RSS | FACEBOOK | NLA
ԳԼԽԱՎՈՐ | ՄՇԱԿՈՒՅԹ | ԸՆՏՐԱՆԻ | ՈՐՈՆՈՒՄ | ԱՐԽԻՎ | ԹԵՄԱ | ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐ
#036, 2017-09-29 > #037, 2017-10-06 > #038, 2017-10-13 > #039, 2017-10-20 > #040, 2017-10-27

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #38, 13-10-2017



Տեղադրվել է` 2017-10-12 23:21:12 (GMT +04:00)


Ընթերցված է` 12156, Տպվել է` 1694, Ուղարկվել է էլ.փոստով` 0

ԲՈԼՈՐԻՆ ՍԻՐԵԼԻ «ՆԱՄԱԿԱԳԻՐ» ԱՐՄԷՆ ՅԱՐՈՒԹԻՎՆԵԱՆԸՙ Ի ՊԱՏՈՒԻ

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Լիբանանահայ շրջանակներուն ծանօթ անուն է Արմէն Յարութիւնեանը: Ազգային կեանքի, հայութեան եւ Հայաստանի խնդիրներով ապրող պարոն Արմէնը ոչ միայն գրողներու եւ գրական շրջանակի վստահելի բարեկամն է, այլ նաեւ գաղութի մեծ ու փոքր խնդիրներուն մասին արձագանգող անհատը:

Անցնող տասը տարիներուն Յարութիւնեան իր աշխատակցութիւնը բերաւ լիբանանահայ մամուլին: Անոր համար սիրելի տեղ էր ՌԱԿ Լիբանանի օրգանՙ «Զարթօնք»ը, ուր երկար տարիներ նամակներ ստորագրեց եւ բարձրաձայնեց հայութիւնը եւ գաղութը յուզող խնդիրներու մասին:

Շրջան մը ետք պարոն Արմէնի նամակները «անհետացան» «Զարթօնք»էն: Իմացանք նաեւ, թէ որոշ նամակի մը մերժումէն ետք ան որոշած է «լուռ մնալ»:

Պարոն Յարութիւնեանի նամակները աւելի ուշ սկսան հրապարակուիլ ՙ ՍԴՀԿ օրգան «Արարատ» օրաթերթին մէջ, ուր նոյնպէս շրջան մը ետք նոյն ճակատագրի կրկնութեամբ պրն. Յարութիւնեան անգամ մը եւս «կը լռէր» ու այս անգամ անոր գրութիւնները լոյսին կը տրուէին «Ազդակ»ի (Պէյրութի ՀՅԴ օրգան) մէջ:

Կը յիշեմ նաեւ, որ աւելի ուշ անոր արդէն հռչակաւոր դարձած նամակները տպուեցան «Նայիրի»ին, «Արծիւ»ին, «Խօսնակ»ին եւ այլ պարբերականներու մէջ:

Իր նամակագրութիւններու կողքին պարոն Արմէնը մշտական ներկայութիւն է գաղութի մէջ տեղի ունեցող ձեռնարկներուն, ուր ոչ միայն «լսողաց» ներկայութիւն մըն, այլ նաեւ աշխոյժ մասնակից տեղի ունեցող քննարկումներուն:

Օրեր առաջ տեղեկացայ, որ ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանով «Մովսէս Խորենացի» մետալը շնորհուած է պրն. Արմէնին: Մէկու մըՙ որուն համար հայութիւնն ու Հայաստանը ամէնօրեայ ապրումի, ամէնօրեայ պայքարի եւ ամէնօրեայ մտահոգութեան գլխաւոր առանցք են:

Մեր ժողովուրդը հարուստ է անուանի բարերարներով: Գրիչի ու դպրութեան բարերարներ, միութիւններու եւ բարեխնամ մարմիններու օգնական բարերարներ, եկեղեցիի եւ ազգային հիմնարկներու «լուսաճաճանչ» բարերարներ եւ այլ նուիրեալներ, որոնք տարբեր առիթներով մեր ժողովուրդի պէտքերուն համար իրենց քսակը լայն կը բանան:

Վստահաբար մեր ժողովուրդն ալ պէտք ունի այսպիսի «հերոսներ»ու, որոնք իրենց արդար քրտինքի բաժինը սիրայօժար կը նուիրեն ազգին, հայրենիքին ու եկեղեցիին:

Այս բոլորէն անդին, սակայն, պարոն Արմէնը այլ նուիրուածութիւն ունեցող բարերար է:

Ոչ անունի, ոչ երեւնալու եւ ոչ ալ սրահներու առաջին շարքերը գրաւող անձնաւորութիւն է ան:

Անոր արարքներն ու «նամակներ»ն ալ կը բխին հաւաքական կեանքին մէջ դրականը գնահատելու ու առկայ յոռի երեւոյթները քննադատելու նախանձախնդրութիւնէն:

Ու ատոր համար ալ պարոն Արմէնին նման «խոնարհ հերոսներ»ը շատ յաճախ կը դառնան թիրախ սուր քննադատութիւններու:

Սակայն կը շարունակեն մնալ անդրդուելի, հաւատալով, որ օր մը,տեղ մը, պահ մը բան մը պիտի փոխուի ու հայութեան եւ Հայաստանի հարցերը քիչ մը պիտի նուազին ու մեղմանան:

Տասնեակ հատորներու մեկենաս պարոն Արմէնը, որ իր անսակարկ նուիրուածութեամբ եւ լիառատ բարութեամբ օրինակ է մեզի համար, այսօր արժանիօրէն ի պատուի է:

Ու վստահ եմ, ի պատուի է ոչ թէ լուսանկարուելու եւ այդ մասին խօսիլ տալու համար, այլ որովհետեւ ան արժանի է մեր բոլորի լաւ խօսքին ու սիրոյն:

Վերջին խօսք. վաղը յանկարծ չզարմանաք, եթէ նոյնինքն պարոն Արմէն Յարութիւնեանը իր նամակներէն մէկու ճամբով քննադատելու ելլէ մետալ ստացած ըլլալու փաստը:

Ան դրական քննադատութիւն ընելու վարպետն է ու կը հաւատայ, որ միայն շինիչ քննադատութեան ճամբով է որ մենք միասնաբար կրնանք մօտենալ իտէալական հաւաքականութիւն մը ըլլալու երազին:

Նկար 1. Արմէն Յարութիւնեան Լիբանանի մէջ ՀՀ դեսպանՙ պրն. Սամուէլ Մկրտչեանի հետ

 
 

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #38, 13-10-2017

Հայկական էկեկտրոնային գրքերի և աուդիոգրքերի ամենամեծ թվային գրադարան

ԱԶԳ-Ը ԱՌԱՋԱՐԿՈՒՄ Է ԳՐԱՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

ԱԶԴԱԳԻՐ