ՄԵՐ ԲԱՐԲԱՌՆԵՐԸ Կ՛ԱՊՐԻՆ Յակոբ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ Ի՞նչ են բարբառները, ինչո՞ւ համար միեւնոյն երկրի տարբեր շրջաններուն մէջ, միեւնոյն ժողովուրդէն սեռած մարդիկ, իրարմէ տարբեր խօսակցական լեզու կ՛օգտագործեն, երբեմն այնքան տարբեր, որ հասկնալը դժուար կ՛ըլլայ: Ինչպէ՞ս կը յառաջանան այս տարբերութիւնները եւ ինչո՞ւ: Երեւի այս հարցերուն պատասխանները կրնան տալ միայն բարբառագէտները, լեզուաբանները: «Բարբառը լեզուի տարածքային տարբերակն է, համաժողովրդական լեզուի ճիւղաւորում... բարբառը գրական լեզուի եւ այլ բարբառների հետ ունենում է ակնյայտ ընդհանրութիւններ...», կ՛ըսէ համացանցը: Այսօր, որ արդէն տասնամեակներէ ի վեր նոր աշխարհաբարն է իշխողը, մեր բարբառները հնամաշ հագուստներու նման թափելո՞ւ ենք, թէ՞ ազգային տարազներու նման պահպանելու ենք, որպէս պատմութիւն եւ մշակոյթ. ինչո՞ւ մեզի հետ քաշքշենք ու տանինք այս «անկարեւոր բեռը», ի՞նչ օգուտ... Թէ՞ ազգային գիտակցութիւնը այլ բան կ՛ըսէ: Օգուտի-վնասի հարց չկայ, պարզապէս եկած է հինէն, ուղեկցած է սերունդներուն եւ կը շարունակէ ապրիլ, թէեւ ոչ լիարժէք, սակայն դեռ կ՛ապրի: Իմ զէյթունցի ծնողքս Զէյթունէն եկան իրենց հետ բերելով իրենց առօրեայ խօսակցական լեզուն, ոչ որպէս աւանդ կամ ժառանգ, այլ որպէս իրենց ամէնօրեայ կենցաղին մէկ մասնիկը: Ծնողքիս Զէյթունի բարբառը երկար ապրեցաւ, անոնք այդ բարբառով կը դիմէին մեծ քոյրերուս, որոնք Հալէպի հայկական վարժարանին մէջ արդէն արեւմտահայերէնով կը դաստիարակուէին: Երբ Զէյթուն վերադառնալու յոյսերը մարեցան, հայրս ու մայրս ակամայ կամաց-կամաց արեւմտահայերէնի դարձուցին իրենց լեզուն, սկիզբը խառն բարբառով, ապա չորս քոյրերէս ետք, ինծի հետՙ լրիւ արեւմտահայերէն, պահելով հանդերձ Զէյթունէն ժառանգուած որոշ բառեր, առածներ, ասացուածքներ եւ թեւաւոր խօսքեր: Երկար ատեն Հալէպի մէջ կարգ մը տարեցներ դեռ կը շարունակէին իրենց բարբառները օգտագործել, ինչպէս նաեւ ատենը անգամ մը մշակութային կամ հայրենակցական միութիւններ յատուկ տոհմական օրեր կազմակերպելով կը փորձէին վերակենդանացնել զանոնք, կամ գոնէ վերյիշեցնել ու նոր սերունդին ցուցադրել, թէ իրենց նախահայրերը ինչ բարբառ կ՛օգտագործէին: Յաճախ մրցումներ ալ կը կազմակերպէին բարբառները հատուկենտ իւրացուցած անձերու միջեւ: Անշուշտ այս բոլորը յուսահատ ճիգեր էին հինին հետ կապը չկտրելու համար, սակայն, այդուհանդերձ, օգտակար եղան բարբառներու մայրամուտը քիչ մը դանդաղեցնելու: Հայաստանի մէջ ա՛յլ է պատկերը: Նիւթիս առիթ ընծայողը եղաւ Թումանեան թանգարանի կազմակերպած «Հեքիաթասացութեան եւ բարբառի ամէնամեայ 8-րդ փառատօն-մրցոյթը», նուիրուած Հայաստանի անկախացման 25-րդ տարեդարձին, ուր Հայաստանի զանազան շրջաններու բարբառներով հեքիաթներ մատուցուեցան հանրութեան: Հետաքրքրականը միայն այդ բարբառները լսելը չէր, այլ զանոնք նոյնիսկ 8-10 տարեկան մանուկներու բերնէն կատարեալ բառապաշարով եւ ճշգրիտ առոգանութեամբ ընկալելն էր: Այսպիսի բանի կարելի չէ հանդիպիլ Սփիւռքի մէջ, նոյնիսկ Սուրիոյ, կամ Լիբանանի մէջ. արդէն աւագները մոռնալու վրայ են, մնաց որ երախանե՞րը սորվին: Սակայն, ահաւասիկ Հայաստանի մէջ բարբառները կը պահպանուին ու կը գործածուին զանազան շրջաններու մէջ: Այս տարուան փառատօնին լսուեցան Լոռիի, Շիրակի, Պայազետի, Սասունի, Զէյթունի, Ալավերդիի, Տաւուշի, Խոյի, Ծաղկաւանի, Կարնոյ, Իջեւանի բարբառներով պատմուած հեքիաթներ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ազգային փոքրամասնութիւններու լեզուներով, ինչպէս քրտերէն, եզտիերէն, ասորերէն, վրացերէն: Բարբառագէտ, ազգագրագէտ, պատմութեան, գրականութեան եւ թատրոնի մասնագէտներէ բաղկացած դատական կազմի որոշմամբ, երրորդ օրը յուշանուէրներ յանձնուեցան նախ բոլոր մասնակիցներուն, ապա մրցանակներ իւրայատուկ կատարողութեամբ եւ թատերականացուած հեքիաթասացութեամբ ելոյթ ունեցողներուն: Պատկերացուցէք, գլխաւոր մրցանակին արժանացան անչափահաս տղեկ մը եւ աղջնակ մը: Երեք օրերուն ալ ձեռնարկը ձեռնահասօրէն կը վարէին բեմադրիչ Մարինէ Ասատրեան եւ թանգարանի անձնակազմէն Մայտա Պոշկեզէնեան: Մտքիս մէջ որոշ հարցեր ծագեցան, որոնց պատասխանները ստանալու համար հարկ էր զրուցել թանգարանի «մօր» , անփոխարինելի տնօրէնուհի Նարինէ Թուխիկեանի հետ: Երբ հարց տուի, թէ ինչո՞ւ թանգարանը կը զբաղի բարբառներու հարցով, տիկ. Թուխիկեան ըսաւ, որ Թումանեանը ինքը զբաղած է մեր բարբառներով, շրջած է գիւղերը, ականջ տուած է անոնց խօսակցական լեզուին եւ իր հեքիաթներուն մէջ օգտագործած է զանոնք, ապա աւելցուց, որ երբ բարբառ կ՛ըսենք, նկատի ունենալու ենք, որ իւրաքանչիւր բարբառ ունեցած է իր ճիւղաւորումները, որոնք «խօսուածք» կոչուած են, այսինքն երբ Լոռուայ բարբառ կ՛ըսենք, Լոռիի շրջանի բոլոր քաղաքներն ու գիւղերը միանման խօսուածք չեն ունեցած, այլ իւրաքանչիւրը իր յատուկ խօսակցական լեզուն ունեցած է: Համացանցի աղբիւրը կ՛ըսէ, որ հայերէնը (նկատի առնուած է թէ՛ Արեւմտահայաստանը եւ թէ Արեւելահայաստանը) ունի 60 բարբառ, մինչ տիկ. Թուխիկեան կ՛ըսէՙ 60-էն աւելի են, իսկ խօսուածքներըՙ հարիւրաւոր: Այսպիսի մշակութային հարստութիւն ինչպէ՞ս անտեսել եւ չփորձել ապրեցնել: Երբ հարց տուի, թէ այսպիսի աշխատանքը պաշտօնապէս կը գնահատուի՞, պատասխանը եղաւ դրական. ՀՀ Մշակոյթի նախարարութիւնը նիւթապէս եւ բարոյապէս կ՛աջակցի, իսկ որ աւելի հետաքրքրական է, Փարիզ հաստատուած Թանգարաններու միջազգային կազմակերպութիւնը նորութիւններ փորձարկող աշխարհի հինգ թանգարաններէն մին նկատի առած է Թումանեանի անուան թանգարանը եւ ըստ այնմ մրցանակ շնորհած: Սփիւռքի մէջ եղան անձեր, որոնք գիտնալով արժէքը մեր բարբառներուն, անհատապէս աշխատանք տարին զանոնք կորուստէ փրկելու, տարեց բարբառախօսներու պատմածները ձայնագրելով: Հայաստանի մէջ այս հարցը աւելի լուրջի առնուած, մասնագիտական մօտեցում կ՛ունենայ Ազգագրութեան ինստիտուտի եւ Լեզուի ինստիտուտի կողմէ, որոնք յատուկ ֆոնտերու մէջ կը պահեն մեր բարբառները: Իսկ Թումանեան թանգարանին կատարածը, այդ ժառանգին վերստին կեանք տալն է, անգամ մը եւս զանոնք ժողովրդականացնելն է. մեծ ու շնորհակալ աշխատանք: Երբ կ՛ըսենք Հայաստանն է հայութեան եւ հայկական հոգեմտաւոր արժէքներուն միակ պահապանը, չափազանցած չենք ըլլար: |