ՍԵՐԺ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆԻ «ԲԱՐԻ ԳՈՐԾԵՐԻ ՍԵՐՄՆԱՑԱՆԸ» Թորոս ԹՈՐԱՆԵԱՆ Այս վերնագիրին տակ ընթերցողներու նման գիրք մը մատուցելով Ոսկեվազ գիւղին մէջ 1946-ին ծնած, Սերժ որդի Հմայեակի Մանուկեանը, իր կարգին, ինչպէս գիրքին գլխաւոր մասնակիցՙ Հրաչեայ Պօղոսեանը, բարի գործ մըն ալ ինք կատարած է: Որպէս այս գեղատիպ հատորին ընթերցողը, խորհեցայ թէ հեղինակը միայն ու միմիայն մեզի պիտի ներկայացնէր ձօներգի մը հանգոյն լոկ անհատ մը: Բայց այստեղ գտայ լեռներու պռունկին թառած, հովիտներու դաշտերուն մէջ ծաղկած հայկական գիւղեր Ագարակ աւանին շուրջբոլորը: Գտայ հայոց պատմութիւնը, աւելինՙ գտայ ռուս-հայկական ծաղկեալ, ամրապնդուած բարեկամութիւնը եւ բարեկամութեան քովնիվեր դարերէն եկող վիրա-հայկական եղբայրութեան փաստերը: Դէպքերը, զորս կը ներկայացնէր յարգելի Սերժ Մանուկեանը, որպէս տեսադաշտ կ՛ընդգրկէին լայնածաւալ անհունութիւն մը, սկսած Պետրոգրադէն հասնելու համար մինչեւ Մոնկոլիա, իր մէջ ընդգրկելով Կովկասը, Հայաստանը: Կիմանայինք թէ բարերար բարին, որ Հրաչեայ Պօղոսեանն է, արմատներով կու գայ Արեւմտեան Հայաստանէն, տարագրուած ծնողներու զաւակ: Տարագիրներ, որոնք Արարատեան դաշտի Ագարակ գիւղին մէջ արմատ նետելով ատոք հասկերու ծնունդ կու տային, հասկէն քաղուած ցորենը հացի կը վերածէին եւ օրհնեալ այդ հացը որպէս բարիք կը բաշխէին Ռուսիայէն մինչեւ Կովկաս ու Հայաստան եւ Սփիւռք, ձեռամբը Հրաչեայ Պօղոսեանին, որ եթէ մերթ զինեալ էր պաշտպանելու համար խորհուրդներու երկրին ողջ տարածքը, նոյն տարածքը կը շէնցնէր քառասուն ու աւելի յուշարձան-կոթողներով, փոխարէնը չունենալով ոչ մէկ ակնկալութիւն, ինչպէս մեղուն, որ մեղր կ՛ընծայէ առանց որեւէ ակնկալութեան, ինչպէս վարդը կը բաշխէ իր բուրմունքըՙ փոխարէնը ոչինչ սպասելով: Հեղինակին սիրտէն ընձիւղուած այս էջերը մեզի կը բերեն հաստատումներ նաեւ այն մասին, որ թուրք գազան պետութիւնը ամբողջ ազգ մը ոչնչացնել որոշած էր, որ նացիզմի ռազմակառքերը, ամիսներով պաշարելով Լենինգրադը, վերջ տուած են 360,000 մարտիկներու կեանքին, եւ որ նոյն քաղաքի «Սինեավինեան բարձունքներու» յուշատարածք բարերար Հրաչեայ Պօղոսեանի նախաձեռնութեամբ բացուեցաւ եւ օծուեցաւ հայկական տուֆակերտ խաչքար-յուշարձանըՙ ի յիշատակ այս բարձունքներու ազատագրութեան համար զոհուած 360,000 մարտիկներու, որոնց մէջ անշուշտ կային նաեւ հայեր: Քանի-քանի անգամ հարիւր հազարներու, միլիոններու ողջակիզումը արցունք կը խլէ մեր աչքերէն: Բայց հեղինակը այս երկին ողբերգակ մը չէ, այլՙ բարին երգող մը գիրքին ամբողջ տարածքին, այն բարիին, որ Հրաչեայ Պօղոսեանի օրհնեալ ձեռքով կը բաշխուի որպէս մատուռ, եկեղեցի, խաչքար, որպէսՙ ոգեղէն հաց: Եւ այս բոլորին քովն ի վեր պանծացումը Ս. Մեսրոպին, պանծացումը հայ եւ ռուս մեծութիւններու, գիրքին բոլոր էջերու անկիւններուն քով-քովի դրօշներովը Ռուսիոյ ու Հայաստանիՙ կարկաչին տակ մաքրամաքուր հայերէն լեզուին, որ բխած է հեղինակին գրիչէն: Նախշազարդում մը նաեւ էջ առ էջ, որ մեզի կը յիշեցնէ վարպետ Սարեանի արեւափայլ գոյները, արժանի դարձնելով այս գիրքըՙ մրցանակի: Նկար 2. Բարեգործ Հրաչյա Պողոսյանը |