RSS | FACEBOOK | NLA
ԳԼԽԱՎՈՐ | ՄՇԱԿՈՒՅԹ | ԸՆՏՐԱՆԻ | ՈՐՈՆՈՒՄ | ԱՐԽԻՎ | ԹԵՄԱ | ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐ
#009, 2018-03-09 > #010, 2018-03-16 > #011, 2018-03-23 > #012, 2018-03-30 > #013, 2018-04-06

ԱԶԳ ՕՐԱԹԵՐԹ - ՄՇԱԿՈՒՅԹ #11, 23-03-2018



Տեղադրվել է` 2018-03-22 22:41:45 (GMT +04:00)


Ընթերցված է` 2247, Տպվել է` 6, Ուղարկվել է էլ.փոստով` 0

ԾԵՐՈՒՆԻՆ ԵՒ ԾՈՎԸ

Յակոբ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ

Իսահակեան գրադարանէն Էրնեսթ Հեմինկուէյի «Ծերունին եւ ծովը» գիրքը փոխ առի ու նկատեցի, որ նոր հրատարակութիւն է, տպուած 2008-ին:

Նախ զարմացայ որ այսպիսի նշանաւոր գրողի մը նշանաւոր վիպակը, որ ֆիլմի ալ վերածուած է, իր հրապարակուելէն կէս դար ետք հայերէնի կը թարգմանուի ոչ բնագրէն, այլ ռուսերէն թարգմանութենէն, իսկ երկրորդՙ զարմացայ որ տպաքանակը 300 է միայն:

Զարմանալուս պատճառը հաւանաբար շատեր կը բաժնեն. համաշխարհային գրական գոհարները հայրենի ընթերցողին այսքան ո՞ւշ հասնելու են, երբ մեր «չհաւնած» Թուրքիան որեւէ նշանաւոր գրական գործի հրապարակումէն անմիջապէս ետք շուկան կ՛ողողէ անոր թրքերէնի թարգմանուած տարբերակով, ան ալ գեղատիպ կազմով:

Անցեալ դարու 80-ական թուականներուն պատահեցաւ որ Ատանա այցելեմ, երբ գրախանութներուն մէջ նկատեցի Գաբրիէլ Կարսիա Մարքեզի գործերուն թրքերէնի թարգմանուած գիրքերը, ուղղակի ապշեցայ եւ, ինչ մեղքս պահեմ, նաեւ նախանձեցայ:

Հեղինակային գործերու կողքին թարգմանչական գրականութիւնը չափանիշ է երկրի մը զարգացումին: Խորհրդային շրջանին մեծ կարեւորութիւն կը տրուէր թարգմանութեան (անշուշտ ոչ ամէն ինչ, այլ ռեժիմին չհակասող գործերու): Թարգմանիչներն ալ բաւական լաւ կը վարձատրուէին, այդ պատճառով համաշխարհային գրականութենէն բաւական բան հրամցուեցաւ հայ ընթերցողին, յիշենք բազմահատոր «Քարամազով եղբայրները» կամ «Ֆորսայթներու պատմութիւնը» գիրքերու աննման թարգմանութիւնը Կարպիս Սուրէնեանի աշխատասիրութեամբ, տակաւինՙ չեմ խօսիր անոնց մեծաթիւ տպաքանակին ու կայծակնային սպառումին մասին:

Կը յիշեմ այդ բոլորն ու կը նայիմ անոնց «խեղճ ու աղքատ ազգականին»ՙ մեծն Հէմինկուէի 300 տպաքանակով հրատարակուած գիրքին:

Ինչո՞ւ այս նահանջը, այս ահաւո՛ր նահանջը: Գիտեմ, պատճաներ ամէն մարդ կրնայ թուելՙ պետական հովանաւորութեան բացակայութիւն, գիներու թանկացում, ընթերցասիրութեան ետքայլ... Սակայն, չէ՞ որ մենք զմեզ զարգացած ժողովուրդներու կարգին կը դասենք:

Այսօր ո՞ր հայ գրողը պիտի ուզէ շաբաթներ ու ամիսներ զոհելով թարգմանչական գործ կատարել եւ ինչո՞ւ համար, որո՞ւ համար, երբ նիւթական կամ բարոյական վարձատրութիւն չկայ:

Եթէ իսկապէս երկիրը մտահոգ է քայլ պահել համաշխարհային գրականութեան հետ, ապա Մշակոյթի նախարարութիւնն ու Գրողներու միութիւնը հարկ է որ պիւտճէ յատկացնեն եւ արհեստավարժ, փրոֆեսիոնալ թարգմանիչներ հրաւիրեն աշխատանքի ու նշանաւոր գործերը թարգմանեն իրենց բնագիրէն, այլ ոչ թէ թարգմանութեան թարգմանութիւնը կատարեն, քանի որ, արդէն որեւէ գրական գործ երբ թարգմանուի, իր բնագրէն որոշ բան մը կը կորսուի, ինչպէս պատճէնի մը երկրորդ պատճէնը ակամայ բուն փայլքէն որոշ բան մը կը կորսնցնէ, ալ ո՜ւր մնաց թարգմանել թարգմանութենէ մը, այսինքնՙ երկրորդ անգամ վնասել բնագրին:

Կ՛ըսուի որ արաբ խալիֆաներն ու էմիրները քաջալերելու համար թարգմանչական աշխատանքը, օտար մշակոյթին ծանօթանալու սիրոյն, թարգմանուած գիրքին ծանրութեան չափ ոսկիով կը գնահատէին: Եվ իսկապէս, յունարենէ գիրքեր թարգմանելով արաբները ծանօթացան յունական փիլիսոփայութեան, գիտութեան, բժշկութեան, պատմութեան, գրականութեան, աստղաբաշխութեան եւ իրենց կողմէ ալ անոնց վրայ ներդրումներ ու յաւելումներ կատարեցին եւ իրենց ժողովուրդը շահեցաւ, իսկ թարգմանուած մշակոյթը պահպանուեցաւ յետագայ դարերուն համար:

Թարգմանչական աշխատանքը կրնայ հաճելի ժամանց ըլլալ որոշ մարդոց համար, սակայն համաշխարհային գրականութիւնը հայացնելու նպատակով այդպիսի ինքնակամ թարգմանիչներու վրայ յոյս դնելը մեզ տեղ չի հասցներ. անհրաժեշտ է կազմակերպել եւ օրինաւոր գործի վերածել, պատուիրել, պահանջել եւ նիւթապէս գնահատել այդ աշխատանքը:

 
 

ԱԶԳ ՕՐԱԹԵՐԹ - ՄՇԱԿՈՒՅԹ #11, 23-03-2018

Հայկական էկեկտրոնային գրքերի և աուդիոգրքերի ամենամեծ թվային գրադարան

ԱԶԳ-Ը ԱՌԱՋԱՐԿՈՒՄ Է ԳՐԱՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

ԱԶԴԱԳԻՐ