ԹՄՄ-Ը ՆՇԵՑ ՇԱՌԼ ԱԶՆԱՎՈՒՐԻ 90-ԱՄԵԱԿԸ Յ. ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ, Նիւ Եորք Մ. Նահանգներու տարածքին հաւանաբար Թէքէեան մշակութային միութիւնը եղաւ միակ կազմակերպութիւնը, որ նշեց ֆրանսահայ մեծ երգիչին ծննդեան 90-րդ տարեդարձը: Մեր հայրենիքը պետական մակարդակով եւ Ազնաւուրի սիրած երկու երկիրներու` Հայաստանի եւ Ֆրանսայի հանրապետութեանց զոյգ նախագահներու մասնակցութեամբ ու մեծ շուքով նշեց իր նորօրեայ մեծագոյն զաւակներէն Շառլի տարեդարձը: Հակառակ բազմազբաղ ազգային կեանքին, ԹՄՄ Նիւ Եորքի վարչութիւնը որոշեց անպայմանօրէն մայիսին նշել այս տարեդարձը: Շառլ ծնած է մայիս 22-ին: Արդարեւ, մայիս 30-ի երեկոյեան Նիւ Ճըրզիի Ս. Թովմաս եկեղեցւոյ սրահը լեցուցած էին Ազնաւուրի արուեստին սիրահարները: Վերջապէս անոնքՙ որոնք հասակ առած են Ազնաւուրի երգերովՙ Պէյրութէն, Պոլսէն, Գահիրէէն, Հալէպէն, ու դեռՙ Երեւանէն: Անոնք բոլորն ալ, հրապուրուած անոր երգերէն, հպարտօրէն կը պահէին այդ յիշատակները իրենց հետ եւ ուր որ գացինՙ մնացին հաւատարիմ այդ երգերուն: Միութեան անունով բարի գալուստ մաղթեց բժշ. Վաղինակ Դարբինեանը: Բեմ հրաւիրուեցաւ Ազնաւուրի երգերուն լաւագոյն մեկնաբան Պերճ Թիւրապեանը, որ հեղինակի երգերէն փունջ մը կազմած է թարգմանաբար ու կ՛երգէ կիթառի ընկերակցութեամբ: Թիւրապեան յաջորդաբար երգեց «Տեսնում եմ արդէն», «Ինքնակենսագրութիւն», «Դեռ երէկ»... Առաջին բաժինը աւարտեց «Պոհեմը» երգով, որուն կը ձայնակցէին ներկաները... անոնք եւս մէկական պոհեմները մեր մշակոյթի: Երջանկութիւն էր տեսնել, թէ մեր ժողովուրդը որքան գիտէ գնահատել իր իրական մեծերը: Յուզում կար բոլորին մէջ, կը վերյիշէին իրենց երիտասարդութիւնը, անցեալի կեանքը, սէրերը: Պերճ ծնած է Գահիրէ եւ 15 տարեկանին տեղափոխուած Հայաստան: Ուսանած է Երեւանի պետական համալսարանի բանասիրական բաժինը, ուր յետագային դասաւանդած է ֆրանսերէն լեզու եւ գրականութիւն: 1986էն հաստատուած է Նիւ Եորք, ուր Գոլոմպիա համալսարանէն ստացած է գրադարանագիտութեան մագիստրոսի տիտղոս: Յայտագրին երկրորդ բաժնին մէջ հանդէս եկաւ շնորհալի երիտասարդ երգչուհի Արմենիա Սարգիսեանը` Թորոնթոյէն: Առանձինն ու Պերճին հետ զուգերգով ան երաշխաւորեց, որ հայ բեմը գալիք տարիներուն արդէն ծնունդ պիտի տայ նոր աստղի մը, որ պիտի շարունակէ Պերճին ոճը, ամենայն հարազատութեամբ: «Ինչու տխուր է Վենետիկը», «Նա», «Սիրոյ մի կեանք»... եւ վերջապէսՙ «Տարէք ինձ այնտեղ»: Թող միշտ ապրի Ազնաւուրը: Ան չի շտապեր հանգիստի անցնիլ, կը շարունակէ շրջագայիլ աշխարհով մէկ` դահլիճներ լեցնելով: Երեւանի յոբելեանական ելոյթին յայտնեց իր վերջին հրաժեշտի համերգին թուականը. «Այդ պիտի ըլլայ 2024 թուականի մայիսի 22-ը: Ես կը դառնամ 100 տարեկան: Դուք ներկայ կ՛ըլլաք այդտեղ, յոյսով եմ»: ԹՄՄիութիւնը կը խոստանայ դարձեալ հրաւիրել Ազնաւուրի երկրպագուները 2024-ի մայիսի 22-ին: Անպայմա՛ն: |