RSS | FACEBOOK | NLA
ԳԼԽԱՎՈՐ | ՄՇԱԿՈՒՅԹ | ԸՆՏՐԱՆԻ | ՈՐՈՆՈՒՄ | ԱՐԽԻՎ | ԹԵՄԱ | ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐ
#016, 2021-04-30 > #017, 2021-05-07 > #018, 2021-05-14 > #019, 2021-05-21 > #020, 2021-05-28

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #18, 14-05-2021



Մշակույթ

Տեղադրվել է` 2021-05-13 23:03:53 (GMT +04:00)


Ընթերցված է` 537, Տպվել է` 5, Ուղարկվել է էլ.փոստով` 0

ՄԵՍՐՈՊ ՎԱՐԴԱՊԵՏ ՊԱՐՍԱՄԵԱՆԻ «ԼՈՅՍ ԵՎ ՅՈՅՍ» ԳԻՐՔԻՆ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԱՌԻԹՈՎ

ՆԵՐՍԷՍ ՊԱՊԱՅԵԱՆ, Նիւ Եորք

Սեր դարաւոր եւ հարուստ մայրենի լեզուն ունի երկու պարզ բայց խորիմաստ բառեր. լոյս եւ յոյս: Թէեւ զոյգ այս բառերը յաճախակի կերպով կը գործածուին, սակայն երբեք չեն կորսնցուցած իրենց թարմութիւնը, հարազատ եւ վճիտ նշանակութիւնը: Աւելի՛ն, երբ զոյգ այս բառերը կողք կողքի գիրքի մը անունը կը կրեն, դժուար չէ անշուշտ գուշակել այդ գիրքին հեղինակին մտասլաց միտումը: Առաւել ըլլալով երբ կ՛իմանանք վերջերս, թէ Երեւանի մէջ լոյս տեսած «Լոյս եւ Յոյսե հատորին հեղինակը նուիրեալ եւ անբասիր կրօնական-մտաւորական մըն է, յանձին Մեսրոպ վրդ. Պարսամեանի, այժմու տեսուչը Մայր աթոռ սուրբ Էջմիածնի հոգեւոր Ճեմարանին, անհունօրէն ոգեւորուած կը զգանք մենք զմեզ:

Դիւրին ընթեռնելի եւ պարզ բառերով շաղախուած այս գիրքը հոգեկան անդորրութիւն կը պարգեւէ ընթերցողին:

Արդարեւ, երբ համաճարակին մահասփիւռ ալիքը նաեւ հարուածած էր մեր հայրենիքը, անստոյգ եւ մտահոգիչ մթնոլորտ մը կը տիրէր ամէնուրեք, բարեպաշտ ժողովուրդին` հաւաստիացում մըն էր այս «Լոյս եւ Յոյսե հատորը, թէ Հայ եկեղեցին եւ հայ քրիստոնէական հաւատքը զիրենք պիտի չլքեն: Դժուարին այդ օրերուն այս գիրքը հոգեկան կորով հայթայթած է ընթերցողին դիմակալելու մեկուսացման դժնդակ ժամանակամիջոցը: Յորդորելէ աւելի, հայր Մեսրոպ իր իւրայատուկ եւ դիւրամատչելի ոճով կը բացատրէ կեանքի դժուարութիւնները յաղթահարելու գաղտնիքը: Առ այդ, հեղինակը հայ ընթերցողը կը դարձնէ հաղորդակից հազարամեայ Հայ եկեղեցւոյ հոգեկան անկորնչելի հարստութեան հետ: Կրօնաշունչ այս էջերուն ընդմէջէն Նարեկացիի, Ներսէս Շնորհալիի աղօթակուռ մեղեդիները կը հնչեն, գեղեցկօրէն շարադրուած հեղինակին կողմէ: Գիտակից եւ նախանձախնդիր հոգեւոր հօր իր հանգամանքին, Մեսրոպ վարդապետ ինքն իր վրայ առած է համաճարակի տագնապալի այդ օրերուն հոգեւոր եւ մտային սնունդ մատակարարելու վեհ առաքելութիւնը` հայրենի ժողովուրդին: Հովուական իր կեանքէն դրուագներ կը ներկայացնէ յարգելի հեղինակը, ուր կ՛առանձնացնէ յոյսը` հաւատքին հետ (էջ 242): Ան յաճախ կը շեփորէ սուրբ Գիրքին կարեւորութիւնը առօրեայ մեր կեանքէն ներս` ըլլալ արդարադատ եւ պարկեշտ:

Անհրաժեշտ է մատնանշել հոս, թէ այս գիրքը քրիստոնէական աժան, նորելուկ եւ յերիւրածոյ քարոզչութիւն չէ: Ընդամէնը 294 էջերու մէջ խնամքով պատրաստուած գրեթէ միեւնոյն թիւով նիւթեր` ընթերցողը կը տոգորեն հայու քրիստոնէական ամրակուռ հաւատքով եւ նոր աւիշ կը հայթայթեն Էջմիածնասէր հաւատացեալին: Գեղատիպ այս հրատարակութիւնը արգասիքն է պայծառ միտքի, որուն առաջնահերթ եւ առանձնայատուկ նշանակէտը կը կազմէ ծառայել հայ հաւատացեալին: Հո՛ս է իսկական արժանիքը հայ հոգեւորականին: Մեսրոպ վարդապետին համար ասպարէզէն աւելի` Հայ եկեղեցւոյ զինուորագրեալ ծառայ ըլլալը իսկական կոչում մըն է:

Յարաբերաբար իր երիտասարդ տարիքին, հոն ուր ծառայած է անՙ Հայաստան, Եւրոպա կամ Հիւսիսային Ամերիկա, շէնցուցած է գաղութը: Թիրախ դարձնելով յատկապէս նորահաս սերունդը, ան եկեղեցաշէն աշխատանքին զուգահեռ նախանձախնդիր` հետապնդած է նաեւ ազգային մեր ինքնութիւնն ու մշակոյթը, լեզուն եւ դարաւոր աւանդութիւնները պահպանելու սրբազնագոյն առաքելութիւնը:

Երբ գիրքին աւարտին «Հեղինակին մասինե հատուածին մէջ կը կարդանք, թէ Մեսրոպ վարդապետ «գերազանցե յաջողութեամբ աւարտած է Սեւանի Վազգէնեան հոգեւոր դպրանոցը եւ սուրբ Էջմիածնի Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանը, խորապէս կը գիտակցինք, թէ նուիրական հոգեւորական մը կը պատրաստուէր` թրծուած Հայ եկեղեցւոյ դարաւոր հաւատքով եւ իր հոգին լուսաւորուած Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի անմար կանթեղի լոյսով` ծառայելու Հայ առաքելական եկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդին:

Մեսրոպ վարդապետ Պարսամեանի հեղինակած «Լոյս եւ Յոյսե հատորը ճշգրտօրէն կ՛արտացոլացնէ հոգեկան իր հարստութիւնը, հոգեւորականի իր պատրաստութիւնը եւ մտային պաշարը ազգակիցներուն հետ բաժնելու պատրաստակամութիւնը:

Օրինակելի կրօնական` ան կը հագնի իր վեղարը հպարտութեամբ` հասնելու հաւատացեալներու հոգեւոր կարիքներուն, միաժամանակ բերելու իր աշխոյժ եւ կորովի մասնակցութիւնը Հայաստանեայց առաքելական հաւատքի գերագոյն կեդրոն Ս. Էջմիածնի պայծառացման:

Մեսրոպ վարդապետ փառապանծ մեր ազգին հարազատ եւ արժանաւոր մէկ զաւակն է:

«Պայքար», 09.05.21

 
 

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #18, 14-05-2021

Հայկական էկեկտրոնային գրքերի և աուդիոգրքերի ամենամեծ թվային գրադարան

ԱԶԳ-Ը ԱՌԱՋԱՐԿՈՒՄ Է ԳՐԱՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

ԱԶԴԱԳԻՐ