ՄՈՎՍԷՍ ՊՉԱՔՃԵԱՆ Նույն ենթախորագրի ներքո Փարիզի «Նոր Յառաջ» թերթը գուժում է ֆրանսահայ երկու դեմքերի մահըՙ Մովսես Պչաքճյանի եւ Շամիրամ Սեւակի: Կրճատումներով ներկայացնում ենք մահագրականները եւ խորին ցավակցություններ հայտնում հանգուցյալների հարազատներին:
Խոր ցաւով տեղեկացանք, թէ մեր սիրելի Մովսէս Պչաքճեան յաւիտենական հրաժեշտ առած է մեզմէ: Քանի մը օրուան մահաքունէ ետք, Հոկտեմբեր 17-ին կնքած է իր մահկանացուն, 76 տարեկանին: Գրող, արձակագիր Մովսէս Պչաքճեան ծնած է 1940-ին, Հալէպ: Նախակրթութիւնը ստացած է Կրթասիրաց վարժարանին մէջ. ապա յաճախած է «Քարէն Եփփէ» ազգային ճեմարանը: Բարձրագոյն ուսումը ստացած է Դամասկոսի Պետական համալսարանին մէջ, հետեւելով անգլերէնի եւ անգլիական գրականութեան ճիւղերուն, ուրկէ ալ վկայուած է: Եօթը տարի պաշտօնավարած է նոյն հաստատութեան մէջ, իբրեւ հայերէնի եւ անգլերէնի ուսուցիչ: 1970-ին փոխադրուած է Պէյրութ, ապա 1976-ին հաստատուած է Փարիզ: Աշխատակցած է սուրիահայ եւ լիբանանահայ մամուլին, յատկապէսՙ Հալէպի «Արեւելք» եւ Պէյրութի «Այգ» օրաթերթերուն, գրելովՙ հրապարակախօսական յօդուածներ եւ գեղարուեստական գործեր: 1970-ական տարիներունՙ աշխատակցած է նաեւ «Բագին» գրական ամսագրին, իսկ Փարիզ հաստատուելէ ետքՙ «Յառաջ»-ին: Թարգմանած է Էրիք Սեկալի «Սիրոյ պատմութիւն» վէպը (1972): 1973-ին հրատարակած է «Անկարելի կարելին» թատրերգութիւնը, 1975-ին` «Բարե՛ւ, Հայաստան» հատորը: Գրած է «Ծիծեռնակները պիտի չսարսափին խրտուիլակներէն» (ԹՄՄիութեան «Հայկաշէն Ուզունեան» մրցանակ), «Լուսաւոր աչքերով օտարականը», «Անցողիկը եւ անժամանցելին» վէպերը: Վերջին շրջանին, Հայաստանի մէջ սկսեր էր տպագրուիլ իր «Երկերու լիակատար ժողովածու»-ն, յաջորդական հատորներով: Մովսէս Պչաքեան, գրական շրջանակէն անդին, փարիզահայ համայնքին ծանօթ դէմք էր, երկար տարիներ իր վարած Փարիզի Սուրբ Յովհաննէս-Մկրտիչ եկեղեցւոյ դիւանապետի պաշտօնին բերմամբ: Որքան ալ յանկերգային ըլլայՙ ճշմարտութիւնը սա՛ է, որ ինչպէս իր նմաններու պարագային, Մովսէսի ալ մեկնումով քիչ մը աւելի կը տժգունի փարիզահայութեան դիմագիծը. մեկնողներուն անոնց տեղերը կը մնան դատարկ: |