ, հայկական հետքերը կը վերացնէ գրաւեալ տարածքներէն ու Երեւանն ալ գրաւելու սպառնալիքներ կ՛ընէ: Կը բաւէ որքան մենք զմեզ օրօրեցինք անցեալի փառքերով. այսօր աշխարհը ուրիշ է, այսօրուան աշխարհին մէջ գոյատեւելու պահանջքները ուրիշ են: «Կը յիշենք եւ կը պահանջենք» լոզունգը կրկնելը իմաստ չունի, կը խօսի միմիա՛յն ոյժը: Ի՞նչ կը պահանջենք, երբ ամիսներէ ի վեր դարձեր ենք խնդրարկու, դարձեր ենք ասոր-անոր միջնորդութեան դիմող «մուրացկան», գերիներուն ազատ արձակման համար: ԱՄՆ նախագահէն կը խնդրենք, որ Ցեղասպանութեան ճանաչումը արտասանէ պաշտօնապէս վաղը՛ Ապրիլ 24-ի օրը: Սիրելինե՛ր, Հայաստանի ներկայ կացութիւնը բնաւ յոյս չի ներշնչեր, որ բան մը կը փոխուի: Բան մը փոխուելու համար անհա՛տը փոխուելու է: Ծիծեռնակաբերդ բարձրանալով եւ ծաղկեմատոյց կատարելով մեր դատը քայլ մը առաջ չ՛երթար: Թող մեր լոզունգը ըլլայ «Never again, Բնա՛ւ կրկին»: Ցեղասպանութիւնը կրկնուելու չէ երբե՛ք: Իսկ պատերա՞զմ... պատրաստուելու է անաղմուկ, բարձրագոյն գիտութեամբ եւ գիտակցութեամբ: |