RSS | FACEBOOK | NLA
ԳԼԽԱՎՈՐ | ՄՇԱԿՈՒՅԹ | ԸՆՏՐԱՆԻ | ՈՐՈՆՈՒՄ | ԱՐԽԻՎ | ԹԵՄԱ | ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐ
#024, 2021-06-25 > #025, 2021-07-02 > #026, 2021-07-09 > #027, 2021-07-16 > #028, 2021-07-23

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #26, 09-07-2021



Տեղադրվել է` 2021-07-08 23:03:13 (GMT +04:00)


Ընթերցված է` 1046, Տպվել է` 6, Ուղարկվել է էլ.փոստով` 0

ԲԱՆԱԼԻՆ

ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ

Ես շատ մտահոգ եմ Հայաստանի ապագայով: Ոչ միայն ես, այլեւ, վստահ եմ, համայն հայութիւնը, թէ՛ Հայաստանի մէջ, թէ՛ Սփիւռքի: Վերջին պատերազմը եւ մեր թշնամիներուն հնչեցուցած սպառնալիքները, որքան ալ չափազանցեալ եղած ըլլան, որքան ալ որ յոխորտալից պոռոտախօսութիւններ կարծուին, անոնց ենթաթեքստը թշնամական է: Գիտենք բոլորս ալ թէ ինչ միջոցներով յաղթեց Ատրպէյճանը, սակայն, յաչս իր ժողովուրդին եւ նոյնիսկ յաչս աշխարհին յաղթանակը իրն է, մեզ պարտութեան մատնեց, պարտութիւն մը, որուն պատճառած կսկիծը դեռ երկար ժամանակ պիտի տանջէ մեզ:

Մինչեւ պատերազմ, մեր ունեցած հենակներուն շնորհիւ, որոշ հաւատք մը ունէինք երկրի ապահովութեան եւ բարգաւաճման իմաստով, սակայն պատերազմը եկաւ խախտելու այդ հաւատքը: Պարտուած ենք թէ՛ ռազմական, թէ՛ քաղաքական, ու անոնց ածանցեալ ոլորտներով ալ: Այս բոլորին զուգահեռ, նոյնքան եւ աւելի՛ նոր կազմուելիք կառավարութեան մասին կը մտահոգուինք ու կը մտածենք յատկապէս, թէ ինչպէ՛ս ընդդիմութիւնը պիտի գործէ: Քանզի արդէն սպառնալիքներ կը հնչեն:

Իշխանամէտ կամ ընդդիմադիր, իւրաքանչիւրը եթէ ատենը անգամ մը լուրջ որոշումներ չառած Եռաբլուր այցելէ, կամ անոր պատկերը իր կեդրոնի պատէն կախէ ու աչքերը սեւեռէ ծածանող դրօշակներուն վրայ, վստահ եմ նեղանձնական շահերը մէկ կողմ դրածՙ պիտի մտածէ ինք ալ իր տուրքը տալու զոհուածին, պարզապէս փոխզիջումներով համերաշխ մթնոլորտ մը ստեղծելու եւ առողջ մտքով ու հոգիով մտածելու եւ ծրագրելու փրկութեան ճամբան եւ գտնելու անոր բանալին:

Համազգային գերագոյն մարմին մը չկրցանք մէջտեղ բերել, որ կարենար համայն հայութեան անցեալէն դասեր վերցնելով, մեր քաղաքական այսօրը հովանաւորէր ու մեր ապագան ծրագրէր, յաջորդ տասնամեակներուն մեր անկախ եւ բարօր գոյատեւումը ապահովելու համար: Չկրցանք: Ուզեցինք, բայց չկրցանք: Չկրցանք ու պիտի չկարենանք ալ, քանի որ մեր ազգային նկարագրին մէջ միութեան գաղափարը տեսական է, քանի որ գործնական քայլերու դիմելու համար մեր ԵՍ-երը արգելք կը հանդիսանան:

Մենք անհատապէս խելացի ենք, սակայն խմբային ծրագրաւորման ու գործադրութեան մէջՙ ապիկար: Երբ միշտ ղեկավար կ՛ուզենք մնալ, եւ ոչ ենթակայ, անկարելի է համերաշխ գործունէութիւն ծաւալել:

Պատերազմը փաստեց, որ մենք իսկական բարեկամներ չունինք, մեզի խօսքով եւ գործնականօրէն սատար կանգնող ոյժ մը չունինք, հակառակ որ Ռուսիոյ հետ ռազմական դաշինք ունինք: Ռուսիան չօգնեց, պատրուակելով որ յարձակումը Հայաստանի վրայ չէր, այլ Արցախի, որուն հետ որեւէ ռազմական դաշինք չունի, նոյնիսկ այս օրերուն, երբ Սիւնիքը ոտանակոխ կ՛ըլլայ, պատճառաբանութիւններ առաջ քշելով կը մերժէ իր միջամտութիւնը: Փաստօրէն Ռուսիան կը շարունակէ իր «ոխակալ» կեցուածքը շարունակել: Մենք կռնակ դարձուցինք ռուսին, ան ալ իր կարգին պիտի պատժէր մեզ, ինչպէս պատժեց Վրաստանը, ինչպէս պատժեց Ուքրաինան... Սակայն դաս չառինք: ԱՄՆ իր կամքին հակառակ շարժողները գիտէ պատժել, Ռուսիան չի՞ գիտեր:

Հիմա լրիւ մինակ ենք Ատրպէյճան հսկայ կարողութիւն ունեցող եւ մեր գոյութեան սպառնացող երկրին դէմ, որուն սատար կանգնեցան եւ զինակցեցան բացէ ի բաց Թուրքիան, Իսրայէլը, Փաքիստանը եւ ուրիշներ: Աշխարհն ալ իր լռութեամբ ու մատը մատին չզարնելով դարձաւ մեղսակից:

Հայաստանը կա՛մ կը փոխէ իր քաղաքականութիւնը եւ կը մտնէ մեծ պետութեան մը թեւին տակ, կա՛մ իր արտգործ նախարարը շրջապտոյտ մը ընելով կ՛այցելէ աշխարհի կարեւորագոյն մայրաքաղաքները եւ կողմնակիցներ կը գտնէ, կամ ալ քանի մը տարի լուռ ու մունջ իր գիտնականները այնպիսի գաղտնի զէնք մը կը յօրինեն, որուն սարսափէն մեր թշնամիները մեզ հանգիստ կը ձգեն, կամ ...

Ես ամենայետին անձն եմ, որ կրնամ լուծում առաջարկել, թող իմ առաջարկած համահայկական գերագոյն մարմինը, խորհուրդը կամ ծերակոյտը մէջտեղ բերենք եւ անոնցմէ ակնկալենք մեր ճակատագրի ոսկեայ թէ ադամանդեայ բանալին:

 
 

«ԱԶԳ» ՕՐԱԹԵՐԹ #26, 09-07-2021

Հայկական էկեկտրոնային գրքերի և աուդիոգրքերի ամենամեծ թվային գրադարան

ԱԶԳ-Ը ԱՌԱՋԱՐԿՈՒՄ Է ԳՐԱՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

ԱԶԴԱԳԻՐ