ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ՆԱԽԱՐԱՐԻՆ ՀԵՏ ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ ՈՍԿԷ ԾԻՐԱՆ շարժանկարի Հայաստանեան փառատօնի ծիրէն ներս, սուրիական պատուիրակութիւնը, որ ժամանած էր Երեւան, գլխաւորութեամբ Սուրիոյ մշակոյթի նախարար պարոն Իսամ Խալիլի, Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան ճամբով հանդիպում մը ունեցաւ երեւանաբնակ սուրիահայ մշակոյթի գործիչներու հետ, չորեքշաբթի 15 յուլիսի յետմիջօրէին, «Ա. Բաբաջանեան» համերգասրահի մամուլի դահլիճին մէջ: Սուրիան, որ քառամեայ իր պատերազմի ամբողջ տեւողութեան, ի հեճուկս տարատեսակ ծանրագոյն աղէտներուն, կարողացած էր ոչ միայն պահպանել պետական իր բոլոր կառոյցները, այլեւ անոնք շարունակած էին իրենց բնական գործունէութիւնը, եւ այս պարագային շարժանկարի ասպարէզը, որմով վերջին քառասնամեակին Սուրիան դարձած էր Եգիպտոսէն ետք արաբական աշխարհի ամենաորակաւոր ֆիլմեր եւ ֆիլմաշարեր արտադրող եւ արաբական շուկայի պահանջքները գոհացնող երկիրը: Նախարարին կ՛ընկերակցէին Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած Սուրիոյ դեսպան պարոն Մուհամմատ Իսամ Նայյալն ու Սուրիոյ Ֆիլմարուեստի հիմնարկի տնօրէն պարոն Մուհամմատ Ըլ Ահմատը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մշակոյթի փոխնախարար: Մեծարգոյ նախարարը յանուն Սուրիոյ պետութեան ողջունեց ներկաները զիրենք կոչելով «Սուրիոյ դեսպաններ» Հայաստանի մէջ. ապա ներկայացուց Սուրիոյ քաղաքական եւ պատերազմական կացութիւնը ըստ վերջին զարգացումներուն եւ ըսաւ, որ Սուրիան արդէն անցուցած է այս համաշխարհային աննախընթաց պատերազմի դժուարագոյն փուլը ու սուրիական բանակը ամէն օր նոր յաղթանակներ կ՛արձանագրէ: Ըսաւ, թէ չտարուինք ու զոհ չերթանք ապատեղեկութեանց հաւատք ընծայելով: Նախարարը իր խօսքերը համոզիչ դարձնելու համար քանի մը անգամ կրկնեց իր ըսածներուն հարիւր առ հարիւր ճշմարիտ ըլլալը ու եզրակացուց, ըսելով, թէ այսօր այն երկիրները, որոնք պատճառ դարձան այս պատերազմին ու շարունակեցին զինել, մատակարարել ու ֆինանսաւորել ահաբեկչական կազմակերպութիւնները, զգալով իրենց անյաջողութիւնը Սուրիան ընկճելու գործին մէջ, այժմ կը դիմեն Մոսկուային, որպէսզի միջնորդէ եւ կասեցնէ պատերազմը: Խօսք առաւ նաեւ Սուրիոյ դեսպանը, որ բարձր գնահատեց նախ նախարարին անձը, որ նախարարութենէ առաջ արդէն մշակոյթի, արուեստի ու գրականութեամբ զբաղող մտաւորական անձնաւորութիւն մը եղած է, ապաՙ հանդիպման այս առիթը ստեղծլու անոր գեղեցիկ գաղափարը: Դեսպանին խօսքէն ետք, նախարարը խնդրեց, որ ներկաները առանց տատամսելու հարցեր ուղղեն ու ինք պատրաստ է ամենայն անկեղծութեամբ պատասխանելու: Այդպէս ալ եղաւ. տրուած հարցումներուն պատասխանեց մանրամասնօրէն, իրազեկ եւ վստահ մարդու վստահեցնող շեշտով: Հարցումներէն մէկը կ՛ըսէր, թէ Սուրիան երկու տարի առաջ բողոք ներկայացուցած է ՄԱԿ-ին, թալանուած եւ Թուրքիա փոխադրուած Հալէպի գործարաններու արդիական մեքենաներուն կապակցութեամբ. արդեօք մշակութային թալանին կապակցութեամբ ալ այդպիսի բողոք ներկայացուցա՞ծ է: Նախարարը ըսաւ, թէ Սուրիան առաջին իսկ օրէն իր բոլոր մշակութային գանձերը փոխադրած է ապահով վայրեր, այնպէս որ մտահոգուելու կարիք չկայ, եւ աւելցուց, որ մեր պատմական-մշակութային գանձերուն 99% ապահով վիճակի մէջ է: Նախարարին խանդավառ ելոյթը վարակիչ էր: Հանդիպման աւարտին յիշատակի խմբանկարներ առնուեցան: |