90-ԱՄԵԱԿ ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ Հայաստանի Հանրային ռատիոն Ամէն առաւօտ սովորութիւն ըրած եմ անկողինէս չելած Հայաստանի Հանրային ռատիոյի հաղորդումները ունկնդրել, մինչեւ որ ոտքի ելլելու ժամս ըլլայ: Այս առաւօտ երկար մնացի անկողինիս մէջ, որովհետեւ հոսանքը անջատեցին մօտ չորս ժամ եւ ցուրտին պատճառով չհամարձակեցայ անկողինս լքել: Ռատիոն միացած պահեցի, եւ քանի որ ուրիշ բան ընել հնարաւոր չէր, քանի մը ժամ ունկնդրեցի ձայնասփռուող յայտագիրները ու յանկարծ ականջիս հասան անցելայուշ, սրտամօտ, ծանօթ բառերՙ «Երեւանն է խօսում, Երեւանն է խօսում»... անցեալի տարբեր հաղորդավարներու ձայներով: Աչքերս փակեցի ու ակնթարթի մը մէջ ետ գացի վաթսուն տարի, երբ Հալէպի Նոր Գիւղ թաղամասին մէջի մեր տան ռատիոյէն ամէն գիշեր միեւնոյն բառերը լսելու համար, գործ ու դաս ձգած, տան բոլոր անդամներով ականջ կտրածՙ մեր «Միւլլարտ» ռատիոյին դիմաց հաւաքուած, կ՛ունկնդրէինք Հայաստանի Հանրային ռատիոն, որուն 90-ամեակը կը նշուի այս տարի: Բացի նամակներէն, որոնց երթուդարձը ամիսէ աւելի կը տեւէր, ձայնասփիւռը մեր միակ ամէնօրեայ կապն էր Հայրենիքի հետ: Ներգաղթողներու նամակները որքան յուզում առթէին իրենց մէջ քօղածածուկ յուսախաբութեանց արտայայտութիւններով, անոնց հետքն իսկ չէր մնար, երբ սփիւռքահայերու խնդրանքներուն ի պատասխան ձայնասփիւռէն հնչէին հայկական երգերը, մասնաւորաբար երբ մեր կամ ծանօթ մարդոց անունները կը լսէինք, որպէս սիրուած երգի մը պատուիրատու: Մեր ուրախութիւնը չափ ու սահման չէր ունենար ու յաջորդ օրը դպրոցի մէջ մեր դասընկերներուն առջեւ հպարտանալու առիթը չէինք փախցներ... «Լսեցի՞ր անունս»: Իսկ հիմա սա 90-ամեայ Հանրային ռատիոն ծերանալու փոխարէն շատ աւելի երիտասարդացած կը թուի բազմատեսակ նիւթերով հարուստ իր ամէնօրեայ յայտագիրներով: Երբ կը լսես շուրջօրեայ ծրագիրը, կը զարմանաս, թէ ինչպէս այսքան լրատուական նորութիւններով, հաճելի, օգտակար, ուսանելի յայտագիր կը հասցնեն պատրաստել, անբաղդատելիօրէն շատ աւելի գեղեցիկ եւ օգտաշատ, քան մեր հեռատեսիլի կայաններու անհամ ու ձանձրացուցիչ յայտագիրները: 40 տարի առաջ, երբ առաջին անգամ Հայաստան այցելեցինք մեր նորակազմ ընտանիքով, ռատիոկայանի այդ օրերու տնօրէնէն հրաւէր ստացայ տպաւորութիւններուս մասին խօսելու ձայնասփիւռէն: Հիմա չեմ յիշեր, թէ ինչեր շարադրած էի էջ մը թուղթի վրայ, սակայն կը յիշեմ, որ թուղթը ձեռքերուս մէջ տենդէ բռնուածի պէս կը դողար. կ՛երազէի՞ Հայաստանի ձայանսփիւռէն ձայնիս թռիչք տալ դէպի սփիւռքի ծանօթ եւ անծանօթ ափերը, բնաւ: Այն կայանէն, ուրկէ ամէն գիշեր «Երեւանն է խօսում»ը օրհնանքի պէս կը պարուրէր մեր հոգիները, ե՛ս պիտի խօսէի: Ու խօսեցայ եւ դուրս եկայ խցիկէն թաց աչքերով: Կարծես հերիք չէր հոգեկան բաւարարութիւնս ու խայտանքս, վրան ալ «պարտադիր» վճարում ըրին, 40 ռուբլի... ահագին դրամ: Երբ մերժեցի ստանալ գումարը, ինծի ըսին, որ օրէնք է, պէտք է վճարեն եւ ես պէտք է ստանամ, ատոր համար քիչ առաջ «պարտադիր» բառը գործածեցի: 90 երկար տարիներ... ով գիտէ ինչ օրեր տեսած է այս հիմնարկը եւ ինչ յայտագիրներ կազմած Հայաստանի տաք ու պաղ օրերուն եւ անոնց թարգմանն ու լրատուն եղած է: Իննսունամեայ տարեդարձդ շնորհաւոր, Հայաստանի Հանրային ռատիօ: Բարի երթ դէպի հարիւրամեակ: |