ՊԵՐՃ ՖԱԶԼԵԱՆ Յակոբ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ Փետրվարի 18-ին Բեյրութի հիվանդանոցներից մեկում վախճանվեց սփյուռքահայ թատրոնի եւ լիբանանյան արաբական թատերարվեստի մեծ երախտավոր Պերճ Ֆազլյանը, 90 տարեկանում: Նրա վաստակի մեծ գնահատողներից մեկը, անկասկած, սույն անդրադարձի հեղինակՙ Նյու Յորք-Նյու Ջերսիի մեր թղթակից Հ. Վարդիվառյանն է, որ ՀԲԸՄիության Բեյրութի «Վահրամ Փափազյան» թատերախմբի կազմում թատերարվեստի առաջին քայլերն է կատարել Պ. Ֆազլյանի ճիպոտի տակ եւ, բնականաբար, վարակվել թատերասիրությամբ: Ապացույցՙ Նյու Յորք-Նյու Ջերսիի շրջանում նրա հիմնադրած «Մհեր Մկրտչյան» թատերախումբը, որն արդեն գործում է շուրջ 20 տարի եւ որը շուտով, ապրիլի 14-ինՙ Գյումրիում, եւ 16-ինՙ Երեւանում, հանդես կգա Պերճ Զեյթունցյանի «Ոտքի՛, դատարանն է գալիս» պիեսի ներկայացմամբ:
«Երջանիկ եմ, որ այդ հեռաւոր եւ հայաշատ վայրերում` հայ թատերական արուեստի հիմնարկութիւն մը կայ եւ որի ձեռնարկողներից մէկը նոյն աղբիւրից դաստիարակուած մի երիտասարդ էՙ ինչ աղբիւրից դաստիարակուած եմ ես»: Վահրամ Փափազեան
Ծնած է 4 դեկտեմբեր 1926ին, Իսթանպուլ: Ուսումը ստացած է տեղւոյն թատերական ինստիտուտին մէջ: Արդէն 1944ին կը մասնակցի Պոլսոյ քաղաքապետարանի կազմակերպած ներկայացումներուն, կը բեմադրէ տասնեակ մը գործեր, որոնց կարգինՙ Պէն Ճոնսընի «Վոլբոնէ» եւ Մոլիէրի «Ագահը» թատրերգութիւնները: Սփիւռքահայ թատրոնի սկզբնական խարխափումները ազգային թատերախաղով կատարած էր ան, սակայն կը փորձէր նոր թռիչք տալ իր արուեստին: Պոլիսը այլեւս բան մը չունէր իրեն տալիք, յառաջդիմութիւն ալ չկար... Իր ընդվզումին առընթեր, իր մէջ բնածին տաղանդ տեսնելով, Պերճին բարեկամ թուրք դասախօսը կը պահանջէ. «Ինծի երդում ըրէ, որ թատրոնը երբեք պիտի չձգես ..., այստեղ քեզի յարմար չէ, մի մոռնար որ հայ ես, ինչո՞ւ հայուն առաջնակարգ դեր տալ ...»: Այս դասը բաւարար էր Պերճին, որ 1951-ին հեռանար Իսթանպուլէն: Պէյրութ կը հաստատուի, ընտանիք կը կազմէ եւ կը շարունակէ իր թատերական գործունէութիւնը: Կ՛ամուսնանայ 1959ին, նկարչուհի Սիրվարդ Գրիգորեանի հետ, որ կը մնայ Պերճին կեանքի, արուեստի ու բեմի մնայուն ընկերը: Կը բախտաւորուին երկու զաւակներով. մանչըՙ Յարութը ծանօթ խմբավար ու գեղարուեստական ղեկավար է զանազան սիմֆոնիկ նուագախումբերու Միջին Արեւելքի զանազան երկիրներու մէջ: Պէյրութի մէջ 1956-ին կը հիմնէ «Նոր բեմ», 1959-ինՙ Հայ երիտասարդաց ընկերակցութեան «Վահրամ Փափազեան» եւ 1971ին «Ազատ բեմ» թատերախումբերը, որոնց ներկայացումները մեծ արձագանգ կը գտնեն տեղւոյն հայատառ, արաբատառ եւ ֆրանսատառ թերթերուն մէջ, անխտիր: Ֆազլեան կը հրաւիրուի, արաբական աշխարհի հանրածանօթ լիբանանցի երգչուհի Ֆէյրուզի մասնակցութեամբ, Ռահպանի եղբայրներուն թատրերգութիւնները բեմադրելու Պաալպէքի միջազգային փառատօնին, ինչպէս նաեւ Պէյրութի ու Դամասկոսի մէջ: Եւ այսպէս տասնվեց տարի շարունակաբար կը բեմադրէ Ռահպանի եղբայրներու երաժշտա-թատերական գործերը: 1975-ին կը գաղթէ Քանատա եւ կը հաստատուի Մոնթրէալ: Հոն եւս կը լծուի թատերական աշխատանքի: Առաջին իսկ օրէն կը միանայ Թէքէեան մշակութային միութեան մեծ ընտանիքին, հոնկէ թափ տալու իր մշակութային գործունէութեան Քանատայի տարածքին: 1976-ին կը հիմնէ Մոնթրէալի ԹՄՄ «Հայ բեմ» թատերախումբը եւ հայերէն լեզուով կը բեմադրէ քանատացի ծանօթ հեղինակ Ռոպէր Կիւրիքի «Պարան կը ծախեմ» թատրերգութիւնն ու կը մասնակցի տեղական «Փոքրամասութիւններու թատերական փառատօն»ին եւ կ՛արժանանայ առաջին մրցանակին: 1989ին կը հիմնէ Մոնթրէալի ՌԱԿ-ի «Արմէնօրամա» հեռուստատեսիլի հաղորդումները, որոնք մինչեւ 1995 թուական շաբաթական հայաստանեան տեսանիւթերով մեծ հետաքրքրութիւն կը ստեղծեն քանատահայութեան մօտ: «Հայ բեմ» թատերախումբը ելոյթներ կ՛ունենայ նաեւ Լոնտոնի, Փարիզի, Սուրիոյ, Եգիպտոսի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու զանազան քաղաքներուն մէջ: Լոնտոնի բեմադրութեան օրերուն Պերճ Ֆազլեան կը միանայ ՌԱԿ-ի շարքերուն: Լիբանանի մէջ արդէն մնայուն բարեկամական կապեր հաստատած էր մեր ղեկավար շրջանակներուն հետ, ինչպէս` Գերսամ Ահարոնեանին եւ Հրաչեայ Սեդրակեանին հետ: Արձանագրենք նաեւ, որ Պէյրութի «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբի անդամներէն շատեր եղած են ռամկավար ազատականներ` Զաւէն Գալուստեան, Յարութիւն Գնդունի, Խաչիկ Թաշճեան, Յարութիւն Թումայեան, Վարդգէս Իւրնեշլեան, Աստղիկ Պասմաճեան, Թորոս Սարգիսեան, Համբարձում Տատուրեան, Գրիգոր Տեկիրմենճեան, Պերճ Տէր Սահակեան, Սարգիս Մինասեան, Լեւոն Թորոսեան, Անի Եաղճեան, Յակոբ Վարդիվառեան եւայլք: «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբի ծնունդը կարեւոր հանգրուան մը պէտք է նկատուի, անոր համար, որ մինչ այդ Պէյրութի մէջ կար միայն մէկ մնայուն թատերախումբՙ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան»ը, որ իր վրայ հրաւիրած էր քաղաքի թատերասէր հասարակութեան ուշադրութիւնը: Բեմ կը բարձրանային միայն ՀՅԴ-ի անդամները կամ համակիրները եւ կը ներկայացուէին միակողմանիՙ միայն դաշնակցական կամ համակիր թատերագիրներու գործեր: «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբը նոր շունչ ու որակ բերաւ լիբանանահայ թատերական կեանքին, ներկայացնելով բազմակողմանիՙ արեւմտահայ, արեւելահայ թէ օտար թատերախաղեր: Որպէս դերասան մասնակցած է արաբական տասնեակ մը ֆիլմերու, որոնց բեմադրիչները եղած են Եուսուֆ Շահին, Հանրի Պարաքաթ, Անթուան Ռեմի, Նիյազի Մուսթաֆա եւ ուրիշներ: Գլխաւոր դեր ստանձնած է նաեւ Քանատայի անգլիախօս ֆիլմի մը մէջ` Next of Kin, որուն բեմադրիչը աշխարհահռչակ Ատոմ Էկոյեանն է: Հայերէն, արաբերէն, ֆրանսերէն եւ թրքերէն լեզուներով բեմադրած է աւելի քան 100 թատրերգութիւններ, որոնց մէջ անմոռանալի կը մնան` Շէյքսփիրի «Միջ-ամառնային գիշերուան երազ», Մոլիէրի «Սքաբէն», «Ժորժ Տանտէն» եւ «Ագահը», Կոլտոնիի «Ստախօսը», Կոկոլի «Ամուսնութիւն» գործերը եւ մանաւանդ Ժորժ Շեհատէի «Վասքոյի հեքիաթը» գործը, որ առաջին անգամ ըլլալով բեմադրուեցաւ Լիբանանի մէջ, հեղինակին ներկայութեան: Իսկ Այսամ Մահֆուզի «Զանզալաքտ» թատրերգութեան բեմադրութիւնը անկիւնադարձ կը նկատուի լիբանանեան թատրոնի տարեգրութեան մէջ: Երկար տարիներ թատերական նիւթեր դասաւանդած է Լիբանանի Պետական, Սէն Ժոզէֆ եւ Քաֆաաթ համալսարաններուն մէջ: Պերճ Ֆազլեան 1986-ին Հայաստան կը հրաւիրուի, որպէսզի բեմադրութիւններ կատարէ եւ Հեռուստատեսութեան առաջարկութեամբ կը բեմադրէ Երուխանի «Ձկնորսին սէրը» պատմուածքը: Ֆազլեան պարգեւատրուած է 1985ին Սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապի կոմիտէի նախագահ Վարդգէս Համազասպեանէն, իսկ 2000-ին Պէյրութի մէջՙ Արամ Ա. կաթողիկոսէն ստանալով «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանը: ԹՄՄ Մեծագոյն Նիւ Եորքի մասնաճիւղը կազմակերպած է Պերճ Ֆազլեանի յոբելեանական ձեռնարկը Նիւ Ճըրզիի մէջ, 2006-ին: Այս կ՛ըլլար Պերճին նուիրուած առաջին մեծարանքի արտայայտութիւնը, ուր հոծ բազմութիւն մը թատերասէրներու եկած էր Ամերիկայի զանազան քաղաքներէն արտայայտելու իր յարգանքն ու հիացմունքը: Խօսք կ՛առնեն թատերական գործիչներ Գրիգոր Սաթամեան (Լոս Անճելըսէն, որ առաջին անգամ բեմ բարձրացած է Ֆազլեանի բեմադրութեամբ), Ժիրայր Փափազեան (Փարիզէն), Կարինէ Քոչարեան, դոկտ. Հրանդ Մարգարեան (Նիւ Եորքէն), Թամար Յովհաննիսեան (Լոս Անճելըսէն), Նորա Արմանի, Պերճ Արազ, Միսաք Պօղոսեան եւ Յակոբ Վարդիվառեան (Նիւ Եորքէն): Այդ առթիւ ան արժանացաւ ՀԲԸՄի Պատուոյ վկայականին ՀԲԸՄի նախագահ Պերճ Սեդրակեանէն եւ Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի Հայրապետական կոնդակին ու «Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ» շքանշանին, զորս յանձնեց Ամերիկայի Հայոց առաջնորդ Խաժակ արք. Պարսամեանը: Վերջին այցելութիւնս տուի իրեն այս տարուան յունուար 5ին Պէյրութի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ: Մի՛շտ արթուն տեսած եմ զինք... Իմ ճանչցած Պերճէն մնացած էին իւրայատուկ աչքերը միայն: Ամուր սեղմեցի վարպետին ձեռքը, համբուրեցի ու կամացուկ մը հեռացայ սենեակէն: Մահացաւ Պէյրութի մէջ, փետրուար 15-ին, 90 տարեկանին: Յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ Անթիլիասի մայրվանքին մէջ, փետրուար 18, 2016ին: Պերճ Ֆազլեան գնաց միանալու իր ընկերներունՙ Վահրամ Փափազեանին, Վարդան Աճեմեանին, Ֆրունզիկին, միւսներուն: ...Հիմա ան արդէն Վերէն ժպիտով կը նայի այս աշխարհը մնացած իր երկրպագուներուն վրայ: Նիւ Եորք Նկար 1. Ձախէն` Աստղիկ Գասապեան (Քոլոմպա), Գրիգոր Սամաթեան (Մոսկա), Գէորգ Սողոմոնեան (Քորպաչիօ), Կայծակ Գնդունի (դիմայարդար), Վահրամ Իշլեմեճեան (Քորվինօ), Թորոս Սարգիսեան (Վոլթորէ), Մանուէլ Մենենկիչեան (Լէոնէ), Աստղիկ Պասմաճեան (Քանինա), Պերճ Ֆազլեան (Վոլբոնէ) |