ՏԱՒԻՆՉԻԻ ԿՏԱՒԸ Կ"ՈՒՏՈՒԻ՞ ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ Տարիներ առաջ լիբանանեան թերթի մը մէջ յուզիչ լուր մը կարդացած էի դէպքի մը մասին, որ պատահած էր հարաւային Լիբանանի գիւղական դպրոցներէն մէկուն մէջ, երբ մանչուկ մը ուշագնաց ինկած էր դասարանին մէջ: Երբ զինք ուշքի բերած էին, ուզած էին իմանալ, թէ ինչո՞ւ մարած է, եւ ուսուցչուհին հարց տուած է, թէ անօթի՞ է, չէ՞ նախաճաշած, տղեկը ըսած է որ չէ նախաճաշած, որովհետեւ այդ օր նախաճաշելու կարգը եղբօրն է եղած... Յուզումս չեմ կրնար զսպել նոյնիսկ այսօր, դէպքէն աւելի քան երեսուն տարի ետք, երբ կը վերյիշեմ այս մարդկային, թէ անմարդկային ողբերգութիւնը: Նոյն օրերուն կարդացած էի, որ Լէոնարտօ Տա Վինչիի նշանաւոր «Մոնա Լիզա»ն Իտալիայէն ուրիշ երկիր մը ցուցադրութեան տանելու համար նկարը ապահովագրած են 25 միլիոն տոլարի... Այդ փոքրիկ նկարին մակերեսը հաշուեցի այն ատեն եւ տեսայ, որ անոր իւրաքանչիւր սանթիմեթր քառակուսին հազարաւոր անօթիներ կրնայ կերակրել... Այս օրերուն, աշխարհի կիզակէտը դարձեալ Տա Վինչիի մէկ կտաւն էՙ Յիսուսի դէմքով «Սալվատոր Մունտի» անուանեալ, որ Սոթպի՛զ աճուրդային սրահին մէջ վաճառուեցաւ 450 միլիոն տոլարէն քիչ մը աւելիով... Չեմ ուզեր կրկնել նախկին անգամուան ըրածսՙ անոր մակերեսը հաշուելուՙ 65 x 45 սմ երկայնքն ու լայնքը բազմապատկելով, ապա իւրաքանչիւր սանթիմեթր քառակուսիին գինը հաշուելով, որովհետեւ զգայացունց արդիւնքի պիտի հասնիմ: Այս անգամ, սակայն, կ՛ուզեմ մտածելՙ եթէ Յիսուսի երկրորդ գալուստը իրականանայ եւ Ան իր նկարին գինը իմանայ, արդեօք ի՞նչ կ՛ըլլայ անդրադարձը. մտրակը առնելով պիտի չձաղկէ՞ նորօրեայ մաքսաւորները, որոնք սկսած են պազարի վերածել արուեստի տաճարը: Թող պատարագիչ քանանայ մը սկիհին վրայ բռնած նշխարին փոխարէն Տաւինչիի այս նկարը բարձրացնէ ու ըսէ. «Առէք կերէք այս է մարմինն իմ...», չէ՞ որ նշխարը Յիսուսի մարմինը կը խորհրդանշէ եւ այդ ձեւով Յիսուս կը մտնէ հաւատացեալներու հոգիներէն ներս, թող այս նկարը, որ աւելի տեսանելի է եւ գեղեցիկ, փոխարինէ նշխարը, տեսնեմ քանի՞ հոգի կը կշտանայ: Կտաւը կ՛ուտուի՞, եթէ նոյնիսկ ան Տաւինչիի նման հանճարի մը գործն է: Նկարը չ՛ուտուիր, սակայն նկարին տրուած գումարով բազմահազար անօթիներ աշխարհի շուրջ կրնան կուշտ փորով անկողին մտնել: Խոստացեր էի անիմաստ հաշիւներու մէջ չմտնել, սակայն ինչպէ՞ս կարելի է լուռ մնալ այսպիսի համաշխարհային խայտարակութեան մը դիմաց: Սովորական անձեռոցի մը մակերեսին չափ ծաւալ ունեցող նկար մը այսպիսի երեւակայական գումարով վաճառուի՞ պատմութեան էջերուն արձանագրելու համար, որ ասիկա աննախադէպ արժեւորում մըն է նկարչական շուկային մէջ: «Շուկայ» ըսի եւ ցաւեցայ, որ մարդու հոգիին ու միտքին օգուտ եւ գեղարուեստական հաճոյք պատճառող շատ մը բաներ շուկայական ապրանքի վերածուած են: Հասկնալի է, որ մարդիկ նաեւ նիւթականով գնահատեն որեւէ արուեստի գործ իր տիրոջ անունին ու գործին հնութեան համար, սակայն այդ գնահատանքը հասնի աստղաբաշխական գումարներո՞ւ, ահա ա՛յդ է վրդովեցուցիչը: Լուրերէն կ՛իմանամ, որ նախկին հայաստանցի մը իր զաւկին հարսանիքին 10 միլիոն ծախսած է, չեմ գիտեր դրա՞մ, թէ՞ տոլար (*): Պիտի ըսէքՙ սակայն ասիկա ի՞նչ կապ ունի Տաւինչիի նկարին հետ: *) Տոլար, դոլար, dollar: «Դեպքը» (ուրիշ բառով չենք կարող կոչել այդ «հարսանիքը»), տեղի է ունեցել Մ. Նահանգներում, եւ ամերիկյան բազմաթիվ լրատվամիջոցներ անդրադարձել են այդ գարշելի փաստին: Ծ.Խ. |