ԹՄՄ «ՄՀԵՐ ՄԿՐՏՉԵԱՆ» ԹԱՏԵՐԱԽՈՒՄԲԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ ԻՐԵՆՑ ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐՈՒԹԻՒՆԸ ԱՐՏԱՅԱՅՏԵՑԻՆ «ՈՏՔԻ՛, ԴԱՏԱՐԱՆՆ Է» ՆԵՐԿԱՅԱՑՄԱՄԲ ՊԱՅԾԻԿ ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ «Սպաննած եմ մարդ մը, բայց մարդասպան չեմ» Սողոմոն Թեհլիրեան Հայ իրականութեան մէջ յաճախ ապացուցած ենք, թէ թատերական աշխարհը միշտ ալ մեծ տեղ գրաւած է հայ ժողովուրդի մշակութային կեանքին մէջ: Հայոց պատմութիւնը կը յուշէ, որ նոյնիսկ նախնադարուն հայկական բոլոր մեծ քաղաքներուն մէջ գոյութիւն ունեցած են ամփիթատրոններ, ուր կը բեմադրուէին անտիկ հեղինակներու ստեղծագործութիւններ: 16 Ապրիլի երեկոյեան, Երեւանի Յակոբ Պարոնեանի անուան Կոմետիայի թատրոնին մէջ կայացաւ Պերճ Զէյթունցեանի «Ոտքի՛, դատարանն Է» թատրերգութեան բեմականացումը, որ կը վայելէր ՀՀ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի հովանաւորութիւնը: Իրենց ներկայութեամբ բեմադրութիւնը պատուած էին ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Հակոբյանը, թատերախաղին հեղինակ Պերճ Զեյթունցեանը, ԵՊՄՀ ռեկտոր, Հայաստանի Թէքէեան մշակութային միութեան նախագահ Ռուբեն Միրզախանյանը, պաշտօնատար այլ անձինք, մտաւորականներ, արուեստագէտներ եւ հայ արուեստը գնահատող հասարակութիւն: ԹՄՄ «Մհեր Մկրտչեան» թատերախումբը իր երեք ելոյթները իրագործեց Մայր հայրենիքի մէջ մասնաւոր հրաւէրովը Հայաստանի Թէքէեան մշակութային միութեան: Արձանագրենք նաեւ, որ եօթ տարիներ առաջ դարձեալ թատերախումբը ունեցաւ իր հիւրախաղերը ՀԹՄՄ-ի նախաձեռնութեամբ: Առաջին ներկայացումը տեղի ունեցաւ Ապրիլ 13ին, Երեւանի Խաչատուր Աբովեանի անուան Մանկավարժական պետական համալսարանի հանդիսասրահին մէջ, երկրորդըՙ Ապրիլ 14ին, Գիւմրիի Վարդան Աճեմեանի անուան Պետական Դրամատիկական թատրոնի մէջ, հանդիսատեսներով լեցուն սրահներուն մէջ: Սփիւռքի տարածքին իւրայատուկ երեւոյթ է Նիւ Եորքի ԹՄՄ «Մհեր Մկրտչեան» թատերախումբը, որ իր հիմնադրութենէնՙ 1977-էն Նիւ Եորք (հիմնադիր բեմադրիչ ունենալով Ֆրունզիկի այրինՙ Թամարա Յովհաննէսեանը) մինչեւ այսօր (Թատրոնի գեղարուեստական ղեկավար Ժիրայր Բաբազեան), Սփիւռքի տարածքին յաջողած է ներկայացնել 20 ներկայացում: Սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ իրենց դրոշմը անջնջելիօրէն ձգող թատրոնի գեղարուեստական ղեկավարներՙ Վարդան Յովհաննէսեանի, Պերճ Ֆազլեանի, Գրիգոր Սաթամեանի, Յովիկ Պապախանեանի եւ Գագիկ Կարապետեանի շունչով թրծուած այս թատերական խումբի անդամներուն առջեւ, ամէն անգամ որ հայ թատրոնի վարագոյրը սկսաւ բացուիլ, անոնք մեծ յաջողութեամբ հայ հանդիսատեսին ներկայացուցին ծրագրային նոր արժէք մը, հիմնաւորուած նոր մեթոտաբանութեամբ, երբեք չհեռանալով ազգային թատրոնի առանձնատիպութիւններէն: Անոնք ժամանակին հետ քայլ պահելով ստեղծեցին գեղարուեստական հաստատումներուն համահունչ թատրոն մը, ուր աւանդականն ու նորարականը միահիւսուելով, հայ թատերական իրականութեան մէջ արձանագրեցին նորանոր յաջողութիւններ: Հակառակ այն իրողութեան, որ թատերախումբի անդամները մասնագիտութեամբ արհեստավարժ դերասաններ չեն, սակայն անոնց ոգի ի բռին նուիրուածութիւնը հանդէպ ԹՄՄ-ի եւ Հայ թատրոնի, ինչպէս նաեւ իրենց ստանձնած դերի կարեւորութեան գիտակցումը, արդարացիօրէն արժանացաւ հանդիսատեսներու գնահատանքին: Իւրայատուկ գնահատանքի արժանի գտնուեցաւ մասնաւորաբար Յարութ Պարսումեանը, որ իրեն վայել կերպով մարմնաւորեց Սողոմոնի դերը: Ինչպէս նաեւ Գառնիկ Ներսէսեանը, որ իր երկարամեայ թատերական փորձառութեամբ ստանձնեց Թալէաթի դերը: Յարութ Չաթմաճեան, որ միաժամանակ ԹՄՄ թատերական յանձնախումբի ատենապետն է, յաջողապէս մարմնաւորեց Տոքթ. Լեհնբըրկի (դատարանի նախագահ) դերը: Իսկ Միսաք Պօղոսեանըՙ որպէս գլխ. պաշտպան փաստաբան, Յակոբ Վարդիվառեանըՙ Տոքթ. Լեփսիուս, Շմաւոն Ադամեանըՙ նահանգային դատախազ, Արմենակ Գուրուշեանըՙ Հենրի Մորկընթաու եւ Ֆայէզ Էլ Հուսէյն, Թալին Գարակիւլլէյեանըՙ Թալէաթի կին եւ Երանուհի Դանիէլեան, Ռոյ Պահեանըՙ Տոքթ Մարթին Նիփակ եւ Հասան Ֆեհմի, 92-ամեայ Վանի ծնունդ Յովհաննէս Գարթալեանըՙ Տոքթ. Նազիմ Պէյի դերով արժանացան հանդիսատեսներու գնահատանքին: Որքա՜ն տպաւորիչ թուաց բեմական երեւոյթը «հոգիներուն»ՙ Արփի Չանքարի, Թալին Պահեանի եւ Դալար Զօքեանի, որոնք խոր ապրումներով արձագանգը կը հանդիսանային Սողոմոնի ներքին աշխարհին: Իսկ Էլիզապէթ Աքեանը, որպէս տիկին Տիթման եւ Սողոմոնի մայր, զգացական խոր ապրումներով հանդէս եկաւ հայ հանդիսատեսին դիմաց: ԹՄՄ-ի «Մհեր Մկրտչեան» թատերախումբը երկրորդ անգամ ըլլալով կը բարձրանայ հայրենի բեմահարթակ ու կ՛արժանանայ հայրենի հանդիսատեսին գնահատանքին: Արդարեւ, այս անգամ եւս Պարոնեանի անուան թատերասրահը կը խայտար հոծ բազմութեամբ, հայրենի եւ սփիւռքահայ այն հանդիսատեսներով, որոնք եկած էին մասնակից դառնալու պատուախնդիր «Նեմեսիս»ինՙ Սողոմոն Թեհլիրեանի դատաւարութեան: Անոնք եկած էին անգամ մը եւս հպարտանալու հայ վրիժառուին սխրագործութեամբ ու արդարօրէն անպարտ կացութեամբ: Հանդիսատեստները, որոնք նոյնիսկ դահլիճի աստիճաններուն վրայ գրաւած էին իրենց տեղերը, ոտքի՛ ու ծափողջոյններով ողջունեցին դատարանի արդար որոշումը: Ներկայացումը աւարտեցաւ ակնդիրներու բուռն ծափահարութիւններու ներքոյ, յուզախառն ու մարտական տրամադրութեամբ: Թատերական ներկայացման, ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Հակոբեանի ողջոյնի խօսքն ու գնահատագիրը ներկայացուց նախարարի տեղակալՙ Սերժ Սրապիոնյանը: Նախարարը իր խօսքին ընդմէջէն յատկապէս ընդգծեց «Մեզ համար այս դժուարին փորձութեան օրերուն, երբ թշնամին կրկին անգամ կը փորձէ խախտել մեր անդորրը, այս թատրերգութեան ներկայացումը նոր խորհուրդ մը կը մատուցէ մեզ: Այն անգամ մը եւս կ՛ապացուցէ, որ անսասան է հայու ոգին, արդարամիտ, ընդվզող եւ իր իրաւունքներու պաշտպանութեանը նախանձախնդիր: Շնորհակալութիւն թատրերգութեան հեղինակին` մեր կենդանի դասական Պերճ Զեյթունցեանին, բեմականացման գեղարուեստական ղեկավարին` Ժիրայր Բաբազեանին, թատերախումբի ամբողջ կազմին` այս հրաշալի ներկայացման համար»: Այնուհետեւ ՀՀ Սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնյան ընթերցելէ ետք ՀՀ Սփիւռքի նախարարի հրամանը, Նիւ Եորքի «Մհեր Մկրտչեան» թատերախումբը նախարարութեան շնորհակալագրով պարգեւատրելու մասին, ԹՄՄ Նիւ Եորք-Նիւ Ճըրզի երկարամեայ ատենապետին ու ղեկավարինՙ Յակոբ Վարդիվառեանին յանձնեց շնորհակալագիրը: Ան իր կարգին, սրտի խօսքը փոխանցելով թատերախումբի անդամներուն յայտնեց, թէ «Միայն կարելի է խոնարհիլ ձեր առջեւ, միայն կարելի է խոնարհիլ ձեր հսկայական աշխատանքին դիմաց»: Արդարեւ, ԹՄՄ-ի Մհեր Մկրտչեան թատերախումբին «Ոտքի՛, դատարանն է» գլուխգործոցի բեմականացումը հանդիսացաւ ներկայի ազգային մարտահրաւէրներով լեցուն ժամանակի անդրադարձը թէ՛ գեղարուեստական, թէ՛ ազգային-գաղափարական-քաղաքական առնչութիւններով: Ու ասիկա ներկայ պատմաշրջանի պահանջն է: Յետ հանդիսութեան ճեպազրոյցի ընթացքին հանդիսատեսներու կողմէ արտայայտուած միտքեր: Պերճ Զէյթունցեան . «Այստեղ ու Սնդուկեանի թատրոնի մէջ, 27 տարիներէ ի վեր կը բեմադրուի այս պիեսը: Բացի «Անոյշ»էնՙ այսքան երկար ներկայացում չէ եղած այս թատերասրահներուն մէջ: Շատ ուրախ եմ, որ Գիւմրիի մէջ ալ յաջող ելոյթներ ունեցաւ ԹՄՄ Մկրտչեան թատերախումբը: Այս դերասաններուն կատարած գործը Նիւ Եորքի խոր անկիւններուն մէջՙ իսկական հերոսութիւն է: Արեւմտահայերէնը գեղեցկօրէն կը հնչէր անոնց շրթներէն: Ապրի՛ն այս տղաքը»: Ռուբիկ Մաթեւոսեան . «Ինձ համար յայտնութիւն չէ Պերճ Զէյթուցեանի «Ոտքի՛, դատարանն է գալիս» բեմադրութիւնը: Մենք շատ ենք ըմբոշխնել, յատկապէս Մայր թատրոնի բեմադրութիւնը: Ուրախալի է, որ Նիւ Եորքում, այսքան հեռու, ոչ թէ հոգով, այլ մղոններով, այս դերասանները մնում են հոգով ամուր եւ ամէն վայրկեան ուզում են յիշեցնել այնՙ թէ ինչ եղել է անցեալ դարասկիզբին: Այսօր մենք հպարտութեամբ կը ներկայացնենք ոչ թէ երեւոյթը, այլ մեր հերոսութիւնը: Որովհետեւ այն ինչ արեց Սողոմոն Թեհլիրեանը, դժուար թէ համարուի մարդասպանութիւն: Դա պարզապէս արեց նրա համար, որպէսզի ամբողջ աշխարհը եւս մէկ անգամ դատի այլանդակ երեւոյթը թուրքին, իր հայաջինջ ծրագրով»: Նորա Արմանի . «Հայ իրականութեան մէջ թատերգութիւն մը ներկայացնելը ընդհանրապէս դժուար գործ է, մանաւանդ այս թեմայով, ա՛յս օրերուն ներկայացնելը շատ աւելի դժուար: Կարելի է միայն ծափահարել այս նախաձեռնութեան եւ խաղարկման: Որպէս բովանդակութիւն, այս կտորը յատկապէս շատ կարեւոր հանգրուան մըն է մեր ժամանակակից պատմութեան մէջ, որ այսպիսի որակումով մարդասպան մը ազատ կ՛արձակուի բոլորին հասկնալի պատճառներով»: Յակոբ Միքայէլեան . «Թէեւ շատ լսած էի այս խումբին մասին, սակայն ուրախ եմ, որ այսօր առիթը ունեցայ ըմբոշխնելու յատկապէս անուանի բեմադրիչ Ժերար Բաբազեանի բեմադրութեամբ: Լուրջ աշխատանք տարուած է յատկապէս դերակատարներու կողմէ: Պերճ Զէյթունցեանին բոլոր գործերը մեր թատերական գրականութեան մէջ իւրայատուկ են: Թէ՛ իր վէպերը եւ թէ իր մշակած գրականութեան թեմաները բացառիկ են: Անոնք բեմադրիչին կրնան տալ ահագին տուեալներՙ բեմադրելու համար լաւագոյն ձեւերով»: |