ՀԱՄԱՅՆՔ¬ՄԻՈՒԹԵՆԷ ԱՆԴԻՆ ԻՆՉՊԷ՞Ս ՆՈՒԱՃԵԼ ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՎ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԷԱԿԱՆԸ Յակոբ ՊԱԼԵԱՆ, «Բագին» ամսագրի խմբագիր Հայրենահանումը ծնունդ տուաւ սփիւռքի, որ թէական ամբողջութիւն մըն է, անորոշ եւ յարաճուն սահմաններով, իրեն կցուած «հայ» բնորոշումով: Իրողութիւնը այն է, որ կան սփիւռքներ, որոնք տարտղնուած են, համայնքներու եւ միութիւններու անորոշ գումարում մըն են: Հասարակաց տեսիլքի մը բացակայութեան, մեզմէ իւրաքանչիւրը, անհատ, համայնք, միութիւն կամ կազմակերպութիւն, ինք կ"որոշէ իր «ճշմարտութիւն»ը, ըստ կարիքի, պահերու եւ տրամադրութիւններու, թափահարումներու պէս, զայն կը համարէ ընդհանրական, յարափոփոխ նպատակներ կը ճշդէ եւ կը գործէ, «այսպէս ալ կ"ըլլայ, այնպէս ալ»ի կարծեցեալ նահանջական գործնապաշտութեամբ: Եթէ զանգուածներ յուզելու կոչուած թափծու խօսքերը եւ կարգախօսները մէկդի դնենք, կրնա՞նք իրապէս ըսել, թէ ի՞նչ հասարակաց իդէալ, նպատակ, հեռանկար, գործունէութիւն եւ յանձնառութիւններ ունին Իրանի եւ Մելպուռնի, Փարիզի եւ Պէյրութի, Անգլիոյ եւ Հալէպի համայնքները, եւ բոլոր միւսները, իւրաքանչիւրին մէջ գործող բազմանուն միութիւնները: Հասարակացըՙ միաձոյլ ազգային-մշակութային-քաղաքական առումով: Այդ բոլորին մէջՙ յարանուանութիւնները, որոնց տարբերութիւնը այդպէս ալ, նոր ժամանակներու աւազանին մէջ, ազգային տեսակէտէ ժամանակավրէպ է, գիտենք, բայց չենք ըսեր, ծեփը կը պահենք: Դեռ կարելի է խօսիլ նաեւ նոյն համայնքին մէջ ապրող տարբեր երկիրներէ եկած խմբաւորումներու մասին, զորս կը կոչենք սուրիահայեր, լիբանանահայեր, իրաքահայեր, իրանահայեր, ֆրանսահայեր, յունահայեր, եգիպտահայեր, եւ այսօրՙ զանգուածային կերպովՙ հայաստանահայեր (նոյնիսկ եթէ այս վերջին բառը բարբարոս թուի): Այդ տարբեր խմբաւորումները ներազգային պաստառին վրայ տարբեր «գաղթականութիւն-աքսորականներ» են, հակառակ այն միւս իրողութեան, որ արգելարշաւի մէջ շուտ եւ լաւ պատշաճելու համար վազք է, ի հեճուկս այն բոլոր «բաներ»ուն, զորս հայկական կամ ազգային կը կոչենք: Ինչ որ ալ ըլլան (չ)իմաստուն բացատրութիւնները, այդ «ի հեճուկս»ը կը վերաբերի ազգային լեզուին, որ աստիճանաբար կը դառնայ «նախնական», «հարստանալ»ով աշխարհի բոլոր լեզուներէն ներխուժող բառերով, եզրերով, շարահիւսութեամբ եւ շեշտով: Թէեւ, այս մարզէն ներս, Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ խօսուող հայերէնն ալ այդ վազքին մէջ է, եթէ բացասականութեամբ օրինակելի չէ: Հայերէնը, որ ինքնութեան պատուանդան է, հետզհետէ նեղցող օղակ մըն է, որ կը ձգտի կէտ ըլլալ, այսինքնՙ անհետանալ: Այս կարգի մտածումներ յաճախ կրկնուած են, տարբեր առիթներով եւ եղանակներով, սրտցաւ զրոյցներու ընթացքին կամ սիւնակի մէջ, եւ հազուագիւտ հակազդողներ ալ կ"ըլլան, թէ այդ քննադատութիւնները իրարու կը նմանին, բայց ոչ ոք կ"ըսէ, թէ ի՞նչ պէտք է ընել: Հաւանօրէն այս նկատողութիւնը պէտք է ուղղել Հայաստանի Հանրապետութեան, համայնքային եւ միութենական բազմերանգ կառոյցներուն, մանաւանդ զանոնք «ղեկավարողներ»ուն: Այսինքն խնդիրը կայ, բայց լուծման նախաձեռնութիւններ չկան, նահանջը որդեգրած (չ)իմաստուններ եզրակացուցած են, որ հայերէնը «բիզնես»ի լեզու չէ, միայն թէ դեռ բարձրաձայն չեն ըսեր, որ ան անպէտք է, «յիշատակ»ի լեզու է, «ռոմանտիկ» լեզու է: Մեր անմիջական ներկային մէջ, բազմագոյն եւ բարձրաղաղակ կարգախօսներէ եւ արշաւներէ առաջ, հողակտորի տնտեսական վերականգնում, պահանջատիրութիւն, ցեղասպանութեան ճանաչում, «հատուցումներ» (՞՞՞), ազգապահպանման խնդիր ունինք, որ եղած ըլլայ շարունակութիւն, որ կը նշանակէ նկարագիր, որ կու գայ լեզուով, մշակոյթով եւ պատմութեամբ: Այս գիտակցութիւնը եթէ չառաջնորդէ ազգը, այսինքն եթէ այդ հունով ղեկավարութիւնը չառաջնորդէ ազգը, մեր մասին պիտի խօսուի անցեալով, որպէս եղած ժողովուրդ: Ճամփաբաժանի առջեւ կանգնած ենք: Առաջնորդող ղեկավարութիւնը առանց ճապկումներու եւ մարդորսութեան, առանց մանր փառասիրութիւններու տուրք տալու, պիտի գիտնայ ընտրել, նոյնիսկ եթէ այդ ընտրութիւնը երկունքի ցաւ պատճառէ: Յստակացումներ անհրաժեշտ են: Այսպէս. Ղեկավարութիւնը պէտք է գիտնալ անջատել վարչութենէն: Վարչութիւնը կը տնտեսէ, կը յանձանձէ: Ղեկավարութիւնըՙ ըստ տեսիլքի մըՙ կ"առաջնորդէ: Եւ տեսիլքը կարկտաններու քուրջ չէ, ոչ ալ Ալի Պապայի քարայրը, ուր կարելի է գտնել ամէն բան, մանաւանդ փոխառութիւնները, կապկումները եւ գողօնները, որոնցմով կրնան զբաղիլ վարչութիւնները: Իրենք զիրենք զբաղեցնելով: Այսօր ի՞նչ տեսիլք ունի ղեկավարութիւնը, բացի զգացական-ճառախօսական հայրենասիրութենէ, որ կ"աւազախրի «բիզնես»ի եւ յուզիչ-յուզական բարեսիրութեան մէջ: «Տեսիլք»ը հեռանկարային ծրագիրն է, որուն մէջ հաւաքականութիւնները իրենք զիրենք պէտք է որ տեսնեն, որպէսզի հետեւին: Նման տեսիլքի գոյութիւնը կամ բացակայութիւնը կարելի է չափել արտագաղթ-հայրենադարձութիւն չարիք-բարիքի առկայութեամբ: Երբ «ղեկավարութիւններ»ը անկարող են հակակշռելու արտագաղթ-հայրենադարձութիւնը, անհրաժեշտօրէն պէտք է հեռանան բեմէն, կամ հեռացուին (եթէ զանգուածները չեն բթացած կամ բթացուած): Հոս ալ պէտք է սկսի իրաւ մտաւորականութեան յանձնառու դերը, դերը անոնցՙ որոնք դիւանակալութեան ճահիճին զոհ չեն դարձած: Այսՙ Հայաստանի Հանրապետութիւն եւ սփիւռքներ: Երբեմն յաճախ պէտք է լսել իմաստուններու խօսքը. Ֆրանսական Մեծ յեղափոխութիւնը ներշնչած Քոնտորսէն, կամ պարտուած Ֆրանսայի փոքրիկ զօրավարին «18 Յունիս»ի կոչը, կամ կիսամերկ եւ ապարանքներ չունեցող Մահաթմա Կանտինՙ որուն մէկ մարդու պէս կ"անսային միլիոնաւորներ: Այսինքն, իրաւ ղեկավարութիւնը,- ոչ աթոռակալները,- պիտի ըսեն Քոնտորսէի պէս, որ «ի՜նչ կարեւորութիւն ունի որ ամէն բան լաւ է, ընենք այնպէս, որ ամէն բան մեզմէ առաջ եղածէն աւելի լաւ ըլլայ ("Qu"importe que tout soit bien, pourvu que nous fassions en sorte que tout soit mieux qu"il n"ռtait avant nous." de Condorcet): Այս յեղափոխութիւնը իրականացնելու համար էական նշանակութիւն ունին կարգ մը ենթակայական ազդակներ, ինչպէս անձի օրինակը եւ օրինակելիութիւնը, անոր ներշնչած վստահութիւնը: Հայ ներազգային կեանքի ճահճացումը կարելի է հասկնալ եւ բացատրել մեկնելով այս տեսանկիւնէն: Երբ «ղեկավար»ը իր անձին, իր նիւթական պայմաններուն, զուարճութիւններուն ու շահախնդրութիւններուն կը ծառայէ եւ հանրայինը կը ծառայեցնէ անոնց, կը վարկաբեկուի: Այս կացութիւն-սառցակոյտին ամէնէն երեւցող մասը նիւթականն է: Երբ հանրային ծառայողը, բոլոր մակարդակներու, վերջին հաշուով, պաշտօնեայի իր չափուած-սահմանուած ռոճիկով կը յաջողի աստղաբաշխական գումարներու տիրանալ, նուազագոյն չափով լուսաբանուած քաղաքացին անգամ կը դատէ, կը կորսնցնէ իր վստահութիւնը, եւ ընկերութիւնը ինքզինք կը գտնէ հոգեկան-ոգեկան տկարացման աւազախրումի մէջ: Հայկական ընկերութիւնը, Հայաստանի Հանրապետութիւն եւ սփիւռքներ, կը գտնուի անփառունակ կացութեան մէջ, ուր այլեւս կողմնացոյցները կորսուած են, չեն բանիր, տարրական ողջմտութիւնը «արժանաւոր»ով առաջնորդուելուՙ իր տեղը տուած է փերեզեկային հաշիւներու, երբ նախաձեռնութիւններու ազգային-հեռանկարային կարեւորութիւնը անոնցմով կը փոխարինուի. Դպրոցը փակելՙ խնայողութեան համար կամ այն պատճառովՙ որ ան հասութաբեր չէ, հայերէն թերթը դադրեցնել, քանի որ որոշում կայացնողներ դադրած են հայերէն կարդալէ, հայերէնով ստեղծուող գիր-գրականութիւնը ամլացնել հրատարակութեան եւ ցրուումի վարկեր չյատկացնելով, աւեր գործել է: Հարց պէտք է տալ, թէ ի՞նչ կը բանին «ղեկավարութիւններ»ըՙ բանկալէն մինչեւ «վերին» համարուած ոլորտները, ընդունուած-ընդունելիութենէն անդին: Միութիւնները որքանո՞վ կը գտնուին իրենց ծնունդով իսկ սահմանուած առաքելութեան ուղիղ գիծին վրայ: Ե՞լքը... Համազգային ողջմտութեամբ պիտի պահանջե՞նք եւ պիտի յաջողի՞նք ատակ եւ պատրաստուած անձերը նստեցնել հոն, ուր անոնք իրապէս օգտակար պիտի ըլլան ազգին, the right man in the right place: Ոչ ծառայ, ոչ ալ հանգամանքի առք-վաճառք: Պիտի յաջողի՞նք (համարձակի՞նք) հրապարակային քննադատութեան եւ դատապարտութեան ենթարկել տեղատուութիւններու «նաւապետ»երը, նոյնիսկ եթէ ատամներու կճրտոց պիտի ըլլայ: Զանգուածը բամբասանքով եւ տրտունջով ոչ դատաւոր, ոչ ալ տէր կրնայ ըլլալ: Ան դուրս պիտի գայ իր ընդարմացումէն, սովորութիւն դարձած կամ պարտադրուած, բարձրաձայն ըսելու ինչ որ կ"ըսէ Քոնտորսէ. «Ի՜նչ կարեւորութիւն ունի, որ ամէն բան լաւ է, ընենք այնպէս, որ ամէն բան մեզմէ առաջ եղածէն աւելի լաւ ըլլայ»: Լսող կ"ըլլա՞յ թէ ոչ... Կախարդ պէտք է ըլլալ պատասխան ճարելու համար: «Սպասէ՛ եւ տե՛ս»ի (wait and see) քաղաքականութիւնը անձնատուութեան համազօր է: Եւ պէտք է գիտնալ, որ պատմութիւնը անողոք է: 22 մայիս 2014, Փարիզ-Երեւան |