ԺԻԼՊԷՐ ՍԻՆՈՒԷ Յակոբ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ Յանցաւո՞ր եմ, որ չեմ ճանչցած զինք: Նոյնիսկ չէի լսած անունը. Ժիլպէր Սինուէ: Երբ գիրքը հայերէնի թարգմանող Զարմիկ Սարգիսեանը նուիրեց զայն ինծի, կողքին վրայ խոշոր տառերով «ԵՐԵՒԱՆ»-ը շատ չգրաւեց զիս. մտքէս ըսիՙ երեւի սովորական օտար զբօսաշրջիկի մը տպաւորութիւններն են իր Հայաստան այցելութենէն: Որքան սխալած եմ եղեր... Հազիւ հեղինակին «Հայ ընթերցողին» վերնագրուած յառաջաբանը կարդացի, արդէն ինքզինքս գտայ պատկերացուցածէս լրիւ տարբեր թեմայի մը առջեւՙ Ցեղասպանութիւնը: Այս նիւթին շուրջ գրուած բարեկամի մը գիրքը պատճառ դարձած է, որ հեղինակը ինք ալ մտածէ այս մասին վէպ մը գրել. «...Բաւական ժամանակ ես վարանում էի գրիչ վերցնել: Պարզապես չէի համարձակւում: Ինչո՞ւ, շատ պարզ պատճառով. որովհետեւ ազգությամբ հայ չլինելովՙ ես ինձ մի տեսակ «իրավասու» չէի զգում: Ես, որ այդ կոտորածներում ոչ մի հարազատ չէի կորցրել, արդյոք իրավունք ունէի՞ անդրադառնալու մի թեմայի, որը, ինչում ես խորապես հավատացած էի, պատկանում է նահատակների հետնորդներին...»: Սակայն, երբ 1999-ին Եւրոմիութիւնը ճանչցաւ Թուրքիոյ ԵՄ-ի անդամութեան թեկնածութիւնը, եւ որտեղ առաջադրուած պարտադիր երեսուն պայմաններուն մէջ յիշատակութիւն իսկ չէ եղած 1915-ի ողբերգութեան մասին, բացարձակապէս ոչ մէկ բառ, «... Ինձ համար ինչ-որ անպատիւ, անպարկեշտ բան կար այդ իրողության մեջ, եւ հենց դա էլ, միախառնվելով հանկարծաբուխ մի պոռթկման հետ, վերջ տվեց իմ մտատանջությանը. «Երեւան»ը պիտի ծնուէր.» կ"ըսէ հեղինակը եւ իր խօսքի վերջաւորութեան կ՛աւելցնէ. «Երեւան-ի հայերեն թարգմանությամբ ես հանկարծ ինձ զգացի «հայ ընտանիքի» իրավասու անդամ. եւ, չեմ թաքցնում, դա ինձ համար մեծ պատիվ է»: Սակայն, նախՙ հեղինակին մասին: Ժիլպէր Սինուէ ծնած է Գահիրէ 1947-ին: 19 տարեկանին կ՛անցնի Ֆրանսա եւ Ազգային երաժշտանոցին մէջ կը մասնագիտանայ որպէս կիթառահար: Կը նուագէ, նաեւ դասեր կու տայ: Ապա կը սկսի գրել. արդէն քսանեակ մը վէպերու հեղինակ է եւ գրեթէ գրական մրցանակ չէ ձգած զոր չէ շահած, մինչեւ իսկ արժանացած է «Կրան Փրի»ի: Ան նաեւ ֆիլմի սցենարիստ է: Իր գիրքերէն յիշենք «Եգիպտուհին», «Պատմուճանը եւ ձիթենին», «Նեղոսի դուստրը», «Վերջին փարաւոնը», «Օրեր եւ գիշերներ»,«Դեսպանի կինը», «Աստուծոյ լռութիւնը», «Ես, Յիսուս», եւայլն: Սինուէի վէպերէն շատեր դարձած են ֆրանսական արդի գրականութեան «պէսթսէլըրներ»: Չեմ գիտեր, արդարօրէ՞ն, թէ՞ չափազանցութիւն է, որ «Մուսա Լերան 40 օրերը» գիրքը նկատած ենք Մեծ եղեռնի իրադարձութիւններուն մասին գրուած ամէնակարեւոր գիրքը, մասնաւորաբար այն պատճառով, որ անոր հեղինակըՙ Ֆրանց Վերֆէլ, օտար մըն է: Երեւի հայու տկարութիւններէն մէկն է ատոր պատճառը" մեր օտարամոլութիւնը... Բնաւ նպատակ չունիմ որեւէ ձեւով թերագնահատելու այդ գործը, սակայն մոռացութեան տալ կամ շուքի մէջ ձգել այլ կարեւոր գործեր, կը կարծեմ սխալ է: Ահաւասիկ դար մը ամբողջ պատմութեան անցաւ եւ սակայն Ցեղասպանութիւնը եւ Ցեղասպանութեան թեման պատմութեան չանցան: Քանի մը տարի առաջ մեծ հետաքրքրութեամբ եւ բաւարարութեամբ կարդացի համահեղինակներ Յակոբ Խաչիկեանի եւ Ժան Իւ Սուսիի «Ամառ առանց այգաբացի» հոյակապ վէպը, որուն մասին այն օրերուն անվարան ըսի, թէ այս գիրքը Վերֆելի գիրքէն աւելի յաջnղ գործ է: տարիներ ետք կ՛իմանամ, որ հանգուցեալ Լեւոն Անանեանն ալ զայն գերադաս համարած է «Մուսա Լերան...» գիրքէն: Նոյն շրջանին էր նաեւ, որ կրկին մեծ հետաքրքրութեամբ կարդացի Ալեքսանդր Թոփճեանի «Եւ անգամ մահից յետոյ» գիրքը: Վերադառնալով «Երեւան»ին, որուն բուն խորագիրը եղած է «Երեւան կամ Հայաստան - ժողովուրդի մը մեծ վէպը», գրողը օտար մը ըլլալով հանդերձ այնքան մանրամասն եւ ճշգրիտ տուեալներու վրայ կառուցած է գիրքը, որ համարեա վաւերագրական պատում մըն է, վիպային-գեղարուեստական պատկերներով ու հոգեվիճակներով յագեցած: Ես միշտ խուսափած եմ թարգմանութիւններ կարդալէ, երբ բնագրի լեզուն մատչելի եղած է, սակայն այս գիրքի պարագային, ընթերցանութեամբ տարուած, երբեմն կը մոռնայի, որ կարդացածս թարգմանութիւն է, այնքան սահուն ու հարազատ հայերէնով շարադրուած է: Գիրքը կը սկսի Պանք Օթոմանի գրաւման իրադարձութիւններով ու կ՛աւարտի Սողոմոն Թեհլիրեանի դատավարութեան ու անոր ազատ արձակուելու պատմութիւնով: Համիտեան ջարդերու թուականէն մինչեւ Պերլին, 1921: 26 տարիներու երթուղի մը, որուն կարեւոր հանգրուանները արձանագրուած են օրագրութեան նման, թուականով ու վայրի յիշատակութեամբ, առաւել իրենց իսկական անուններով յիշուած գործող անձերու միջեւ տեղի ունեցած կենդանի երկխօսութիւնները գիրքին կուտան վաւերագրական բնոյթ: Արդէն գիրքին սկիզբը հեղինակը ինք կ՛ըսէ. «Այս պատմությունը հորինուած չէ: Հիշատակված դեպքերը մեծ մասամբ իրական են: Քաղաքական, դիվանագիտական եւ զինվորական անձինք իսկապես գոյություն են ունեցել»: Պատմութիւնը կը կեդրոնանայ Էրզրումի հայութեան տեղահանութեան եւ ընդհանրապէս Եղեռնի պատմութեան վրայ, որ հիւսուած է Թոմասեաններու ընտանիքի ողբերգութեան հէնքին վրայ: Գրողին նաեւ սցենարիստ ըլլալուն հանգամանքը վէպին տուած է շարժապատկերային բնոյթ: Ընթերցողը դրուագ առ դրուագ կրնայ հետեւիլ շարադրուած իրադարձութեանց, մտապաստառին վրայ տեսնելով գործողութիւններն ու ապրելով իւրաքանչիւր հոգեվիճակ: «Ասես աշխարհի վերջն էր: Ամեն կողմում ցրված էին կարավաններ: Զեյթունից մինչեւ Բիթլիս, Մալաթիայից մինչեւ Դիարբեքիր, Վանից մինչեւ Ուրֆա, Տրապիզոնից մինչեւ Սվազ ընթանում էր մի ամբողջ ժողովրդի մահվան թափորը, կիսալուսնի եւ աստղի դրոշմով պատանքի ներքո...»: Ահա՛, Ցեղասպանութեան հարիւրերորդ տարելիցին առթիւ հայու գողգոթայի գրադարանը հարստացնող գիրք մը եւս, գրուած հայու մը չափ մեր ողբերգութիւնը ապրող օտարի մը կողմէ: |