RSS | FACEBOOK | NLA
ԳԼԽԱՎՈՐ | ՄՇԱԿՈՒՅԹ | ԸՆՏՐԱՆԻ | ՈՐՈՆՈՒՄ | ԱՐԽԻՎ | ԹԵՄԱ | ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐ
#036, 2017-09-29 > #037, 2017-10-06 > #038, 2017-10-13 > #039, 2017-10-20 > #040, 2017-10-27

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #38, 13-10-2017



ՏՈՄՍ

Տեղադրվել է` 2017-10-12 23:21:12 (GMT +04:00)


Ընթերցված է` 13461, Տպվել է` 1623, Ուղարկվել է էլ.փոստով` 0

ԻՐԵՆՑ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ԿԱՄՐՋՈՒԱԾԸ ԿԱՄՐՋԵԼՆ Է ԵՂԵՐ...

Յ.ԱՒԵՏԻՔԵԱՆ

Պէյրութի «Զարթօնք» օրաթերթի 30.09.17 թիւին մէջ այլեւս առանց զարմանալու կարդացի «Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք Անբաժանելի Երրորդութիւնը Կամրջելը ՌԱԿ-ի Առաքելութիւնն է» վերնագրով «մամլոյ հաղորդագրութիւն» մը, որ հերթական անգամ ամչցուց զիս: Գրողը ռամկավար մըն է, տպողըՙ ռամկավար թերթ մը (այն ալ ինչպիսի՜ թերթ), կարդացողներըՙ ռամկավարներ, թերեւս նաեւ ոչ ռամկավարներ, որոնք պիտի հրճուին կամ տխրին ի տես քաղաքական եւ ազգային այն անգրագիտութեան, որ կը մարմնաւորուի վերոյիշեալ վերնագրին տակ ծուարած, սեղանի մը շուրջ ինքնագոհ ժպիտներով բոլորուածՙ խումբ մը մարդոցմով, որոնք բնաւ գաղափար չունին, թե ի՛նչ կ՛ընեն եւ ի՛նչ կ՛ըսեն:

Չեմ ուզեր անգամ մը եւս խորանալ անոնց գրածին կամ գրել ուզածին, քանզի ոչ մէկ խորութիւն կայ հոն եւ ոչ ալ ըսելիք: Մարդիկ պարզապէս ինքնացուցադրութեամբ են տարուած եւ գոհ են պարզապէս, շա՜տ գոհ, որ իրենք կան եւ գոյութիւն ունին: Մարդիկՙ որոնք կը ներկայանան որպէս ղեկավար, մինչդեռ ոչ ղեկ ունին եւ ոչ ալ վարող: Մարքսիզմի տեսութեան հաւատացողները կ՛ըսեն, թէ ձեւը առանց բովանդակութեան չի՛ կրնար գոյութիւն ունենալ, մինչդեռ ահաւասի՛կ ժխտումը այդ տեսութեան, հո՛ն է, թերթին առաջին էջին տպուած այդ խմբանկարին մէջ, որ կը փաստէ, թէ կրնա՛յ նաեւ ձեւ ըլլալՙ առանց բովանդակութեան:

Հետեւաբար բնաւ պիտի չանդրադառնամ այդ «մամլոյ հաղորդագրութեան» անբովանդակ բովանդակութեան, նոյնիսկ «Հայաստան» եւ «Արցախ» հասկացութիւններու տարանջատման անոնց ապազգային դիրքորոշման, որուն անդրադարձած են ինձմէ առաջ շատ ուրիշներ: Նոյնիսկ պիտի չանդրադառնամ «անբաժանելի երրորդութիւնը» իրարու հետ կամրջելու անոնց նկրտումներուն, որոնք կը յիշեցնեն Աւանակին յայտնի առածը կամուրջը գետին ոչ թէ լայնքին, այլ երկայնքին կառուցելու «ճարտարապետական» նախաձեռնութեան մասին:

Սակայն ցաւով, «Զարթօնք»ի պարագայինՙ խո՛ր ցաւով կ՛ուզեմ մատնանշել այդ գրութեան ուղղագրականՙ իմ նշմարած սխալները, ուրիշներուն թողլով կէտադրականներն ու շարադասականները:

- Միացուլում- ըստ երեւոյթին նկատի ունի ցուլերուն ձուլումը,

- Մնացորդածին- երեւի նկատի ունի մնացորդացէն ծնած սերունդը,

- Կը չգանան- բառարանին մէջ չգտնուող բառի մը ժխտականը,

- Որպէս ատաղց- ատաղձագործներու մուրճին արժանի գլուխ,

- Նոսրացող- հարուածէն ետք ուղեղին նօսրացումը նկարագրող

- Լօզունք- կարգախօսՙ հայերէն չգիտցողներուն համար,

- Ականջալուռ- այս մարդուն ականջները միշտ լուռ կը մնան, որպէսզի լուր չլսէ:

Այս առիթով կ՛ուզեմ ուրախացնել հնագէտ-պատմաբանները ամբողջ աշխարհի: Արդարեւ, հայկական աւանդական կուսակցութիւններէն մէկը, ըստ այդ «մամլոյ հաղորդագրութեան», հիմնուած է եղեր յամի Տեառն 2-րդ դարու վերջերըՙ 192 թուականին: Եւ այդ կուսակցութիւնը (նկատի ունի ՌԱԿ-ը) 19 դար աստանդական թափառելէ ետք, վերջապէս գտած է ծուարելու վայր մը Մայր հայրենիքին մէջ, աւելի ճշգրիտՙ մայրաքաղաք Երեւանի Ամիրեան փողոցին թիւ 21-ին, իսկ ա՛լ աւելի ճշգրիտՙ վերոյիշեալ սխալներուն տէր եւ տիրական ու սեփականատէր Սեւակ Հաճի Յակոբեանի «Կադմոս Փրոջեկտ» ՍՊԸ-ի (Cadmus Project LLC) գրասենեակին մէջ, որպէս «ՌԱԿ ներկայացուցչութեան» կեդրոնատեղի:

Հայաստանի մէջ շատ տարածուած է «գրպանի կուսակցութիւն» արտայայտութիւնը, որ կը վերաբերի իշխանութիւններուն հլու-հնազանդ կազմակերպութիւններուն: Ահաւասիկ «գրպանի նոր կուսակցութիւն» մը, բայց ո՛չ իշխանութիւններու, այլՙ Հաճի Սեւակի գրպանի՛:

Սորվեցէ՛ք, ո՜վ բոլոր անգրագէտներ եւ անոնց հովանաւոր կիսագրագէտներ, թէ ինչը ինչպէս եւ ինչով պէտք է «կամրջել» այսուհետեւ:

 
 

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #38, 13-10-2017

Հայկական էկեկտրոնային գրքերի և աուդիոգրքերի ամենամեծ թվային գրադարան

ԱԶԳ-Ը ԱՌԱՋԱՐԿՈՒՄ Է ԳՐԱՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

ԱԶԴԱԳԻՐ