RSS | FACEBOOK | NLA
ԳԼԽԱՎՈՐ | ՄՇԱԿՈՒՅԹ | ԸՆՏՐԱՆԻ | ՈՐՈՆՈՒՄ | ԱՐԽԻՎ | ԹԵՄԱ | ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐ
#013, 2015-04-10 > #014, 2015-04-17 > #015, 2015-04-24 > #016, 2015-05-01 > #017, 2015-05-08

ԱԶԳ ՕՐԱԹԵՐԹ - ՄՇԱԿՈՒՅԹ #15, 24-04-2015



ՆԱՀԱՏԱԿ ԳՐՈՂՆԵՐ

Տեղադրվել է` 2015-04-24 14:54:54 (GMT +04:00)


Ընթերցված է` 2125, Տպվել է` 12, Ուղարկվել է էլ.փոստով` 4

ՆԱԽՃԻՐԸՙ ՀԱՅ ՄԻՏՔԻՆ ՈՒ ԳԻՐԻՆ ՀԱՆԴԷՊ

ՍԱՐԳԻՍ ՎԱՀԱԳՆ

«Ահաւոր բան մը այնտեղ կը կատարուի մութին մէջ...»

Վահան Թէքէեան

«Երբ մշակոյթ բառը կը լսեմ, ատրճանակ կը քաշեմ...»

Կէօպելս


Խորաթափանց մեր բանաստեղծ եւ բառերու հմուտ կախարդ Թէքէեանն իսկ պահ մը կը սահմռկի, խոստովանելով իր անկարողութիւնը. «Դժոխային տրաման այս, ինչպէ՞ս կրնայ պատմուիլ...» բացագանչելով:

Դար մը ամբողջ, մենք ալ, վտարանդի ու անդաստականՙ կատարուածի ահաւորութեանը դիմաց շշմած, լոկ հծծիւններ կրցանք թոթովել: Այո՛, ինչպէ՞ս պատմել անպատմելին, ինչպէ՞ս երեւակայել ու երկնել աներեւակայելին, երբ ամենազօր բառերն իսկ անզօր կը դառնան կատարուածի ահագնութիւնը ընդգրկելու համար: Ինչպէ՞ս հաւատալ, թէ 1915 թուականի Ապրիլի չարագուշակ այդ գիշերը, երբ, անտեղեակ մեր հաւաքականութիւնը, հակառակ 1909-ի Կիլիկեան ջարդերու կանխանշանին, տակաւին լաւատեսութեամբ կ՛օրօրուէր, հաւատալով Իթթիհատի ազատութեան ու հաւասարութեան ստապատիր խոստումներուն, ա՛ն, թուրք պետականութի՛ւնը, անակնկալ ձեւով, նենգ ու դաւադիր ճշգրտութեամբ սադրանքած եւ ծրագրածՙ կը ձերբակալէր Պոլսոյ գրեթէ մեր ամբողջ մտաւորականութիւնը, ընդգրկելով գրողներ, բանաստեղծներ, խմբագիրներ, ուսուցիչներ, ազատ ասպարէզի ամէն տեսակի անձնաւորութիւններ, կրօնականներ եւ գործիչներՙ մոտ 250 հոգի, որ յաջորդ քանի մը օրերուն պիտի հասնէր 800 պատկառելի թիւին: Աքսորելու պատրուակով գրեթէ բոլորը քշուեցան եւ նահատակուեցան անասելի խժդժութիւններով Չանղըրիի, Այաշի եւ այլ չարագուշակ վայրերու մէջ: Նման նախճիր չէ եղած ոչ մէկ տեղ, ոչ մէկ ատեն: Համաշխարհային պատերազմ էր, մեծ պետութիւնները գերզբաղուած էին զիրար յօշոտել-սպանելով: Պէտք էր օգտուիլ այդ իրենց համար նպաստաւոր առիթէն եւ միանգամ ընդ միշտ լուծել Հայկական հարց կոչուող թնճուկը:

Թուրքը իր նենգ հաշիւներուն մէջ սակայն սխալեցա՛ւ: Ան հաշուի չէր առած հայու յաւերժական եւ աննկուն ոգին, որ փիւնիկ այն թեւաւորին հանգոյն անընկճելի յատկութիւնը ունէր իր մոխիրներէն իսկ վերյառնելու: Ճիշդ է, անճիտուեցանք պահ մը, կորսնցուցինք տուն ու հող, ինչք ու հարստութիւն, եւ արեան մեր տուրքը եղաւ անչափելիօրէն յորդ: Դարձանք աստանդական Սփիւռք: Բայց, աշխատանքով, աննկուն կամքով, մեր իտէալներով եւ երազներով վերականգնեցինք արժանապատուութեան մեր գոյավիճակը: Շնորհիւ մեր հայրենիքի անկախութեան եւ պետականութեան ստեղծումին, այսօր մենք ապրող ազգութիւններու հաւաքականութեան բանակին կողքին շարք բռնած ենք նոր հպարտութեամբ տոգորուն: Հարիւրամեակի այս օրերուն սկսած ենք նոյնիսկ առաւելութեան կէտեր արձանագրել յանձին Կաթոլիկ եկեղեցիներու գերագոյն պետինՙ Ֆրանցիսկոս Պապի շրթներով իսկ ցեղասպանութեան խարանը անգամ մը եւս դրոշմելով Թուրքիոյ պիղծ ճակատին:

Այս սխրանքը սակայն պէտք չէ մեզի մոռցնել տայ մեր մեծագոյն կորուստներէն հանդիսացող, այն անփոխարինելի իմացական գանձերը զորս տակաւին պիտի տային մեզի, իրենց երիտասարդ հասակին մէջ կեանքէն խլուած բազմատաղանդ մեր գրողներն ու բանաստեղծները, արուեստագէտներն ու գիտնականները, որոնք արդէն որպէս նախաճաշակ եւ երախայրիք մեզի պարգեւեր էին նոր ոսկեդար մը իրենց վեհ ու շքեղ ստեղծագործութիւններով: Ոչ ոք չի կրնար մեզմէ խլել այդ արդէն աւանդուածը: Մենք հոգեպէս հարուստ ենք այդ կտակով: Մեր փառապանծ մշակոյթո՛վ:

Սակայն պիտի բնաւ չներենք դահիճներուն, մեզ զրկած ըլլալնուն այն ամէն իմացական եւ հոգեկերտ գանձերէն զորս մեր նահատակ գրագէտները իրենց ծաղկման բարձունքին հասած, կրնային եւ պիտի պարգեւէին մեզի, աւելի հարստացնելով մեր մշակոյթն ու արուեստները: Այսպէս, անդարձ կորսնցուցինք տակաւին ստեղծագործուելիք գանձերգերը Կոմիտասին զորս ան, հայ հոգիին խորերէն լոյս աշխարհ պիտի բերէր, նաեւ այն բանաստեղծական գոհարները, որոնցմով, հասուն տարիքի Վարուժանը, Սիամանթոն եւ Ռուբէն Սեւակը պիտի նոր շքեղութեամբ օժտէին մեր քերթողութիւնը, իսկ Զօհրապին, Երուխանին, Արտաշէս Յարութիւնեանին նոր վէպերն ու պատմուածքները պիտի պեղէին հայ ոգին, նոր ակօսներ բանալով, տոհմիկ Ռուբէն Զարդարեանը, Հրանդը, Թլկատինցին մեր գաւառներուն համն ու բոյրը նոր հմայքով ծաղկեցնէին պիտի գրական մեր մեղրահամ մրգաստանները: Տակաւին, ինչպէ՞ս կրնանք մոռնալ նոր ծլարձակ տաղանդները Գեղամ Բարսեղեանին եւ Տիգրան Չէօկիւրեանին, որոնց հազիւ ընտիր նախաճաշակ մը տալու առիթը ընծայուեցաւ միայն: Եւ դեռ հազիւ ծնած եւ ծնուելիք հաւանական գալիք հանճարներուն կորո՞ւստը... :

Ողբալու համար չէ որ թուեցինք այս բոլորը: Այլ անոնցմով զօրանալու, գօտեպնդուելով ցեղին ջահը միշտ վառ ու բարձր պահելու վերանորոգ երդումը տալու համար միայն: Որովհետեւ, Յիշել կը նշանակէ շարունակել: Վառ պահել անոնց յիշատակըՙ անմահութեան ուղեգիր տալով անոնց: Եւ մանաւա՛նդ, մասնաւորաբար եւ գլխաւորաբար պահանջատէր մնալով:

Առաջին անունը, որուն յիշատակին պարտինք դնել հպարտութեան եւ հիացումի մեր ծաղկեպսակը, գեղադեմ ու ազնուահոգի Դանիէլ Վարուժա՛նն է, հանճարեղ բանաստեղծը: Մեծ հոգիով, առաքինի, ուղղամիտ անձնաւորութիւն մըՙ մարդասէր, հայրենասէր եւ գեղեցիկի յաւերժական սպասարկուն:

1902-ին կ"ուղարկուի Վենետիկ, Մուրատ-Ռաֆաէլեան վարժարանը: Մխիթարեաններու հայաբոյր մթնոլորտին մէջ, Հայր Ղեւոնդ Ալիշանի տակաւին թեւածող շունչով կը կերտուին Վարուժանի միտքն ու հոգին եւ կու տան «Սարսուռներ» հատորին նախափորձը, որ արդէն կը յայտնաբերէ քերթողական իր տաղանդին ծննդոցը:

1905-ին ան Վենետիկէն կ"անցնի Պելճիքա, Կանտի հռչակաւոր համալսարանը, ուր կը հետեւի քաղաքական գիտութիւններու եւ գրականութեան դասընթացքներու, խորանալով եւրոպական գեղագիտական նուաճումներու ուսումնասիրութեան մէջ եւ կրելով մասնաւորաբար այդ օրերու փայլուն գրական աստղերունՙ Էմիլ Վերհարնի եւ Մորիս Մեթերլինկի բարերար ազդեցութիւնները, որոնցմով ան առաջին անգամ ըլլալով արեւմտահայ բանաստեղծութեան կը բերէ ընկերվարական արձագանգներ եւ կը մտցնէ նաեւՙ քաղաքներու նոր ըմբռնումներն ու խմորումները: «Բանուորուհին», «Սպասում», «Մեռնող բանուոր», «Մայիս մէկ» եւ այլ քերթուածներ կ"ընդլայնեն մեր քերթողութեան նեղ շրջագիծը դէպի եւրոպական եւ համամարդկային հնչականութիւն:

Այսօր ամէն հայ, որ կ"այցելէ Կանտի համալսարանը, յուզումով եւ հպարտութեամբ կը դիտէ Վարուժանի դիմաքանդակը, զետեղուած մեծ գրադարանի մուտքին եւ կը կարդայ անոր քանդակուած պատգամը.

«Ի՜նչ փոյթ կեանքը մեռնող,

Երբոր Երազը կ՛ապրի,

Երբոր Երազն անմահ է:»

1909-ին ան կը վերադառնայ Սեբաստիա, ուր Արամեան վարժարնին մէջ երկու տարի կը պաշտօնավարէ որպէս ուսուցիչ: Հոն է որ կը սկսի յղանալ եւ մեծ մասամբ իրագործել իր նրբակերտ եւ մարգարտաշար «Հացին երգը» շարքին քերթուածները, պատկերելով հայ գիւղին եւ մշակներուն ոգեղինացած իտէալական աշխարհը, անոր անաւարտ վիճակով իսկ նոր էջ բանալով իր եւ հայ քերթողութեան անդաստանէն ներս , ուրկիցՙ

Հովե՜ր կ"անցնին-

Ու ցորեաններս յուշիկ, յուշիկ

կ"արթննան.

Իրենց խորքէն կը հոսի դող մը

անսահման:

Գեղադալար կողերն

ի վար բլուրին

Ծովեր կ՛անցնին:»

Թող ոչ ոք առարկէ, թէ Վարուժանի գիւղը հեռու էր հայ գիւղի իրական պատկերէն: Մեր բոլորէն աւելի ան գիտակից էր ողբերգական անոր վիճակին, հոն ապրած ու զայն տեսած ըլլալուն: Վարուժանի երազանքն էր հայ գիւղը ունենալ Եւրոպայի մէջ իր տեսած գիւղերու նման, խաղաղ, արարչական աշխատանքով եռուն, արեւավառ հանգրուան մը որպէս, ուր մշակը որպէս ազատ ու ներդաշնակ մարդ ապրէր արժանապատուութեամբ եւ բարիք ստեղծէր:

Որպէս ուսուցիչ կը պաշտօնավարէ Թոքատի Ճեմարանին մէջ, մինչեւ որ, յաջորդ տարին, կը հրաւիրուի Պոլիս, որպէս տեսուչ Բերայի ազգային վարժարանին, ուր կը մնայ մինչեւ 1915, իր ձերբակալման գիշերը:

Մինչ այդՙ Վարուժան կը հրատարակէ իր երկու անմահ գլուխ գործոց երկերըՙ «Ցեղին սիրտը», 1909-ին եւ «Հեթանոս երգեր»ը, 1914-ին, որոնք ամբողջութեամբ կը յեղաշրջեն մեր քերթողական արուեստը իրենց հզօր կառոյցով եւ նոր, նկարչագեղ գեղապաշտութեամբ: Այսինքնՙ բիւրեղեայ լեզուով: «Ցեղին սիրտը» իսկապէս որ համատարած արտայայտութիւնն է հայոց դժնդակ իրավիճակին, տառապանքին, ոգորումներուն եւ իտէալին: Առանց լաց ու կոծի, ասպետական իր ոգիով հպարտ ու վեհանձն, Վարուժան վերակերտած է հայ հոգիին ամենացայտուն եւ նուաճուած տեսլականը, որ կը հասնի իր լրումին, յաջորդ հատորինՙ «Հեթանոս երգեր»ուն մէջ: Հոն կը տողանցեն մեր հեթանոսական շրջանի աստուածութիւններըՙ Անահիտը ոսկեմայր, Վահագնը դիւցազնաշունչ, Աստղիկը գեղածին, Վանատուրը բերքառատ, որոնց քերթողը կը դիմէ վերածնունդի ակնկալութեամբ, քաջութեան, ուժի եւ գեղեցկութեան որպէս մարմնացում: :

Տակաւին շատ երկար կարելի է խօսիլ եւ գրել Վարուժանի բերած բազմապիսի արժանիքներուն եւ նորութիւններուն մասին, բայց հարկ է նաեւ անդրադառնալ մեր միւս լուսապսակ նահատակ բանաստեղծինՙ Սիամանթոյի ալ: Դպոցական մեր գրասեղաններէն սկսած, Վարուժան եւ Սիամանթօ կարծէք անբաժանելի երկուորեակներ ըլլային, մինչ իրենց մեծութիւնը կը կայանար ոգեկանի նոյնութեան հետ նաեւՙ ձեւականին զգալի տարբերութեան մէջ:

Սիամանթոն ալ հանդիսացաւ մեր ազգային ողբերգութեան, կոտորածներուն, վշտին ու կոծին ամբողջական երգիչը: Եթէ պահ մը ջնջենք իր քերթուածներու թուականները, եւ մոռնանք իր ողջակիզման պարագան ալ, կրնանք անվերապահօրէն զինք հռչակել որպէս մեր Մեծ եղեռնի վաւերական վիպերգողըՙ տանթէական փոթորկումով ընկալուած եւ Նարեկացիի շունչով ճենճերուած: Ան, կողմնակի կարծուած սպանդներուն ետին իսկ նախատեսած էր ահաւոր ուրուականը, որ պիտի պայթէր մեր ազգի գլխուն, իր խողխողումէն սկսելով: Ան, Կիլիկեան ջարդերէն յետոյ չի հաւատաց երիտթուրքերու «ազատութեան եւ հաւասարութեան» ստապատիր բեմադրութեան, եւ զգօնութեան, պայքարի մարտնչող շեփորահարը եղաւ:

Արդարեւ Սիամամթոյի քերթողութիւնը եկաւ հսկայական հեղեղումի մը անկասելի յորձանապտոյտներով, իր ահեղացունց բառերու եւ պատկերներու շարաչիւնով մրրկեց հայոց ընդարմացած հոգիները, ոչ թէ լաց ու կոծի հրաւէրով, այլ ընդվզումի եւ վրէժի շիկացումով եւ պայքարի ելլելու կոչով: Ճիշդ է, հռետորականութիւնը իր կարեւոր զէնքերէն մին հանդիսացաւ, բայց մահու-կենաց կռիւի ելած մարտիկին համար ընտրութեան նրբութիւնները տեղ չունէին այլեւս: Սիամանթոյի հռետորականութիւնը արդիւնք էր իր վառ երեւակայութեան, որ կը սաւառնէր իր ամբողջ քերթողութեան համակարգին վրայ եւ անոնց կու տար կշռոյթ ու շնչառութիւնՙ ցնցող պատկերներու շռայլութեամբ:

1896-ի ջարդերու հետեւանքով, ան հարկադրուած կը փախչի դէպի Եգիպտոս եւ ապա տարի մը վերջ կ՛անցնի Ժընեւ, ուր պահ մը կը հետեւի համալսարանի ծաղկաբուծութեան դասընթացներուն: Դժգոհՙ վերջապէս կ"անցնի Փարիզ եւ երեք տարի կը յաճախէ հռչակաւոր Սորպոն համալսարանի բանասիրական բաժանմունքը, ուր կը ծանօթանայ եւրոպական արդի գրական հոսանքներուն եւ դէմքերուն:

Սիամանթո երկնեց իր քերթողագիրքերը հետզհետէ լոյս աշխարհ ընծայելովՙ 1902-ին «Դիւցազնօրէն»ը, 1909-ինՙ «Հայրենի հրաւէր»ը: 1910-ին, երբ արդէն Ամերիկա հասած էր մաս կազմելու համար «Հայրենիք» ամսագրի խմբագրութեան, Պոսթոնի մէջ լոյս կ"ընծայէր իր «Ամբողջական գործ» խորագիրով ժողովածուն: «Հոգեվարքի եւ յոյսի ջահեր»ը, «Կարմիր լուրեր բարեկամէս»ը եւ «Հայրենի հրաւէր»ներու շարքը լրիւ յատկացուած են կոտորածներու եւ անոնց հետեւանք աքսորի, պանդխտութեան եւ կարօտի ապրումներուն, սքանչելի ուժականութեամբ նկարագրուած:

«Գիւտին փառքը» պոէմը տարբեր որակի եւ գոյնի ստեղծագործութիւն է, ուր Ս.Մեսրոպի պանծալի անձնաւորութիւնն ու գիրերու գիւտը կը փառաբանուին դարձեալ հեղեղանման եւ շլացուցիչ բառակերտումներով եւ փոխաբերական շքեղ պատկերներով, որոնց նմանը չէր տեսնուած Նարեկի ծննդոցէն ի վեր:

«Մեսրո՛պ, Հայ դարերու դիմաց կեցող ադամանդե՛այ ապառաժ...» պիտի գոչէր ան հայ գիրերու ստեղծման 1500 ամեակի հանդիսութեան մեծ փայլ տալով, այնքան հզօր եւ վարակիչ իր պատկերներով, որոնցմով Վարուժան հմայուած, փոխ առնելով Վիրգիլիոսի տողերը, պիտի գոչէր. «Պատիւ ըրէք վսեմական քերթողին»:

Այս ալ գրական եղբայրակցութեան հրաշալի երեւոյթ մը:

Բանաստեղծութեան մարզին չափ մեծ է նաեւ մեր կորուստը արձակ գրականութեան: Հոն ալ ունէինք գրական տիտաններ յանձինս անկրկնելի եւ խորաթափանց Գրիգոր Զոհրապին, լուռ ու համեստ բայց ներհուն Երուխան-Երուանդ Սրմաքեշխանլեանին, նրբաճաշակ եւ բծախնդիր Արտաշէս Յարութիւնեանին, Ռուբէն Զարդարեանին, Թլկատինցիին, Հրանդ-Մելքոն Կիւրճեանին եւ Մշոյ Գեղամ Տէր Կարապետեանին: Իսկ տակաւին հասունացումի չհասած, բայց արդէն իրենց տաղանդին նախանշոյլները տուած Գեղամ Բարսեղեանին ու Տիգրան Չէօկիւրեանին, որոնք անպայման կու գան յաւելելու նահատակ արձակագիրներու ընտրանիին ցանկը: Յոյժ փափաքելի պիտի ըլլար լայնօրէն անդրադառնալ նաեւ այս բոլոր արժանաւորներու կեանքին եւ վաստակին ալ: Բայց ծաւալի սղութեան պատճառով կը հարկադրուիմ ներկայացնել միայն երկու վիպական ներկայացուցիչներ, հակիրճ հպումներով, իրենց նոր ուղիներ բացած ըլլալնուն համար:

Անոնցմէ, վիպագիր եւ նորավիպագիր Գրիգոր Զոհրապին անունն ու կերպարը կը մնայ մեր արդի գրականութեան լուսաւոր դէմքերէն մէկը իր վիթխարի եւ մնայուն վաստակով:

Փայլուն իմացականութեան տէր, զօրաւոր անհատականութիւն եւ հիանալի ճարտասան, ան նաեւ կանուխէն կը ներգրաւուի գրականութեան սէրով, իր առաջին փորձերը կը կատարէ բանաստեղծութեամբ: Սակայն իր իսկական տաղանդը շուտով կը դրսեւորուի պատմուածքի, իր բառերովՙ նորավէպի սեռին մէջ, դառնալով այդ սեռին անգերազանցելի վարպետն ու յառաջապահը, թէեւ իր առաջին վէպն ալ ՙ «Անհետացած սերունդ մը», կարեւոր նորութիւն մը կը բերէ մեր արձակէն ներս իր իրապաշտ ներդրումով: Այս մարզերուն մէջ իր նուաճումները կը հանդիսանանՙ տեսնելու, պեղելու, վերլուծելու բացառիկ կարուղութիւն եւ պատմելու հիւթեղ ոճ ու լեզու, յաճախ հեգնանքի եւ զուարթախոհութեան նպաստով աշխուժացած, իսկ անհրաժեշտութեան պարագային ալ խիստ ու կծուՙ իր քննադատական նշդրակը գործածելով, ան տուած է ժամանակաշրջանի մըՙ 19-րդ դարի կէսերու հայկական Պոլիսին ամբողջական եւ կենդանի կենսապատկերը, անոր լրիւ ընկերային կերտուածքով, իր «ազնուական վսեմաշուքներուն» կեղծիքով եւ անկումով, գիւղերէն բերուած խեղճ սպասուհիներու տիպարային ողբերգութեամբ, պարզունակ միամտութեամբ եւ լեզուական հիւթեղ յատկանիշներով: Զոհրապին մեծագոյն նուաճումը սակայն կ"ըլլայ կանացի բազմադէմ եւ բարդ ներաշխարհներուն ներթափանցումը, գունագեղ եւ ճշգրիտ նկարագիրներու հոյակերտումով:

Զոհրապի իրապաշտութիւնը հիմնովին կը տարբերի Արփիարեանի մը կամ Փաշալեանի մը նախանպատակադրուած եւ բռնադատեալ յղացումներէն անդին անցնող, նրբօրէն թելադրական իր ձեւակերպումներով: Այսպէս, իր նորավէպերը, միշտ սուր դիտողականութեամբ, նրբութեամբ, հիւմուրով պարուրուած, անպայման խիտ ու սեղմ ոճով կոճկուած, պատմելու հիւթեղ եւ ճշգրիտ իր լեզուով քանդակած են ամբողջ աշխարհի մըՙ Պոլսոյ հայութեան ժամանակաշրշանի հոգեկերտուածքն ու դիմագիծը:

Զոհրապի բազմատեսակ սիրային պատմութիւնները դիտուած են միշտ տարբեր տեսանկիւններէ եւ մատուցուած այլազան եւ տարօրինակ բայց յատկանշական յայտնաբերումներով, ուր կը բացայայտուին կանացի բարդ հոգեխառնութիւններՙ միշտ գունագեղ նկարագիրներու տիրապետուած վրձինումով:Այսպիսի այլատեսակ սէրերու արտայայտութիններ են «Ռեհանը», «Անդրշիրիմեան սէր», «Մամայիդ բարեւ ըրէ» եւ այլ բազում պամուածքներ:

Զոհրապի տիտանական եւ շքեղ հասակին քով, թէեւ բաւական անշուք կը մնան Երուխանի անձն ու գրական կերպարը: Եթէ Զոհրապ լուսաշող Բերայի տիպական ծնունդն է, Երուխան ընդհակառակըՙ արգասիքն է, Պոլսոյ ամենէն անշուք թաղամասին, ձկնորսներու Խասգիւղին, ուր ծնած է 1870 թիւի յուլիս ամսուն: Իր անձնաւորութեան պէս իր վաստակն ալ համեստ է, առանց շռայլանքի, բայց տոկունՙ իր ընդգրկած Խասգիւղ աշխարհին պէսՙ հարազատ եւ տիպական:

Երուխան երկու երեսներով կը հարստացնէ մեր գրական անդաստանը: Նախ, վարպետութեամբ գործածելով իր գիւղին «ատաղձ»ը, կարճ պատմուածքներով կը կենդանագրէ գիւղին համեստ բայց տիպական մարդոց, ընդհարապէս ձկնորս կամ ձուկ վաճառողներու քանդակները իրենց կենցաղով, բարքերով, բարբառով եւ կեանքի տաժանակիր կռիւով: Խայտաբղէտ դիպուածներով եւ կեցուածքներով եւ մանաւանդ իրապաշտ տեղական գոյնի նուաճումով համեմուած: Ամբողջ նոր եւ անտեսուած դասակարգ մըն է, որ կը մտնէ մեր գիրի անդաստանէն ներս, խոնարհներու ուրոյն, պարկեշտ, վեհանձն աշխարհըՙ իր առօրեայ թշուառութեամբ:

Երկրորդ ներդրումը կը հանդիսանայ հոյակապ վէպի մը ծնունդը զոր նախապէս գրեր էր Վառնա քաղաքի իր պանդխտութեան օրերուն, համեստ սրճարանի մը անկիւնը, կիսաքաղց վիճակի մէջ եւ զոր անուաներ էր «Մերժուած սէր» մելոտրամաթիք խորագիրով, բայց եւ ապա Պոլիս վերադարձին վերամշակելով հրատարկած էր «Ամիրային աղջիկը» տիտղոսագիրով:

Սիրոյ, ամուսնութեան, խարդաւանքի եւ յուասխաբութեան վրայ խարսխուած պատմութիւն մը որպէս հիմք ունենալով, Երուխան կը յաջողէր վերակենդանացնել երկու դասակարգերուն ալ տիպական կերպարները, մթնոլորտն ու հոգեբանութիւնները վարպետօրէն վրձինելով կու տար արեւմտահայ գրականութեան առաջին յաջողած վէպը:

Եզրակացնելով, Ոճիրը իր ահաւոր կազմակերպութեամբ իսկ չկրցաւ անճիտել արեւմտահայ շքեղ մեր գրականութիւնը, շնորհիւ նախճիրէն հրաշքով ազատած կամ պարագաներու բերումով Թուրքիայէն դուրս գտնուած, նոյն համաստեղութեան բախտաւորներուն, որոնք կը կոչուէին Թէքէեան, Յակոբ Օշական, Չօպանեան, Զապէլ Եսայեան, Լեւոն Շանթ եւ Կոստան Զարեան: Անոնք իրենց ներկայութեամբ, հմայքով եւ նոր ներդրումներով ներշնչարանը հանդիսացան նոր սերունդի նոր գրողներու կազմաւորման, որոնք հակառակ սփիւռքեան աննպաստ պայմաններուն ստեղծեցին փայլուն գրականութիւն մը, հայրենի արժանավայել գրականութեան կողքին: Անոնցմէ կը բաւականանամ միայն յիշելով անուները Շահան Շահնուրին, Վազգէն Շուշանեանին, Նիկողոս Սարաֆեանին, Համաստեղին, Արամ Հայկազին եւ Զարեհ Որբունիին որպէս փայլուն ներկայացուցիչները սփիւռքեան սերունդին:

Յարգանք բոլոր նահատակ գրողներուն եւ հանգիստՙ իրենց անթաղ աճիւններուն: Հայ ժողովուրդն ու իր գրականութիւնը կան ու պիտի մնան առյաւէ՛տ:

(կրճատումներով)

Նկար 1. Դանիել Վարուժան

Նկար 2. Սիամանթո

Նկար 3. Գրիգոր Զոհրաբ

Նկար 4. Երուխան

 
 

ԱԶԳ ՕՐԱԹԵՐԹ - ՄՇԱԿՈՒՅԹ #15, 24-04-2015

Հայկական էկեկտրոնային գրքերի և աուդիոգրքերի ամենամեծ թվային գրադարան

ԱԶԳ-Ը ԱՌԱՋԱՐԿՈՒՄ Է ԳՐԱՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

ԱԶԴԱԳԻՐ

ՄԵԿ ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ