RSS | FACEBOOK | NLA
ԳԼԽԱՎՈՐ | ՄՇԱԿՈՒՅԹ | ԸՆՏՐԱՆԻ | ՈՐՈՆՈՒՄ | ԱՐԽԻՎ | ԹԵՄԱ | ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐ
#008, 2016-03-04 > #009, 2016-03-11 > #010, 2016-03-18 > #011, 2016-03-25 > #012, 2016-04-01

ԱԶԳ ՕՐԱԹԵՐԹ - ՄՇԱԿՈՒՅԹ #10, 18-03-2016



ԵԳԻՊՏԱԿԱՆ

Տեղադրվել է` 2016-03-17 21:49:40 (GMT +04:00)


Ընթերցված է` 1226, Տպվել է` 7, Ուղարկվել է էլ.փոստով` 0

«ՏԱԼԻՏԱ»

Մարուշ ԵՐԱՄԵԱՆ

Իւրաքանչիւր հանդէս, ի՛նչ բնոյթի ալ ըլլայ, ընթերցումի հաճոյք պատճառելու կողքին նաեւ գիտելիք կը ջամբէ - պէ՛տք է ջամբէ. իսկ եթէ ընթերցողը բաւական գիտակ է իր կարդացած նիւթին, կրնայ հաճոյքի կողքին նաեւ վերյիշել իր գիտելիքը:

«Տալիտա» հանդէսը (թէ ինչո՞ւ Տալիտա, մի՛ հարցնէք) սակայն, որ նոր անդամ մըն է եգիպտական հարուստ մամուլին, իր առաջին համարը կը նուիրէ Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին, անակնկալ եւ ազնիւ արարքով մը:

Մեծադիր եւ պատկերազարդ 128 էջերով այս հանդէսին բոլոր յօդուածագիրները - բացի մէկէն - եգիպտացիներ ենՙ թղթակիցներ, յաճախ դոկտորի աստիճան ունեցող դասախօսներ:

Իր բազմաբնոյթ նիւթերով հանդէսը կրնայ փոքրիկ եւ սեղմ աղբիւր մը հանդիսանալ, բազմաթիւ հատորներու գլխաւոր նիւթերը ամփոփող ցանկ մը կարծես:

Ճիշդ է որ ցեղասպանութիւն (իպատա, իբադա) բառը չէ օգտագործուած, այլ միայնՙ ջարդ, բայց լուսանկարներուն վերարտադրութիւնները յաճախ աւելին կը պատմեն, քան բառը ինք:

Հանդէսը թերեւս զգայացունց նորութիւններ չհրամցնէ հայ ընթերցողին, բայց իւրաքանչիւր էջի անկիւններուն մէջ պահուած նորութիւններ կա՛ն, գոնէ ա՛յս ընթերցողին համար:

Անշուշտ բնաւ պէտք չէ մոռնալ, որ հանդէսը խորքին մէջ կ՛ուղղուի տեղացի արաբ ընթերցողին, ու եթէ բաւարար ճիգ թափուի ցրուումի հարցերուն մէջ, նաեւՙ արաբական այլ երկիրներու ընթերցողներուն:

Առաջին էջի փոքրիկ մուտքը յատկանշական խորագիր մը ունիՙ «Այս գեղեցիկ, արուեստագէտ ժողովուրդը»:

Երեք բանաստեղծներ քերթուածներ ունին թուրքին մասին եւ ջարդերուն նուիրուածՙ «Անտանելի թուրք» (խօսակցական արաբերէնով գրուած) ողբացեալ Սալահ Կահինի (Գահին) գրիչով, «Հարիւր տարուան ծարաւ, հայ զինուորի մը օրագիրը» Մուհամմէտ Հարպի (Մուհամեդ Հարբի) գրիչով, եւ «Լեառն Արարատ» Րիհամ Աֆիֆի բանաստեղծուհիին գրիչով:

Ցեղասպանութեան պատմութեան գլխաւոր գրեթէ բոլոր հանգրուաններն ու նուաճումները յիշուած են այստեղ, Թալէաթի «Սեւ գիրք»էն մինչեւ Մորկընթաուի յուշերն ու Վերֆէլի վէպը, մինչեւ ցեղասպանութեան նուիրուած ֆիլմերն ու մեր մշակոյթի մեծագոյն, համաշխարհային անունները:

Փոքր նշում մը այստեղՙ Կոմիտասին նուիրուած յօդուածի ենթախորագիրը կ՛ըսէՙ «Կոմիտաս. գիւղացիներու երգերը հաւաքեց եւ դարձաւ հոգեւոր հայրը հայ երաժշտութեան»: Այս ենթախորագրին շարահիւսութիւնը, կամ հսկայ կամուրջը, որ ոչ-համոզիչ ձեւով կը կապէ «գիւղացիներուն երգերը» եւ «հայ երաժշտութիւնը», կրնայ ընթերցողին մօտ որոշ վերապահութիւն ստեղծել ե՛ւ Կոմիտասին, ե՛ւ հայ երաժշտութեան հանդէպ:

Յիշուած է հայկական հէքիաթները բնորոշող վերջին նախադասութիւնը, արաբերէն եւ անգլերէն լեզուներով.

«Եւ երկինքէն երեք խնձոր ինկաւ .

Մէկըՙ ըսողին, մէկըՙ լսողին,

Ու երրորդըՙ այս հէքիաթը սուտ է ըսողին»:

Այս երրորդ տողը այլ տարբերակով մը յիշուած է հոս.

«Ու երրորդըՙ այս հէքիաթը հասկցողին»:

Այո, ամէն մարդ չէ, որ կրնայ հասկնալ հայ ժողովուրդի փիւնիկի հոգին, մահէն կեանք ստեղծելու կամքն ու խիզախութիւնը: Եւ անշուշտ ամէն մարդ չէ, որ կրնայ հասկնալ «հայ» երեւոյթը: Արաբները այն քիչերէն են, որոնք ոչ միայն հասկցած էին մեր վիշտը իրենց բնածին մարդկայնութեամբ, այլեւ գնահատած մեզ, մարդու մե՛ր տեսակը (որուն հաստատումն է, որոշ չափով, այս հանդէսը):

Ամենէն հետաքրքրական բաժինը կարգ մը էջերու վերեւի հատուածն է, ուր հակիրճ տողերով եւ փոքր նկարներով ներկայացուած են Եգիպտոս ապրած այն նկարիչ-նկարչուհիները, որոնց անունները անծանօթ են, կան դժբախտաբարՙ մոռցուած:

Հրանդ Քեշիշեան (միակ հայ յօդուածագիրը հանդէսին), Բիւզանդ Կոճամանեանի նուիրուած իր յօդուածին մէջ հակիրճ ձեւով կը խօսի զայն կանխած մէկ քանի անուններու մասին, ինչպէս Երուանդ Տեմիրճեան (1870-1938), առաջին նկարիչը, որ իր ամբողջ կեանքը ապրած է Եգիպտոսի հողին վրայ: Մինչեւ 1929 թուականն է, որ որբերուն հետ եկած են ա՛յն տղաքը, որոնք նշանաւոր նկարիչներ պիտի դառնային քանի մը տասնամեակ վերջ: Այդ թուականէն ետք, գաղթականներու տեղաւորումին հետ, որբերու հոսքը դադրած է:

Ներկայացուած տասնինը անուններէն վեցը նկարչուհիներ են, այսինքնՙ թիւին մէկ երրորդը, ինչ որ բնաւ արհամարհելի համեմատութիւն մը չէ, մանաւանդ արաբական երկրի մը պարագային, ուր կիները «երկրորդ» կարգի քաղաքացիներ համարուած են:

Այստեղ կ՛ուզեմ ներկայացնել յիշուած վեց նկարչուհիները:

Յասմիկ Պալարեան (1922- )

Վիէնա ծնած նկարչուհին, որ Աշոտ Զօրեանի քեռաղջիկն է, մանկութենէն Գահիրէ ապրած է, յետոյ անցած է ՊԷյրութ եւ ի վերջոյ Փարիզ կայք հաստատած:

«Դժբախտաբար տեղեկութիւններ չունինք նկարչուհիի կեանքին վերջին շրջանին մասին», կը գրէ հանդէսը:

Իրմէ ներկայացուած է «Ծաղիկներ» կտաւը:

Արթէ Թօփալեան (1906-1985)

Եգիպտացի առաջին արհեստավարժ կին նկարչուհին ծնած է Մանչեսթըր (Անգլիա): 1960-ին ամուսնին հետ կը հեռանայ Եգիպտոսէն (չէ ըսուած, թէ ո՛ւր կայք կը հաստատէ): Իրմէ ներկայացուած է «Նստած գեղջկուհի» կտաւը:

Նորա Իփէքեան (1923- )

Եգիպտոս կեցութեան ընթացքին անհատական տասը ցուցահանդէսներ ունեցած է: 1968-ին ամուսնին հետ կը գաղթէ ԱՄՆ, ուր կը բնակի մինչեւ այսօր: Իրմէ ներկայացուած է ջրաներկ գործ մըՙ «Անտառ»:

Ռոզ Փափազեան (1935-1987)

Գահիրէ ծնած նկարչուհին 1964-ին ընտանիքին հետ Զուիցերիա կը փոխադրուի: Ինչպէս շատեր, ինք եւս աշակերտած է Աշոտ Զօրեանին:

Իրմէ ներկայացուած է մելանով իրագործուած նկար մըՙ Abstract.

Մարգրիտ Մանուկեան-Պալթայեան (1942-2015)

Գահիրէ ծնած նկարչուհին յայտնի է իր դիմանկարներով: Իրմէ երկու գործեր ներկայացուած ենՙ «Ֆաթմէ» եւ «Ազզա»:

Մակի Վարցպետեան (1946 - )

Գահիրէ ծնած, բայց 1970-էն ի վեր Աղեքսանդրիա ապրող ոչ-արհեստավարժ նկարչուհիէն երկու գործեր ներկայացուած ենՙ «Ճայեր» եւ «Ծովափ»:

Արմենուհի Ժամկոչեան (1927- )

1954-էն մինչեւ 1967, երեք տարբեր շրջաններով աշակերտած է Աշոտ Զօրեանին: Իր նկարչութիւնը կը յատկանշուի բանաստեղծական քնքուշութեան տակ ծածկուած իրապաշտ կեանքի ժխտական ներկայացումով:

1970-ին հաւաքական ցուցահանդէսի մը կը մասնակցի Պէյրութի մէջ, իսկ 1974-ին առաջին անհատական ցուցահանդէսը կ՛ունենայ Գահիրէի մէջ:

Իրմէ ներկայացուած են իւղաներկ երկու նկարներՙ «Զոյգ գեղջկուհիներ» եւ «Երեք հայ պարուհիներ»:

Կը յիշուին մէկ լուսանկարչիՙ արքունի լուսանկարիչ Արշակ Քարակէօզեանի եւ մէկ քանդակագործիՙ Սարգիս Թօսունեանի (1953 - ) անունները, իրենց գործերուն նկարներով:

Շատ հաճելի է տեսնել, որ «Տալիտա» հանդէսն իր կողքին վրայ մեծատառ գրուած «Ճանապարհ հայի, ջարդերու հարիւրամեակին նուիրուած» իր առաջին համարին մէջ, պատմականին եւ քաղաքականին կողքին հաւասարապէս կարեւորած եւ ներկայացուցած է մեր մշակոյթըՙ նկարչութիւն, գրականութիւն, երաժշտութիւն, ֆիլմարուեստ եւ այլն:

Թէեւ կարգ մը կէտեր յստակ չեն, ինչպէս ներկայացուած անուններուն եւ գործերուն ընտրութիւնը կամ հասարակութիւնը, որուն ուղղուած է, հանդէսը սակայն իր ամբողջութեան մէջ կը մնայ գնահատելի եւ գովելի ձեռնարկ մը, սիրով եւ ջանասիրութեամբ իրագործուած:

Գնահատանք աշխատակազմին, ինչպէս եւ Գահիրէի Ազգ. Առաջնորդարանին, այս գործը որդեգրելուն համար:

Գահիրէ

 
 

ԱԶԳ ՕՐԱԹԵՐԹ - ՄՇԱԿՈՒՅԹ #10, 18-03-2016

Հայկական էկեկտրոնային գրքերի և աուդիոգրքերի ամենամեծ թվային գրադարան

ԱԶԳ-Ը ԱՌԱՋԱՐԿՈՒՄ Է ԳՐԱՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

ԱԶԴԱԳԻՐ