ԿՐՆԱՅ ՀԵՐԹԸ ՀԱՍՆԻԼ ՆԱԵՒ ԻՐԱՆԻՆ Խմբագրական, «Պայքար» շաբաթաթերթի Կովկասի տարածքին իրաւ բարեկամներ չունի Հայաստանը. ունի աջակիցներ, որոնք կապուած են անոր քաղաքական հասարակաց շահերով. անոնք են Ռուսաստանն ու Իրանը: Ռուսաստանի պարագային հարցը շատ բարդ է, որովհետեւ Արեւմուտքը բացայայտ կերպով տագնապներ կը յառաջացնէ անոր սահմաններուն վրայ` տկարացնելու համար զայն, որպէսզի ան չկարենայ վերստին վերածուիլ գերհզօր տէրութեան, ինչպէս էր ան սովետի շրջանին: Այդ խնդիրներու արծարծման կամ յառաջացման գործօններէն մէկն ալ Թուրքիան է, որ մէկ կողմէ կը ձեւացնէ ծառայել Արեւմուտքի շահերուն եւ միւս կողմէ կը հետապնդէ իր համաթուրանական ծրագիրը. հետեւաբար Ռուսաստանը կարգ մը ճակատներու վրայ համակերպումի պայմանագիրներ կը ստորագրէ Թուրքիոյ հետ, զսպելու համար այս վերջնոյն նուաճողական ախորժակները. եւ այդ ընթացքին կը հարկադրուի զոհել իր դաշնակիցներուն շահերը, ինչպէս պատահեցաւ - եւ կը շարունակէ պատահիլ - հայ-ատրպէյճանական վերջին պատերազմին ընթացքին: Հայաստանի միւս շահակից դաշնակիցն է Իրանը, որ վերջին պատերազմին, առ երեւոյթ, որդեգրեց չէզոք քաղաքականութիւն մը, հակառակ որ Ատրպէյճանի յաղթանակը եւ հողերու գրաւումը ներհակ էին անոր շահերուն, որովհետեւ աւելի եւս պիտի ընդարձակէին Ատրպէյճանի սահմանները Իրանին հետ` աւելի մօտեցնելով Իսրայէլի վերահսկողութիւնը Իրանի վրայ, Ատրպէյճանի հողատարածքէն: Այս բոլորով հանդերձ, զգալի էր Թեհրանի համակրանքը քրիստոնեայ Հայաստանի նկատմամբ, ընդդէմ շիա կրօնքի յարած Ատրպէյճանի: Պատերազմէն ետք ալ Իրան նախաձեռնեց կարգ մը քայլեր, որոնք ի նպաստ էին Հայաստանին. օրինակՙ ան յայտարարեց, որ Հայաստանի հարաւի վրայ սահմանային որեւէ փոփոխութիւն կարմիր գիծ էր Թեհրանի համար. ակնարկութիւնը, բնականաբար, Զանգեզուրի միջանցքին մասին է, որ տարբեր մեկնաբանութիւններու ենթակայ է Երեւանի եւ Պաքուի մէջ: Հայկական կողմին համար միջանցքը ապաշրջափակումն է ճանապարհներու, մինչդեռ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ համար Հայաստանի ինքնիշխանութեան արտայանձնումն է Սիւնիքի նահանգին մէջ: Թուրք-ատրպէյճանական վերջին ճնշումը մեղմելու համար Իրան այլընտրանք մը առաջարկեց Ատրպէյճանին` իր սեփական հողամասին վրայով միջանցք մը տրամադրել վերջինինՙ միացնելու համար Ատրպէյճանի մայր ցամաքամասը Նախիջեւանի ինքնավար հանրապետութեան: Մինչ Իրան, շահերու համադրութեամբ, կը փորձէ սատարել Հայաստանին, միւս կողմէ ինք կը գտնուի գոյութենական ճակատումի մը հաւանականութեան դէմ. որովհետեւ, Արեւմուտքը, շահակցութեամբը Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի, սկսած է կրկին իր օրակարգին վրայ դնել Իրանը անդամահատելու ծրագիրը: Կարգ մը աղէտալի ծրագիրներ յաճախ հրապարակ կը նետուին անմեղ տարազներու ներքեւ եւ ետքէն, ծաւալ ստանալով, կը վերածուին միջազգային քաղաքական խնդիրներու: Օրինակ, Մեղրիի միջանցքի հարցը հրապարակ հանուած էր Փոլ Կոպըլի կողմէ եւ շատ մը մեկնաբաններ հեղինակին երեւակայութեան արդիւնքը նկատեցին զայն, մինչեւ որ ան տարածուեցաւ ու վերածուեցաւ միջազգային քաղաքական լուրջ խնդրի մը, որ այսօր կախուած է Հայաստանի գլխուն վրայ: Կոպըլի ծրագրին նման ուրիշ ծրագիր մըն ալ հրապարակ հանուած է այս օրերուն եւ կը սպառնայ Իրանի հողային ամբողջականութեան: Իրականութեան մէջ ծրագիրը նոր չէ, սակայն պարբերաբար ան կը դրսեւորուի տարբեր երկիրներու քաղաքական օրակարգին վրայ. օրինակ, ժամանակին, ան գլխաւոր օրակարգն էր Ատրպէյճանի նախագահ Ապուլֆազ Էլչիպէին, որ կ՛առաջադրէր Իրանի հիւսիսը գտնուող Ատրպատականը միացնել Ատրպէյճանին: Էլչիպէյի անկումով պահ մը մոռացութեան տրուեցաւ այդ խնդիրը: Սակայն ան դարձեալ դրուած է քննութեան միջազգային հրապարակի վրայ: Արդարեւ, Պրենտա Շէյֆըր որ խորհրդական մըն է Պաշտպանութեան եւ Ժողովրդավարութեան (Foundation for Defence and Democracies) հիմնարկին, հրատարակած է գիրք մը եւ սեմինարներ կը սարքէ` նախատեսելով կամ քաջալերելով Իրանի հողային ամբողջականութեան անդամահատումը: Գիրքին վերնագիրն է «Իրանը աւելին է քան Պարսկաստանը» (Iran is more than Persia):): Այդ հատորին էջ կ՛անդրադառնայ Իրանի փոքրամասնական խնդիրներուն, որոնց զարգացումով ան «հասունցած կը նկատէ Իրանի փոքրամասնութեանց պայթումը»: Այդ փոքրամասնութիւններն են ատրպէյճանցիները, քիւրտերը, պելուչիները եւ արաբ ահվազաները: Հեղինակը կը մատնանշէ, որ Իրանի բնակչութեան կէսը կը բաղկանայ ոչ-պարսիկ փոքրամասնութիւններէ, որոնք ըստ իրեն կը մնան իրազրկուած: Ան մասնաւորաբար կը կեդրոնանայ ազերի ազգաբնակչութեան որ կը ներկայացնէ Իրանի 80 միլիոն բնակչութեան 21 միլիոնը: Հեղինակը մասնաւորաբար կը նշէ թէ փոքրամասնութիւնները յատկապէս կը բնակին Իրանի սահմանային գօտիներու վրայ եւ սահմանէն անդին կը տեսնեն աւելի բարօր վիճակը իրենց ազգակիցներուն: Մասնաւորաբար կեդրոնանալով ազերի փոքրամասնութեան նկրտումներուն վրայ, հեղինակը կը նշէ, թէ անոնք զայրացած են Իրանի կեդրոնական կառավարութեան դէմ, որ 44օրեայ պատերազմին ընթացքին թոյլատրած է ռուսական բանակին, որ զինամթերք հասցնէ Հայաստան, Իրանի օդային տարածքով: Նոյնպէս ան կը նշէ, թէ Իրանի ազերի բնակչութիւնը համակրանքով եւ երախտիքով տոգորուած է Իսրայէլի նկատմամբ, որ զէնք մատակարարած է Ատրպէյճանին եւ պատերազմէն ետք ալ` բժշկական սպասարկութիւն հասցնելով ազերի վիրաւորեալներուն: Տիկին Պրենտա Շէյֆըր մասնաւորաբար կը շեշտէ այն պարագան, որ Պարսկաստանի պետութիւնը կրնայ քաղաքականութիւն մը որդեգրել եւ իր լրատու միջոցներով զայն սփռել, սակայն, կ՛ըսէ, Իրանի փոքրամասնութիւնները կը դիտեն ու կը լսեն դրացի երկիրներու հաղորդումները, արաբական երկիրներէն, Թուրքիայէն եւ Շիքակոյէն սփռուող «Կիւնազ» հեռուստակայանէն: Արդարեւ, այդ լրատուամիջոցները եւ ընկերային ցանցերը, որոնք չեն ճանչնար երկիրներու սահմանները, ապակայունացման դեր մը կը կատարեն որեւէ երկրի մէջ, եւ այս պարագային` Իրանի: Իրանը պայթեցնելու եւ անդամահատելու մէջ շահակիցներ են Միացեալ Նահանգները, Իսրայէլը, Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը: Երբ նախաձեռնուեցաւ «արաբական գարուն» որակուած աղէտալի ծրագիրը, նպատակն էր քանդել որեւէ երկիր, որ սպառնացած էր կամ կրնար սպառնալ Միջին Արեւելքի մէջ Իսրայէլի գերակայութեան: Այս հաստատումը ոչ արդիւնքն է մեր վերլուծման, ոչ բանդագուշանք է եւ ոչ վիրաւորանք որեւէ երկրի. այլ ծրագիր մըն է, որ փաստական կերպով հրապարակ ելաւ, երբ Ուիքիլիքս գաղտնազերծեց այդ օրուան Միացեալ Նահանգներու Պետական քարտուղար Հիլըրի Քլինթընի հեռագիրը, որ տառացիօրէն կ՛ըսէրՙ «Քանդենք Սուրիան Իսրայէլի համար»: Եւ իրօք այդ քանդումին զոհ գացին Իրաքը, Սուրիան եւ Լիպիան: Ցանկին վրան էր նաեւ Իրանը, որուն հերթը չէր հասած տակաւին: Այսօր, կ՛երեւի տիկին Շէյֆըրի միջոցաւ կը յայտարարուի, թէ հերթը հասած է Իրանին: Ատրպէյճան, վերջին պատերազմէն ետք արդարացած կը տեսնէ իր յաւակնութիւնները Իրանի ազերի բնակչութեան իւրացումով, ընդարձակելու իր տարածքը: Թուրքիան իր հերթին, հիմնաքարը դրած ըլլալով Մեծ Թուրանի, Էրտողան-Ալիեւ դաշնակցային դաշինքով, Շուշիի վերջին հանդիպման, կը ծրագրէ յաղթարշաւ ծաւալել կովկասեան շրջանին մէջ: Ռուսաստան, որ շատ մը ծրագիրներու մէջ շահակից կը նկատուէր Իրանի, վերջին շրջանին մտած է մրցակցային յարաբերութեան մէջ Թեհրանի հետ: Ամերիկա, նախաձեռնելով հանդերձ Իրանի հետ կնքուած հիւլէական ոյժի դաշինքը վերականգնելու քաղաքականութեան, չէ հրաժարած Պուշ-Չէյնի օրակարգէն, որ կը նպատակադրէր նաեւ «արաբական գարուն»ի աղէտը հասցնել Իրան: Եթէ բոլոր այս շահակիցները հասնին իրենց նպատակին, անդամահատելով կամ խռովելով Իրանը, Հայաստան ուրիշ տագնապ մըն ալ պիտի ունենայ իր սահմաններուն վրայ: Բարեբախտաբար Իրան հզօր երկիր մըն է, եւ հակառակ Արեւմուտքի մէջ տիրող կարծիքին, Թեհրան ունի դիւանագիտական հզօր հնարաւորութիւններ: Կը մնայ որ Հայաստանը եւս վերականգնէ իր դիւանագիտական կառոյցը դիմակալելու համար այդ բարդ խնդիրները, որոնք պարզուած են ու կը շարունակեն պարզուիլ տարածաշրջանին մէջ: Կը մնայ մաղթել նաեւ, որ Պրենտա Շէյֆըրի հրապարակ նետած քաղաքական փուչիկը չունենայ բնոյթն ու ճակատագիրը Փոլ Կոպըլի ծրագրին: |