RSS | FACEBOOK | NLA
ԳԼԽԱՎՈՐ | ՄՇԱԿՈՒՅԹ | ԸՆՏՐԱՆԻ | ՈՐՈՆՈՒՄ | ԱՐԽԻՎ | ԹԵՄԱ | ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐ
#023, 2021-06-18 > #024, 2021-06-25 > #025, 2021-07-02 > #026, 2021-07-09 > #027, 2021-07-16

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #25, 02-07-2021



Տեղադրվել է` 2021-07-01 23:11:04 (GMT +04:00)


Ընթերցված է` 1037, Տպվել է` 17, Ուղարկվել է էլ.փոստով` 0

ԵՐԱԶ ԵՒ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ

ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ

Հեռուէն կը դիտես, տեսքն է, որ կը տպաւորէ քեզ: Տեսքը երբ գրաւիչ է, երեւակայութեանդ մէջ կը սկսիս տեսքին մարմին տալ, որպէսզի աւելի ընկալելի դառնայ մտապաստառիդ վրայ: Չես բաւարարուիր, կ՛ուզես մարմինը շօշափելի դառնայ, դպչիս, ձայնը լսես, հոտը առնես, ինչու չէՙ համն ալ: Վերջապէս իրականը կ՛ուզես ունենալ, բայց չես յաջողիր, մինչեւ որ ունենաս զինք, կամ զայնՙ նայած, թէ ինչ է երեւակայութիւնդ գրաւողըՙ կի՞ն մը, գա՞նձ մը, գուցէ փարթամ առանձնատո՞ւն մը, ինչու չէՙ քաղաք մը, երկիր մը... Հայրենի՞քդ արդեօք:

Հայրենի՛քդ: Բոլորս ալ սփիւռքի մէջ երազած ենք տեսնել մեր հայրենիքը, քաղաքները, գիւղերը, լեռներն ու գետերը, վանքերն ու եկեղեցիները, յուշարձաններն ու թանգարանները, թատրոններն ու այգիները: Եւ անշուշտՙ մարդիկը, ժողովուրդը իր շարքային քաղաքացիներով, իր արուեստագէտներով, գիտնականներով, գրողներով, մասնաւորաբար գրողներո՛վ, որոնք միշտ մեզի հետ եղած են մեր դասագիրքերուն մէջ: Հայրենիքը մնացած էր մեր հոգիներուն եւ միտքերուն մէջ որպէս երազային գեղուհի, անմարմին հոգի, որ մեր երեւակայութեան մէջ սնուցած ենք, մարմին ու տեսք տուած ենք, գեղեցկացուցած ենք ու մեզի հետ պտտցուցած ո՛ւր որ գացած ենք:

Կ՛ըսէՙ երբ հեռու էինք, հայրենիքը աւելի գեղեցիկ էր, հմայիչ: Ոեւէ մէկը եթէ համարձակէր անոր մէջ թերութիւն մը գտնել, անմիջապէս կը հակադարձէինք: Հայրենիքը սուրբ էր, սուրբին քար նետել չ՛ըլլար: Պատրաստ էինք վիճելու, կռուելու, ի՞նչ ըսել է հայրենիքը քննադատել:

Կ՛ըսեմՙ ճիշդ ես, սակայն աշխարհի մէջ կատարեալ բան չկայ, ամէն ինչ անպայման արատ մը կ՛ունենայ իր բազմաթիւ լաւ կողմերուն կողքին:

Այո՛, կ՛ըսէ, բայց նոյնիսկ այդ պարագային պէտք չէ տեսնել զայն, պէտք է կեդրոնանալ դրականին վրայ միայն:

Այդպէս կը հաւատայինք ու այդպէս ալ կը փայփաէինք հայրենիքը մեր հոգիներուն մէջ: Յետոյ, երբ մօտեցանք...

- Սկսաք անոր արատները տեսնել,- կ՛ընդմիջեմ ես.- ինչպէս «Կիւլիվերը հսկաներու աշխարհին մէջ». ան որքան մօտեցաւ հսկաներունՙ այնքան մօտէն տեսաւ անոնց դէմքերուն տգեղութիւնները, որոնք չէին երեւեր հեռուէն:

Ճիշդ այդպէս,- կը շարունակէ դիմացինս,- հեռուէն Հայաստանը մեզի համար «Երեւանն է խոսում»-ն էր, ձայնասփռուող երգերը, մեր դասագիրքերուն մէջի Արարատն ու Էջմիածինը, Երեւանն ու իր հրապարակը... Հայաստանը մեզի համար Սփիւռք այցելող արուեստագէտներու խումբերն էին, դերասաններ Վահրամ Փափազեանը, Սօս Սարգսեանը, Վարդուհի Վարդերեսեանը. գրողներՙ Սիլվա Կապուտիկեանը, Գէորգ Էմինը, Սերօ Խանզատեանը, երաժիշտներՙ Առնօ Պապաճանեանը, Էտ. Միրզոյեանը, Ռոպերթ Ամիրխանեանը...

- Յետոյ Հալէպ եկան «բիզնեսով» զբաղող սեւազգեստ կանայք, իրենց պարտապանաց ճամպրուկներով... Յետոյ եկաւ անկախութիւնը: Յետոյ եկաւ Սուրիոյ պատերազմը, ու մենք գացինք.... Եկանք Հայաստան ու գինովցանք մեր հասակաչափ երազներուն մարմին առնելը տեսնելով: Յետոյ ապրեցանք, տեղացի ըլլալ փորձեցինք: Յետոյ, փայլուն բաներուն ետինՙ սկսանք ուրիշ բաներ ալ տեսնել, արտաքին պատկերին ետեւ թաքնուած տգեղութիւններ, արատներ, թերութիւններ, անմաքուր, թափթփած բակեր, փողոցը թքնող երիտասարդներ, ողորմութիւն խնդրողներ, անժպիտ դէմքերով վաճառողուհիներ, փտած ու կեղտ կապած «մարշուտնիներ», բարձրաձայն, հայհոյախառն, սպառնալից վիճողներ, ոճիրներ, պետական անձերու հասցէին շպրտուած հայհոյանքներ, անէծքներ, երբեմն լորձնաշուրթն գովասանք ու փառաբանանք: Պատերազմ, պարտութիւն, անձնատուութիւն, փոխադարձ մեղադրանք ու դատապարտութիւն, կասկածանքով լեցուն, վտանգներով յղի մթնոլորտ, անստոյգ ապագայՙ «Ապագայ կա՛», չկա՛յ, «Հզօր հայրենիք» կ՛ըլլայ, չ՛ըլլար, «պատիւ ունի՞մ», թէՙ ալ ինչ պատիւ, ու շատ ցաւալինՙ մեր հայերէնին անմխիթար վիճակը:

- Եւ այսպէս, սիրելի բարեկամս, հիասթափութիւնը ակամայ բռնեց մեր կոկորդէն ու կը սեղմէ:

- Ի՞նչ ըսել կ՛ուզես:

- Կը վարանիմ կոր, բայց պիտի ըսեմՙ հազար ներողութիւն, մենք սփիւռքի մէջ աւելի հայրենասէր էինք:

 
 

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #25, 02-07-2021

Հայկական էկեկտրոնային գրքերի և աուդիոգրքերի ամենամեծ թվային գրադարան

ԱԶԳ-Ը ԱՌԱՋԱՐԿՈՒՄ Է ԳՐԱՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

ԱԶԴԱԳԻՐ