ՍԵՐԳԷՅ ՓԱՐԱՋԱՆՈՎԻ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ, Նիւ-Եորք Աննախընթաց ցուցահանդէս մը կազմակերպուեցաւ նախաձեռնութեամբ Ռուս-ամերիկեան ընկերակցութեան եւ համագործակցութեամբ «Նիւ Եորք Փոսթ» օրաթերթին: Արդարեւ, 12րդ տարին ըլլալով կազմակերպուող «Ռուսական մշակոյթի ամսուան» տօնակատարութեան այս տարի ցուցադրուեցան խորհրդահայ արուեստագէտ Սերգէյ Փարաջանովի գործերը Նիւ Եորքի Գիլբըրթ Ալբըրթ կեդրոնի «Լէյլա Հելլըր» ցուցասրահին մէջ: Բացումը կատարուեցաւ յունիս 17-ին ռուս, ամերիկահայ թէ նախկին հայաստանցի թէ այլ արուեստասէրներու խուռներամ ներկայութեան: Ցուցահանդէսին ներկայացուած արուեստի գործերը մէկբերուած էին Երեւանի Սերգէյ Փարաջանովի տուն-թանգարանէն, որուն տնօրէնըՙ Զաւէն Սարգսեան, ունեցաւ հակիրճ խօսք մը: Ցուցահանդէսը կը հովանաւորէր Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին տիկինը` Ռիթա Սարգսեան, որուն խոսքը հրատարակուած էր պատրաստուած գրքոյկին մէջ: «Փարաջանով` արարիչը» թեմայով այս ցուցահանդէսին յանձնախումբին մաս կը կազմեն Մարինա Կովալեովա` Ընկերակցութեան նախագահը, ՄԱԿ-ի մօտ ՀՀ մշտական ներկայացուցիչ Զոհրապ Մնացականեանը, որ տակաւին նոր էր հասած Երեւանէն եւ ներկայ էր բացման, Զարա Միհրանեան` տնօրէն Միջազգային մշակութային փոխանակումներու յանձնախումբին, Ջէյմս Սթեֆըն` հեղինակը «Շարժապատկերը Սերգէյ Փարաջանովի», Անդրանիկ Միհրանեան` տնօրէն Ռամկավարութիւն եւ համագործակցութիւն հիմնարկին: Երեւանի Փարաջանովի անուան թանգարանին մէջ հաւաքուած են 20րդ դարու սինեմարուեստի ամենէն տաղանդաւոր դէմքերէն Փարաջանովի մօտ 1400 գործեր` գծանկարներ, որմնանկարներ, իւղաներկ պաստառներ, պուպրիկներ, գլխարկներ... իր տեսակին մէջ աննման գործեր: Թանգարանին մէջ ապահով կը պահուին մեծ արուեստագէտին լոյս տեսած թէ՛ անաւարտ, թէ՛ տակաւին չհրատարակած գործերը: Այդ գործերէն շատերը ան պատրաստած է, երբ կը մնար կալանավայրին մէջ որպէս այլախոհ քաղաքացին Խ. Միութեան: Թանգարանը հիմնուած է 1988-ին, երբ ան կը տեղափոխուի Երեւան: Ան կ՛ընտրէ Ձորագիւղը որպէս թանգարանի վայր: Թանգարանին բացումը կարելի կ՛ըլլայ իրագործել միայն 1991-ին, վարպետին մահուընէ տարի մը ետք: Իսկ Միջազգային մշակութային հիմնարկը կը հիմնուի 1998-ին դոկտ. Ռաֆայէլ Վարդանովի նախաձեռնութեամբ որպէս փոխյարաբերութիւններու մշակման ծառայող հաստատութիւն մը Ռուսաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ: Ուշագրաւ էին ներկայացուած գլուխգործոցներէն` «Հօրս դիմանկարը» (1983), «Ինքնանկար»ը (1976), «Կապոյտ գլխարկը» (1984-1985), որ կտաւով եւ մետաքսով կազմուած իւրայատուկ ստեղծագործութիւն մըն է: Դէպի նորագոյն ժամանակները ընթացող երեւակայական իր աշխարհով նոր դպրոց մը բացած է Փարաջանով խորհրդային արուեստի աշխարհէն ներս: Նիւ Եորքի արուեստի հարուստ աշխարհին նորութիւն մը բերած եղաւ այս ցուցահանդէսը, արժանանալով արուեստի քննադատներու լուրջ ուշադրութեան: Բազմատաղանդ հայ արուեստագէտին գործերը կու գան նոր լոյս սփռելու այս մեծ ոստանէն ներս, մանաւանդ Ցեղասպանութեան դարադարձի նախօրեակին, ներկայացնելով ապացոյցը հայ ստեղծագործ մտքին: Ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ յունիս 30: |