RSS | FACEBOOK | NLA
ԳԼԽԱՎՈՐ | ՄՇԱԿՈՒՅԹ | ԸՆՏՐԱՆԻ | ՈՐՈՆՈՒՄ | ԱՐԽԻՎ | ԹԵՄԱ | ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐ
#002, 2016-01-22 > #003, 2016-01-29 > #004, 2016-02-05 > #005, 2016-02-12 > #006, 2016-02-19

ԱԶԳ ՕՐԱԹԵՐԹ - ՄՇԱԿՈՒՅԹ #4, 05-02-2016



ՄՏԱՀՈԳՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

Տեղադրվել է` 2016-02-04 21:35:31 (GMT +04:00)


Ընթերցված է` 1139, Տպվել է` 8, Ուղարկվել է էլ.փոստով` 2

ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԸ ՄԵՌՆՈ՞Ղ ԼԵԶՈՒ

Հարցազրոյցըՙ ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆԻ

Հարցազրոյց բանաստեղծուհի Մարուշ Երամեանի հետ

Մարուշ Երամեան բանաստեղծուհի է եւ արձակագիր: Սփիւռքահայ գրականագիտութեան գծով ստացած է թեկնածուական աստիճան եւ որուն դասախօսը եղած է Հալէպի մէջ: Ունի հրատարակուած բանաստեղծական 6 հատորներ, արձակ պատմուածքներու 2 հատոր եւ քանի մը անտիպ գործեր, որոնք կը սպասեն յարմար պայմաններուՙ լոյս աշխարհ գալու համար:

Մարուշը խառնուածքով եւ գրական իր արգասիքով հինը մերժող եւ նորին ջատագով անհատականութիւն մըն է, սակայն առանց ազգային-ազգագրական աւանդոյթները շրջանցելու:

Անցեալ տարի բանաստեղծութեան իր վեցերորդ գիրքըՙ «Գաղտնագրութիւն»ը լոյս տեսաւ Երեւանի մէջ, Գրողներու միութեան մատենաշարով: Հալէպի ներկայ պայմաններուն պատճառով փոխադրուած է Մայր հայրենիք, թէեւ այժմ կը գործէ Գահիրէի հայկական վարժարանին մէջ որպէս ուսուցիչ:

Գիտելիքներով եւ բազմակողմանի հետաքրքրութիւններով հարուստ Մարուշին հետ ունեցանք հետեւեալ հարցազրոյցը:


- Որպէս ծանօթ բանաստեղծուհի, Հալէպէն Երեւան ձեր տեղաշարժը որեւէ ձեւով անդրադարձ ունեցա՞ւ ստեղծագործական ձեր ներաշխարհին վրայ:

- Թէեւ իւրաքանչիւր գրագէտ մեծ գուրգուրանքով կը փորձէ անխաթար պահել իր ներաշխարհը, սակայն արտաքին աշխարհին հետ անոր կապերը այնքան կենդանի են, որ չի կրնար չազդուիլ տեղի ունեցող դէպքերէն: Իսկ աղէտներու պարագային, ինչպէս որ է Սուրիոյ, մանաւանդ Հալէպի աղէտը, նախ լռութիւն կը տիրէ այդ ներաշխարհին մէջ, ու յետոյ հարցումներու տարափ մը կը սկսի չարչրկել գրագէտը. ինչո՞ւ: Եւ անկէ ետք եկող ամէն գիր կը դառնայ այդ «ինչու»ին պատասխան գտնելու ճիգ եւ արարք:

Որքան ալ սակայն գրագէտը փորձէ ներկայացնել սարսափը, որուն մարդը կ՛ենթարկէ իր նմանին, բառերը յաճախ անկարող կը դառնան: Այդ հանգրուանին է, որ կրնայ գիրը եւ անոր հետ ամբողջ արուեստը անզօր եւ անիմաստ թուիլ: Անշուշտ ասիկա վտանգաւոր է գրագէտին համար, որ կրնայ վերջնական լռութեան մատնուիլ: Միաժամանակ, սակայն, արուեստը կը մնայ միակ մխիթարութիւնը, միակըՙ որ կրնայ ներաշխարհին հաւասարակշռութիւնը պահել, հեռու վանել խելագարութիւնը: Հետեւաբար գրագէտը կամ արուեստագէտը կը շարունակէ իր ճիգը, իր փորձը «ինչու»ին պատասխաններ գտնելու:

Անշո՛ւշտ տեղաշարժը անդրադարձ ունեցաւ. անոր տարողութիւնը կ՛երեւի ժամանակը կ՛որոշէ:

- Դուք նաեւ արեւմտահայ լեզուի եւ սփիւռքահայ գրականութեան դասախօս եղած էք Հալէպի Համազգայինի Հայագիտական հիմնարկէն ներս: Ի՞նչ կ՛ըսէք արեւմտահայերէնի դասաւանդման, անոր ընկալման եւ ընդհանրապէս անոր ճակատագրին մասին:

- Հալէպը միակ գաղութն էր, ուր արեւմտահայերէնը գաղութի առօրեայ լեզուն էր, այսինքն կենդանի, ապրող լեզու: Եւ անոր դասաւանդումը Հալէպի վեց նախակրթարաններէն եւ հինգ երկրորդական վարժարաններէն ներս թէեւ դժուարութիւններ կը դիմագրաւէր, սակայն անոնք իրենց բնոյթով կը տարբերէին այլ գաղութներու դիմագրաւած դժուարութիւններէն:

Փաստօրէն նաեւ Հալէպի Համազգայինի Հայագիտական հիմնարկը միակ հիմնարկն է, որ, բաղդատաբար հայագիտական այլ կեդրոններու, մեծ թիւով աշակերտներ ունի եւ ուր ԲՈԼՈՐ նիւթերը հայերէնով կը դասաւանդուին:

Անշուշտ հասարակ տեղիք է այլեւս, որ մենք միակ ազգը չենք, որ լեզուի, մանաւանդ ուղղագրութեան հարցեր ունի. արդի ճարտարագիտական հմայքը իր թաթը դրած է այլ լեզուներու վրայ եւս: Մեր, Սփիւռքի հարցը աւելի բարդ է, որովհետեւ հողէն հեռու լեզուն հայրենիք դարձած էր: Հիմա՞: Այդ իսկ չկայ:

Վերջին քանի մը տարիներուն գնահատելի ճիգեր կը թափուին արեւմտահայերէնը վերականգնելու, արդիական ձեւերով դասաւանդում կատարելու եւ լեզուն սփիւռքի առօրեային մաս կազմող արդի գործիքներու մէջ դնելու համարՙ համակարգիչ, բջիջային հեռախօսներ եւ այլն: Թէեւ ուշացած, սակայն կը կարծեմ, որ այդ ճիգերը կրնան իրենց արդիւնքը ունենալ. պարզապէս ծնողք պէտք է հասկնան, որ դպրոցը առանձին ոչինչ կրնայ ընել, եթէ տունն ու ընտանիքն ալ իրենց դերը չկատարեն:

- Այժմ, երկրորդ շրջանի մը համար Գահիրէի հայկական Գալուստեան-Նուպարեան վարժարանին մէջ հայերէն լեզուի դասաւանդման կը սատարէք, ի՞նչ գաղափար կազմեցիք եգիպտահայ մեր գաղութին եւ նոր սերունդին մասին:

- Գաղութը թէեւ սակաւաթիւ, բայց շատ եռանդուն է, ունի երեք ակումբներ, սկաուտական եւ մարզական շարժում, մեծերու, փոքրերու եւ դպրոցական երգչախումբեր: Բոլոր առիթները մեծ հանդիսութեամբ կը տօնախմբուին: Աշխոյժ է մանաւանդ կապը տեղւոյն արաբ մտաւորականներուն հետ, որոնցմէ մէկ քանին կ՛աշխատին որոշ գործերու թարգմանութեան մէջ: Մանաւանդ Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով զգալի դարձաւ արաբներուն հետաքրքրութիւնը, ինչպէս օրինակ մամուլի եւ հեռատեսիլի թղթակիցներու խումբին այցը Երեւան, Ապրիլ 24-ին, եգիպտացի արաբ բեմադրիչ ամոլի մըՙ Մոհամմէտ Հանաֆիի եւ Մարիամ Զաքիի պատրաստած արխիւային ֆիլմըՙ «Ո՞վ սպաննեց հայերը» խորագրով, անցեալ ապրիլին Եգիպտոսի կարեւոր թերթերէն մէկ քանիին հրատարակած յաւելուածները հայերուն եւ ջարդերուն նուիրուած եւ այլն: Անշուշտ գաղութը իր գործօն անդամներով մեծ դեր ունեցած է այս բոլորին մէջ, բան մը որ ցոյց կու տայ եգիպտահայերուն եռանդն ու ազգային պարտաւորոււթիւններու գիտակցութիւնը:

Միակ հարցը սակայն, որ խորապէս կը ցնցէ ոչ միայն եգիպտահայ գաղութը, այլեւ մնացեալ գաղութները եւս, օտար ամուսնութիւններու մեծ տոկոսն է: Թէ ի՛նչ միջոցներու կը դիմենք այս էակա՛ն խնդրին համար, արդէն հարցական է: Դժբախտաբար լեզուի տագնապին մէջ ա՛յս խնդիրը յետսակողմ մղուած է, թէեւ լեզուի հարցին դարմանումին մէջ այս խնդրին դարմանումը կրնար մեծ դեր ունենալ:

Շատերու համար օտար ամուսնութիւնները հարցի վերածելը անհեթեթ կը թուի, որովհետեւՙ «ո՞վ կրնայ սրտի հարցերուն մէջ բան իմանալ»: Բայց եթէ մանուկներուն մէջ կարենանք մշակել գիտակցութիւնը, թէ ինչո՛ւ պէտք է մայրենին լաւ իմանալ կամ ինչո՛ւ պէտք է խուսափիլ օտար ամուսնութիւններէն, թերեւս կարենանք դրական արդիւնքներու հասնիլ: Նոյն այս գիտակցութեամբ է, որ զաւակները անպայմա՛ն հայկական վարժարաններ պիտի ուղարկէինք: Որովհետեւ մեր ժամանակը ոչ թէ ոգիի, այլ միտքի եւ գիտութեան ժամանակն է, եւ պատանիներուն միտքին դիմելով է որ կրնանք ոգին վառ պահել: Գիտակցութիւն բոլոր պարագաներուն համար, ասիկա աւելի քան համոզում է արդէն:

- Անցեալները «Եռագոյն» կայքէջին մէջ յօդուածաշարքով մը կ՛անդրադառնայիք կրթական դժուարութեանց, ներկայ ճարտարագիտական աշարհի զանազան գործիքներու առինքնող ներկայութեան պայմաններուն:

Ի՞նչ կ՛առաջարկէք: Յեղաշրջո՞ւմ պէտք է ուսուցողական մեթոտներուն մէջ: Ո՞րն է կրթութեան ապագան:

- Կը յիշեմ տարիներ առաջ Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթը հարցախոյզ մը ըրած էր պատանիներու եւ երիտասարդներու հետ, ընթերցումի, հայերէնով ընթերցումի մասին: Բազմաթիւ եւ բազմազան պատասխանները մէկ նախադասութեամբ կ՛ամփոփուէինՙ տուէ՛ք մեզի հետաքրքրական գիրքեր եւ մենք կը կարդանք: Այդ օրերուն գիրքի աշխարհը տակաւին այսքան զարգացած չէր: Այսօր թէ՛ Սփիւռքի, թէ՛ Հայաստանի մէջ այնքան հետաքրքրական եւ գեղեցիկ գիրքեր լոյս կը տեսնեն, բայց թէ ի՞նչ թիւ կամ ի՞նչ տոկոս կը կազմեն ընթերցողները, չեմ կրնար ըսել:

Ասիկա կը յիշեմ, որովհետեւ գաղտնիք չէ, որ ընթերցումը լեզուն իմանալու գլխաւոր խթաններէն մէկն է:

Այսօր տարբեր գաղութներու մէջ մանկա-պատանեկան տարբեր գիրքեր լոյս կը տեսնեն, ինչպէս օրինակ «Թենթենի արկածները»ին արեւմտահայերէն թարգմանութիւնը, մանկագիր հեղինակներու գեղեցիկ գործերը եւ այլն: Սակայն Սփիւռքի գաղութները կը շարունակեն իրարմէ հեռու մնալ այն իմաստով, որ մէկ գաղութին մէջ լոյս տեսած գիրքերուն մասին այլ գաղութները յաճախ չեն իսկ լսեր, մինչդեռ նման գիրքերու տարածումը կրնար մեծ դեր ունենալ լեզուի իմացումին մէջ:

Գալով ուսուցումի մեթոտներուն, արդիական դասագիրքեր լոյս տեսած են գրեթէ բոլոր մեծ գաղութներոււն մէջ, եւ որոնցմէ կ՛օգտուին աւելի փոքր գաղութները: Սակայն դասագիրքերը բաւարար չեն, եթէ չըլլան ստեղծագործ դասատուներ: Կա՞ն ստեղծագործ դասատուներ: Կա՛ն, բայց սակաւաթիւ են անոնք, մինչ աշակերտները մեծ թիւ կը կազմեն:

Արեւմտահայերէնը մեռնո՞ղ լեզու: Եթէ կայ մէկ գրագէտ եւ կան տասը ընթերցող, լեզուն կը շարունակէ ապրիլ: Այսօր ունինք կարեւոր թիւ մը - միշտ պահել համեմատութիւնը ժողովուրդի ընդհանուր թիւին հետ - գրագէտներու, որոնք արեւմտահայերէնով կը ստեղծագործեն: Ունինք նոյնքան կարեւոր թիւ մը ընթերցողներու: Էական է սակայն, որ գրագէտներ մեր լեզուին երկու բաժինները մաքուր պահեն, քմահաճօրէն իրար չխառնեն զանոնք «մօտեցումի» անհեթեթ արդարացումով:

Միշտ ալ դժուարութիւններու առջեւ գտնուեր ենք որպէս ժողովուրդ, բայց կրցեր ենք շրջանցել կամ յաղթահարել այդ դժուարութիւնները: Այսօր տարբեր չէ:

 
 

ԱԶԳ ՕՐԱԹԵՐԹ - ՄՇԱԿՈՒՅԹ #4, 05-02-2016

Հայկական էկեկտրոնային գրքերի և աուդիոգրքերի ամենամեծ թվային գրադարան

ԱԶԳ-Ը ԱՌԱՋԱՐԿՈՒՄ Է ԳՐԱՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

ԱԶԴԱԳԻՐ