ԵՐԵՎԱՆԻ ԱՅՍ ԱՄԱՌԸ ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ Թաւշեայ յեղափոխութեան բոլոր դրական արդիւնքները մէկ կողմ դրած, եկէք նկատենք աննախադէպ հոսքը հայ եւ օտար այցելուներու, որոնք հեղեղեցին Երեւանը, այն աստիճան, որ երեկոները, երբ արեւի այրող շողերը կը լքեն մեր երկինքը, պիտի տեսնէք թէ որքան դժուար է Հիւսիսային պողոտայի մէջ ճեմելը, կամ Հանրապետութեան հրապարակին վրայ երաժշտութեան ելեւէջներուն հնազանդ, գունազարդ ցայտաղբիւրներուն հեզաճկուն պարը դիտելը, կամ «Վերնիսաժի» հայու ձեռակերտ փայտագործութեան, խեցեգործութեան, գորգագործութեան, արծաթեղէնի, գործուածքներու եւ այլ բազմատեսակ յուշանուէրներով հիանալը: Ես զանազան երկիրներ այցելած եմ եւ իմ ամենասիրած պտոյտս կատարած եմ անոնց վերնիսաժներուն մէջ, ճանչնալու համար տեղւոյն ժողովրդային ձեռարուեստը, սակայն Հայաստանի նմանը չեմ տեսած: Հայը միշտ գիտցած է արհեստը արուեստի վերածել, Վանի մեր անուանի արծաթագործներէն մինչեւ Այնթապի պղնձագործներն ու գրեթէ բոլոր մեր գաւառներու կանանց ասեղնագործ ու նախշազարդ աշխատանքները, որոնք սովորական կտաւներն իսկ վերածած են գեղարուեստական իրերու: Օտար զբօսաշրջիկները բերանաբաց կը դիտեն ցուցադրուած իրերն ու անպայման քանի մը կտոր կը տանին միասին, որպէս յուշանուէր: Երեւանի եւ շրջակայքի հիւրանոցները լեցուն են, վարձու բնակարան գտնելը բաւական դժուար, զբօսավայրերն ու սրճարան-ճաշարանները խճողուած... Քաղաքը կ՛եռայ, անոր բազկերակը կը տրոփէ: Յեղափոխութեան կնիքը կայ ամէն կողմ, յատկապէս մարդոց ճառագայթող ժպիտներուն մէջ: Հրա՞շք էր որ պատահեցաւ ու շրջեց երկրի անիւը դէպի նոր հորիզոններ: Ո՛չ, ժողովուրդի արժանապատիւ կեանքով ապրելու շղթայուած կամքն էր, որ քանդեց իր շղթաները, ինչպէս որ նոր վարչապետն ալ քանդելով զինք շղթայող պաշտօնականութեան հանդերձանքը, կիսաթեւ վերնաշապիկով ու առանց փողկապի մտաւ ժողովուրդին մէջ, սեղմեց երկարած ձեռքերը, գրկեց երախաները ու խօսեցաւ ժողովուրդին հասկնալի լեզուով, պատասխանեց անոնց հարցումներուն անկեղծօրէն, առանց պաշտօնականութեան, առանց սեթեւեթանքի: Մարդուն բեռը շատ ծանր է, տարիներ շարունակ կուտակուած կեղտը մաքրելը ահագին ժամանակի կը կարօտի, եթէ խոչնդոտող չըլլայ: Մարդոց ուրախութեան լեղի կը խառնուի երբեմն, երբ ըսողներ ըլլան, որ «միւսները» քնացած չեն, անոնք դիւրին-դիւրին յանձնուողն ու ասպարէզէն քաշուողը չեն, ուր մնաց որ իրենց գործած յանցանքներուն համար պատասխան տան ու պատիժ կրեն... Կը տեսնէք, վաղը դաւ մը կը նիւթեն... Չէ, Աստուած չընէ, որ այդպիսի արկածախնդրութեան մը դիմեն, մէյ մը որ ժողովուրդը արթնցաւ ու շղթաները քանդեց, ալ ոչ մէկ ոյժ կրնայ անոր ձեռքերը կապել ու վերադարձնել հին կարգավիճակին: Չէ, Աստուած չընէ, թէ չէ չէք գիտեր, թէ ինչեր ընելու կարողութիւն ունի ան: Պարն ու երաժշտութիւնը դուրս եկած են փակ դահլիճներէն ու փոխադրուած փողոց: Ամէն կողմ նուագածուներ կան, կը նուագեն հայկական սիրուած պարեղանակներ, իսկ դիտողներէն շատեր ձեռք -ձեռքի տուած շուրջպար կը բռնեն: Մենակատարներ կը նուագեն ու կ՛երգեն, երբեմն օփերային արիաներ, զարմանք պատճառելով օտարներուն: Նկարչական ուսումնարաններէ շրջանաւարտներ, եռոտանիներու վրայ կը ցուցադրեն իրենց գծագրած դիմանկարներն ու կը խոստանան մի քանի վայրկեանի մէջ քու դիմանկարդ ալ գծել փոքր վարձատրութեան մը փոխարէն, եւ իսկապէս մեծ վարպետութեամբ անթերի նկար մը կ՛արտադրեն, գոհ ձգելով յաճախորդը: Մէկը վարժեցուած զոյգ մը շուն կը ցուցադրէ, միւսը աղաւնիներ, ուրիշ մը աճպարարութիւններ կ՛ընէ, երախաները գրաւելու համար այնքան գեղեցիկ փուչիկներ, լուսաւոր խաղալիքներ, բոված եգիպտացորեն ու քաղցրաւենիք վաճառողներու շուրջ փոքրիկներ իրենց ծնողքին փեշերէն քաշելով կ՛ուզեն, հա՛ կ՛ուզեն... Ո՞ր երեւոյթին մասին խօսիս, ո՞րը նկարագրես: Մէկ խօսքովՙ երեւանեան այս ամառը տարբեր է բոլոր միւս ամառներէն, աննախադէպ ուրախ մթնոլորտ մը կայ: Տայ Աստուած այսպէս ալ շարունակուի: |