ԵՐԷԿ ԵՒ ԱՅՍՕՐ ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ, Սուրիա-Լիբանան Սուրիացիին համար Լիբանանը այնքան հարազատ է, որքան եղբայրներ հարազատը կ՛ըլլան, իրարու ուրախութեամբ կ՛ուրախնան եւ իրարու ցաւով կը ցաւին, այն աստիճան, որ երկու երկիրներն ալ երկար տասնամեակներ փոխադարձ դեսպանատուներ չունէին: Այսպէս եղած է միշտ. չկայ սուրիացի մը, մասնաւորաբար սուրիահայ մը, որ հարազատ մը, ընկեր մը, բարեկամ մը չունենայ Լիբանանի մէջ: Սակայն, եղբայրակցութիւնը ուրիշ բան է, քաղաքականութիւնըՙ ուրիշ: Սահմանազատեցին, տասնամեակներով դժուարացուցին մէկ երկրէն միւսը երթեւեկութիւնը: Կը յիշեմ այն տարիները, ուր վիզա խնդրելու պէս, ժամերով շարքի կը կենայինք կառավարական գրասենեակի մը առջեւՙ Լիբանան երթալու արտօնութիւն ձեռք ձգելու համար. երբեմն կը ստանայինք, երբեմն կը մերժուէինք: Իսկ երկու երկիրներու սահմաններուն մաքսատուները ուղղակի մէկական փորձանք էին, յատկապէս լիբանանեան ապահովութեան պաշտօնեաներու ծուռերես վերաբերմունքը սուրիացիներուն նկատմամբ, ոչ միայն ծուռերեսութիւն, այլեւ արհամարհանք, չկամութիւն... Միւս կողմէ ալ Լիբանանէն Սուրիա եկողներուն չարչարանքը սուրիական մաքսատան մէջ: Սուրիացի պաշտօնեաներունը մաքս գանձելու տարօրինակ մոլուցք էր, Պէյրութէն գնուած ամենայետին նոր ապրանքի մը համար, ըլլար ան հագուստեղէն, ուտեստեղէն, կամ տնային առարկայ: Թէեւ ցաւով կը յիշատակենք անցեալի օրերը, սակայն ներկայիս ալ վիճակը շատ տարբեր չէՙ սեղմումներ, անհանդուրժողութիւն, արհամարհանք ու թշնամանք, եւ ինչո՞ւ համար, եթէ հին օրերուն յղփացած լիբանանցիին վերէն նայուածքն էր «գիւղացի» սուրիացիին, այսօրՙ լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմին վերջ տալու համար Սուրիոյ «ներխուժման» բանակին ձգած հետքերն են, որոնք ամբողջ 15 տարի` (1975-1990) չմարսուեցան տեղացիներուն կողմէ, ուր Սուրիան էր «իշխողը», իսկ «հպարտ» լիբանանցին ակամայ հնազանդողն էր: Արդէն երեք տասնամեակ անցած է այդ թուականէն, կ՛ակնկալուէր որ երկու երկիրներն ալ թօթափած ըլլային հին օրերու ստուերոտ տրամադրութիւնները, սակայն Սուրիան պատուհասուեցաւ տակաւին վերջ չգտած տասնամեայ պատերազմով: Աժանութեան, առատութեան, ապահովութեան այդ երկիրը այսօր կը տառապի տնտեսական ճգնաժամի դժոխային ահաւոր կացուաթեան պատճառով: Լիբանանն ալ այսօր կը տուայտի տնտեսական ահաւոր տագնապին պատճառով, թէեւ պատերազմական վիճակ չկայ այնտեղ, բայց կան «թաքնուած ականներ», կան իշխող ոյժեր, , քաղաքական հակամարտութիւններ, որոնք պատերազմէն պակաս վնաս չհասցուցին երկրին: Շուկայի վրայ որեւէ ապրանքի (եթէ գտնուի) գինը արդէն տասնապատկուած ու քսանապատկուած է: Ժողովուրդը կիսասնանկ, անապահով վիճակի մէջ է, դրամատուները սեղմած են կոկորդը ժողովուրդին, որ սկսած է շնչահեղձ ըլլալ: Պատկերացուցէք, հաց եթէ պիտի գնես, տոպրակին համար առանձին 1500 լիրա պիտի վճարես, տոպրակին բերանի կապին համար ալՙ առանձին, երբ այդ գումարով առաջ 3 տոպրակ հաց կարելի էր գնել: Կազային ըմպելիքՙ քոլա կամ այլ, եթէ պիտի խմես, խողովակիկի գինը առանձին վճարելու եսՙ 600 լիրա: Անհաւատալի, բայց իրաւ: Ու հարց կու տասՙ ի՞նչ պիտի ըլլայ ասոր վերջը, իրերայաջորդ կառավարութիւնները բան մը չկրցան փոխել: Կ՛ըսենՙ մեծ թնճուկ մըն է, սովորական լուծելի հարց մը չէ: Միլիառաւոր տոլարներու պարտք ունի Լիբանանը, գողցողը գողցեր է, երկիրն ալ սնանկացեր: Հեռատեսիլէն հարցազրոյցի մը ընթացքին լիբանանցի մտաւորական մը կ՛ըսէրՙ այն մարդը, որ իր թալանած դրամներով Լիբանանի ամենահարուստ մարդը դարձած է, բերին վարչապետ ըրին, ի՞նչ կը յուսաք դեռ... Կ՛ըսեն, այս թնճուկին միակ լուծումըՙ կէս միլիոն պաղեստինցիներուն կամ մէկուկէս միլիոն սուրիացի գաղթականներուն լիբանանեան քաղաքացիութիւն շնորհելն է, եղեր այն ատեն պարտքերը կը ջնջուին... Ես տրամաբանական կապ մը չգտայ հարցին ու լուծումին մէջ: Լիբանանի հարցերէն ո՞վ բան կը հասկնայ որ: Ու, եղբայր կարծուած երկու երկիրները այսօր ճակատագրակից, դժբախտակից դարձածՙ հրաշքներու կը սպասեն: |